Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ահա՛ Եհովայի հաճած Ծառան

Ահա՛ Եհովայի հաճած Ծառան

Ահա՛ Եհովայի հաճած Ծառան

«Ահա իմ ծառաս. . . որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ» (ԵՍԱ. 42։1

1. Եհովայի ծառաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ ի՞նչ ընեն, յատկապէս մինչ Յիշատակատօնը կը մօտենայ, եւ ինչո՞ւ։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ մահը յիշատակելու ժամանակը մօտենալով, տեղին է որ Աստուծոյ ժողովուրդը գործադրէ Պօղոս առաքեալի խրատը. «Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին»։ Պօղոս աւելցուց. «Միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք» (Եբ. 12։2, 3)։ Քրիստոսի հաւատարիմ ընթացքը մտաբերելը, որուն գագաթնակէտն էր իր զոհաբերութիւնը, պիտի օգնէ թէ՛ օծեալ քրիստոնեաներուն եւ թէ անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներուն, որ շարունակեն հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել եւ ‘իրենց անձերը չթուլնան’ (Համեմատել՝ Գաղատացիս 6։9

2. Աստուծոյ Որդիին վերաբերեալ Եսայիի մարգարէութիւններէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2 Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա շարք մը մարգարէութիւններ ներշնչեց, որոնք ուղղակի իր Որդիին առնչուած են։ Այս մարգարէութիւնները մեզի պիտի օգնեն որ «Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին»։ * Անոնք իր անձնաւորութեան, տառապանքներուն եւ որպէս Թագաւոր ու Փրկիչ իր բարձրացման վրայ լոյս կը սփռեն։ Անոնք Յիշատակատօնի մասին մեր հասկացողութիւնը պիտի խորացնեն, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, ապրիլ 9–ին, արեւամուտէն ետք։

Ծառան բնորոշուած

3, 4. ա) Եսայիի գիրքին մէջ, «ծառայ» բառը որո՞նց կ’ակնարկէ։ բ) Աստուածաշունչը Եսայի 42, 49, 50, 52 եւ 53–րդ գլուխներուն մէջ նշուած Ծառան ի՞նչպէս կը բնորոշէ։

3 «Ծառայ» բառը Եսայիի գիրքին մէջ բազմիցս նշուած է։ Անիկա երբեմն Եսայի մարգարէին կ’ակնարկէ (Եսա. 20։3. 44։26)։ Անիկա երբեմն ամբողջ ազգին՝ իսրայէլի (կամ Յակոբ) կը կիրարկուի (Եսա. 41։8, 9. 44։1, 2, 21)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Ծառային վերաբերող ուշագրաւ մարգարէութիւններուն մասին, որոնք Եսայի 42, 49, 50, 52 եւ 53–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած են։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ստոյգ կը բնորոշեն այս գլուխներուն մէջ նկարագրուած Եհովայի Ծառային ինքնութիւնը։ Հետաքրքրականօրէն, Գործք գիրքին մէջ նշուած եթովպիացի բարձրաստիճան պաշտօնեան այդ մարգարէութիւններէն մէկը կը կարդար, երբ հոգիէն առաջնորդուած՝ աւետարանիչ Փիլիպպոս անոր մօտեցաւ։ Եսայի 53։7, 8–ը կարդացած ըլլալով, բարձրաստիճան պաշտօնեան Փիլիպպոսի հարցուց. «Կ’աղաչեմ քեզի, մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար»։ Փիլիպպոս անմիջապէս սկսաւ բացատրել, թէ Եսայի Մեսիայի՝ Յիսուսի մասին կը խօսէր (Գործք 8։26-35

4 Մինչ Յիսուս տակաւին մանկիկ էր, Սիմէոն անունով արդար մարդ մը, սուրբ հոգիին զօրութեան ներքեւ յայտարարեց թէ «Յիսուս մանուկը» պիտի ըլլար «լոյս մը՝ հեթանոսները լուսաւորելու», ինչպէս նախագուշակուած էր Եսայի 42։6 եւ 49։6–ի մէջ (Ղուկ. 2։25-32)։ Ասկէ զատ, դատավարութեան գիշերը Յիսուսի հանդէպ ցուցաբերուած նուաստացուցիչ վերաբերմունքը նախագուշակուած էր Եսայի 50։6-9–ի մէջ (Մատ. 26։67. Ղուկ. 22։63)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, Պետրոս առաքեալ յստակօրէն Յիսուսը բնորոշեց որպէս Եհովայի «ծառան» (Եսա. 52։13. 53։11. կարդալ՝ Գործք 3։13, ԱՎ, 26Այս մեսիական մարգարէութիւններէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Եհովա իր Ծառան կը մարզէ

