Ինչո՞ւ ուղղամտութիւնդ պէտք է պահես
Ինչո՞ւ ուղղամտութիւնդ պէտք է պահես
«Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, իմ ունեցած. . . անմեղութեանս [«ուղղամտութեանս», ՆԱ] նայելով» (ՍԱՂ. 7։8)։
1, 2. Ի՞նչ են կարգ մը սովորական պարագաներ, որոնք քրիստոնեային ուղղամտութեան ասպարէզ կը կարդան։
ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՐ երեք պարագաներ. տղեկ մը շրջապատուած է կարգ մը դպրոցակիցներով, որոնք կը փորձեն զինք զայրացնել, որպէսզի մղուի հայհոյելու կամ կռուելու։ Արդեօք ան պիտի փոխադարձէ՞, թէ ոչ ինքզինք պիտի զսպէ եւ հեռանայ։ Ամուսին մը, որ տան մէջ առանձին է, համացանցին վրայ պրպտում կ’ընէ։ Իր համակարգիչին պաստառին վրայ շրջանակ մը կ’երեւնայ, անբարոյ ցանցակայք մը ծանուցանելով։ Արդեօք ան պիտի ուզէ՞ այդ կայքը այցելել, թէ ոչ պիտի ջանայ անկէ հեռու կենալ։ Մինչ քրիստոնեայ կին մը կը զրուցէ մի քանի քոյրերու հետ, խօսակցութիւնը բացասական կը դառնայ, բամբասանքի վերածուելով։ Արդեօք ան պիտի մասնակցի՞ ասոր, թէ ոչ պիտի ջանայ նիւթը փոխել։
2 Այս տարբեր պարագաները հասարակաց բան մը ունին,– որպէս քրիստոնեայ ուղղամտութիւն պահելու պայքարին առնչուած են։ Ուղղամտութիւնդ ի մտի կ’ունենա՞ս, մինչ հոգերդ, կարիքներդ ու նպատակակէտերդ կը դիմագրաւես։ Մարդիկ ամէն օր կը խորհին իրենց երեւոյթին, առողջութեան, ապրուստ ճարելու մարտահրաւէրներուն, բարեկամական յարաբերութիւններու վերիվայրումներուն եւ ռոմանթիկ սիրոյ մասին։ Թերեւս այսպիսի հետաքրքրութիւններու բաւարար ուշադրութիւն կ’ընծայենք։ Սակայն Եհովա յատկապէս ի՞նչ բանով հետաքրքրուած է, մինչ մեր սիրտը կը քննէ (Սաղ. 139։23, 24)։ Մեր ուղղամտութեամբ։
3. Եհովա մեզի ի՞նչ առանձնաշնորհում կը շնորհէ, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
3 Եհովա, «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը, իւրաքանչիւրիս զանազան պարգեւներ շնորհած է (Յակ. 1։17)։ Մենք ունինք մարմին, խելք, որոշ չափով առողջութիւն եւ այլազան կարողութիւններ (Ա. Կոր. 4։7)։ Սակայն Եհովա մեզ չի ստիպեր որ ուղղամտութիւն ցուցաբերենք։ Ան թոյլ կու տայ որ անձամբ որոշենք այս յատկութիւնը զարգացնել (Բ. Օր. 30։19)։ Հետեւաբար պէտք է քննենք թէ ի՛նչ է ուղղամտութիւնը։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք երեք պատճառներ թէ այս յատկութիւնը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է։
Ի՞նչ է ուղղամտութիւնը
4. Ուղղամտութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, իսկ անասնական զոհերուն վերաբերող Եհովայի օրէնքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
4 Շատեր ուղղամտութեան մասին աղօտ գաղափար ունին։ Օրինակ, երբ քաղաքագէտներ իրենց ուղղամտութեամբ կը պարծենան, յաճախ ըսել կ’ուզեն իրենց պարկեշտութիւնը։ Այս յատկութիւնը կարեւոր է, բայց ուղղամտութեան միայն մէկ մասն է։ Աստուածաշունչին մէջ, ուղղամտութիւնը կը պարփակէ բարոյական անպակասութիւն, անվթարութիւն։ «Ուղղամտութեան» յարակից եբրայերէն բառերը ծագում կ’առնեն արմատէ մը, որ կը նշանակէ անվթար, լման կամ անթերի։ Այս բառերէն մէկը գործածուած է Եհովայի մատուցուելիք զոհերուն առնչութեամբ։ Ան կ’ընդունէր իբրեւ զոհ միայն այն անասունը, որ անարատ կամ լման էր (Կարդալ՝ Ղեւտացւոց 22։19, 20)։ Եհովա խստօրէն մեղադրեց զանոնք՝ որոնք այս ուղղութիւնը անտեսեցին, կաղ, հիւանդ կամ կոյր անասուններ իբր զոհ մատուցանելով (Մաղ. 1։6-8)։
