«Սատանային հակառա՛կ կեցէք»՝ ինչպէս Յիսուս ըրաւ
«Սատանային հակառա՛կ կեցէք»՝ ինչպէս Յիսուս ըրաւ
«Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (ՅԱԿ. 4։7)։
1. Յիսուս երկրի վրայ իր դիմագրաւելիք հակառակութեան մասին ի՞նչ գիտէր։
ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոս գիտէր թէ Բանսարկուին կողմէ հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէր։ Այս իրողութիւնը բացայայտ էր օձին միջոցաւ խօսող ըմբոստ չար ոգիին ուղղուած Աստուծոյ խօսքերէն. «Քու ու կնոջ [Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը] մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան [Յիսուս Քրիստոս] քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծն. 3։14, 15. Յայտ. 12։9)։ Յիսուսի գարշապարին խայթուիլը նշանակեց թէ ան միայն ժամանակաւոր հարուած մը պիտի ստանար՝ երկրի վրայ սպաննուելով, քանի որ Եհովա զինք երկնային փառքի պիտի յարուցանէր։ Բայց օձին գլուխը ջախջախուիլը պիտի նշանակէ թէ Բանսարկուն մահացու հարուած մը պիտի ստանայ, որմէ երբեք պիտի չապաքինի (Կարդալ՝ Գործք 2։31, 32. Եբ. 2։14)։
2. Եհովա ինչո՞ւ վստահ էր թէ Յիսուս պիտի կարենար Բանսարկուին հակառակ կենալ։
2 Եհովա մեծապէս վստահ էր թէ Յիսուս երկրի վրայ իր նշանակումը յաջողութեամբ պիտի պսակէր եւ Բանսարկուին հակառակ կենար։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան երկար ժամանակ առաջ Յիսուսը ստեղծած էր երկինքի մէջ, զինք զննած էր եւ գիտէր թէ այս «ճարտարապետ»ը եւ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» հնազանդ ու հաւատարիմ էր (Առ. 8։22-31. Կող. 1։15)։ Ուստի, երբ Յիսուս երկիր ղրկուեցաւ եւ Բանսարկուին թոյլ տրուեցաւ որ զինք մինչեւ մահ փորձէ, Աստուած վստահ էր թէ Իր միածին Որդին յաղթական դուրս պիտի գար (Յովհ. 3։16)։
Եհովա իր ծառաները կը պահպանէ
3. Եհովայի ծառաներուն հանդէպ Բանսարկուին կեցուածքը ի՞նչ է։
3 Յիսուս Բանսարկուին ակնարկեց որպէս «այս աշխարհին իշխանը» եւ Իր աշակերտները զգուշացուց որ պիտի հալածուէին, ինչպէս ինք հալածուեցաւ (Յովհ. 12։31. 15։20)։ Բանսարկուին ենթակայ եղող աշխարհը կ’ատէ ճշմարիտ քրիստոնեաները, քանի որ Եհովայի կը ծառայեն եւ արդարութեան քարոզիչներ են (Մատ. 24։9. Ա. Յովհ. 5։19)։ Բանսարկուն յատկապէս օծեալ մնացորդը իր թիրախը դարձուցած է, որոնք ի վերջոյ Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Սատանան նաեւ կը կեդրոնանայ Եհովայի բազմաթիւ վկաներուն վրայ, որոնք դրախտային երկրին վրայ առյաւէտ ապրելու յոյսը ունին։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը զգուշացնէ. «Ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8)։
4. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ մեր օրերուն՝ Աստուծոյ ժողովուրդը յաջողապէս Բանսարկուին հակառակ կեցած է։
4 Որպէս Եհովա Աստուծոյ զօրակցութիւնը վայելող կազմակերպութիւն, մենք յաջողապէս Բանսարկուին հակառակ կը կենանք։ Նկատի առ սա իրողութիւնները. վերջին 100 տարուան ընթացքին, պատմութեան ամէնէն անգութ բռնակալութիւններէն ոմանք փորձած են Եհովայի վկաները չքացնել։ Բայց վկաներուն թիւը կը շարունակէ աւելնալ եւ այժմ հասած է շուրջ 7,000,000–ի, աւելի քան 100,000 ժողովքներու մէջ։ Եհովայի ժողովուրդը հալածող խիստ բռնիշխանութիւններն են որ գոյութենէ դադրած են։
5. Եսայի 54։17–ն Եհովայի ծառաներուն պարագային ի՞նչպէս շիտակ ելած է։
5 Վաղեմի իսրայէլի ժողովքին խօսելով, Աստուած խոստացաւ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է ու անոնց արդարութիւնը ինձմէ է» (Եսա. 54։17)։ Այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ այդ խոստումին վստահելի ըլլալը փաստուած է Եհովայի ժողովուրդին պարագային (Բ. Տիմ. 3։1-5, 13)։ Մենք կը շարունակենք Բանսարկուին ընդդիմանալ, եւ որեւէ գործիք որ կը փորձէ գործածել Աստուծոյ ժողովուրդը բնաջնջելու՝ կը ձախողի, քանի որ Եհովա մեզի հետ է (Սաղ. 118։6, 7)։
6. Դանիէլի մարգարէութիւնը Բանսարկուի իշխանութեան ապագային մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
6 Երբ այս իրերու ամբարիշտ դրութեան վախճանը շատ մօտ օրէն գայ, Սատանայի իշխանութեան բոլոր երեսակները գոյութենէ պիտի դադրին։ Ներշնչման ներքեւ Դանիէլ մարգարէն նախագուշակեց. «Այն թագաւորներուն օրերը [որոնք ներկայիս գոյութիւն ունին] երկնքի Աստուածը [երկինքի մէջ] ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր [ներկայ] թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դան. 2։44)։ Երբ ասիկա տեղի ունենայ, թէ՛ սատանայական եւ թէ մարդկային իշխանութիւնը պիտի անհետանայ։ Բանսարկուին իրերու դրութեան բոլոր երեսակները առյաւէտ պիտի անյայտանան, եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ անարգել պիտի տիրէ (Կարդալ՝ Բ. Պետրոս 3։7, 13)։
7. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովայի ծառաները անհատապէս կրնա՛ն Բանսարկուին հակառակ կենալ։
7 Կասկած չկայ թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը պիտի պահպանուի եւ հոգեւորապէս բարգաւաճի (Կարդալ՝ Սաղմոս 125։1, 2)։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ կրնա՛նք Բանսարկուին հակառակ կենալ, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Արդարեւ Յովհաննէս առաքեալի միջոցաւ Քրիստոսի տուած մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ, ի հեճուկս սատանայական հակառակութեան, երկրային յոյս ունեցողներու «մեծ բազմութիւն մը» այս դրութեան վախճանէն պիտի վերապրի։ Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն, անոնք կը բացագանչեն. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին [Յիսուս Քրիստոս]» (Յայտ. 7։9-14)։ Կը նշուի թէ օծեալները Սատանային կը յաղթեն, իսկ անոնց ընկերակիցները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ յաջողապէս անոր հակառակ կը կենան (Յովհ. 10։16. Յայտ. 12։10, 11)։ Բայց ասիկա կը պահանջէ ժրաջան աշխատանք ու ջերմեռանդ աղօթքով խնդրել ‘չարէն ազատում’ (Մատ. 6։13)։
Բանսարկուին հակառակ կեցող կատարեալ տիպարը
8. Անապատին մէջ Յիսուսի դէմ Բանսարկուին գործածած առաջին արձանագրուած փորձութիւնը ի՞նչ էր, եւ Քրիստոս ի՞նչպէս հակազդեց։
