Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուղղամտութիւնդ պիտի պահե՞ս

Ուղղամտութիւնդ պիտի պահե՞ս

Ուղղամտութիւնդ պիտի պահե՞ս

«Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (ՅՈԲ 27։5

1, 2. Ի՞նչ շինարարական ծրագրի մը պէտք է ձեռնարկենք, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ՊԱՀ մը երեւակայէ որ տան մը յատակագիծը աչքէ կ’անցընես։ Անոր գործնականութեան վրայ կը սքանչանաս։ Կ’ուրախանաս, երբ կը խորհիս թէ տունը ի՛նչ կերպերով կրնայ քեզի ու ընտանիքիդ օգտակար ըլլալ։ Սակայն չե՞ս համաձայնիր թէ յատակագիծը եւ առաջարկներդ հարկ եղած օգուտը պիտի չտան մինչեւ որ տունը կառուցանես, հոն փոխադրուիս, ապա զայն պահպանես։

2 Նմանապէս, ուղղամտութիւնը կրնայ մեզ տպաւորել իբրեւ կենսական յատկութիւն մը, որ մեզի ու մեր սիրելիներուն օգտաշատ է։ Բայց ուղղամտութեան մասին դրականօրէն մտածելը քիչ օգուտ ունի, բացի եթէ մեր քրիստոնէական ուղղամտութիւնը կերտենք ու պահպանենք։ Ներկայ աշխարհին մէջ, բառացի շինարարական ծրագիրները յաճախ մեծածախս են (Ղուկ. 14։28, 29)։ Նոյնպէս, ուղղամտութիւն կերտելը ժամանակի ու ջանքի կը կարօտի, բայց կ’արժէ։ Ուստի նկատի առնենք երեք հարցումներ. ի՞նչպէս կրնանք ուղղամիտ ըլլալ։ Ի՞նչպէս կրնանք մեր քրիստոնէական ուղղամտութիւնը պահել։ Անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել եթէ ժամանակաւորապէս իր ուղղամտութիւնը չպահէ։

Ի՞նչպէս կրնանք ուղղամիտ ըլլալ

3, 4. ա) Եհովա ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ ուղղամտութիւն կերտելու։ բ) Ըստ Յիսուսի օրինակին, ի՞նչպէս կրնանք ուղղամտութիւն կերտել։

3 Նախորդ յօդուածին մէջ նկատեցինք թէ Եհովա մեզ կը պատուէ՝ թոյլ տալով որ որոշենք թէ ուղղամիտ կ’ուզե՞նք ըլլալ կամ ոչ։ Բարեբախտաբար, ան այս հարցին մէջ մեզ առանձին չի ձգեր։ Ան մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք այս թանկագին յատկութիւնը կերտել, եւ մեզի առատապէս իր սուրբ հոգին կու տայ, որ մեզի կ’օգնէ իր ուսուցումները կիրարկելու (Ղուկ. 11։13)։ Ան նոյնիսկ հոգեւոր պաշտպանութիւն կը հայթայթէ անոնց, որոնք կը ջանան ուղղամտութեամբ քալել (Առ. 2։7

4 Եհովա մեզի ի՞նչպէս սորվեցուցած է ուղղամիտ ըլլալ։ Գլխաւորաբար, իր Որդին՝ Յիսուսը երկիր ղրկելով։ Յիսուս կատարեալ հնազանդութեան կեանք մը վարեց։ Ան «հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ» (Փլպ. 2։8, ԱՎ)։ Յիսուս ամէն բանի մէջ իր երկնաւոր Հօր հնազանդեցաւ, նոյնիսկ ծայրայեղ դժուարութեան դիմաց։ Ան Եհովայի ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկ. 22։42)։ Իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Համանման հնազանդ հոգի ունի՞մ’։ Շիտակ շարժառիթով հնազանդութեան հետամուտ ըլլալով, ուղղամիտ անհատներ պիտի ըլլանք։ Նկատի առ կեանքի կարգ մը մարզեր, ուր հնազանդութիւնը յատկապէս կարեւոր է։

5, 6. ա) Դաւիթ ի՞նչպէս ընդգծեց ուղղամտութիւն պահելուն կարեւորութիւնը, նոյնիսկ երբ ուրիշներ մեզ չեն տեսներ։ բ) Ներկայիս քրիստոնեաները ուղղամտութեան վերաբերեալ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, երբ առանձին են։