5, 6. ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ լման բաները յաճախ կ’արժեւորենք։ բ) Մարդիկ պէ՞տք է կատարեալ ըլլան, որպէսզի ուղղամտութիւն պահեն։
5 Լման կամ ամբողջ բան մը փնտռելու եւ արժեւորելու գաղափարը օտար չէ։ Օրինակ, երեւակայէ գրքերու հաւաքորդ մը, որ երկարատեւ որոնումէ ետք թանկարժէք հատոր մը կը գտնէ, բայց ապա կը նկատէ թէ կարգ մը կարեւոր էջեր պակաս են։ Յուսախաբ ըլլալով, ան զայն կը վերադարձնէ գրադարան։ Կամ, պատկերացուր ծովեզերքը Բ. Մն. 16։9)։
քալող կին մը, որ կարգ մը խեցիներ կը հաւաքէ։ Անոնց այլազանութեամբ ու գեղեցկութեամբ հիացած, ան մերթ ընդ մերթ կը ծռի անոնցմէ մէկը քննելու։ Ան ո՞ր խեցիները կը պահէ։ Անոնք որ լման, անթերի են։ Նոյնպէս, Աստուած կը փնտռէ մարդիկ, որոնք անպակասութեան այս յատկութիւնը ունին (6 Սակայն թերեւս հարց տաս թէ ուղղամտութիւնը կատարելութիւն կը պահանջէ՛ կամ ոչ։ Որովհետեւ մեղքն ու անկատարութիւնը մեզի վնասած են, կրնանք խորհիլ թէ չամբողջացած գիրքի կամ ճեղքուած խեցիի մը նման ենք։ Երբեմն այսպէս կը զգա՞ս։ Վստահ եղիր որ Եհովա մեզմէ չ’ակնկալեր որ բացարձակ առումով կատարեալ ըլլանք։ Ան երբեք չ’ակնկալեր որ մեր կարողութենէն վեր բան մը ընենք * (Սաղ. 103։14. Յակ. 3։2)։ Բայց ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ուղղամիտ ըլլանք։ Ուստի կատարելութեան եւ ուղղամտութեան միջեւ տարբերութիւն մը կա՞յ։ Այո՛։ Լուսաբանենք։ Երիտասարդ մը կը սիրէ օրիորդ մը եւ կը ծրագրէ անոր հետ ամուսնանալ։ Անմտութիւն է որ ան ակնկալէ թէ հարսնացուն կատարեալ է, բայց խոհեմութիւն է որ ակնկալէ թէ իրեն հանդէպ սրտագին սէր ունի,– միայն իրեն հանդէպ ռոմանթիկ սէր ունի։ Նոյնպէս, Եհովա «բացարձակ պաշտամունք պահանջող Աստուած» է (Ել. 20։5, ՆԱ)։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ, ո՛չ թէ կատարեալ ըլլանք, հապա՝ որ զինք ամբողջ սիրտով սիրենք, միայն իրեն պաշտամունք մատուցանելով։
7, 8. ա) Յիսուս ուղղամտութեան առնչութեամբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ բ) Աստուածաշնչական առումով ի՞նչ է ուղղամտութեան էութիւնը։
7 Նկատի առ Յիսուսի պատասխանը, երբ հարցուեցաւ թէ ի՛նչ էր կարեւորագոյն օրէնքը (Կարդալ՝ Մարկոս 12։28-30)։ Ան ո՛չ միայն պատասխանը տուաւ, այլ՝ անոր համաձայն ապրեցաւ։ Ան Եհովան իր ամբողջ միտքով, սիրտով, անձով ու զօրութեամբ սիրելու մէջ մեծագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Ան ցոյց տուաւ թէ ուղղամտութիւնը կը դրսեւորուի, ո՛չ թէ պարզապէս խօսքերով, այլ՝ մաքուր շարժառիթներէ ծագում առած դրական արարքներով։ Ուղղամտութիւն պահելը կը պահանջէ որ Յիսուսի քայլերուն հետեւինք (Ա. Պետ. 2։21)։
