Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուց

Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուց

Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուց

Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա. աղէկ է քեզի մէկ աչքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ, ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր» (ՄԱՐԿՈՍ 9։46, 47

Ուրիշ առիթով, Յիսուս խօսեցաւ դատաստանական ժամանակամիջոցի մը մասին, երբ չարերուն պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն»։ Ան նաեւ ըսաւ թէ անոնք «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը» (ՄԱՏԹԷՈՍ 25։41, 46

ԱՌԱՋԻՆ ակնարկով, Յիսուսի վերոյիշեալ խօսքերը կրնան այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ դժոխքի կրակի ուսուցումին թիկունք կը կանգնին։ Բացորոշ է թէ Յիսուս չմտադրեց Աստուծոյ Խօսքին հակասել, որ յստակօրէն կ’ըսէ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5

Արդ, Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ խօսեցաւ «կրակին գեհեանը» ձգուելուն մասին։ «Յաւիտենական կրակ»ը, որմէ Յիսուս զգուշացուց, բառացի՞ է թէ այլաբանական։ Ի՞նչ առումով չարերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը»։ Քննենք այս հարցումները։

Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ խօսեցաւ «կրակին գեհեանը» ձգուելուն մասին։ Մարկոս 9։46–ի մէջ «գեհեան» թարգմանուած յունարէն բառը՝ Կէէն·նա է։ Այս բառը ծագում կ’առնէ եբրայերէն Գե Հին·նոմ բառէն, որ «Ենովմի ձոր» կը նշանակէ։ Ենովմի ձորը վաղեմի Երուսաղէմէն դուրս կը գտնուէր։ Իսրայէլացի թագաւորներուն օրերուն, անիկա կը գործածուէր երախաներ զոհ ընծայելու,– գարշելի սովորութիւն մը, զոր Աստուած դատապարտեց։ Աստուած ըսաւ թէ սուտ պաշտամունքի այս արարքը կատարողները մահապատիժի պիտի ենթարկէր։ Ապա Ենովմի ձորը պիտի կոչուէր «Սպանութեան ձոր», ուր «այս ժողովուրդին դիակները» առանց թաղման պիտի մնային (Երեմիա 7։30-34)։ Այսպէս Եհովա նախագուշակեց թէ Ենովմի ձորը պիտի ըլլար ո՛չ թէ ողջ անձեր չարչարելու վայր մը, այլ՝ դիակներէ ձերբազատուելու վայր մը։

Յիսուսի օրերուն, Երուսաղէմի բնակիչները Ենովմի ձորը որպէս աղբանոց կը գործածէին։ Անոնք կարգ մը անարգ ոճրագործներու դիակները հոն կը նետէին եւ կրակը միշտ վառուած կը պահէին, աղբերն ու դիակները անհետացնելու համար։

Երբ Յիսուս չմեռնող որդերուն եւ անմար կրակին մասին խօսեցաւ, ըստ երեւոյթին՝ Եսայի 66։24–ին կ’ակնարկէր։ ‘Աստուծոյ դէմ ապստամբողներուն դիակներուն’ առնչութեամբ, Եսայի կ’ըսէ թէ «անոնց որդը պիտի չմեռնի, անոնց կրակը պիտի չմարի»։ Յիսուս եւ իր ունկնդիրները գիտէին թէ Եսայիի գիրքին այդ խօսքերը կապ ունէին թաղման արժանի չեղողներու դիակներուն հետ։

Հետեւաբար Յիսուս Ենովմի ձորը կամ գեհեանը գործածեց որպէս յարմար խորհրդանիշ այն մահուան, որմէ յարութիւն առնել չկայ։ Ան այս կէտը յստակացուց, երբ զգուշացուց թէ Աստուած «կրնայ հոգին [կեանքը] ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել» (Մատթէոս 10։28)։ Գեհենը խորհրդանիշ է յաւիտենական մահուան, եւ ոչ թէ՝ յաւերժական չարչարանքի։

«Յաւիտենական կրակ»ը, որմէ Յիսուս զգուշացուց, բառացի՞ է թէ այլաբանական։ Նկատէ թէ «յաւիտենական կրակ»ը, զոր Յիսուս նշեց եւ Մատթէոս 25։41–ի մէջ արձանագրուեցաւ, պատրաստուած էր «Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար։ Կը խորհի՞ս թէ բառացի կրակը կրնայ հոգեղէն արարածները այրել։ Կամ, Յիսուս այլաբանօրէ՞ն կը գործածէր «կրակ» բառը։ Նոյն ճառին մէջ նշուած «ոչխարները» եւ «այծերը» վստահաբար բառացի չեն. անոնք երկու տեսակ մարդիկ կը ներկայացնեն (Մատթէոս 25։32, 33)։ Յաւիտենական կրակը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ, այլաբանական առումով ամբողջովին կ’այրէ չարերը։

