Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եկուր իմ ետեւէս»

«Եկուր իմ ետեւէս»

«Եկուր իմ ետեւէս»

«Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (ՂՈՒԿ. 9։23

1, 2. ա) Յիսուս ի՞նչ քաղցր հրաւէր ներկայացուց։ բ) Յիսուսի հրաւէրին ի՞նչպէս ընդառաջած ես։

ՅԻՍՈՒՍ իր ծառայութեան վերջաւորութեան կը վկայէր Պերեայի մէջ, որ կը գտնուի Յորդանանի անդիի կողմը, Հրէաստանի հիւսիս–արեւելքը։ Երիտասարդ մը իրեն մօտենալով հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանք ժառանգելու համար։ Յիսուս վստահ ըլլալէ ետք, թէ երիտասարդը հաւատարմօրէն մովսիսական օրէնքը կը պահէր, արտակարգ հրաւէր մը տուաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս» (Մար. 10։21)։ Պահ մը խորհէ. հրաւէր Յիսուսի հետեւելու, որ Ամենաբարձր Աստուծոյ միածին Որդին է։

2 Այդ երիտասարդը հրաւէրը մերժեց, բայց ուրիշներ զայն ընդունեցին։ Նախապէս, Յիսուս Փիլիպպոսի ըսած էր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս» (Յովհ. 1։43)։ Փիլիպպոս հրաւէրը ընդունեց եւ հետագային առաքեալ մը եղաւ։ Յիսուս հրաւէրը կրկնեց Մատթէոսի, եւ ան ալ զայն ընդունեց (Մատ. 9։9. 10։2-4)։ Արդարեւ Յիսուս նոյն հրաւէրը ներկայացուց բոլոր արդարութիւն սիրողներուն, երբ ըսաւ. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (Ղուկ. 9։23)։ Ուրեմն ոեւէ անհատ կրնայ Յիսուսի հետեւորդը ըլլալ, եթէ իրապէս կ’ուզէ։ Դուն այս փափաքը ունի՞ս։ Շատերս Յիսուսի քաղցր հրաւէրին արդէն ընդառաջած ենք եւ դաշտի ծառայութեան մէջ զայն ուրիշներուն կը հաղորդենք։

3. Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ չտալ որ Յիսուսի հետեւելէ դադրինք։

3 Սակայն դժբախտաբար, ոմանք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը չեն պահեր։ Անոնք կը դանդաղին եւ ի վերջոյ Յիսուսի հետեւելէ կը դադրին (Եբ. 2։1)։ Ի՞նչպէս կրնանք այդ թակարդին մէջ չիյնալ։ Կ’օգտուինք եթէ մենք մեզի հարց տանք. ‘Սկիզբը ինչո՞ւ ընտրեցի Յիսուսի հետեւիլ։ Ի՞նչ կը նշանակէ իրեն հետեւիլ’։ Այս երկու հարցումներուն պատասխանները ի մտի ունենալը մեզի պիտի օգնէ որ մեր ընտրած լաւ ճամբուն մէջ մնալու մեր վճռականութիւնը ամրացնենք։ Անիկա նաեւ մեզի պիտի օգնէ ուրիշները քաջալերելու որ Յիսուսի հետեւին։

Ինչո՞ւ Յիսուսի հետեւիլ

4, 5. Յիսուս ինչո՞ւ որակեալ է առաջնորդելու։

4 Երեմիա մարգարէն ըսաւ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Եր. 10։23)։ Պատմութիւնը ապացուցանած է Երեմիայի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը։ Հետզհետէ աւելի բացայայտ դարձած է, թէ անկատար մարդիկ չեն կրնար յաջողաբար իշխել։ Յիսուսի հետեւելու հրաւէրը ընդունեցինք, քանի որ սորվեցանք թէ ան որակեալ է մեր Առաջնորդը ըլլալու այնպիսի կերպով մը, որ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ այդպէս ըլլալ։ Նկատի առ Յիսուսի կարգ մը որակները։