8 Ահաւասիկ աստուածաշնչական առումով մեր ուղղամտութեան էութիւնը. սրտագին նուիրում մէկ երկնաւոր Անձի՝ Եհովա Աստուծոյ եւ իր յայտնուած կամքին ու նպատակին։ Ուղղամտութիւն պահել կը նշանակէ թէ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ ամէն բանէ առաջ պիտի ջանանք Եհովա Աստուած հաճեցնել։ Կեանքի մէջ մեր նախապատուութիւնները պիտի արտացոլացնեն իր նախապատուութիւնները։ Այժմ նկատի առնենք երեք պատճառներ թէ ասիկա ինչո՛ւ շատ կարեւոր է։
9. Մեր անձնական ուղղամտութիւնը ի՞նչպէս կապ ունի տիեզերական գերիշխանութեան հարցին հետ։
9 Եհովայի գերիշխանութիւնը մեր ուղղամտութենէն կախեալ չէ։ Անոր գերիշխանութիւնը իրաւացի, յաւերժական ու տիեզերական է։ Անիկա միշտ այդպէս պիտի ըլլայ, որեւէ արարած ի՛նչ որ ալ ըսէ կամ ընէ։ Սակայն Աստուծոյ գերիշխանութեան մասին մեծապէս չարախօսուած է երկինքի մէջ ու երկրի վրայ։ Հետեւաբար, անոր իշխանութիւնը պէտք է ջատագովուի,– հաստատուի որպէս պատշաճ, արդար ու սիրալիր,– բոլոր մտացի արարածներուն առջեւ։ Եհովայի վկաներ ըլլալով, կը սիրենք Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան մասին զրուցել ոեւէ անհատի հետ որ կը փափաքի լսել։ Սակայն ի՞նչպէս կրնանք այս հարցին նկատմամբ մեր դիրքը որոշել ու ցոյց տալ թէ Եհովան է մեր Գերիշխանը։ Ուղղամտութիւն պահելով։
10. Մարդոց ուղղամտութեան առնչութեամբ Սատանան ի՞նչ ամբաստանութիւն ըրած է, եւ ի՞նչպէս կ’ուզես պատասխանել։
10 Նկատի առ թէ քու ուղղամտութիւնդ ի՛նչպէս պարփակուած է։ Սատանան դաւանած է թէ ո՛չ մէկ մարդ Աստուծոյ գերիշխանութեան կողքին դիրք պիտի բռնէ եւ անձնուրաց սէրէ մղուած՝ Եհովայի պիտի ծառայէ։ Համախմբուած հոգեղէն արարածներու առջեւ, Բանսարկուն Եհովայի ըսաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս Յոբ 2։4)։ Նկատէ թէ Սատանան այդ խօսքը արդար Յոբին չսահմանափակեց, այլ՝ զայն ըսաւ իբրեւ մարդկութեան վերաբերող ընդհանուր կանոն։ Հետեւաբար Աստուածաշունչը Սատանան կը կոչէ «մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը» (Յայտ. 12։10)։ Ան Եհովան կը նախատէ, դաւանելով թէ քրիստոնեաները,– ի ներառեալ դուն,– հաւատարիմ պիտի չմնան։ Սատանան կը պնդէ թէ Եհովան պիտի դաւաճանես, մորթդ փրկելու համար։ Քեզի դէմ ուղղուած այսպիսի ամբաստանութիւններու հանդէպ ի՞նչ կը զգաս։ Պիտի չուզէի՞ր պատեհութիւն ունենալ որ Սատանայի ստախօս ըլլալը ապացուցանես։ Ասիկա կրնա՛ս ընել՝ ուղղամտութիւնդ պահելով։
իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (11, 12. ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ առօրեայ հարցերու նկատմամբ մեր որոշումները կապ ունին անձնական ուղղամտութեան հետ։ բ) Ուղղամտութիւն պահելը ինչո՞ւ առանձնաշնորհում է։