5 Եհովայի պէտք է հնազանդինք, նոյնիսկ երբ առանձին ենք։ Սաղմոսերգու Դաւիթ նկատեց ուղղամտութեան կարեւորութիւնը այն առիթներուն, երբ առանձին էր (Կարդալ՝ Սաղմոս 101։2Թագաւոր մը ըլլալով, Դաւիթ յաճախ մարդոցմով շրջապատուած էր։ Անտարակոյս, բազմաթիւ առիթներով հարիւրաւոր կամ հազարաւոր անհատներ զինք կը դիտէին (Համեմատել՝ Սաղմոս 26։12)։ Այսպիսի ժամանակներու մէջ ուղղամտութիւն պահելը կարեւոր էր, քանի որ թագաւորը ժողովուրդին լաւ օրինակ պէտք էր հանդիսանար (Բ. Օր. 17։18, 19)։ Սակայն Դաւիթ սորվեցաւ թէ երբ առանձին գտնուէր,– ‘իր տան մէջ’,– պէտք էր շարունակէր ուղղամտութեամբ քալել։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։

6 Սաղմոս 101։3–ի մէջ, Դաւիթ կ’ըսէ. «Աչքերուս առջեւ չար բան պիտի չդնեմ»։ Ներկայիս բազմաթիւ պատեհութիւններ կան, որ մեր աչքերուն առջեւ անօրէն բաներ դնենք, մանաւանդ երբ առանձին ենք։ Այս ուղղութեամբ, համացանցը մարտահրաւէրներ ներկայացուցած է։ Անպատշաճ եւ պոռնկագրական նիւթեր դիտելու հրապոյրին տեղի տալը դիւրին է։ Բայց ասիկա ընելը Աստուծոյ հնազանդի՞լ է, որ Դաւիթը ներշնչեց այդ խօսքերը գրելու։ Պոռնկագրութիւնը վնասակար է, քանի որ սխալ եւ անյագ ցանկութիւններ կը գրգռէ, խղճմտանքը կը վիրաւորէ, ամուսնութիւնը կը քայքայէ եւ միջամուխ եղողները կը նուաստացնէ (Առ. 4։23. Բ. Կոր. 7։1. Ա. Թես. 4։3-5

7. Ի՞նչ սկզբունք կրնայ մեզի օգնել որ ուղղամիտ մնանք երբ առանձին ենք։

7 Հարկաւ Եհովայի ո՛չ մէկ ծառան իրապէս առանձին է։ Մեր Հայրը սիրալիրօրէն մեր վրայ կը հսկէ (Կարդալ՝ Սաղմոս 11։4Եհովան ո՜րքան կը հաճի, երբ կը տեսնէ թէ փորձութեան դէմ կը դնես։ Այսպէս Յիսուսի ազդարարութեան ականջ կու տաս, որ Մատթէոս 5։28–ի մէջ արձանագրուած է։ Ամէն գնով, վճռէ չնայիլ պատկերներու, որոնք կրնան քեզ մղել սխալ արարքներու։ Թանկագին ուղղամտութիւնդ մի՛ զոհեր, պոռնկագրութիւն դիտելու կամ կարդալու ամօթալից արարքին համար։

8, 9. ա) Դանիէլ ու իր ընկերակիցները իրենց ուղղամտութեան նկատմամբ ի՞նչ մարտահրաւէր դիմագրաւեցին։ բ) Ներկայիս քրիստոնեայ պատանիներ ի՞նչպէս Եհովան ու իրենց հաւատակիցները կ’ուրախացնեն։

8 Կրնանք նաեւ ուղղամիտ ըլլալ, Եհովայի հնազանդելով երբ անհաւատներու մէջ կը գտնուինք։ Խորհէ Դանիէլի եւ իր երեք ընկերակիցներուն մասին։ Երբ պատանի էին, անոնք գերի առնուեցան դէպի Բաբելոն։ Հոն անհաւատներով շրջապատուած, որոնք Եհովայի մասին շատ քիչ կամ ոչինչ գիտէին, չորս եբրայեցիները ճնշումի ենթարկուեցան որ ուտեն ի՛նչ որ մովսիսական օրէնքը կ’արգիլէր։ Անոնք դիւրաւ կրնային համակերպումը չքմեղացնել։ Ի վերջոյ, անոնց ծնողները, ծերերը եւ քահանաները չէին կրնար տեսնել իրենց ըրածը։ Ո՞վ պիտի գիտնար։ Եհովա՛ն պիտի գիտնար։ Ուստի անոնք հաստատ կեցուածք բռնեցին եւ Աստուծոյ հնազանդեցան, հակառակ ճնշումին ու վտանգին (Դան. 1։3-9