Ի՞նչ առումով չարերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը»։ Թէեւ թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը Մատթէոս 25։46–ի մէջ «տանջանք» կամ «պատիժ» բառը կը գործածէ, բայց յունարէն քոլա·սին բառին հիմնական նշանակութիւնն է՝ «ծառերուն աճումը կասեցնել», կամ՝ յօտել, անօգուտ ճիւղերը կտրել։ Ուստի ոչխարանման անհատները յաւիտենական կեանք կը ստանան, իսկ այծանման անզեղջ անհատները «յաւիտենական տանջանք»ի կ’ենթարկուին, առյաւէտ կեանքէն կտրուելով։

Ի՞նչ կը խորհիս

Յիսուս երբեք չսորվեցուց թէ մարդը անմահ հոգի մը ունի։ Սակայն ան յաճախ սորվեցուց մեռելներու յարութեան մասին (Ղուկաս 14։13, 14. Յովհաննէս 5։25-29. 11։25)։ Յիսուս ինչո՞ւ պիտի ըսէր թէ մեռելները պիտի յարուցանուին, եթէ կը հաւատար թէ անոնց հոգիները չեն մեռած։

Յիսուս չսորվեցուց թէ Աստուած չարերը յաւիտեան պիտի չարչարէր։ Փոխարէն, ան ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուս ինչո՞ւ հասկցուց թէ իրեն չհաւատացողները պիտի մեռնէին։ Եթէ ան իրապէս ըսել կ’ուզէր թէ անոնք յաւիտեան պիտի ապրէին, կրակոտ դժոխքի մէջ սաստիկ տառապելով, ասիկա բացայայտօրէն ըսած պիտի չը՞լլար։

Դժոխքը տանջանքի վայր ըլլալու վարդապետութիւնը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չէ։ Փոխարէն, անիկա քրիստոնէական դիմակով հեթանոսական հաւատալիք մըն է (Տես՝ Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2008 թիւին մէջ «Դժոխքին համառօտ պատմութիւնը» խորագրով շրջանակը, էջ 6 [անգլերէն])։ Արդարեւ Աստուած մարդիկը դժոխքին մէջ յաւիտեան չի չարչարեր։ Դժոխքի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ հանդէպ տեսակէտիդ ազդել։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Ի՞ՆՉ Է «ԿՐԱԿԻ ԼԻՃԸ»

Յայտնութիւն 20։9, 10–ը կ’ըսէ թէ Բանսարկուն ‘կրակի լիճին’ մէջ պիտի ձգուի եւ ‘հոն պիտի չարչարուի ցերեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից’։ Եթէ Բանսարկուն յաւիտեան պիտի չարչարուի, հարկ է որ Աստուած զինք ողջ պահէ, բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս պիտի «փճացնէ զանիկա» (Եբրայեցիս 2։14)։ Այլաբանական կրակի լիճը կը պատկերացնէ «երկրորդ մահը» (Յայտնութիւն 21։8)։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ նշուած առաջին մահը չէ,– Ադամի մեղքին պատճառած մահը,– որմէ կարելի է ազատուիլ՝ յարութեամբ (Ա. Կորնթացիս 15։21, 22)։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ «կրակի լիճը» իր մէջ եղողները պիտի արձակէ, «երկրորդ մահը» պէտք է նշանակէ տարբեր մահ մը,– անշրջելի։

«Կրակի լիճ»ին մէջ եղողները ի՞նչ առումով առյաւէտ կը չարչարուին։ Երբեմն, «չարչարել» կրնայ նշանակել՝ «արգելափակել»։ Անգամ մը, երբ Յիսուս դեւերուն հետ դէմ–դիմաց եկաւ, անոնք բացագանչեցին. «Ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ [անդունդին մէջ արգելափակելո՞ւ] համար հոս եկար» (Մատթէոս 8։29. Ղուկաս 8։30, 31)։ Ուստի «լիճին» մէջ բոլոր եղողները յաւիտենական արգելափակութեան «չարչարանք»ին՝ կամ «երկրորդ մահուան» պիտի ենթարկուին։