5 Առաջին, Եհովա ինք ընտրեց Յիսուսը որպէս Մեսիա եւ Առաջնորդ։ Ո՞վ մեր Ստեղծիչէն աւելի լաւ գիտէ, թէ ո՛վ նշանակուի մեր Առաջնորդը։ Երկրորդ, Յիսուս յատկութիւններ ունի, որոնց վրայ կրնանք հիանալ եւ ընդօրինակել (Կարդալ՝ Եսայի 11։2, 3Ան կատարեալ տիպար մըն է (Ա. Պետ. 2։21)։ Երրորդ, Յիսուս իր հետեւորդները խորապէս կը հոգայ, ինչպէս ցոյց տուաւ՝ իր կեանքը զոհելով (Կարդալ՝ Յովհաննէս 10։14, 15Ան նաեւ հոգածու հովիւ է, որ մեզ երջանիկ կեանքի ու փառաւոր յաւիտենական ապագայի կ’առաջնորդէ (Յովհ. 10։10, 11. Յայտ. 7։16, 17)։ Այս եւ այլ պատճառներով, իմաստուն որոշում կայացուցինք երբ ընտրեցինք իրեն հետեւիլ։ Սակայն այս ընթացքը ի՞նչ կը պարփակէ։

6. Յիսուսի հետեւիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

6 Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալը, մենք մեզ քրիստոնեայ կոչելէն աւելին կը նշանակէ։ Ներկայիս շուրջ երկու միլիառ անհատներ կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ, բայց իրենց արարքները կը յայտնեն թէ ‘անօրէնութիւն գործողներ’ են (Կարդալ՝ Մատթէոս 7։21-23Երբ անհատներ Յիսուսի հետեւորդ ըլլալու հրաւէրով հետաքրքրուին, անոնց կը բացատրենք թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց ամբողջ ապրելակերպը կը ներդաշնակեն իր ուսուցումներուն եւ օրինակին հետ,– ամէ՛ն օր։ Այս կէտը լուսաբանելու համար, նկատի առ մեր գիտցած կարգ մը բաները Յիսուսի մասին։

Յիսուսի իմաստութիւնը ընդօրինակէ

7, 8. ա) Ի՞նչ է իմաստութիւնը, եւ Յիսուս ինչո՞ւ խոր իմաստութիւն ունէր։ բ) Յիսուս ի՞նչպէս իմաստութիւն ցուցաբերեց, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։

7 Յիսուս բազմաթիւ ուշագրաւ յատկութիւններ ցուցաբերեց, բայց միայն չորսին վրայ պիտի կեդրոնանանք. իր իմաստութիւնը, իր խոնարհութիւնը, իր նախանձախնդրութիւնը եւ իր սէրը։ Նախ նկատի առ իր իմաստութիւնը,– գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը գործնականօրէն կիրարկելու իր կարողութիւնը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Քրիստոսի] մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են» (Կող. 2։3)։ Յիսուս այս իմաստութիւնը ի՞նչպէս ձեռք ձգեց։ Ան նշեց. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ» (Յովհ. 8։28)։ Անոր իմաստութեան Աղբիւրը Եհովան ըլլալով, չենք զարմանար որ առողջ դատողութիւն ունէր։

8 Օրինակ, Յիսուս իր կեանքի ընթացքը ընտրելուն մէջ լաւ դատողութիւն գործածեց։ Ան որոշեց իր կեանքը պարզ պահել, միայն մէկ բանի վրայ կեդրոնանալով. Աստուծոյ կամքը ընել։ Ան իմաստութեամբ իր ժամանակն ու կորովը տրամադրեց Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու։ Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք, ջանալով ‘պարզ աչք’ պահել եւ հետեւաբար խուսափիլ մենք մեզ անհարկի բաներով ծանրաբեռնելէ, որոնք մեր ուշադրութիւնն ու կորովը կը վատնեն (Մատ. 6։22)։ Քրիստոնեաներէն շատեր իրենց ապրելակերպը պարզ դարձուցած են, որպէսզի կարենան ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնել։ Ոմանք ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկած են։ Եթէ ասոնցմէ մէկն ես, քեզ շատ կը գովենք։ ‘Առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրելը’ մեծ երջանկութիւն եւ գոհունակութիւն կը բերէ (Մատ. 6։33

Յիսուսի նման խոնարհ եղիր

9, 10. Յիսուս իր խոնարհութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։

9 Յիսուսի անձնաւորութեան երկրորդ երեսակը որ նկատի պիտի առնենք, իր խոնարհութիւնն է։ Երբ անկատար մարդոց հեղինակութիւն տրուի, անոնք յաճախ կը սկսին իրենք զիրենք չափազանց կարեւոր նկատել։ Սակայն Յիսուս ո՜րքան տարբեր էր։ Հակառակ Եհովայի նպատակին կատարման մէջ իր ունեցած կարեւոր դերին, Յիսուս մեծամտութեան ամենադոյզն հետքէն իսկ զերծ էր, մեզի օրինակ հանդիսանալով։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով. . . [իր] անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով» (Փլպ. 2։5-7)։ Ասիկա ի՞նչ պարփակեց։