8 Բանսարկուն ջանաց Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանել։ Անապատին մէջ Սատանան փորձութիւններ գործածեց, Յիսուսը մղելու որ Եհովայի անհնազանդ ըլլայ։ Սակայն Յիսուս Սատանային հակառակ կենալու մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ 40 ցերեկ ու 40 գիշեր ծոմ պահելէ ետք, հաւանաբար Յիսուս ուտելու զօրաւոր ցանկութիւն ունէր։ Սատանան ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։ Բայց Յիսուս մերժեց իր աստուածատուր զօրութիւնը իր անձնական օգտին համար գործածել։ Փոխարէն, ան ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Մատ. 4։1-4. Բ. Օր. 8։3)։
այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’» (9. Մեր բնական ֆիզիքական ցանկութիւնները շահագործելու Բանսարկուին ջանքերուն ինչո՞ւ պէտք է դիմադրենք։
9 Այսօր Բանսարկուն կը ջանայ Եհովայի ծառաներուն բնական ֆիզիքական ցանկութիւնները շահագործել։ Հետեւաբար պէտք է վճռականօրէն մերժենք ապօրինի սեռային փորձութիւնները, որոնք այս անբարոյ աշխարհին մէջ շատ սովորական են։ Աստուծոյ Խօսքը շեշտակի կ’ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Ուստի բացորոշ է թէ անբարոյ կենցաղ ունեցողները, որոնք փոխուիլ չեն ուզեր, պիտի չկարենան Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնել։
10. Մատթէոս 4։5, 6–ի համաձայն, Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանել ջանալով, Սատանան ուրիշ ի՞նչ փորձութիւն գործածեց։
10 Անապատին մէջ Յիսուսի դիմագրաւած փորձութիւններէն մէկուն նկատմամբ, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Սատանան առաւ տարաւ զանիկա սուրբ քաղաքը եւ կայնեցուց զանիկա տաճարին աշտարակին վրայ ու ըսաւ անոր. ‘Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ, վասն զի գրուած է թէ Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ ձեռքերնուն վրայ վերցնեն քեզ, որպէս զի չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’» (Մատ. 4։5, 6)։ Ենթադրաբար, ասիկա Յիսուսի Մեսիա ըլլալուն տպաւորիչ ցուցադրութիւն մը պիտի ըլլար։ Սակայն իրականութեան մէջ, անիկա անպատշաճ ու ամբարտաւան արարք մը պիտի ըլլար, որ Աստուծոյ հաճութիւնն ու աջակցութիւնը պիտի չունենար։ Անգամ մը եւս Յիսուս Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահպանեց եւ համար մը մէջբերելով՝ ըսաւ. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես» (Մատ. 4։7. Բ. Օր. 6։16)։
11. Սատանան ի՞նչպէս կրնայ մեզ փորձել, եւ հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
11 Սատանան կրնայ մեզ փորձել որ զանազան կերպերով փառք փնտռենք։ Ան կը ջանայ մեզ մղել որ հագուելակերպի ու յարդարանքի նկատմամբ աշխարհային նորաձեւութիւններու հետեւինք կամ կասկածելի զբօսանքի միջամուխ ըլլանք։ Եթէ Աստուածաշունչի խրատները անտեսենք եւ աշխարհը ընդօրինակենք, կրնա՞նք ակնկալել որ հրեշտակները մեզ պաշտպանեն այսպիսի ընթացքի մը ահռելի հետեւանքներէն։ Թէեւ Դաւիթ թագաւոր Բերսաբէի առնչութեամբ իր գործած մեղքերուն համար զղջաց, բայց իր արարքներուն հետեւանքներէն չպաշտպանուեցաւ (Բ. Թագ. 12։9-12)։ Անպատշաճ կերպերով Եհովան չփորձենք, թերեւս՝ աշխարհի հետ բարեկամութիւն զարգացնելով (Կարդալ՝ Յակոբոս 4։4. Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։
