Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ կրնայ ապագան գիտնալ

Ո՞վ կրնայ ապագան գիտնալ

Ո՞վ կրնայ ապագան գիտնալ

«Ե՛ս եմ Աստուած. . . որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի» (Եսայի 46։9, 10

ԱՅՍ անկայուն ժամանակներուն, քաղաքական, ելեւմտական ու ընկերային վերլուծողներ կ’ուսումնասիրեն պատմութիւնը եւ արդի հոսանքները, ջանալով ապագան նախատեսել։ Ուրիշներ, տենչալով գիտնալ թէ ապագան ի՛նչ վերապահած է իրենց, աստղաբաշխութեան կամ ոգեհարցութեան կը դիմեն։ Սակայն այսպիսի անհատներ յաճախ յուսախաբութեան կը մատնուին։ Արդեօք բոլորովին անկարելի՞ է գիտնալ թէ ի՛նչ պիտի պատահի այս աշխարհին, մեր ընտանիքին եւ մեզի։ Անհատ մը իրապէս կրնա՞յ ապագան կանխատեսել։

Վերոյիշեալ խօսքին մէջ, ամենակալ Աստուած՝ Եհովա, ապագան նախագուշակելու իր կարողութիւնը նկարագրեց։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Աստուած նախագուշակեց թէ վաղեմի իսրայէլացիները բաբելոնական գերութենէն պիտի ազատագրուէին եւ Երուսաղէմն ու տաճարը պիտի վերակառուցանէին։ Այս մարգարէութիւնը ո՞րքան ճշգրիտ էր։ Կանխաւ՝ շուրջ 200 տարի առաջ, Եսայի ճշգրտօրէն տուաւ Բաբելոնը նուաճողին անունը,– Կիւրոս։ Անկէ զատ, Եսայի ճշգրտօրէն նկարագրեց Կիւրոսի ռազմավարութիւնը,– քաղաքը պաշտպանող Եփրատ գետին հոսանքը շեղել։ Ան նոյնիսկ կանխագուշակեց թէ Կիւրոս պարիսպին հսկայ դռներուն փեղկերը բաց պիտի գտնէր, իր դիւրին յաղթանակին նպաստելով (Եսայի 44։24–45։7

Աստուծոյ հետ բաղդատած, մարդը ապագան զննելու անկարող է։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Վաղուան համար մի՛ պարծենար, վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի» (Առակաց 27։1)։ Այս դիտողութիւնը տակաւին շիտակ է։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ նոյնիսկ ի՛ր ապագան կանխատեսել։ Աստուած ի՞նչ բանով կը տարբերի։ Ան իր ստեղծած բոլոր բաները կատարելապէս կը հասկնայ, ի ներառեալ՝ մարդուն բնոյթն ու հակումը։ Եթէ ուզէ, Աստուած կրնայ ճշգրտօրէն կանխատեսել թէ անհատներ եւ ազգեր ի՛նչպէս պիտի վարուին։ Ասկէ զատ, ան իրադարձութիւններու հետեւանքը հակակշռի տակ առնելու անսահման կարողութիւն ունի։ Երբ ան իր մարգարէներուն միջոցաւ դէպք մը նախագուշակէ, ‘իր ծառային խօսքը կը հաստատէ եւ իր դեսպաններուն խորհուրդը կը կատարէ’ (Եսայի 44։26)։ Միայն Եհովա Աստուած կրնայ այդ խօսքը ըսել։

Եսայի ապրեցաւ Յիսուսէ՝ Մեսիայէն, աւելի քան 700 տարի առաջ։ Այսուհանդերձ Եսայի Մեսիայի գալուստին մասին մարգարէացաւ։ Սակայն յատկապէս 18–րդ դարէն սկսեալ, Աստուածաշունչի քննադատները Եսայիի գիրքին վաւերականութիւնը հարցականի տակ դրած են։ Անոնք դաւանած են թէ Եսայիի մարգարէութիւնները իսկական կանխագուշակութիւն չէին, այլ պարզապէս հետագայ գրողի մը արձանագրութիւնը, որ տեղի ունեցած դէպքերը գրի առած էր։ Ասիկա շիտա՞կ է։ 1947–ին, կարգ մը այլ հին գալարներու կողքին, Եսայիի գիրքին մէկ օրինակը գտնուեցաւ Մեռեալ ծովուն մօտ եղող քարայրի մը մէջ։ Ուսումնականներ վճռեցին թէ անիկա նախագուշակուած Մեսիայի կամ Քրիստոսի ծնունդէն աւելի քան հարիւր տարի առաջ գրուած էր։ Արդարեւ Աստուածաշունչը ապագան յայտնած էր։

Եսայի եւ Աստուածաշունչի այլ գրողներ չէին կրնար ապագայ դէպքեր նախագուշակել՝ իրենց խորատեսութեան վրայ հիմնուելով։ Փոխարէն, անոնք ‘Աստուծոյ սուրբ հոգիէն շարժուած խօսեցան’ (Բ. Պետրոս 1։21)։ Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, պիտի կեդրոնանանք Յիսուսի կեանքին կարգ մը մանրամասնութիւններուն վրայ, որոնք Եսայիի միջոցաւ նախագուշակուած էին։ Ապա նկատի պիտի առնենք մեր օրերուն եւ ապագային տեղի ունենալիք իրադարձութիւններ, զորս Յիսուս եւ իր աշակերտները նախագուշակեցին։