10 Յիսուս իր Հօր երկնային ներկայութեան փառաւոր առանձնաշնորհումը վայելեց, բայց կամովին իր «անձը ունայնացուց»։ Իր կեանքը հրեայ կոյսի մը արգանդը փոխադրուեցաւ, ուր ինը ամիս զարգանալէ ետք, որպէս անօգնական մանուկ ծնաւ, աննշան ատաղձագործի մը տան մէջ։ Յովսէփի ընտանիքին մէջ, Յիսուս աստիճանաբար մեծցաւ ու դեռատի մը եղաւ։ Ան անմեղ ըլլալով հանդերձ, իր պատանեկութեան ընթացքին իր անկատար ու մեղաւոր ծնողքին հնազանդ մնաց (Ղուկ. 2։51, 52)։ Ի՜նչ բացառիկ խոնարհութիւն։

11. Ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսի խոնարհութիւնը ընդօրինակել։

11 Յիսուսի խոնարհութիւնը կ’ընդօրինակենք, երբ աննշան թուող նշանակումներ սիրայօժար կ’ընդունինք։ Օրինակ, նկատի առ բարի լուրը քարոզելու նշանակումը։ Այս գործը կրնայ աննշան թուիլ, յատկապէս երբ մարդիկ անտարբերութեամբ, հեգնանքով կամ թշնամութեամբ ընդառաջեն։ Սակայն քարոզչութեան մէջ յարատեւելով, ուրիշներուն կ’օգնենք որ իրեն հետեւելու Յիսուսի հրաւէրը ընդունին։ Այսպէս կ’օգնենք կեանքեր փրկելու (Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 4։1-5Այլ օրինակ մըն է՝ մեր Թագաւորութեան սրահին մաքրութիւնը։ Ասիկա կրնայ աննշան պարտականութիւններ պարփակել, ինչպէս՝ աղբակալները պարպել, գետինը սրբել եւ լուացարանները մաքրել։ Այսուհանդերձ կը գիտակցինք թէ Թագաւորութեան սրահը՝ մաքուր պաշտամունքի կեդրոնը՝ մաքրելը, մեր սրբազան ծառայութեան մէկ մասն է։ Աննշան թուող պարտականութիւններ կամովին կատարելով, խոնարհութիւն կը ցուցաբերենք եւ այսպէս Քրիստոսի քայլերուն կը հետեւինք։

Յիսուսի նման նախանձախնդիր եղիր

12, 13. ա) Յիսուս ի՞նչպէս նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեց, եւ ի՞նչ բան զինք խթանեց։ բ) Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալու։

12 Նկատի առ ծառայութեան մէջ Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը։ Երբ երկրի վրայ էր, ան բազմաթիւ բաներ ըրաւ։ Սկիզբը ան հաւանաբար իր հայրագիրին՝ Յովսէփի հետ աշխատեցաւ իբր ատաղձագործ։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս հրաշքներ կատարեց, ի ներառեալ հիւանդներ բուժել եւ մեռելներ յարուցանել։ Բայց իր գլխաւոր գործն էր՝ բարի լուրը քարոզել եւ ականջ տուողներուն սորվեցնել (Մատ. 4։23)։ Անոր հետեւորդներն ըլլալով, մենք նոյն գործը ունինք։ Ի՞նչպէս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։ Կերպերէն մէկը այն է թէ Յիսուսի շարժառիթները որդեգրենք։

13 Ամէնէն աւելի, Աստուծոյ սէրը մղեց Յիսուսը քարոզելու եւ սորվեցնելու։ Բայց Յիսուս իր սորվեցուցած ճշմարտութիւններն ալ սիրեց, անգին գանձեր սեպեց ու ջանաց ուրիշներու հետ բաժնել։ Մենք որպէս ուսուցիչներ նոյն կերպով կը զգանք։ Պահ մը խորհէ այն կարգ մը թանկարժէք ճշմարտութիւններուն մասին, զորս Աստուծոյ Խօսքէն սորված ենք։ Գիտենք տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մասին եւ թէ ի՛նչպէս պիտի լուծուի։ Լաւ կը հասկնանք ի՛նչ որ Սուրբ Գրութիւնները կը սորվեցնեն մեռելներու վիճակին եւ Աստուծոյ նոր աշխարհի օրհնութիւններուն մասին։ Այսպիսի ճշմարտութիւններ վերջե՛րս սորվեցանք թէ շատոնց, անոնց արժէքը երբեք չի նուազիր։ Արդարեւ, հին թէ նոր, այսպիսի ճշմարտութիւններ անգին գանձեր են (Կարդալ՝ Մատթէոս 13։52Անկեղծ խանդավառութեամբ քարոզելով, ուրիշներուն կը հաղորդենք Եհովայի ուսուցումներուն հանդէպ մեր սէրը։

14. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի ուսուցանելու կերպը ընդօրինակել։

14 Նաեւ նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչպէս սորվեցուց։ Ան միշտ իր ունկնդիրները Սուրբ Գրութիւններուն ուղղեց։ Ան շատ յաճախ կարեւոր կէտ մը կը ներկայացնէր՝ ըսելով. «Գրուած է» (Մատ. 4։4. 21։13)։ Իր արձանագրուած խօսքերուն մէջ, ան ուղղակի մէջբերեց կամ անուղղակի ակնարկութիւն ըրաւ Եբրայերէն Գրութիւններուն աւելի քան կէս գիրքերուն։ Յիսուսի նման, մեր ծառայութեան մէջ գլխաւորաբար Աստուածաշունչը կը գործածենք եւ կը ջանանք համարներ ցոյց տալ, երբ կարելի է։ Այս կերպով, պարկեշտամիտ անհատներուն կ’օգնենք որ անձամբ տեսնեն, թէ Աստուծո՛յ գաղափարները կը սորվեցնենք։ Ո՜րքան կ’ուրախանանք, երբ անհատ մը համաձայնի Աստուածաշունչէն կարդալ եւ Աստուծոյ Խօսքին արժէքին ու իմաստին մասին խօսակցիլ։ Իսկ երբ այսպիսիներ Յիսուսի հետեւելու հրաւէրը ընդունին, մեր ուրախութիւնը անսահման կ’ըլլայ։

Յիսուսին հետեւիլ կը նշանակէ ուրիշները սիրել

15. Յիսուսի ուշագրաւ մէկ յատկութիւնը ի՞նչ էր, եւ անոր մասին խոկալը ի՞նչպէս կրնայ մեզի ազդել։

15 Յիսուսի անձնաւորութեան վերջին երեսակը որ նկատի պիտի առնենք, շա՜տ սրտաշէն է,– մարդոց հանդէպ իր սէրը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ» (Բ. Կոր. 5։14)։ Երբ ընդհանուր մարդկութեան եւ անհատապէս մեզի հանդէպ Յիսուսի ունեցած սիրոյն վրայ խոկանք, մեր սիրտը խորապէս կ’ազդուի ու կը մղուինք իր օրինակին հետեւելու։

16, 17. Յիսուս ի՞նչ կերպերով ուրիշներուն հանդէպ իր սէրը ցուցաբերեց։

16 Յիսուս ի՞նչպէս ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցաբերեց։ Մարդկութեան համար իր կեանքը զոհելու կամեցողութիւնը, իր սիրոյն ծայրագոյն դրսեւորումն էր (Յովհ. 15։13)։ Սակայն իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս նաեւ այլ կերպերով սէր ցուցաբերեց։ Օրինակ, ան տառապողներուն հանդէպ սրտակցութիւն ցոյց տուաւ։ Երբ ան տեսաւ որ Մարիամ ու անոր հետ եղողները Ղազարոսի մահուան համար կու լային, անոնց վիշտը խորապէս ազդեց իրեն։ Թէեւ Ղազարոսը յարուցանելու վրայ էր, Յիսուս ա՛յնքան ազդուեցաւ որ «լացաւ» (Յովհ. 11։32-35

17 Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը, բորոտ մը իրեն մօտենալով՝ ըսաւ. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս ի՞նչպէս ընդառաջեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ ‘Յիսուս խղճաց’։ Ապա ան արտակարգ բան մը ըրաւ։ Ան «ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. ‘Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ’։ Երբ այս ըսաւ անոր, շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց ու մաքրուեցաւ»։ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, բորոտները անմաքուր էին, եւ Յիսուս վստահաբար կրնար մարդը բուժել առանց անոր դպչելու։ Այսուհանդերձ, երբ Յիսուս բորոտը բուժեց, թոյլ տուաւ անոր որ ուրիշ մարդու մը հպումը զգայ, թերեւս տարիներէ ի վեր՝ առաջին անգամը ըլլալով։ Կարեկցութեան ի՜նչ քնքուշ արարք մը (Մար. 1։40-42