12. Մատթէոս 4։8, 9–ի մէջ նշուած փորձութիւնը ի՞նչ էր, եւ Աստուծոյ Որդին ի՞նչպէս հակազդեց։
12 Անապատին մէջ Բանսարկուն այլ փորձութեան մը մէջ առաջարկեց քաղաքական հեղինակութիւն տալ Յիսուսի։ Սատանան անոր ցոյց տուաւ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններն ու անոնց փառքը, ապա ըսաւ. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես» (Մատ. 4։8, 9)։ Եհովայի պատկանող պաշտամունքը խլելու եւ Յիսուսը Աստուծոյ անհաւատարիմ դարձնելու ի՜նչ անխիղճ փորձ։ Ատենօք հաւատարիմ եղող այս հրեշտակը, պաշտուելու ցանկութեան մասին խոկալով, մեղաւոր, ընչաքաղց ու չարամիտ փորձիչ Բանսարկուն դարձած էր (Յակ. 1։14, 15)։ Սակայն ուղղակի հակապատկերը ըլլալով, Յիսուս վճռած էր իր երկնաւոր Հօր հաւատարիմ մնալ, ուստի ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ Այսպէս Յիսուս դարձեալ բացայայտ ու հաստատ կերպով Բանսարկուին հակառակ կեցաւ։ Աստուծոյ Որդին չուզեց Սատանայի աշխարհէն մաս մը ունենալ, եւ այդ չարագործը երբեք պիտի չպաշտէր (Մատ. 4։10. Բ. Օր. 6։13. 10։20)։
«Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»
13, 14. ա) Աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները Յիսուսի ցոյց տալով, Բանսարկուն անոր ի՞նչ կը հրամցնէր։ բ) Սատանան ի՞նչպէս կը ջանայ մեզ ապականել։
13 Աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները Յիսուսի ցոյց տալով, Բանսարկուն անոր կը հրամցնէր աննախընթաց մարդկային հեղինակութիւն։ Սատանան կը յուսար որ Յիսուսի տեսածները զինք հրապուրէին եւ համոզէին թէ կրնար երկրի ամենազօրաւոր քաղաքական
առաջնորդը ըլլալ։ Այսօր Բանսարկուն մեզի թագաւորութիւններ չ’առաջարկեր, բայց կը ջանայ մեր սիրտը ապականել՝ մեր աչքերուն, ականջներուն ու միտքին միջոցաւ։14 Բանսարկուն այս աշխարհը կը ղեկավարէ։ Ուստի լրատուամիջոցները անոր հակակշռին տակ են։ Հետեւաբար զարմանալի չէ որ աշխարհի հրամցուցած դիտելիք, ունկնդրելիք եւ ընթերցելիք նիւթերը, անբարոյութեամբ ու բռնութեամբ լեցուն են։ Այս աշխարհի ծանուցման խողովակները կը փորձեն մեր մէջ շատ առարկաներ գնելու տենչ մը կերտել, որոնք մեզի անհրաժեշտ չեն։ Այսպիսի միջոցներով, Բանսարկուն միշտ մեզ կը փորձէ նիւթապաշտական հրապոյրներով, որոնք մեր աչքերուն, ականջներուն եւ միտքին գրաւիչ կրնան թուիլ։ Բայց երբ կը մերժենք աստուածաշնչականօրէն անընդունելի նիւթեր դիտել, ունկնդրել եւ կարդալ, իրականութեան մէջ կ’ըսենք. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ»։ Այսպէս Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, Սատանայի անմաքուր աշխարհը մերժելու մէջ հաստատ ու վճռական ըլլալով։ Այն իրողութիւնը թէ Սատանայի աշխարհին մէկ մասը չենք, նաեւ ցցուն կ’ըլլայ երբ խիզախօրէն մենք մեզ կը բնորոշենք որպէս Եհովայի վկաներ ու Քրիստոսի հետեւորդներ՝ գործատեղին մէջ, դպրոցին մէջ, դրացիներուն եւ ազգականներուն առջեւ (Կարդալ՝ Մարկոս 8։38)։
15. Սատանային հակառակ կենալը ինչո՞ւ կը պահանջէ միշտ աչալուրջ մնալ։
15 Աստուծոյ հանդէպ Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանելու երրորդ ձախող փորձէն ետք, «Սատանան զանիկա թողուց» (Մատ. 4։11)։ Սակայն անոր նպատակը չէր Յիսուսը փորձելէ դադրիլ, քանի որ մեզի կ’ըսուի. «Երբ Սատանան [անապատին մէջ] ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ» (Ղուկ. 4։13)։ Երբ Բանսարկուին յաջողապէս դիմադրենք, Եհովայէ շնորհակալ պէտք է ըլլանք։ Բայց նաեւ պէտք է շարունակենք Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել, քանի որ Բանսարկուն պիտի վերադառնայ մեզ փորձելու՝ իրեն յարմար եղող ատեն մը,– եւ թերեւս մեր չակնկալած մէկ պահուն։ Ուստի ամէն ատեն արթուն պէտք է մնանք եւ Եհովայի սրբազան ծառայութեան մէջ յարատեւենք, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք։
16. Եհովա մեզի ի՞նչ հզօր ոյժ կու տայ, եւ ինչո՞ւ անոր համար պէտք է աղօթենք։
16 Բանսարկուին յաջողապէս հակառակ կենալու համար օգնութիւն պիտի ստանանք, աղօթքով խնդրելով տիեզերքի հզօրագոյն ուժը՝ Աստուծոյ սուրբ հոգին։ Անիկա մեզի կարողութիւն պիտի տայ ընելու բաներ, զորս մեր զօրութեամբ Ղուկ. 11։13)։ Շարունակենք աղօթքով Եհովայէ խնդրել իր սուրբ հոգին։ Բանսարկուին հակառակ կենալու մէջ այս զօրեղագոյն ուժը մեր կողքին ունենալով, պիտի կարենանք յաղթական դուրս գալ։ Կանոնաւոր ու ջերմեռանդ աղօթքներէն զատ, Աստուծոյ ամբողջ հոգեւոր սպառազինութիւնը պէտք է հագնինք, որպէսզի կարենանք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել» (Եփ. 6։11-18)։
անկարելի է իրագործել։ Յիսուս իր հետեւորդները հաւաստիացուց թէ Աստուծոյ հոգին մատչելի է, ըսելով. «Եթէ դուք որ [անկատար ըլլալով համեմատաբար] չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (17. Ի՞նչ ուրախութիւն Յիսուսի օգնեց որ Բանսարկուին հակառակ կենայ։
17 Ուրիշ բան մըն ալ Յիսուսի օգնեց որ Բանսարկուին հակառակ կենայ, եւ անիկա կրնայ մեզի ալ օգնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Յիսուս] իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբ. 12։2)։ Համանման ուրախութիւն կրնանք վայելել՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնելով, իր սուրբ անունը պատուելով եւ յաւիտենական կեանքի վարձատրութեան վրայ մեր աչքերը սեւեռած պահելով։ Ո՜րքան պիտի հրճուինք, երբ Սատանան ու իր բոլոր գործերը յաւիտեան բնաջնջուին եւ ‘հեզերը ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը ուրախանան’ (Սաղ. 37։11)։ Արդ, շարունակէ Բանսարկուին հակառակ կենալ, ինչպէս Յիսուս ըրաւ (Կարդալ՝ Յակոբոս 4։7, 8)։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա իր ժողովուրդը կը պահպանէ։
• Յիսուս Սատանային հակառակ կենալու մէջ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։
• Ի՞նչ կերպերով կրնաս Բանսարկուին հակառակ կենալ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 29]
Աշխարհի բարեկամութիւնը մեզ թշնամի կ’ընէ Աստուծոյ
[Նկար՝ էջ 31]
Յիսուս մերժեց Սատանայի հրամցուցած բոլոր աշխարհային թագաւորութիւնները