5. Ծառան ի՞նչ մարզում ստացաւ։

5 Աստուծոյ Ծառային մասին Եսայիի մարգարէութիւններէն մէկը լոյս կը սփռէ Եհովայի եւ իր անդրանիկ Որդիին մտերիմ յարաբերութեան վրայ, Որդիին նախամարդկային գոյութեան ընթացքին (Կարդալ՝ Եսայի 50։4-9Ծառան ինք կը յայտնէ թէ Եհովա շարունակաբար զինք մարզեց, ըսելով. «Անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ» (Եսա. 50։4)։ Այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին, Ծառան իր Հօր մտիկ ըրաւ եւ սորվեցաւ, ենթարկուող աշակերտ մը ըլլալով։ Տիեզերքի Արարիչին կողմէ ուսուցանուիլը ի՜նչ եզական առանձնաշնորհում մըն է։

6. Ծառան ի՞նչպէս իր Հօր հանդէպ կատարեալ հպատակութիւն ցոյց տուաւ։

6 Այս մարգարէութեան մէջ, Ծառան իր Հօր մասին կը խօսի որպէս «Տէր Եհովան»։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Ծառան Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան մասին հիմնական ճշմարտութիւնը սորված էր։ Իր Հօր հանդէպ կատարեալ հպատակութիւն ցոյց տալով, ան ըսաւ. «Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ» (Եսա. 50։5)։ Ան նիւթական տիեզերքին ու մարդուն ստեղծագործութեան ատեն, ‘Եհովայի քով ճարտարապետ էր’։ Այս «ճարտարապետը» ‘միշտ Եհովայի առջեւ կ’ուրախանար։ Ան աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանար ու իր զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր’ (Առ. 8։22-31

7. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Ծառան վստահ էր որ փորձութիւններուն ընթացքին իր Հայրը իրեն նեցուկ պիտի կանգնէր։

7 Ծառային ստացած այս մարզումը եւ մարդոց հանդէպ իր գուրգուրանքը զինք պատրաստեցին՝ երկրի վրայ խիստ հակառակութիւն դիմագրաւելու։ Ան շարունակեց իր Հօր կամքը կատարել, ի հեճուկս դառն հալածանքի (Սաղ. 40։8. Մատ. 26։42. Յովհ. 6։38)։ Երկրի վրայ իր բոլոր փորձութիւններուն ընթացքին, Յիսուս վստահ էր թէ Հօր հաճութիւնը եւ աջակցութիւնը ունէր։ Ինչպէս Եսայի նախագուշակուած էր, Յիսուս կրցաւ ըսել. «Զիս արդարացնողը մօտ է։ Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ . . .Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ» (Եսա. 50։8, 9)։ Եհովա վստահաբար իր հաւատարիմ Ծառային օգնեց՝ անոր ամբողջ երկրային ծառայութեան ընթացքին, ինչպէս Եսայիի ուրիշ մէկ մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ։

Ծառային երկրային ծառայութիւնը

8. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ Յիսուս Եսայի 42։1–ի մէջ նախագուշակուած Եհովայի «ընտրած»ն էր։

8 Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ մ.թ. 29–ին Յիսուս մկրտուեցաւ. «Սուրբ Հոգին. . . անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. ‘Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ’» (Ղուկ. 3։21, 22)։ Այսպէս Եհովա բացայայտօրէն բնորոշեց Եսայիի մարգարէութեան մէջ նշուած Իր «ընտրած»ը կամ ընտրեալը (Կարդալ՝ Եսայի 42։1-7Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս այս մարգարէութիւնը արտակարգօրէն կատարեց։ Մատթէոս իր աւետարանին մէջ, Եսայի 42։1-4–ի խօսքերը մէջբերեց եւ Յիսուսի կիրարկեց (Մատ. 12։15-21

9, 10. ա) Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին ի՞նչպէս Եսայի 42։3–ը կատարեց։ բ) Երբ երկրի վրայ էր, Քրիստոս ի՞նչպէս ‘իրաւունքը յայտնեց’, եւ ե՞րբ ‘երկրի վրայ իրաւունք պիտի հաստատէ’։

9 Հրեայ կրօնական առաջնորդները կ’արհամարհէին հրեայ ռամիկ ժողովուրդը (Յովհ. 7։47-49)։ Անոնք կոշտ ու կոպիտ կերպով կը վարուէին ժողովուրդին հետ, որ ‘ջախջախուած եղէգի’ կամ ‘պլպլած պատրոյգի’ պէս էր։ Սակայն Յիսուս աղքատին ու տառապեալին կարեկցեցաւ (Մատ. 9։35, 36)։ Ան այսպիսիներուն ջերմ հրաւէր տուաւ, ըսելով. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատ. 11։28)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ‘իրաւունքը յայտնեց’, շիտակի ու սխալի նկատմամբ Եհովայի չափանիշները սորվեցնելով (Եսա. 42։3)։ Ան նաեւ ցոյց տուաւ թէ մովսիսական օրէնքը բանաւորութեամբ եւ ողորմութեամբ ի գործ պէտք էր դրուէր (Մատ. 23։23)։ Յիսուս նաեւ արդարութիւն ցուցաբերեց, առանց կանխադատութեան քարոզելով թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն (Մատ. 11։5. Ղուկ. 18։18-23

10 Եսայիի մարգարէութիւնը նաեւ կը նախագուշակէ թէ Եհովայի «ընտրած»ը ‘երկրի վրայ իրաւունքը պիտի հաստատէ’ (Եսա. 42։4)։ Ան ասիկա շուտով պիտի ընէ, երբ որպէս մեսիական Թագաւորութեան Թագաւոր, բոլոր քաղաքական թագաւորութիւնները կործանէ եւ զանոնք փոխարինէ իր արդար իշխանութեամբ։ Ան նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետ. 3։13. Դան. 2։44

«Լոյս» եւ «ուխտ»

11. Յիսուս առաջին դարուն ի՞նչ առումով «ազգերուն իբր լոյս» էր, իսկ մինչեւ օրս ի՞նչպէս այս հանգամանքը ունի։

11 Եսայի 42։6–ի կատարման մէջ, արդարեւ Յիսուս փաստեց թէ «ազգերուն իբր լոյս» էր։ Երկրային ծառայութեան ընթացքին, ան գլխաւորաբար հրեաներուն հոգեւոր լոյս բերաւ (Մատ. 15։24. Գործք 3։26)։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յովհ. 8։12)։ Ան թէ՛ հրեաներուն եւ թէ ազգերուն լոյս եղաւ, ո՛չ միայն հոգեւոր լուսաւորում բերելով, այլեւ իր կատարեալ մարդկային կեանքը փրկանք տալով ամբողջ մարդկութեան համար (Մատ. 20։28)։ Յարութենէն ետք, ան իր աշակերտներուն յանձնարարութիւն տուաւ, որ իրեն համար վկաներ ըլլան «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Իրենց ծառայութեան ընթացքին, Պօղոս ու Բառնաբաս ‘ազգերուն լոյս’ արտայայտութիւնը մէջբերեցին եւ կիրարկեցին իրենց քարոզչութեան ոչ–հրեաներուն մէջ (Գործք 13։46-48. համեմատել՝ Եսայի 49։6)։ Այդ գործը տակաւին կը շարունակուի, մինչ երկրի վրայ Յիսուսի օծեալ եղբայրները եւ անոնց ընկերակիցները հոգեւոր լոյս կը սփռեն եւ մարդոց կ’օգնեն որ Յիսուսի՝ ‘ազգերուն լոյսին’ հաւատք ընծայեն։

12. Եհովա ի՞նչպէս իր Ծառան «ժողովուրդին իբր ուխտ» տուաւ։

12 Նոյն այդ մարգարէութեան մէջ, Եհովա իր ընտրեալ Ծառային ըսաւ. «Քեզ պիտի պաշտպանեմ։ Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ. . . պիտի տամ» (Եսա. 42։6)։ Սատանան յարատեւ ջանաց Յիսուսը կործանել եւ թոյլ չտալ որ երկրային ծառայութիւնը ամբողջացնէ, բայց Եհովա Յիսուսը պաշտպանեց մինչեւ որոշուած ժամանակը որ մեռնի (Մատ. 2։13. Յովհ. 7։30)։ Յետոյ Եհովա Յիսուսը յարուցանեց եւ զինք երկրի մարդոց իբր «ուխտ» կամ խոստում տուաւ։ Այդ լուրջ խոստումը երաշխիք հայթայթեց, թէ Աստուծոյ հաւատարիմ Ծառան պիտի շարունակէ «ազգերուն իբր լոյս» ըլլալ, հոգեւոր խաւարի մէջ եղողները ազատագրելով (Կարդալ՝ Եսայի 49։8, 9 *

13. Յիսուս երկրային ծառայութեան ընթացքին ի՞նչ կերպով «խաւարի մէջ նստողները» ազատագրեց, իսկ ներկայիս ի՞նչպէս կը շարունակէ ասիկա ընել։

13 Այս խոստումին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովայի ընտրեալ Ծառան ‘կոյրերուն աչքերը պիտի բանար, բանտարկեալները բանտէն պիտի հանէր ու խաւարի մէջ նստողները’ պիտի ազատագրէր (Եսա. 42։7)։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ասիկա ըրաւ՝ կրօնական սուտ աւանդութիւնները քօղազերծելով եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով (Մատ. 15։3. Ղուկ. 8։1)։ Այսպէս ան հոգեւոր ստրկութենէն ազատագրեց հրեաներ, որոնք իր աշակերտները դարձան (Յովհ. 8։31, 32)։ Նոյն կերպով, Յիսուս միլիոնաւոր ոչ–հրեաներու հոգեւոր ազատում բերած է։ Ան իր հետեւորդներուն յանձնարարած է. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք», խոստանալով թէ իր հետեւորդներուն հետ պիտի ըլլայ «մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Իր երկնային դիրքէն, Քրիստոս Յիսուս աշխարհածաւալ քարոզչութեան վրայ կը վերահսկէ։

Եհովա իր Ծառան բարձրացուց

14, 15. Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս Եհովա իր Ծառան բարձրացուց։

14 Իր մեսիական Ծառային առնչութեամբ, այլ մարգարէութեան մը մէջ Եհովա կ’ըսէ. «Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի» (Եսա. 52։13)։ Քանի որ իր Որդին Իր գերիշխանութեան ենթարկուեցաւ եւ ամէնէն ծայրայեղ փորձին ներքեւ հաւատարիմ մնաց, Եհովա զինք բարձրացուց։

15 Պետրոս առաքեալ Յիսուսի մասին գրեց. «[Ան] երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ են» (Ա. Պետ. 3։22)։ Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։ Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար» (Փլպ. 2։8-11

16. 1914–ին՝ Յիսուս ի՞նչպէս ‘խիստ փառաւորուեցաւ’, եւ անկէ ի վեր ի՞նչ իրագործած է։

16 1914–ին, Եհովա Յիսուսը ա՛լ աւելի բարձրացուց։ Ան ‘խիստ փառաւորուեցաւ’, երբ Եհովա զինք թագադրեց որպէս մեսիական Թագաւորութեան Թագաւոր (Սաղ. 2։6. Դան. 7։13, 14)։ Անկէ ի վեր, Քրիստոս ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը կը տիրէ’ (Սաղ. 110։2)։ Նախ ան Սատանան ու անոր դեւերը նուաճեց եւ երկրի շրջակայքը նետեց (Յայտ. 12։7-12)։ Յետոյ, իբրեւ Մեծագոյն Կիւրոս, Քրիստոս երկրի վրայ եղող իր օծեալ եղբայրներուն մնացորդը ազատագրեց «մեծ Բաբելոն»ի ճիրաններէն (Յայտ. 18։2. Եսա. 44։28)։ Ան համաշխարհային քարոզչութիւն մը առաջնորդած է, որուն շնորհիւ հաւաքուած են իր հոգեւոր եղբայրներուն ‘մնացողները’, ապա՝ միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ», որոնք «պզտիկ հօտ»ին հաւատարիմ ընկերակիցներն են (Յայտ. 12։17, ԱՎ. Յովհ. 10։16. Ղուկ. 12։32

17. Այս յօդուածին մէջ, «ծառայ»ին առնչութեամբ Եսայիի մարգարէութիւնները ուսումնասիրելով, ի՞նչ սորվեցանք։

17 Եսայիի գիրքին այս արտակարգ մարգարէութիւններուն ուսումնասիրութիւնը, վստահաբար մեր Թագաւորին ու Փրկիչին՝ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցուց։ Երկրային ծառայութեան ընթացքին իր ցուցաբերած որդիական հնազանդութիւնը արտացոլացուց այն մարզումը, որ իր Հօր կողքին ստացաւ՝ երկիր գալէ առաջ։ Ան փաստած է թէ ‘ազգերուն լոյսն’ է, իր ծառայութեամբ եւ այն քարոզչութեամբ, որուն վրայ վերահսկած է մինչեւ օրս։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ մեսիական Ծառային վերաբերեալ այլ մարգարէութիւն մը, որ կը յայտնէ թէ ան պիտի տառապէր եւ մեր օգտին համար իր կեանքը պիտի զոհէր,– հարցեր, որոնց մասին մտածելու ենք, մինչ իր մահուան Յիշատակատօնը կը մօտենայ (Եբ. 12։2, 3

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Կրնաս այս մարգարէութիւնները գտնել՝ Եսայի 42։1-7. 49։1-12. 50։4-9. եւ 52:13–53:12–ի մէջ։

^ պարբ. 12 Եսայի 49։1-12–ի մարգարէութեան քննարկման համար, տես՝ Եսայիի մարգարէութիւնը. լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար (Հատոր 2), էջ 136-145։

Վերաքաղի համար

• Եսայիի մարգարէութիւններուն մէջ նշուած «ծառան» ո՞վ է եւ ի՞նչպէս գիտենք։

• Ծառան Եհովայէ ի՞նչ մարզում ստացաւ։

• Յիսուս ի՞նչպէս «ազգերուն իբր լոյս» է։

• Ծառան ի՞նչպէս բարձրացուեցաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Որպէս Եհովայի ընտրեալ Ծառան, Յիսուս աղքատներուն ու տառապեալներուն կարեկցեցաւ