Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դժոխքի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ի՞նչպէս կ’ազդէ քեզի

Դժոխքի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ի՞նչպէս կ’ազդէ քեզի

Դժոխքի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ի՞նչպէս կ’ազդէ քեզի

ԱՆՈՆՔ որ կը սորվեցնեն թէ դժոխքը չարչարանքի վայր մըն է, Եհովա Աստուծոյ եւ իր յատկութիւններուն մասին գէշ գաղափար մը կը յառաջացնեն։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած չարերը պիտի չքացնէ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9)։ Բայց արդարացի զայրոյթը Աստուծոյ տիրական յատկութիւնը չէ։

Աստուած չարակամ կամ ոխակալ չէ։ Ան նոյնիսկ կը հարցնէ. «Արդեօք ես կ’ախորժի՞մ որ ամբարիշտը մեռնի» (Եզեկիէլ 18։23, ԱՎ)։ Եթէ Աստուած ամբարիշտներուն մահէն չ’ախորժիր, ի՞նչպէս առյաւէտ հաճոյքով պիտի դիտէ անոնց չարչարուիլը։

Աստուծոյ ամէնէն տիրական յատկութիւնը սէրն է (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Արդարեւ, «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (Սաղմոս 145։9)։ Միւս կողմէ, Աստուած կ’ուզէ որ իրեն հանդէպ սրտագին սէր մշակենք (Մատթէոս 22։35-38

Քեզ կը խթանէ դժոխքի վա՞խը թէ Աստուծոյ սէրը

Այն ուսուցումը թէ հոգիները դժոխքին մէջ կը չարչարուին, Աստուծոյ հանդէպ հիւանդագին վախ կը յառաջացնէ։ Միւս կողմէ, երբ անհատ մը Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվի ու սկսի զինք սիրել, առողջ վախ կը զարգացնէ։ «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն», կը բացատրէ Սաղմոս 111։10–ը։ Աստուծոյ վախը սարսափ չէ, այլ՝ Ստեղծիչին հանդէպ երկիւղ ու խոր յարգանք,– զինք տհաճեցնելու առողջ վախ։

Նկատի առ թէ դժոխքի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ի՛նչպէս Քէթլինին ազդեց,– 32 տարեկան նախկին թմրամոլ։ Անոր կեանքը լեցուն էր հաւաքոյթներով, բռնութեամբ, ինքնատելութեամբ եւ անբարոյութեամբ։ Ան նշեց. «Մէկ տարեկան աղջնակիս կը նայէի ու կը խորհէի. ‘Ես ի՜նչ կ’ընեմ անոր։ Այս պատճառով դժոխքին մէջ պիտի այրիմ’»։ Քէթլին ի զուր փորձեց թմրեցուցիչի գործածութիւնը դադրեցնել։ Ան ըսաւ. «Ուզեցի բարի մէկը ըլլալ, բայց թէ՛ կեանքիս մէջ եւ թէ աշխարհի մէջ ամէն բան շատ յուզիչ էր։ Բարի ըլլալու պատճառ մը չտեսայ»։

Ապա Քէթլին Եհովայի վկաներուն ծանօթացաւ։ Ան ըսաւ. «Սորվեցայ թէ կրակոտ դժոխք մը գոյութիւն չունի։ Աստուածաշնչական ապացոյցները տրամաբանական էին։ Մեծապէս հանգստացայ, գիտնալով որ դժոխքին մէջ պիտի չայրիմ»։ Բայց ան նաեւ սորվեցաւ Աստուծոյ խոստումին մասին, թէ մարդիկ կրնան ամբարշտութենէ մաքրուած երկրին վրայ յաւիտեան ապրիլ (Սաղմոս 37։10, 11, 29. Ղուկաս 23։43)։ «Այժմ իսկական յոյս մը ունեցայ,– դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ», բացագանչեց ան։

Կրակոտ դժոխքի սպառնալիքը անհետանալով, Քէթլին պիտի կարենա՞ր թմրամոլութենէ ձերբազատուիլ։ Ան նշեց. «Երբ թմրեցուցիչի հանդէպ զօրաւոր ցանկութիւն կը զգայի, աղօթքով Եհովա Աստուծոյ կ’աղաչէի որ ինծի օգնէ։ Այսպիսի պիղծ սովորութիւններու հանդէպ անոր տեսակէտին մասին կը խորհրդածէի, եւ չէի ուզեր զինք յուսախաբ ընել։ Իսկ ան աղօթքներուս պատասխանեց» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Աստուած տհաճեցնելու այս վախը, Քէթլինը կարող դարձուց որ իր մոլութիւններէն ձերբազատուի։

Արդարեւ, Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ առողջ վախ մշակելը,– ո՛չ թէ դժոխքին մէջ չարչարուելու վախը,– կրնայ մեզ խթանել որ Աստուծոյ կամքը ընենք, որպէսզի մնայուն երջանկութիւն վայելենք։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն» (Սաղմոս 128։1

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 8]

ԴԺՈԽՔԷՆ Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԻ

Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ շփոթութիւն կը ստեղծեն, յունարէն երկու տարբեր բառեր,– Կէէն·նա եւ Հէյտէս,– որպէս մէկ բառ՝ «դժոխք» թարգմանելով։ Աստուածաշունչին մէջ, Կէէն·նա բառը կ’ակնարկէ ամբողջական կործանման, առանց յարութեան յոյսի։ Միւս կողմէ, Հէյտէս–ի կամ հատէսի մէջ եղողները յարուցանուելու յոյսը ունին։

Ուստի, Յիսուսի մահէն ու յարութենէն ետք, Պետրոս առաքեալ ունկնդիրները հաւաստիացուց թէ «անոր անձը դժոխքը չմնաց» (Գործք 2։27, 31, 32, ԱՎ. Սաղմոս 16։10, ԱՎ)։ Այս համարին մէջ «դժոխք» թարգմանուած յունարէն բառը՝ Հէյտէս է։ Յիսուս կրակոտ վայր մը չգնաց։ Հատէսը կամ «դժոխք»ը գերեզմանն էր։ Բայց Յիսուս միակ անձը չէ, զոր Աստուած հատէսէն կ’ազատագրէ։

Յարութեան առնչութեամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին» (Յայտնութիւն 20։13, 14)։ «Դժոխք»ը պարպելը պիտի նշանակէ՝ վերակենդանացնել բոլոր զանոնք, որոնք յարութեան արժանի են (Յովհաննէս 5։28, 29. Գործք 24։15)։ Ապագային համար ի՜նչ հիանալի յոյս մը,– տեսնել մեր սիրելի ննջեցեալներուն վերադարձը գերեզմանէն։ Ասիկա պիտի իրագործէ Եհովան, անսահման սիրոյ Աստուածը։