11 Այսպէս ուղղամտութեանդ հարցը շատ կարեւոր կը դարձնէ առօրեայ վարքն ու ընտրութիւնները։ Դարձեալ նկատի առ նախապէս նշուած երեք պարագաները։ Անոնք ի՞նչպէս ուղղամիտ պիտի մնային։ Իր դպրոցակիցներուն կողմէ նախատուած տղեկը մեծապէս կը փորձուի որ անոնց վրայ իր բարկութիւնը թափէ, բայց ան սա յորդորը կը մտաբերէ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը» (Հռով. 12։19)։ Ան այդ վայրէն կը հեռանայ։ Համացանցը գործածող ամուսինը կրնայ տռփագրգիռ պատկերներուն նայիլ, բայց ան Յոբի խօսքերուն բովանդակած սկզբունքը կը յիշէ. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ» (Յոբ 31։1)։ Ուստի ան կը մերժէ անհաճոյ տեսարանները դիտել ու այսպիսի նիւթերէ կը խուսափի, զանոնք թոյն նկատելով։ Խմբային զրոյցի մը մասնակցող կինը, երբ կը սկսի բամբասանք լսել, կը մտաբերէ սա ուղղութիւնը. «Մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ» (Հռով. 15։2)։ Իր լսած բամբասանքը, զոր կրնայ կրկնել, շինիչ չէ։ Անիկա իր քրիստոնեայ քրոջ վրայ դրական անդրադարձ պիտի չունենայ, եւ իր Հայրը պիտի չհաճեցնէ։ Ուստի ան իր լեզուն կը զսպէ ու նիւթը կը փոխէ։
12 Այդ իւրաքանչիւր պարագային, քրիստոնեան ընտրութիւն մը կ’ընէ որ կ’ըսէ. ‘Եհովան իմ Կառավարիչս է։ Պիտի ջանամ այս հարցին մէջ իր ուզածը ընել’։ Անձնական ընտրութիւններդ եւ որոշումներդ այս կերպով նկատի կ’առնե՞ս։ Եթէ այո՛, իրապէս կը հնազանդիս Առակաց 27։11–ի սրտապնդիչ խօսքերուն. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ Աստուծոյ սիրտը ուրախացնելու հոյակապ առանձնաշնորհում ունինք։ Չ’արժե՞ր ամէն ջանք թափել որ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։
13. Յոբի ու Դաւիթի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Եհովա մեր ուղղամտութեան հիման վրայ մեզ կը դատէ։
13 Կը նկատենք թէ ուղղամտութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին դիրք բռնենք։ Այսպէս անոր հիման վրայ Աստուած կրնայ մեզ դատել։ Յոբ այս ճշմարտութիւնը լաւ ըմբռնեց (Կարդալ՝ Յոբ 31։6)։ Յոբ գիտէր թէ Աստուած ամբողջ մարդկութիւնը «արդարութեան կշիռքով» կը կշռէ, արդարութեան Իր կատարեալ չափանիշը գործածելով, որպէսզի մեր ուղղամտութիւնը չափէ։ Դաւիթ նոյնպէս ըսաւ. «Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս [«ուղղամտութեանս», ՆԱ] նայելով։ . . .Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները» (Սաղ. 7։8, 9)։ Գիտենք թէ Աստուած կրնայ քննել ներքին անձին խորերը, այլաբանական ‘սիրտն ու երիկամունքները’։ Սակայն պէտք չէ մոռնանք թէ ան ի՛նչ կը փնտռէ։ Ինչպէս Դաւիթ ըսաւ, Եհովա մեզ կը դատէ մեր ուղղամտութեան համաձայն։
14. Ինչո՞ւ երբեք պէտք չէ ենթադրենք թէ մեր անկատար ու մեղաւոր բնոյթը թոյլ չի տար որ ուղղամիտ մնանք։
14 Պատկերացուր թէ Եհովա Աստուած ներկայիս միլիառաւոր մարդոց սրտերը կը քննէ (Ա. Մն. 28։9)։ Ան ո՞րքան յաճախ կը գտնէ անհատ մը, որ քրիստոնէական ուղղամտութիւն կը պահէ։ Արդարեւ, յարաբերաբար սակաւադէպ։ Սակայն պէտք չէ ենթադրենք թէ մեր անկատարութիւնը թոյլ չի տար որ ուղղամիտ մնանք։ Ընդհակառակը, Դաւիթի եւ Յոբի նման, վաւերական պատճառ ունինք վստահ ըլլալու թէ հակառակ մեր անկատարութեան, Եհովա մեզ ուղղամիտ պիտի գտնէ։ Մի՛ մոռնար. կատարելութիւնը չ’երաշխաւորեր ուղղամտութիւն պահելը։ Միայն երեք կատարեալ մարդկային արարածներ երկրի վրայ ապրած են, եւ անոնցմէ երկուքը՝ Ադամ ու Եւա, ուղղամտութիւն չպահեցին։ Միւս կողմէ, միլիոնաւոր անկատար մարդիկ իրենց ուղղամտութիւնը պահելու մէջ յաջողած են։ Դուն ալ կրնաս յաջողիլ։
15. Դաւիթ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ուղղամտութիւնը ապագայի նկատմամբ մեր յոյսին համար էական է։
15 Որովհետեւ ուղղամտութեան հիման վրայ Եհովա մեզ կը դատէ, անիկա ապագայի նկատմամբ մեր յոյսին համար էական է։ Դաւիթ այս կէտին գիտակից էր (Կարդալ՝ Սաղմոս 41։12)։ Ան Աստուծոյ նպաստաւոր ուշադրութիւնը առյաւէտ ստանալու յոյսը արժեւորեց։ Ներկայ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն նման, Դաւիթ յուսաց յաւիտեան ապրիլ, շարունակելով ա՛լ աւելի Եհովա Աստուծոյ մօտենալ, մինչ կը ծառայէ անոր։ Այդ յոյսին կատարումը տեսնելու համար, Դաւիթ գնահատեց ուղղամտութիւն պահելուն դերը։ Նմանապէս, Եհովա մեզի նեցուկ կ’ըլլայ, մեզի կը սորվեցնէ, մեզ կ’առաջնորդէ եւ կ’օրհնէ, մինչ մեր ուղղամտութիւնը կը պահենք։
16, 17. ա) Ինչո՞ւ վճռած ես միշտ ուղղամտութիւնդ պահել։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկէ։
16 Յոյսը կենսական է մեր ներկայ երջանկութեան համար։ Անիկա մեզի կու տայ այն ուրախութիւնը, որ հարկ է դժուար ժամանակներու տոկալու։ Յոյսը կրնայ մեր մտածմունքն Ա. Թես. 5։8)։ Ինչպէս սաղաւարտը զինուորին գլուխը կը պաշտպանէ պատերազմին մէջ, յոյսը մեր միտքը կը պաշտպանէ բացասական ու յոռետես մտածումէ, զոր Սատանան յառաջ կը մղէ այս մահամերձ հին աշխարհին մէջ։ Արդարեւ կեանքը խեղճ է, երբ յոյս չունինք։ Պարկեշտօրէն մենք մեզ պէտք է քննենք, ուշադրութեամբ նկատի առնելով մեր ուղղամտութեան վիճակը եւ յարակից յոյսը։ Մի՛ մոռնար թէ ուղղամտութիւն պահելով, Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր կը բռնես եւ ապագայի նկատմամբ թանկագին յոյսդ կը պաշտպանես։ Ջանա՛ միշտ ուղղամտութիւնդ պահել։
ալ պաշտպանել։ Մտաբերէ թէ Աստուածաշունչը յոյսը կը նմանցնէ սաղաւարտի (17 Ուղղամտութիւնը շատ կարեւոր ըլլալով, հարկ է որ յաւելեալ հարցումներ նկատի առնենք։ Ի՞նչպէս կրնանք ուղղամտութիւն կերտել։ Ի՞նչպէս կրնանք զայն պահել։ Եւ անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ ժամանակաւորապէս զայն չպահէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Յիսուս ըսաւ. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է» (Մատ. 5։48)։ Բացայայտ է որ ան գիտէր թէ նոյնիսկ անկատար մարդիկ կրնան յարաբերական առումով ամբողջ կամ կատարեալ ըլլալ։ Ուրիշները առատապէս սիրելու պատուէրը կրնանք կատարել, եւ այսպէս Աստուած հաճեցնել։ Սակայն Եհովա բացարձակ առումով կատարեալ է։ Երբ իրեն կիրարկուի, «ուղղամտութիւն» բառը նաեւ կը պարփակէ կատարելութիւն (Սաղ. 18։30)։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչ է ուղղամտութիւնը։
• Ուղղամտութիւնը ի՞նչպէս կապ ունի տիեզերական գերիշխանութեան հարցին հետ։
• Ուղղամտութիւնը ի՞նչպէս մեր յոյսին հիմ կը կազմէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 16]
Ամէնօրեայ կեանքը մեր ուղղամտութեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէