Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշակերտելու ուրախութիւնը վայելէ

Աշակերտելու ուրախութիւնը վայելէ

Աշակերտելու ուրախութիւնը վայելէ

«Ուրեմն գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք» (ՄԱՏ. 28։19

1-3. ա) Շատեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու պատեհութեան մասին ի՞նչ կը զգան։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

«ՓԱՔԻՍՏԱՆԷ եկող ընտանիքի մը հետ կ’ուսումնասիրեմ՝ 11 շաբաթներէ ի վեր», գրեց քոյր մը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ծառայէ հինտի խօսող խմբակի մը հետ։ Ան կը շարունակէ. «Հարկ չկայ ըսելու թէ բարեկամներ դարձած ենք։ Աչքերս արցունքով կ’ողողուին, երբ մտածեմ թէ այս ընտանիքը մօտ ատենէն Փաքիստան պիտի վերադառնայ։ Արցունքներուս պատճառը միայն այն չէ, թէ անոնց ընկերակցութիւնը պիտի կորսնցնեմ, այլ նաեւ այն ուրախութիւնը որ վայելեցի, Եհովայի մասին անոնց սորվեցնելով»։

2 Դուն ալ այս քրոջ պէս ունեցա՞ծ ես այն ուրախութիւնը, որ մէկու մը հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելէն յառաջ կու գայ։ Յիսուս եւ առաջին դարու իր աշակերտները, աշակերտելու գործին մէջ մեծ ուրախութիւն գտան։ Երբ Յիսուսի մարզած 70 աշակերտները ուրախ տեղեկագրութեամբ վերադարձան, Յիսուս «Հոգիով ուրախացաւ» (Ղուկ. 10։17-21)։ Նոյնպէս, ներկայիս շատեր աշակերտելով կ’ուրախանան։ Իրականութեան մէջ, 2007–ին՝ տքնաջան ու երջանիկ հրատարակիչներ ամէն ամիս միջին հաշուով վեցուկէս միլիոն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին։

3 Սակայն կարգ մը հրատարակիչներ տակաւին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու ուրախութիւնը չեն վայելած։ Ուրիշներ, վերջին տարիներուն ուսումնասիրութիւն մը չեն վարած։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կրնանք դիմագրաւել, մինչ կը ջանանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Այդ մարտահրաւէրները ի՞նչպէս կրնանք յաղթահարել։ Իսկ ի՞նչ վարձատրութիւններ կը ստանանք, երբ մեր ամբողջ կարելին կ’ընենք՝ Յիսուսի սա պատուէրին հնազանդելու. «Ուրեմն գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք» (Մատ. 28։19

Մարտահրաւէրներ՝ որոնք կրնան մեր ուրախութիւնը խլել

4, 5. ա) Աշխարհի կարգ մը շրջաններուն մէջ, շատեր ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։ բ) Այլ շրջաններու մէջ, հրատարակիչներ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։

4 Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, մարդիկ ուրախութեամբ մեր հրատարակութիւնները կ’ընդունին եւ շատ կը փափաքին մեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Աւստրալիայէն ամոլ մը, որ ժամանակաւորապէս Զամպիոյ մէջ կը ծառայէր, գրեց. «Պատմութիւնները շիտակ են։ Զամպիան քարոզչութեան դրախտ մըն է։ Փողոցի վկայութիւնը անհաւատալի է։ Մարդիկ իրե՛նք մեզի կը մօտենան, եւ ոմանք նոյնիսկ պարբերաթերթերէն որոշ թիւեր կը խնդրեն»։ Մէկ տարուան մէջ, Զամպիոյ մէջ եղբայրներն ու քոյրերը աւելի քան 200,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին,– միջին հաշուով՝ իւրաքանչիւր հրատարակիչ աւելի քան մէկ ուսումնասիրութիւն։

5 Սակայն այլ շրջաններու մէջ, հրատարակիչները հրատարակութիւն մը ներկայացնելու եւ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու դժուարութիւն ունին։ Ինչո՞ւ։ Յաճախ մարդիկ տունը չեն, երբ հրատարակիչը դուռը կը զարնէ, իսկ տունը եղողները կրնան կրօնքի նկատմամբ անտարբեր ըլլալ։ Թերեւս անոնք ոչ–կրօնասէր ընտանիքներու մէջ մեծցած են կամ սուտ կրօնքի բացայայտ կեղծաւորութենէն զզուած են։ Շատեր հոգեւորապէս վիրաւորուած են,– կեղծ հովիւներու կողմէ յոգնած ու ցիրուցան եղած (Մատ. 9։36)։ Հասկնալիօրէն, այսպիսիներ զգոյշ կ’ըլլան աստուածաշնչական զրոյցներու միջամուխ ըլլալէ։

6. Ոմանք ի՞նչպիսի սահմանափակումներու հետ կը մաքառին։

6 Կարգ մը հաւատարիմ հրատարակիչներ տարբեր մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն, որ կրնայ իրենց ուրախութիւնը խլել։ Թէեւ անոնք ժամանակ մը աշակերտելու գործին մէջ շատ աշխոյժ էին, բայց այժմ վատառողջութեան կամ յառաջացած տարիքի սահմանափակումներուն պատճառաւ կաշկանդուած են։ Նաեւ նկատի առ կարգ մը սահմանափակումներ, զորս մենք մեզի կրնանք պարտադրել։ Օրինակ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու անորակեալ կը զգա՞ս։ Թերեւս Մովսէսի պէս կը զգաս, երբ Եհովա փարաւոնին հետ խօսելու յանձնարարութիւն տուաւ իրեն։ Մովսէս ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր» (Ել. 4։10)։ Անատակութեան զգացումներուն սերտօրէն առնչակից է ձախողութեան վախը։ Թերեւս մտահոգուինք որ անհատը աշակերտ պիտի չըլլայ, քանի որ կատարեալ ուսուցիչ չենք։ Այդ արդիւնքին չհասնելու համար, կրնանք ուսումնասիրութիւն մը վարելու պատեհութենէն հրաժարիլ։ Այս մարտահրաւէրներուն հետ ի՞նչպէս կրնանք գլուխ ելլել։

Սիրտդ պատրաստէ

7. Ի՞նչ բան Յիսուսը խթանեց ծառայութեան մէջ։

7 Առաջին քայլն է՝ մեր սիրտը պատրաստել։ Յիսուս ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Ղուկ. 6։45)։ Ուրիշներու բարօրութեամբ սրտանց հետաքրքրուիլը խթանեց Յիսուսը ծառայութեան մէջ։ Օրինակ, երբ ան իր ազգակիցներուն հոգեւորապէս աղքատ վիճակը նկատեց, «անոնց վրայ խղճաց» ու իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է. . . հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։36-38

8. ա) Ի՞նչ բանի մասին պէտք է մտածենք։ բ) Աստուածաշունչի աշակերտի մը խօսքերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

8 Աշակերտելու գործին մասնակցելու ատեն, լաւ կ’ըլլայ որ խորապէս մտածենք թէ ո՜րքան օգտուեցանք, երբ անհատ մը մեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար ժամանակ յատկացուց։ Նաեւ մտածէ մեր հանդիպելիք մարդոց մասին եւ թէ ո՜րքան պիտի օգտուին մեր պատգամը լսելով։ Կին մը իր ապրած երկրին մէջ գտնուող մասնաճիւղին գրեց. «Կ’ուզեմ ձեզի իմացնել թէ ո՜րքան կը գնահատեմ այն վկաները, որոնք տունս գալով ինծի կը սորվեցնեն։ Գիտեմ թէ անոնք երբեմն կ’ընդվզին, քանի որ շատ հարցումներ կ’ուղղեմ եւ միշտ զիրենք կ’ուշացնեմ։ Բայց անոնք կը համբերեն եւ կը տենչան իրենց սորվածը ինծի հաղորդելու։ Եհովայի ու Յիսուսի երախտագէտ եմ, որ այս անհատները կեանքէս ներս թափանցեցին»։

9. Յիսուս ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացաւ, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։

9 Անշուշտ, օգտակար դառնալու Յիսուսի ջանքերուն ամէն ոք չընդառաջեց (Մատ. 23։37)։ Ոմանք ժամանակ մը իրեն հետեւեցան, բայց ետքը իր ուսուցումներուն առարկութիւն ըրին եւ «ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր» (Յովհ. 6։67)։ Սակայն Յիսուս թոյլ չտուաւ որ ոմանց աննպաստ ընդառաջումը պատճառ ըլլայ որ զգայ թէ իր պատգամը անարժէք է։ Թէեւ իր ցանած սերմերուն մեծ մասը պտուղ չտուաւ, բայց Յիսուս կեդրոնացաւ իր ըրած բարիքին վրայ։ Ան տեսաւ թէ արտերը ճերմկած եւ հնձուելու պատրաստ էին, եւ այդ հունձքին մէջ բաժին բերելուն համար մեծապէս ուրախացաւ (Կարդալ՝ Յովհաննէս 4։35, 36Փոխանակ միայն ցորենի ցօղուններուն միջեւ եղած անբերրի արտը տեսնելու, կրնա՞նք նոյնպէս կեդրոնանալ մեր նշանակուած թաղամասին մէջի հաւանական հունձքին վրայ։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք այսպիսի դրական կեցուածք մը պահպանել։

Հնձելու հեռանկարով ցանէ

10, 11. Ուրախութիւնդ պահպանելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։

10 Հողագործը սերմ կը ցանէ՝ հնձելու հեռանկարով։ Նոյնպէս, մենք պէտք է քարոզենք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու հեռանկարով։ Սակայն ի՞նչ կրնաս ընել եթէ դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար կը մասնակցիս, բայց տունը մարդիկ չես գտներ կամ հետաքրքրուող անհատներուն հետ դարձեալ շփման մէջ չես կրնար գալ։ Ասիկա կրնայ քեզ յուսախաբ ընել։ Պէ՞տք է դռնէ դուռ ծառայութենէն հրաժարիս։ Վստահաբար ո՛չ։ Տակաւին շատեր քարոզչութեան այս փորձուած մեթոտով է որ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը կը լսեն։

11 Սակայն ուրախութիւնդ պահպանելու համար, կրնա՞ս քարոզելու մեթոտներդ աւելցնել, թերեւս մարդոց հասնելու այլ կերպեր պարփակելով։ Օրինակ, փորձա՞ծ ես մարդոց վկայել փողոցը կամ իրենց գործատեղին։ Կրնա՞ս մարդոց հետ շփման մէջ գալ հեռաձայնով կամ ձեռք ձգել անոնց հեռաձայնի թիւերը, որոնց արդէն Թագաւորութեան պատգամը տուած ես, որպէսզի կարենաս անոնց հետ կապ պահել։ Ծառայութեանդ մէջ յարատեւութիւն ու յարմարելիութիւն ցուցաբերելով, Թագաւորութեան պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջող անհատներ գտնելու ուրախութիւնը պիտի վայելես։

Անտարբերութեան հետ գլուխ ելլել

12. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր թաղամասին մէջ շատեր կը թուին անտարբեր ըլլալ։

12 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ թաղամասիդ մէջ շատեր կրօնքի նկատմամբ անտարբեր են։ Կրնա՞ս մօտեցումդ յարմարցնել անոնց հետաքրքրութիւններուն։ Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն գրեց. «Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ. . . օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի»։ Ի՞նչ էր Պօղոսի շարժառիթը։ Ան ըսաւ. «Ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ» (Ա. Կոր. 9։20-22)։ Նոյնպէս կրնա՞նք մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց հետ հասարակաց գետին գտնել։ Շատ մը ոչ–կրօնասէր անհատներ կ’ուզեն իրենց ընտանեկան յարաբերութիւններուն որակը բարելաւել։ Անոնք թերեւս կեանքի մէջ նպատակ մը կը փնտռեն։ Կրնա՞նք Թագաւորութեան պատգամը այսպիսիներուն ներկայացնել այնպիսի կերպով մը, որ անոնց սրտին խօսի։

13, 14. Ի՞նչպէս կրնանք աշակերտելու ուրախութիւնը աւելցնել։

13 Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հրատարակիչներ աշակերտելու գործէն իրենց ձեռք ձգած ուրախութիւնը կ’աւելցնեն, նոյնիսկ այն շրջաններուն մէջ՝ ուր մարդոց մեծամասնութիւնը կը թուի անտարբեր ըլլալ։ Ի՞նչպէս։ Օտար լեզու մը սորվելով։ Վաթսունական տարիքի մէջ եղող ամոլ մը նկատեց թէ իրենց ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ, հազարաւոր չինացի ուսանողներ ու անոնց ընտանիքները կը բնակին։ «Այս պատճառով, քաջալերուեցանք չինարէն սորվիլ», կ’ըսէ ամուսինը, ապա կ’աւելցնէ. «Թէեւ ասիկա նշանակեց որ լեզուն սորվելու համար ամէն օր ժամանակ յատկացնենք, բայց առ ի արդիւնք՝ մեր շրջանին մէջ բնակող բազմաթիւ չինացիներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսանք»։

14 Նոյնիսկ եթէ օտար լեզու մը սորվելու անկարող ես, կրնաս Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը օգտագործել, երբ օտարախօս անհատներու կը հանդիպիս, եւ կրնաս անոնց լեզուով հրատարակութիւններ ձեռք ձգել։ Ճիշդ է որ տարբեր լեզու եւ մշակոյթ ունեցողներուն հետ հաղորդակցիլը յաւելեալ ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ, բայց Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքը մի՛ անտեսեր. «Ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ» (Բ. Կոր. 9։6

Ամբողջ ժողովքը պարփակուած է

15, 16. ա) Աշակերտելը ինչո՞ւ ժողովքին ջանքերուն արդիւնքն է։ բ) Տարեցները ի՞նչ դեր կը խաղան։

15 Սակայն աշակերտելը միայն մէկ անհատի ջանքերէն կախեալ չէ։ Փոխարէն, անիկա ժողովքին ջանքերուն արդիւնքն է։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Արդարեւ, երբ Աստուածաշունչի աշակերտներ ժողովներու ներկայ կը գտնուին, յաճախ սիրալիր մթնոլորտը անոնց վրայ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ։ Աստուածաշունչի աշակերտ մը գրեց. «Ժողովներէն շա՜տ հաճոյք կ’առնեմ։ Հոն եղողները շատ սիրալիր ընդունելութիւն կը ցուցաբերեն»։ Յիսուս ըսաւ թէ իր հետեւորդներուն բառացի ընտանիքի անդամները կրնան իրենց հակառակիլ (Կարդալ՝ Մատթէոս 10։35-37Սակայն ան խոստացաւ որ ժողովքին մէջ անոնք բազմաթիւ հոգեւոր «եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ» պիտի շահին (Մար. 10։30

16 Յատկապէս մեր տարեց եղբայրներն ու քոյրերը Աստուածաշունչի աշակերտներուն յառաջդիմութեան նպաստելու մէջ կենսական դեր մը կը խաղան։ Ի՞նչ կերպով։ Նոյնիսկ եթէ կարգ մը տարեցներ անձամբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու անկարող ըլլան, ժողովներուն մէջ անոնց ներկայացուցած շինիչ մեկնաբանութիւնները կրնան ներկաներուն հաւատքը ամրացնել։ «Արդարութեան ճամբուն մէջ» հաւատարմաբար քալելու իրենց արձանագրութիւնը ժողովքին գեղեցկութեան կը նպաստէ եւ պարկեշտամիտ անհատները Աստուծոյ կազմակերպութեան կը հրապուրէ (Առ. 16։31

Մեր վախերը յաղթահարել

17. Անատակութեան զգացումները յաղթահարելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։

17 Ի՞նչ կարելի է ընել եթէ անատակութեան զգացումներու դէմ կը պայքարիս։ Մտաբերէ թէ Եհովա Մովսէսի օգնեց, անոր տալով սուրբ հոգին եւ ընկերակից մը՝ Ահարոնը (Ել. 4։10-17)։ Յիսուս խոստացաւ որ Աստուծոյ հոգին մեր վկայութեան գործին թիկունք պիտի կանգնի (Գործք 1։8)։ Անկէ զատ, Յիսուս զոյգ–զոյգ մշակներ ղրկեց քարոզելու (Ղուկ. 10։1)։ Հետեւաբար, եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը մարտահրաւէր կը նկատես, աղօթէ որ Աստուծոյ հոգին քեզի իմաստութիւն տայ, ապա ընկերակցէ քարոզիչի մը, որ կրնայ քեզի վստահութիւն ներշնչել եւ որուն փորձառութիւնը կրնայ քեզի օգնել։ Հաւատք կը զօրացնէ յիշելը, թէ Եհովա սովորական անհատներ՝ «աշխարհիս տկարները» ընտրեց գործածել, այս արտակարգ գործը իրագործելու (Ա. Կոր. 1։26-29

18. Ի՞նչպէս կրնանք ձախողութեան վախը յաղթահարել։

18 Ի՞նչպէս կրնանք ձախողութեան վախը յաղթահարել։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ աշակերտ մը պատրաստելը, ճաշ պատրաստելուն չի նմանիր, որուն յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը գլխաւորաբար կախեալ է մէկ անհատէ՝ խոհարարէն։ Փոխարէն, աշակերտելը մեր ջանքէն աւելին կը պարփակէ։ Եհովա ամէնէն կարեւոր բաժինը կը կատարէ՝ անհատը իրեն քաշելով (Յովհ. 6։44)։ Մենք ու ժողովքին մէջ ուրիշներ սորվեցնելու արուեստը լաւագոյն կերպով կը գործածենք՝ աշակերտին օգնելու որ յառաջդիմէ (Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 2։15Իսկ աշակերտը իր սորվածին համաձայն պէտք է գործէ (Մատ. 7։24-27)։ Եթէ անհատ մը Աստուածաշունչի իր ուսումնասիրութիւնը դադրեցնէ, կրնանք յուսախաբ ըլլալ։ Կը յուսանք որ Աստուածաշունչի աշակերտները շիտակ ընտրութիւնը ընեն, բայց իւրաքանչիւր անհատ «Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (Հռով. 14։12

Վարձատրութիւնները ի՞նչ են

19-21. ա) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։ բ) Եհովա քարոզչութեան մասնակցող բոլոր անհատները ի՞նչպէս կը նկատէ։

19 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելը մեզի կ’օգնէ որ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելու վրայ կեդրոնացած մնանք։ Անիկա նաեւ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները աւելի խոր կերպով կը դրոշմէ մեր մտքին ու սրտին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Պարաք անունով ռահվիրայ մը կը բացատրէ. «Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելը քեզ կը ստիպէ որ Աստուծոյ Խօսքին աւելի լաւ աշակերտ ըլլաս։ Նկատած եմ թէ նա՛խ անձամբ լաւ համոզուած պէտք է ըլլամ, որպէսզի կարենամ ուրիշի մը ատակօրէն սորվեցնել»։

20 Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չես վարեր, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ծառայութիւնդ Աստուծոյ աչքին արժէք չունի։ Անշուշտ ո՛չ։ Եհովա զինք փառաբանելու մեր ջանքերը խորապէս կը գնահատէ։ Քարոզչութեան մասնակցող բոլոր անհատները «Աստուծոյ գործակից»ներ են։ Սակայն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը յաւելեալ ուրախութիւն կը պատճառէ, մինչ կը տեսնենք թէ Աստուած մեր ցանած սերմը ի՛նչպէս կ’աճեցնէ (Ա. Կոր. 3։6, 9)։ Էմի անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչի աշակերտի մը յառաջդիմութիւնը տեսնելով, Եհովայի հանդէպ խոր երախտագիտութեամբ կը լեցուիս, քանի որ թոյլ կու տայ որ քու միջոցով անոր հոյակապ պարգեւ մը տրուի,– Եհովան ճանչնալու եւ յաւիտենական կեանք ստանալու պատեհութիւնը»։

21 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու մէջ մեր լաւագոյնը ընելը, մեզի պիտի օգնէ որ հիմա Աստուծոյ ծառայելու վրայ կեդրոնացած մնանք, ու վերապրելու եւ նոր աշխարհ մտնելու մեր յոյսը պիտի ամրացնէ։ Եհովայի զօրակցութեամբ, նաեւ կրնանք օգնել որ մեզի մտիկ ընողները փրկուին (Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 4։16Ասիկա ուրախանալու ի՜նչ հոյակապ պատճառ մը պիտի ըլլայ։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ դժուարութիւններ կրնան արգելք հանդիսանալ որ ոմանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեն։

• Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր թաղամասին մէջ շատեր կը թուին անտարբեր ըլլալ։

• Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելով ի՞նչ վարձատրութիւններ կը ստանանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Քարոզչական մեթոտներդ կ’աւելցնե՞ս, որպէսզի պարկեշտամիտ անհատներ գտնես