9 Աշխարհի չորս կողմը, Եհովայի դեռատի վկաներ նոյնանման ընթացքի մը կը հետեւին, քրիստոնեաներուն համար ուրուագծուած Աստուծոյ չափանիշներուն կառչելով եւ մերժելով շրջապատի վնասակար ճնշումին տեղի տալ։ Պատանինե՛ր, Եհովայի կը հնազանդիք ու ձեր ուղղամտութիւնը կը պահէք, երբ կը մերժէք թմրեցուցիչները, բռնութիւնը, հայհոյութիւնը, անբարոյութիւնը եւ այլ սխալ արարքներ։ Այսպէս դուք ձեզի օգուտներ կը բերէք եւ Եհովան ու ձեր հաւատակիցները կ’ուրախացնէք (Սաղ. 110։3

10. ա) Պոռնկութեան շուրջ ի՞նչ սխալ տեսակէտներ պատճառ եղած են որ կարգ մը պատանիներ իրենց ուղղամտութիւնը բեկանեն։ բ) Ուղղամտութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ պոռնկութեան վտանգէն խուսափինք։

10 Նաեւ հնազանդ պէտք է ըլլանք, երբ հակառակ սեռի հետ կը վարուինք։ Մենք գիտենք որ Աստուծոյ Խօսքը պոռնկութիւնը կ’արգիլէ։ Սակայն դիւրին է թոյլ տալ հնազանդ հոգիին որ թոյլատու դառնայ։ Օրինակ, կարգ մը պատանիներ բերանային սեռի, սրբանային սեռի կամ փոխադարձ գիջութեան միջամուխ եղած են, պատճառաբանելով թէ այս արարքները շատ վատ չեն՝ քանի որ բառին բուն առումով «սեռային յարաբերութիւն չեն ունենար»։ Այսպիսի պատանիներ կը մոռնան,– կամ կ’ուզեն անտեսել,– թէ Աստուածաշունչի գործածած պոռնկութիւն բառը կը պարփակէ այդ բոլոր սովորութիւնները, սխալ վարքը՝ որուն համար անհատ մը կրնայ վտարուիլ։ * Սակայն աւելի գէշը այն է, որ անոնք ուղղամտութեան կարիքը կ’անտեսեն։ Քանի որ կը ջանանք մեր ուղղամտութիւնը պահել, վատ վարքը չքմեղացնելու միջոցներ չենք փնտռեր։ Չենք փորձեր տեսնել թէ ո՛րքան կրնանք մեղքին մօտենալ առանց պատժուելու։ Չենք կեդրոնանար միայն յանցագործութեան պատճառելիք դատական հետեւանքներուն վրայ։ Փոխարէն, կը կեդրոնանանք Եհովան հաճեցնող բաները ընելուն վրայ, խուսափելով իր զգացումները վիրաւորող բաներէն։ Փոխանակ տեսնելու թէ ո՛րքան կրնանք մեղքին մօտենալ, անկէ հեռու կը կենանք եւ ‘պոռնկութենէն կը փախչինք’ (Ա. Կոր. 6։18)։ Այսպէս ցոյց կու տանք թէ իսկապէս ուղղամիտ անհատներ ենք։

Ի՞նչպէս կրնանք մեր ուղղամտութիւնը պահել

11. Ինչո՞ւ հնազանդութեան իւրաքանչիւր արարք կարեւոր է։

11 Հնազանդութեամբ ուղղամտութիւն կը կերտենք, ուստի ուղղամտութիւնը կը պահենք՝ հնազանդութիւն պահանջող ընթացքին մէջ տոկալով։ Հնազանդութեան արարք մը կրնայ աննշան թուիլ։ Բայց ժամանակի ընթացքին այսպիսի արարքներ ուղղամտութեան արձանագրութիւն մը կը հաստատեն։ Բացատրենք։ Աղիւս մը կրնայ աննշան թուիլ, բայց եթէ բազմաթիւ աղիւսներ բծախնդրաբար շարենք, կրնանք գեղեցիկ տուն մը շինել։ Ուստի հնազանդութեան արարքներ շարունակ ընելով, մեր ուղղամտութիւնը կը պահենք (Ղուկ. 16։10

12. Դաւիթ ի՞նչպէս գէշ վերաբերմունքին եւ անիրաւութեան դիմաց ուղղամտութիւն պահելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։

12 Մեր ուղղամտութիւնը յատկապէս բացայայտ կ’ըլլայ, երբ դժուարութիւններու, գէշ վերաբերմունքի կամ անիրաւութեան տոկանք։ Նկատի առ Դաւիթ։ Երբ երիտասարդ էր, ան հալածանք դիմագրաւեց թագաւորի մը կողմէ, որ ենթադրաբար Եհովայի հեղինակութիւնը կը ներկայացնէր։ Սաւուղ թագաւոր Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուցած էր եւ աստուածընտիր Դաւիթի դառնօրէն կը նախանձէր։ Ան որոշ ժամանակ իշխանութեան գլուխը մնաց եւ Իսրայէլի բանակը գործածեց Դաւիթը հետապնդելու։ Եհովա թոյլ տուաւ որ այս անիրաւութիւնը քանի մը տարի շարունակուի։ Դաւիթ Աստուծոյ դէմ դառնացա՞ւ։ Ան որոշե՞ց թէ տոկալը ապարդիւն է։ Ընդհակառակը, ան մեծապէս յարգեց Սաւուղի դիրքը որպէս Աստուծոյ օծեալը, մերժելով իր ձեռքը անոր վրայ երկարել, երբ պատեհութիւնը ներկայացաւ (Ա. Թագ. 24։3-8

13. Ի՞նչպէս կրնանք մեր ուղղամտութիւնը պահել՝ հակառակ վիրաւորանքին կամ ընդվզումին։

13 Դաւիթի օրինակը ո՜րքան նշանակալից է մեզի համար։ Մենք անկատար մարդոցմէ բաղկացած համաշխարհային ժողովքի մը մէկ մասն ենք, եւ անոնցմէ ոեւէ մէկը կրնայ մեզ վիրաւորել կամ նոյնիսկ անհաւատարիմ դառնալ։ Անշուշտ օրհնուած ենք, քանի որ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ կարելի չէ Եհովայի ամբողջ ժողովուրդը ապականել (Եսա. 54։17)։ Բայց եւ այնպէս, ի՞նչպէս պիտի ընդառաջենք եթէ անհատ մը մեզ յուսախաբ ընէ կամ մեր զգացումները վիրաւորէ։ Եթէ թոյլ տանք որ հաւատակիցի մը հանդէպ դառնութիւնը մեր սիրտը թունաւորէ, մեր ուղղամտութիւնը կրնայ վտանգուիլ։ Ուրիշներուն վարքը երբեք չքմեղանք չի ստեղծեր որ Աստուծոյ դէմ դառնանանք կամ անհաւատարիմ դառնանք (Սաղ. 119։165)։ Փորձութիւններուն տոկալը մեզի պիտի օգնէ ուղղամիտ մնալու։

14. Ուղղամիտները ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն կազմակերպչական ու վարդապետական ճշդումներուն։

14 Կրնանք նաեւ ուղղամտութիւն պահել՝ խծբծասէր չըլլալով։ Հարկաւ ասիկա կը նշանակէ Եհովայի հաւատարիմ ըլլալ։ Ան ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի իր ժողովուրդը կ’օրհնէ։ Երկրի վրայ մաքուր պաշտամունքը աննախընթաց կերպով բարձրացուած է (Եսա. 2։2-4)։ Սիրով կ’ընդունինք այն փոփոխութիւնները, որոնք կ’ըլլան կարգ մը համարներու բացատրութեան մէջ կամ կազմակերպչական կարգադրութիւններու մէջ։ Հոգեւոր լոյսին աւելնալուն ապացոյցը տեսնելով կ’ուրախանանք (Առ. 4։18)։ Եթէ փոփոխութիւն մը հասկնալու մէջ դժուարութիւն գտնենք, Եհովայէ կը խնդրենք որ մեզի օգնէ այդ կէտը ըմբռնելու։ Մինչ այդ, կը շարունակենք հնազանդ մնալ, մեր ուղղամտութիւնը պահելով։

Անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել եթէ իր ուղղամտութիւնը չպահէ

15. Միայն ո՞վ կրնայ ուղղամտութիւնդ խլել։

15 Ասիկա զգաստացուցիչ հարցում մըն է, այդպէս չէ՞։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք, ուղղամտութիւնը բացարձակապէս էական է։ Առանց անոր, Եհովայի հետ յարաբերութիւն չունինք, ո՛չ ալ իսկական յոյս։ Ասիկա ի մտի ունեցիր. տիեզերքին մէջ միայն մէկ անձ կրնայ ուղղամտութիւնդ խլել։ Այդ անձը դուն ես։ Յոբ այս ճշմարտութիւնը շատ լաւ հասկցաւ։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։ Եթէ նոյն վճռականութիւնը ունիս եւ Եհովայի մօտիկ մնաս, բնաւ ուղղամտութիւնդ պիտի չկորսնցնես (Յակ. 4։8

16, 17. ա) Եթէ անհատ մը լրջօրէն մեղանչէ, ի՞նչ պէտք չէ ընէ։ բ) Ի՞նչ է հետեւելիք շիտակ ընթացքը։

16 Այսուհանդերձ ոմանք իրենց ուղղամտութիւնը պահելու մէջ կը թերանան։ Կարգ մը քրիստոնեաներ կրկին անգամ լուրջ մեղքեր կը գործեն, ինչպէս որ պատահեցաւ առաքեալներու օրերուն։ Եթէ դուն քեզ այս վիճակին մէջ գտնես, կացութիւնդ անյո՞յս է։ Պայման չէ։ Ի՞նչ կարելի է ընել։ Նախ նկատի առնենք թէ ի՛նչ պէտք չէ ընել։ Մարդկային հակումն է՝ սխալը ծածկել ծնողքէն, քրիստոնեայ հաւատակիցներէն կամ երէցներէն։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առ. 28։13)։ Անոնք որ կը ջանան իրենց մեղքերը ծածկել, մեծ սխալ մը կը գործեն, քանի որ կարելի չէ Աստուծմէ բան մը ծածկել (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 4։13Ոմանք նոյնիսկ կը փորձեն կրկնակի կեանք վարել, ձեւացնելով Եհովան պաշտել մինչ մեղաւոր ընթացքի մը կը հետեւին։ Այսպիսի կենցաղ մը ուղղամտութենէ զերծ է,– ուղղամտութեան ճիշդ հակառակն է։ Եհովա չ’ախորժիր պաշտամունքի արարքներէ, զորս լուրջ մեղքեր ծածկող անհատներ կը կատարեն։ Ընդհակառակը, այս կեղծաւորութիւնը զինք կը բարկացնէ (Առ. 21։27. Եսա. 1։11-16

17 Երբ քրիստոնեայ մը լուրջ մեղք մը գործէ, հետեւելիք շիտակ ընթացքը բացայայտ է։ Ժամանակն է որ քրիստոնեայ երէցներուն օգնութիւնը փնտռէ։ Եհովա կարգադրութիւն մը ըրած է, լուրջ հոգեւոր հիւանդութեան պարագաներ ձեռք առնելու (Կարդալ՝ Յակոբոս 5։14Թոյլ մի՛ տար որ հաւանական կրթութեան կամ սրբագրութեան վախը քեզ ետ պահէ հոգեւոր առողջութիւնդ վերագտնելէ։ Արդարեւ, խոհեմ անհատ մը թոյլ կու տա՞յ որ սրսկիչի կամ վիրաբուժութեան անցողակի ցաւը զինք ետ պահէ կեանքի սպառնացող հիւանդութեան հոգ տանելէ (Եբ. 12։11

18, 19. ա) Դաւիթի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ կարելի է ուղղամտութիւնը վերագտնել։ բ) Ուղղամտութեանդ նկատմամբ ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Յոյս կա՞յ որ անհատը լիովին ապաքինի։ Կորսուած ուղղամտութիւնը կարելի՞ է վերագտնել։ Դարձեալ նկատի առ Դաւիթի օրինակը։ Ան լրջօրէն մեղանչեց։ Ան ամուսնացած կնոջ մը անյագօրէն նայեցաւ, շնութիւն գործեց եւ անոր անմեղ կողակիցին սպանութիւնը կարգադրեց։ Դժուար է այդ ժամանակ Դաւիթի մասին խորհիլ որպէս ուղղամիտ մէկը, այդպէս չէ՞։ Այսուհանդերձ, անոր կացութիւնը անյո՞յս էր։ Դաւիթ զօրաւոր կրթութեան կարիք ունէր, եւ զայն ստացաւ։ Ապա անոր անկեղծ զղջումը մղեց Եհովան որ իրեն ողորմի։ Դաւիթ կրթութենէն սորվեցաւ եւ իր ուղղամտութիւնը վերագտաւ, Աստուծոյ հնազանդելով եւ այդ ընթացքին մէջ տոկալով։ Դաւիթի կեանքը կ’ապացուցանէ Առակաց 24։16–ի խօսքը. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի»։ Արդի՞ւնքը։ Նկատի առ թէ Դաւիթի մահէն ետք, Եհովա անոր մասին ի՛նչ ըսաւ Սողոմոնի (Կարդալ՝ Գ. Թագաւորաց 9։4Աստուած Դաւիթը յիշեց որպէս ուղղամիտ մարդ։ Արդարեւ Եհովա կրնայ զղջացող մեղաւորները մաքրել նոյնիսկ լուրջ մեղքերու բիծէն (Եսա. 1։18

19 Արդ, սիրալիր հնազանդութիւն ցուցաբերելով ուղղամիտ անհատ մը պիտի ըլլաս։ Հաւատարմաբար տոկա՛, իսկ եթէ լրջօրէն մեղանչես, սրտանց զղջա՛։ Ուղղամտութիւնը ի՜նչ թանկագին գոհար մըն է։ Իւրաքանչիւրս բաժնենք Դաւիթի վճռականութիւնը. «Ես իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութեամբս», ՆԱ] պիտի քալեմ» (Սաղ. 26։11

[Ստորանիշ]

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս կրնաս ուղղամիտ ըլլալ։

• Ի՞նչ կերպերով կրնաս ուղղամտութիւնդ պահել։

• Ի՞նչպէս կարելի է ուղղամտութիւնը վերագտնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 19]

‘ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԱՐԱՐՔ ՄԸ’

Հինգ ամսուան յղի կին մը վերոնշեալ խօսքը ըսաւ, օտարի մը ցուցաբերած ազնուութեան եւ ուղղամտութեան նկատմամբ։ Ան սրճարանի մը մէջ էր, իսկ անկէ մեկնելէն քանի մը ժամ ետք, ան անդրադարձաւ որ դրամապանակը հետը չէր։ Դրամապանակը 2000 ամերիկեան տոլար կը պարունակէր,– շատ աւելի գումար քան՝ ինչ որ ան սովորաբար կը կրէր։ «Ջախջախուած զգացի», հետագային ըսաւ ան տեղական լրագիրի մը։ Սակայն երիտասարդուհի մը դրամապանակը գտաւ եւ անմիջապէս ջանաց սեփականատէրը գտնել։ Երբ չյաջողեցաւ, ան ոստիկանութեան դիմեց, եւ անոնք ի վերջոյ յղի կինը գտան։ Երախտապարտ կինը նշեց. «Իրապէս սքանչելի արարք մըն է»։ Երիտասարդուհին ինչո՞ւ շատ ջանք թափեց դրամը վերադարձնելու։ Լրագիրը ըսաւ թէ ան Եհովայի վկայ մը ըլլալով, «իր ուղղամտութիւնը կը վերագրէ այն կրօնքին, որուն մէջ մեծցած է»։

[Նկար՝ էջ 20]

Պատանիները կրնա՛ն փորձութեան ներքեւ ուղղամտութիւն պահել

[Նկար՝ էջ 21]

Դաւիթ ատեն մը իր ուղղամտութիւնը չպահեց, բայց հետագային զայն վերագտաւ