18. Ի՞նչպէս կրնանք «կարեկից» ըլլալ։

18 Որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ, մեզի պատուէր տրուած է որ մեր սէրը ցոյց տանք՝ «կարեկից» ըլլալով (Ա. Պետ. 3։8)։ Երկարատեւ հիւանդութենէ կամ լուրջ ընկճուածութենէ տառապող հաւատակիցի մը զգացումները հասկնալը կրնայ դժուար ըլլալ, մանաւանդ եթէ անձամբ այսպիսի բաներէ չենք անցած։ Յիսուս հիւանդներուն կարեկցեցաւ, թէեւ երբեք չէր հիւանդացած։ Ի՞նչպէս կրնանք համանման կարեկցում մշակել։ Համբերութեամբ մտիկ ընելով, երբ տառապեալներ իրենց սիրտը բանան մեզի։ Նաեւ կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Եթէ իրենց պարագան ունենայի, ի՞նչպէս պիտի զգայի’։ Եթէ ուրիշներու զգացումներուն նկատմամբ զգայուն ըլլանք, աւելի լաւ կերպով պիտի կարենանք ‘վատասիրտները մխիթարել’ (Ա. Թես. 5։14)։ Այսպէս Յիսուսի պիտի հետեւինք։

19. Յիսուսի օրինակը ի՞նչ կերպերով մեզի կ’ազդէ։

19 Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն եւ արարքներուն մէջ ուսումնասիրութեան ի՜նչ հետաքրքրական մարզ մը կը պարզուի մեր առջեւ։ Իր մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յնքան աւելի կ’ուզենք իրեն նմանիլ,– եւ ա՛յնքան աւելի կը փափաքինք ուրիշներուն օգնել նոյնը ընելու։ Արդ, ամէն գնով՝ ուրախութեամբ մեսիական Թագաւորին հետեւինք, հիմա ու յաւիտեան։

Կրնա՞ս բացատրել

• Յիսուսի նման, ի՞նչպէս կրնանք իմաստութիւն ցուցաբերել։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք խոնարհութիւն ցոյց տալ։

• Ի՞նչպէս կրնանք ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն մշակել։

• Ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու մէջ, ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 13]

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՈՐ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼՈՒ

2007–ի նահանգային համաժողովի ընթացքին, 192 էջնոց գիրք մը լոյս տեսաւ, «Եկուր իմ ետեւէս» խորագրով (անգլերէն)։ Այս հրատարակութիւնը պատրաստուած է քրիստոնեաներուն օգնելու որ Յիսուսի վրայ կեդրոնանան, յատկապէս անոր յատկութիւններուն եւ արարքներուն վրայ։ Բացման երկու գլուխներէն ետք, առաջին հատուածը Յիսուսի ուշագրաւ յատկութիւնները կ’ամփոփէ,– իր խոնարհութիւնը, իր քաջութիւնը, իր իմաստութիւնը, իր հնազանդութիւնը եւ իր համբերատարութիւնը։

Յաջորդ հատուածները նկատի կ’առնեն Յիսուսի գործունէութիւնները որպէս ուսուցիչ ու բարի լուրի քարոզիչ եւ կարգ մը կերպեր, որոնցմով իր մեծ սէրը ցուցաբերուեցաւ։ Գիրքը տեղեկութիւններ կը բովանդակէ, որոնք քրիստոնեային պիտի օգնեն Յիսուսը ընդօրինակելու։

Վստահ ենք թէ այս հրատարակութիւնը մեզ պիտի մղէ մենք մեզ քննելու եւ հարց տալու. ‘Իրապէս Յիսուսի կը հետեւի՞մ։ Ի՞նչպէս կրնամ աւելի սերտօրէն իրեն հետեւիլ’։ Անիկա նաեւ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» բոլոր անհատներուն պիտի օգնէ Քրիստոսի հետեւորդներ ըլլալու (Գործք 13։48

[Նկար՝ էջ 12]

Յիսուս յօժարեցաւ երկիր գալ եւ որպէս մարդկային մանկիկ ծնիլ։ Ասիկա ի՞նչ յատկութիւն պահանջեց

[Նկար՝ էջ 14]

Ի՞նչ բան մեզ պիտի խթանէ՝ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալու