Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի Ծառան «մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ»

Եհովայի Ծառան «մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ»

Եհովայի Ծառան «մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ»

«Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ . . .Անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (ԵՍԱ. 53։5

1. Յիշատակատօնը տօնակատարելու ատեն ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, եւ ո՞ր մարգարէութիւնը մեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԸ կը տօնակատարենք՝ Քրիստոսի մահը յիշատակելու եւ իր մահուան ու յարութեան իրագործած բոլոր բաները մտաբերելու համար։ Յիշատակատօնը մեզի կը յիշեցնէ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը, իր անուան սրբացումը եւ իր նպատակին իրագործումը, ի ներառեալ մարդկութեան փրկութիւնը։ Թերեւս Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ մարգարէութիւն Քրիստոսի զոհն ու անոր իրագործածը աւելի լաւ կերպով կը նկարագրէ քան՝ Եսայի 53։3-12–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը։ Եսայի նախագուշակեց Ծառային չարչարանքները եւ տուաւ մասնայատուկ մանրամասնութիւններ Քրիստոսի մահուան ու այն օրհնութիւններուն մասին, զորս իր մահուան շնորհիւ իր օծեալ եղբայրներն ու «ուրիշ ոչխարներ»ը պիտի վայելէին (Յովհ. 10։16

2. Եսայիի մարգարէութիւնը ի՞նչ բանի ապացոյց է, եւ մեր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։

2 Երկրի վրայ Յիսուսի ծնունդէն եօթը դար առաջ, Եհովա Եսային ներշնչեց մարգարէանալու, թէ Իր ընտրեալ Ծառան հաւատարիմ պիտի մնար, նոյնիսկ խիստ փորձին ներքեւ։ Այս իրողութիւնը ինքնին կ’ապացուցանէ թէ Եհովա իր Որդիին նուիրուածութեան հանդէպ բացարձակ վստահութիւն ունի։ Այս մարգարէութիւնը քննարկելով, մեր սիրտը երախտագիտութեամբ պիտի լեցուի եւ մեր հաւատքը պիտի զօրանայ։

‘Անարգուած’ եւ ‘չյարգուած’

3. Հրեաները ինչո՞ւ Յիսուսը պէտք էր ընդունէին, բայց զինք ի՞նչպէս դիմաւորեցին։

3 Կարդալ՝ Եսայի 53։3–ը։ Պահ մը երեւակայէ թէ Աստուծոյ միածին Որդիին համար ի՛նչ կը նշանակէր իր Հօր կողքին ուրախութեամբ ծառայելը թողուլ եւ երկիր գալ իր կեանքը զոհելու, որպէսզի մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկուէր (Փլպ. 2։5-8)։ Իր զոհը մեղքերու իսկական թողութիւնը կարելի պիտի դարձնէր, եւ ասիկա նախապատկերացուած էր մովսիսական օրէնքին ներքեւ մատուցուած անասնական զոհերով (Եբ. 10։1-4)։ Ան հաճոյքով պէտք չէ՞ր ընդունուէր ու յարգուէր, առնուազն հրեաներուն կողմէ, որոնք խոստացեալ Մեսիային կը սպասէին (Յովհ. 6։14)։ Փոխարէն, հրեաները Քրիստոսը ‘անարգեցին’ եւ «չյարգեցին», ինչպէս Եսայի մարգարէացած էր։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին» (Յովհ. 1։11)։ Պետրոս առաքեալ հրեաներուն ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին [«ծառան», ԱՎ] Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսին առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ։ Բայց դուք այն Սուրբը եւ Արդարը ուրացաք» (Գործք 3։13, 14

4. Յիսուս ի՞նչպէս ցաւերու տեղեակ եղաւ։

4 Եսայի նաեւ մարգարէացաւ թէ Յիսուս ‘ցաւերու տեղեակ պիտի ըլլար’։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս վստահաբար որոշ առիթներով յոգնեցաւ, բայց երբեք չի յիշուիր թէ հիւանդացաւ (Յովհ. 4։6)։ Սակայն արդարեւ ան իր քարոզած անհատներուն ցաւերուն տեղեակ եղաւ։ Ան անոնց խղճաց եւ շատերը բժշկեց (Մար. 1։32-34)։ Այսպէս Յիսուս կատարեց այն մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Իրաւցնէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ» (Եսա. 53։4ա. Մատ. 8։16, 17

«Աստուծմէ զարնուած»ի պէս

5. Հրեաներէն շատեր Յիսուսի մահը ի՞նչպէս նկատեցին, եւ ասիկա ինչո՞ւ իր տառապանքը աւելցուց։

5 Կարդալ՝ Եսայի 53։4բ–ը։ Յիսուսի ժամանակակիցներէն շատեր իր տառապանքին ու մահուան պատճառը չհասկցան։ Անոնք խորհեցան թէ Աստուած զինք կը պատժէր, որպէս թէ զզուելի հիւանդութեամբ մը զարնելով (Մատ. 27։38-44)։ Հրեաները Յիսուսը ամբաստանեցին հայհոյելու յանցանքով (Մար. 14։61-64. Յովհ. 10։33)։ Հարկաւ Յիսուս մեղաւոր ու հայհոյիչ մը չէր։ Բայց Հօր հանդէպ իր մեծ սիրոյն ի տես, այն գաղափարն իսկ թէ հայհոյութեան յանցանքով պիտի մեռցուէր, որպէս Եհովայի Ծառան իր տառապանքը աւելցուց։ Այսուհանդերձ ան Եհովայի կամքին ենթարկուելու յօժար էր (Մատ. 26։39

6, 7. Ի՞նչ առումով Եհովա իր հաւատարիմ Ծառան ‘ճզմեց’, եւ ասիկա ինչո՞ւ իրեն ուրախութիւն պատճառեց։

6 Եսայիի մարգարէութեան համաձայն՝ ուրիշներու կողմէ Քրիստոսը «Աստուծմէ զարնուած» նկատուիլը բան մըն է, իսկ բոլորովին ուրիշ բան մըն է, որ մարգարէութիւնը նշէ. «Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի» (Եսա. 53։10)։ Ի՞նչպէս կարելի էր որ Եհովա ‘անոր ճզմուելուն հաճէր’, երբ նաեւ ըսած էր. «Ահա իմ ծառաս. . . իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ» (Եսա. 42։1)։ Ի՞նչ առումով կրնայ ըսուիլ թէ ասիկա Եհովայի ուրախութիւն պատճառեց։

7 Մարգարէութեան այս մասը հասկնալու համար, պէտք է յիշենք թէ Եհովայի գերիշխանութեան ասպարէզ կարդալով, Սատանան երկնքի մէջ ու երկրի վրայ՝ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն նուիրուածութիւնը հարցականի տակ դրաւ (Յոբ 1։9-11. 2։3-5)։ Յիսուս ցմահ հաւատարիմ մնալով, Սատանայի մարտահրաւէրին կատարեալ պատասխան հայթայթեց։ Ուստի, թէեւ Եհովա թոյլ տուաւ որ Քրիստոսի թշնամիները զինք սպաննեն, բայց կասկած չկայ թէ Եհովա տառապեցաւ, երբ տեսաւ որ իր ընտրած Ծառան մահուան կ’ենթարկուէր։ Սակայն իր Որդիին բացարձակ հաւատարմութեան ականատես ըլլալը, Եհովան շա՜տ ուրախացուց (Առ. 27։11)։ Ասկէ զատ, իր Որդիին մահուան միջոցաւ զղջացող մարդոց քաղելիք օգուտներուն մասին գիտնալը, մեծապէս ուրախացուց Եհովան (Ղուկ. 15։7

‘Մեր մեղքերուն համար վիրաւորուած’

8, 9. ա) Յիսուս ի՞նչպէս ‘մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ’։ բ) Պետրոս ի՞նչպէս ասիկա հաստատեց։

8 Կարդալ՝ Եսայի 53։6–ը։ Մոլորած ոչխարներու նման, մեղաւոր մարդիկ թափառեցան, Ադամէն ժառանգուած հիւանդութիւններէն ու մահէն ազատում փնտռելով (Ա. Պետ. 2։25)։ Անկատար ըլլալով, Ադամի սերունդէն ո՛չ ոք կրնար Ադամի կորսնցուցածը վերագնել (Սաղ. 49։7)։ Սակայն իր մեծ սէրէն մղուած, «Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը [իր սիրելի Որդիին ու ընտրեալ Ծառային] վրայ դրաւ»։ Ընդունելով ‘մեր մեղքերուն համար վիրաւորուիլ’ եւ ‘մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուիլ’, Քրիստոս ցիցին վրայ մեր մեղքերը կրեց ու մեր տեղը մեռաւ։

9 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։ Որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք»։ Ապա Եսայիի մարգարէութենէն մէջբերելով, Պետրոս նշեց. «Որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք» (Ա. Պետ. 2։21, 24. Եսա. 53։5)։ Ասիկա մեղաւորներուն պատեհութիւն ընծայեց որ Աստուծոյ հետ հաշտուին, ինչպէս Պետրոս աւելցուց. «Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ» (Ա. Պետ. 3։18

«Սպանդանոց տարուող գառի պէս»

10. ա) Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը ի՞նչպէս նկարագրեց։ բ) Յովհաննէսի խօսքը ինչո՞ւ տեղին էր։

10 Կարդալ՝ Եսայի 53։7, 8–ը։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը տեսնելով՝ բացագանչեց. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Երբ Յիսուսի ակնարկեց որպէս Գառ, Յովհաննէս հաւանաբար իր մտքին մէջ ունէր Եսայիի խօսքերը. ‘Անիկա սպանդանոց տարուող գառի պէս էր’ (Եսա. 53։7, ԱՎ)։ Ան «իր անձը մահուան մատնեց», մարգարէացաւ Եսայի (Եսա. 53։12)։ Հետաքրքրական է որ այն գիշերը, երբ Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց, 11 հաւատարիմ առաքեալներուն գաւաթ մը գինի տուաւ ու ըսաւ. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար» (Մատ. 26։28

11, 12. ա) Որպէս զոհ մատուցուելու Իսահակի կամեցողութիւնը ի՞նչ կը լուսաբանէ Քրիստոսի զոհին մասին։ բ) Երբ Յիշատակատօնը կը տօնակատարենք, Մեծագոյն Աբրահամի՝ Եհովայի նկատմամբ ի՞նչ ի մտի պէտք է ունենանք։

11 Իսահակի նման, Յիսուս յօժար էր որպէս զոհ մատուցանուիլ Եհովայի կամքը ներկայացնող զոհասեղանին վրայ (Ծն. 22։1, 2, 9-13. Եբ. 10։5-10)։ Թէեւ Իսահակ յօժարակամ ընդունեց զոհաբերուիլ, բայց Աբրահամն էր որ փորձեց զոհը մատուցանել (Եբ. 11։17)։ Նոյնպէս, Յիսուս սիրայօժար ընդունեց որ մահ կրէր, բայց Եհովան էր փրկանքի կարգադրութեան Հեղինակը։ Իր Որդիին զոհը, մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ խոր սիրոյն մէկ դրսեւորումն էր։

12 Յիսուս նշեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած մեզի հանդէպ ունեցած իր սէրը ապացուցանեց այն իրողութեամբ, որ երբ տակաւին մեղաւոր էինք՝ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար» (Հռով. 5։8, 9, ԱՎ)։ Հետեւաբար, մինչ Քրիստոսը կը պատուենք՝ իր մահը յիշատակելով, երբեք պէտք չէ մոռնանք թէ զոհաբերութեան կարգադրութիւնը կարելի դարձնողը Եհովան էր,– Մեծագոյն Աբրահամը։ Յիշատակատօնը կը տօնակատարենք Իր փառաբանութեան համար։

Ծառան ‘շատերը կ’արդարացնէ’

13, 14. Եհովայի Ծառան ի՞նչպէս ‘շատերը արդարացուց’։

13 Կարդալ՝ Եսայի 53։11, 12–ը։ Եհովա իր ընտրեալ Ծառային մասին ըսաւ. «Իմ արդար ծառաս. . . շատերը պիտի արդարացնէ»։ Ի՞նչ կերպով։ 12–րդ համարին վերջաւորութիւնը գաղափար մը կու տայ. «[Ծառան] յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ»։ Ադամէ սերած բոլոր մարդիկը մեղաւորներ՝ «յանցաւորներ»՝ ծնած ըլլալով, «մեղքին վարձքը» կը ստանան, այսինքն՝ մահ (Հռով. 5։12. 6։23)։ Եհովայի ու մեղաւոր մարդոց միջեւ հաշտութիւնը էական է։ Եսայիի մարգարէութեան 53–րդ գլուխը գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ թէ Յիսուս ի՛նչպէս մեղաւոր մարդկութեան համար «միջնորդութիւն» կամ բարեխօսութիւն ըրաւ, ըսելով. «Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (Եսա. 53։5

14 Քրիստոս մեր մեղքերը իր վրայ առնելով եւ մեզի համար մեռնելով, ‘շատերը արդարացուց’։ Պօղոս գրեց. «Հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը [Քրիստոսի] մէջ բնակի եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները» (Կող. 1։19, 20

15. ա) Որո՞նք են Պօղոսի նշած «երկնքի մէջ եղողները»։ բ) Միայն որո՞նք Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցելու իրաւասութիւն ունին, եւ ինչո՞ւ։

15 «Երկնքի մէջ եղողները», որոնք Եհովայի հետ կը հաշտուին Քրիստոսի թափած արեան միջոցաւ, օծեալ քրիստոնեաներն են, որոնք երկնքի մէջ Քրիստոսի իշխանակիցներ պիտի ըլլան։ «Երկնային կոչումին մասնակից» եղող քրիստոնեաներուն «կեանք տուող արդարութիւն» կը շնորհուի (Եբ. 3։1. Հռով. 5։1, 18, ԱՎ)։ Ապա Եհովա անոնց ծնունդ կու տայ իբրեւ հոգեւոր որդիներ։ Սուրբ հոգին անոնց կը վկայէ թէ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» են, կանչուած թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու իր երկնային Թագաւորութեան մէջ (Հռով. 8։15-17. Յայտ. 5։9, 10)։ Անոնք հոգեւոր իսրայէլի՝ «Աստուծոյ Իսրայէլին» մաս կը կազմեն եւ «նոր ուխտ»ին մէջ կ’առնուին (Եր. 31։31-34. Գաղ. 6։16)։ Որպէս նոր ուխտին անդամներ, անոնք Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցելու իրաւասութիւն ունին, ի ներառեալ՝ կարմիր գինի պարունակող բաժակը, որուն մասին Յիսուս ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկ. 22։20

16. Որո՞նք են ‘երկրի վրայ եղողները’, եւ ի՞նչ կերպով անոնց Եհովայի առջեւ արդար կեցուածք կը տրուի։

16 ‘Երկրի վրայ եղողները’ Քրիստոսի ուրիշ ոչխարներն են, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Եհովայի ընտրեալ Ծառան անոնց ալ Եհովայի առջեւ արդար կեցուածք կը շնորհէ։ Որովհետեւ անոնք Քրիստոսի փրկանքի զոհին կը հաւատան եւ այսպէս ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած’ են, Եհովա զիրենք կ’արդարացնէ, ո՛չ թէ որպէս հոգեւոր որդիներ, այլ՝ որպէս իր բարեկամները, անոնց շնորհելով «մեծ նեղութենէն» վերապրելու սքանչելի հեռանկարը (Յայտ. 7։9, 10, 14. Յակ. 2։23)։ Նոր ուխտին մէջ չըլլալով եւ հետեւաբար երկինքի մէջ ապրելու յոյսը չունենալով, ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն չեն մասնակցիր, հապա ներկայ կը գտնուին որպէս յարգալից հանդիսատեսներ։

Եհովայի եւ իր ընդունելի Ծառային հանդէպ խոր երախտագիտութիւն

17. Եսայիի գիրքին մէջ Ծառային վրայ կեդրոնացած մարգարէութիւնները քննարկելը ի՞նչպէս մեզի օգնեց որ Յիշատակատօնին համար մեր միտքը պատրաստենք։

17 Եսայիի գիրքին մէջ Ծառային վրայ կեդրոնացած մարգարէութիւնները քննարկելով, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին համար մեր միտքը պատրաստեցինք եւ կրցանք ‘Յիսուսին նայիլ՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին’ (Եբ. 12։2)։ Սորվեցանք թէ Աստուծոյ Որդին ըմբոստ չէ։ Սատանային հակառակը, ան Եհովայէ սորվելէն հաճոյք կ’առնէ, զինք ճանչնալով որպէս Գերիշխան Տէր։ Տեսանք թէ Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, իր քարոզած մարդոց կարեկցեցաւ, շատերը ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս բուժելով։ Այսպէս ան ցոյց տուաւ թէ որպէս մեսիական Թագաւոր ի՛նչ պիտի ընէ իրերու նոր դրութեան մէջ, երբ «իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ» (Եսա. 42։4)։ «Ազգերուն իբր լոյս», ան նախանձախնդրաբար Թագաւորութիւնը քարոզելով, իր հետեւորդները խթանեց որ բարի լուրը անխոնջօրէն քարոզեն աշխարհի չորս կողմը (Եսա. 42։6

18. Եսայիի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ մեր սիրտը Եհովայի եւ իր հաւատարիմ Ծառային հանդէպ երախտագիտութեամբ կը լեցնէ։

18 Եսայիի մարգարէութիւնը նաեւ մեր հասկացողութիւնը կը խորացնէ Եհովայի ըրած մեծ զոհողութեան մասին, իր սիրելի Որդին երկիր ղրկելով որ մեզի համար չարչարուէր ու մեռնէր։ Եհովա ուրախացաւ ո՛չ թէ իր Որդիին տառապանքը տեսնելով, այլ՝ մինչեւ մահ Յիսուսի բացարձակ հաւատարմութիւնը դիտելով։ Եհովայի ուրախութիւնը պէտք է բաժնենք, զատորոշելով Յիսուսի բոլոր ըրածները, որպէսզի Սատանայի ստախօս ըլլալը փաստէ, Եհովայի անունը սրբացնէ եւ Իր գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը ջատագովէ։ Ասկէ զատ, Քրիստոս մեր մեղքերը իր վրայ կրեց ու մեզի համար մեռաւ։ Այս կերպով, ան կարելի դարձուց որ իր օծեալ եղբայրներէն բաղկացած պզտիկ հօտը եւ ուրիշ ոչխարները Եհովայի առջեւ արդար կեցուածք ունենան։ Երբ Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար հաւաքուինք, մեր սիրտը Եհովայի եւ իր հաւատարիմ Ծառային հանդէպ երախտագիտութեամբ թող լեցուի։

Վերաքաղի համար

• Եհովա ի՞նչ առումով «հաճեցաւ» որ իր Որդին «ճզմուի»։

• Յիսուս ի՞նչպէս «մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ»։

• Ծառան ի՞նչպէս ‘շատերը արդարացուց’։

• Ծառային վերաբերեալ մարգարէութիւնները քննարկելը ի՞նչպէս քեզի օգնեց որ Յիշատակատօնին համար միտքդ ու սիրտդ պատրաստես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Անիկա «անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»

[Նկար՝ էջ 30]

«Իր անձը մահուան մատնեց»

[Նկար՝ էջ 31]

«Ուրիշ ոչխարներ»ը Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին որպէս յարգալից հանդիսատեսներ