Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լայնատարած հաւատալիք մը

Լայնատարած հաւատալիք մը

Լայնատարած հաւատալիք մը

«Ցաւատանջ երազներ կ’ունենայի, թէ դժոխքին մէջ կ’այրիմ։ Երազիս մէջ կը տեսնէի որ կրակոտ վայր մը նետուած եմ, եւ պոռչտալով կ’արթննայի։ Հարկ չկայ ըսելու թէ մեծ ջանք թափեցի որ մեղք չգործեմ» (Արլին)։

ԿԸ ԽՈՐՀԻ՞Ս թէ դժոխքը մեղաւորներուն վերապահուած տանջանքի վայր մըն է։ Շատեր այդպէս կը խորհին։ Օրինակ, 2005–ին՝ Սկովտիայի մէջ Սուրբ Անտրիւզ համալսարանէն ուսումնական մը երեւան հանեց, թէ սկովտիացի կղերներուն մէկ երրորդը կը հաւատայ թէ Աստուծմէ հեռացած անհատները, «դժոխքին մէջ առյաւէտ մտային տանջանք» պիտի ունենան. իսկ մէկ հինգերորդը կը հաւատայ թէ դժոխքին մէջ անհատները ֆիզիքական չարչարանքի պիտի ենթարկուին։

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դժոխքի հաւատալը լայնատարած է։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2007–ին կատարուած փորձագիտանք մը յայտնեց թէ մասնակցողներուն 70 տոկոսը դժոխքին կը հաւատայ։ Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կրօնասէր չէ, մարդիկ տակաւին դժոխքին կը հաւատան։ 2004–ին կատարուած փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ թէ Քանատայի մէջ մարդոց 42 տոկոսը դժոխքին կը հաւատայ, իսկ Բրիտանիոյ մէջ՝ 32 տոկոսը վստահ է թէ դժոխքը գոյութիւն ունի։

Կղերները ի՛նչ կը սորվեցնեն

Կղերներէն շատեր այլեւս չեն սորվեցներ թէ դժոխքը բառացի չարչարանքի կրակոտ վայր մըն է։ Փոխարէն, անոնց յառաջ մղած սահմանումը համանման է՝ 1994–ին հրատարակուած Catechism of the Catholic Church–ին նշածին. «Դժոխքի գլխաւոր պատիժը, Աստուծմէ առյաւէտ բաժնուիլն է»։

Այսուհանդերձ տակաւին քիչ չեն անոնք որ կը հաւատան թէ դժոխքը մտային կամ ֆիզիքական տանջանքի վայր է։ Այս վարդապետութեան թիկունք կանգնողները կը դաւանին թէ այս ուսուցումը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է։ Ռ. Ալպերթ Մոլըր, Southern Baptist Theological Seminary–ի նախագահը կը պնդէ. «Անիկա պարզապէս աստուածաշնչական իրողութիւն մըն է»։

Ինչո՞ւ կարեւոր է թէ ի՛նչ բանի կը հաւատաս

Եթէ դժոխքը իսկապէս տանջանքի վայր է, վստահաբար անկէ պէտք է վախնաս։ Սակայն եթէ այս ուսուցումը ճշմարիտ չէ, զայն սորվեցնող կրօնական առաջնորդները շփոթութիւն կը ստեղծեն եւ հաւատացողներուն անտեղի մտային տառապանք կը պատճառեն։ Անոնք նաեւ Աստուած կը վարկաբեկեն։

Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին ի՞նչ կ’ըսէ։ Յաջորդ յօդուածները պիտի քննարկեն հետեւեալ երեք հարցումները. 1) Երբ մէկը մեռնի, անոր ի՞նչ կը պատահի։ 2) Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուց։ 3) Դժոխքի մասին ճշմարտութիւնը սորվիլը ի՞նչպէս կրնայ քեզի ազդել։