Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

ՄԻՆՉ Պատմոս կղզիին մէջ բանտարկուած է, տարեց Յովհաննէս առաքեալ 16 տեսիլք կը ստանայ, որոնց մէջ կը տեսնէ ի՛նչ որ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս կ’իրագործեն Տէրոջ օրը,– 1914–ին՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն մինչեւ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութիւնը։ Շուրջ մ.թ. 96–ին, Յովհաննէս այդ տեսիլքները գրի կ’առնէ Յայտնութիւն գիրքին մէջ։

Այժմ նկատի առնենք Յայտնութիւն 1։1–12։17–էն աչքառու կէտեր, ծածկելով Յովհաննէսի ստացած առաջին եօթը տեսիլքները։ Այս տեսիլքները մեզ կը հետաքրքրեն, քանի որ աշխարհի ներկայ իրադարձութիւններուն առնչուած են եւ ցոյց կու տան թէ Եհովա մօտ ապագային ի՛նչ քայլ պիտի առնէ։ Անոնք որ այս տեսիլքներուն արձանագրութիւնը հաւատքով կը կարդան, արդարեւ կը մխիթարուին ու կը քաջալերուին (Եբ. 4։12

«ԳԱՌՆՈՒԿԸ» ԵՕԹԸ ԿՆԻՔՆԵՐԷՆ ՎԵՑԸ ԿԸ ՔԱԿԷ

(Յայտ. 1։1–7։17)

Նախ Յովհաննէս Յիսուս Քրիստոսը կը տեսնէ եւ պատգամներ կը ստանայ, զորս «գրքի մը մէջ [պէտք է] գրէ ու ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն» (Յայտ. 1։10, 11)։ Անոր կը յաջորդէ երկնային գահի մը տեսիլքը։ Գահին վրայ բազմողին աջ ձեռքին մէջ գիրք մը կայ, կնքուած եօթը կնիքով։ Միայն «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը» կամ ‘Գառնուկը որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունի’, «արժանի է այդ գիրքը բանալու» (Յայտ. 4։2. 5։1, 2, 5, 6

Երրորդ տեսիլքը կը յայտնէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ, երբ «Գառնուկը» առաջին վեց կնիքները յաջորդաբար կը քակէ։ Վեցերորդ կնիքը քակուելով, մեծ երկրաշարժ մը կը պատահի եւ բարկութեան մեծ օրը կը հասնի (Յայտ. 6։1, 12, 17)։ Բայց յաջորդ տեսիլքը ցոյց կու տայ թէ ‘չորս հրեշտակներ երկրին չորս հովերը բռներ են’, մինչեւ որ 144,000–ի կնքումը աւարտի։ Չկնքուած անհատներէն «մեծ բազմութիւն մը» կը տեսնուի, ‘աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կայնած’ (Յայտ. 7։1, 9

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։4. 3։1. 4։5. 5։6—«Եօթը Հոգիներ» արտայայտութիւնը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ Թիւ եօթը կը յայտնէ ամբողջութիւն՝ Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած։ Այսպէս «եօթը եկեղեցիներուն» ուղարկուած պատգամը ի վերջոյ կը կիրարկուի Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին, որ աշխարհի չորս կողմը աւելի քան 100,000 ժողովքներու մէջ հաւաքուած է (Յայտ. 1։11, 20)։ Որովհետեւ սուրբ հոգին կը տրուի իրագործուելիք բանին համաձայն, «եօթը Հոգիներ» արտայայտութիւնը կը նշէ անոր գործունէութեան ամբողջութիւնը, մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայողներուն հասկացողութիւն տալով եւ օրհնութիւններ բերելով։ Յայտնութիւն գիրքը կը թուի թէ նկատի կ’առնէ շարք մը եօթնական բաներ։ Հոս թիւ եօթը ամբողջութիւն կամ լրութիւն կը ներկայացնէ, եւ արդարեւ գիրքը ‘Աստուծոյ խորհուրդին կատարումը’ կամ ամբողջացումը նկատի կ’առնէ (Յայտ. 10։7

1։8, 17—«Ալֆան եւ Օմէղան» եւ «Առաջինը ու Վերջինը» տիտղոսները որո՞նց կ’ակնարկեն։ «Ալֆան եւ Օմէղան» տիտղոսը Եհովայի կը կիրարկուի, շեշտելով թէ իրմէ առաջ ամենակալ Աստուած չկար եւ իրմէ վերջ ալ՝ պիտի չըլլայ։ Ան է «Սկիզբն ու Վախճանը» (Յայտ. 21։6. 22։13)։ Թէեւ Յայտնութիւն 22։13–ի մէջ Եհովայի ակնարկուած է որպէս «Առաջինը ու Վերջինը», այն առումով թէ ո՛չ ոք կայ իրմէ առաջ կամ վերջ, սակայն Յայտնութեան առաջին գլուխին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ թէ «Առաջինը ու Վերջինը» տիտղոսը հոն կը կիրարկուի Յիսուս Քրիստոսի։ Ան առաջին մարդկային էակն էր որ անմահ հոգեղէն կեանքի յարուցանուեցաւ եւ վերջին անհատը՝ որ Եհովայի կողմէ ուղղակի յարուցանուեցաւ (Կող. 1։18

2։7—Ի՞նչ է «Աստուծոյ դրախտ»ը։ Որովհետեւ այս խօսքը օծեալ քրիստոնեաներուն ուղղուած է, այս դրախտը պէտք է ակնարկէ դրախտային երկնային ոլորտին,– Աստուծոյ բուն ներկայութիւնը։ Հաւատարիմ օծեալները պիտի վարձատրուին՝ «կենաց ծառ»էն ուտելով։ Անոնք անմահութիւն պիտի ստանան (Ա. Կոր. 15։53

3։7—Յիսուս ե՞րբ ստացաւ «Դաւիթին բանալին», եւ զայն ի՞նչպէս կը գործածէ։ Մ.թ. 29–ին մկրտուելով, Յիսուս Դաւիթի զարմէն ապագայ Թագաւոր եղաւ։ Սակայն ան Դաւիթին բանալին չստացաւ մինչեւ մ.թ. 33, երբ Աստուած երկինքի մէջ Իր աջ կողմը բարձրացուց զինք։ Հոն ան դաւիթենական թագաւորութեան ամէն իրաւունք ժառանգեց։ Անկէ ի վեր Յիսուս բանալին կը գործածէ, Թագաւորութեան կապակցաբար պատեհութիւններուն եւ առանձնաշնորհումներուն դուռ բանալու։ 1919–ին, Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ուսին վրայ դրաւ «Դաւիթին տանը բանալին», «իր բոլոր ունեցածին վրայ» նշանակելով զայն (Եսա. 22։22. Մատ. 24։45, 47

3։12—Ի՞նչ է Յիսուսի «նոր անուն»ը։ Այս անունը կապ ունի Յիսուսի նոր պաշտօնին եւ առանձնաշնորհումներուն հետ (Փլպ. 2։9-11)։ Ոեւէ մէկը չի գիտեր այդ անունը ինչպէս որ Յիսուս գիտէ, բայց ան երկնային ոլորտին մէջ իր հաւատարիմ եղբայրներուն վրայ կը գրէ զայն, իրենց հետ սերտ յարաբերութեան մէջ գալով (Յայտ. 19։12)։ Ան նոյնիսկ իր առանձնաշնորհումները անոնց հետ կը բաժնէ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։3. Որովհետեւ Սատանայի աշխարհին վրայ Աստուծոյ դատաստանները ի գործ դրուելու «ժամանակը մօտ է», Յայտնութիւն գիրքին պատգամը ըմբռնելու եւ անոր համաձայն գործելու հրատապ կարիք կայ։

3։17, 18. Հոգեւորապէս հարուստ ըլլալու համար, հարկ է որ Յիսուսէն «կրակի մէջ փորձուած ոսկի» ծախու առնենք, այսինքն՝ պէտք է ջանանք բարի գործերով հարստանալ (Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Նաեւ պէտք է «ճերմակ հանդերձներ» հագնինք, որոնք կը յայտնեն մեր ինքնութիւնը որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ, եւ ‘աչքի դեղ’ գործածենք, ինչպէս՝ Դիտարան պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած խրատներ, որպէսզի հոգեւոր խորատեսութիւն ձեռք ձգենք (Յայտ. 19։8

7։13, 14. 24 երէցները կը ներկայացնեն 144,000–ը իրենց երկնային փառքին մէջ, ուր կը ծառայեն իբրեւ թագաւորներ ու քահանաներ։ Անոնք պատկերացուած էին վաղեմի իսրայէլի քահանաներով, զորս Դաւիթ թագաւոր 24 խումբի բաժնեց։ Երէցներէն մէկը Յովհաննէսի կը յայտնէ մեծ բազմութեան ինքնութիւնը։ Հետեւաբար օծեալ քրիստոնեաներուն յարութիւնը սկսած ըլլալու էր 1935–էն առաջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ տարուան մէջ մեծ բազմութեան ճշգրիտ ինքնութիւնը յայտնուեցաւ երկրի վրայ եղող Աստուծոյ օծեալ ծառաներուն (Ղուկ. 22։28-30. Յայտ. 4։4. 7։9

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԿՆԻՔԻՆ ԲԱՑՈՒԻԼԸ ԵՕԹԸ ՓՈՂԵՐԸ ՀՆՉԵՑՆԵԼՈՒՆ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

(Յայտ. 8։1–12։17)

Գառնուկը եօթներորդ կնիքը կը քակէ։ Եօթը հրեշտակներ եօթը փողեր կը ստանան։ Հրեշտակներէն վեցը իրենց փողերը կը հնչեցնեն, մարդկութեան ‘մէկ երրորդին’՝ քրիստոնեայ աշխարհին՝ վրայ դատաստանական պատգամներ յայտարարելով (Յայտ. 8։1, 2, 7-12. 9։15, 18)։ Ասիկա է ինչ որ Յովհաննէս հինգերորդ տեսիլքին մէջ կը տեսնէ։ Յաջորդ տեսիլքին մասնակցելով, Յովհաննէս գրքոյկը կ’ուտէ ու տաճարին սրբարանը կը չափէ։ Եօթներորդ փողը հնչեցուելէ ետք, հզօր ձայներ կը ծանուցանեն. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան» (Յայտ. 10։10. 11։1, 15

Եօթներորդ տեսիլքը Յայտնութիւն 11։15, 17–ի խօսքերուն մասին մանրամասնութիւններ կու տայ։ Մեծ նշան մը կ’երեւի երկինքի մէջ։ Երկնային կինը մանչի մը ծնունդ կու տայ։ Բանսարկուն երկինքէն կը վռնտուի։ Երկնային կնոջ դէմ բարկացած ըլլալով, ան կ’երթայ «պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ» (Յայտ. 12։1, 5, 9, 17

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

8։1-5—Ինչո՞ւ լռութիւն եղաւ երկինքը, իսկ յետոյ ի՞նչ բան նետուեցաւ երկրի վրայ։ Այլաբանական լռութիւն եղաւ երկինքը, որպէսզի երկրի վրայ եղող «սուրբերուն աղօթքներ»ը լսուին։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերջաւորութեան։ Օծեալ քրիստոնեաները երկինք չելան, երբ հեթանոսներուն ժամանակները լրացան, ինչպէս շատեր կ’ակնկալէին։ Անոնք պատերազմի ընթացքին խիստ պայմաններ դիմագրաւելով, ջերմեռանդ աղօթքներով առաջնորդութիւն խնդրեցին։ Առ ի պատասխան, հրեշտակը երկրի վրայ այլաբանական կրակ նետեց, որ օծեալ քրիստոնեաները հոգեւորապէս բոցավառեց։ Սակաւաթիւ ըլլալով հանդերձ, անոնք համաշխարհային քարոզչական արշաւ մը սկսան, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրակոտ հարց դարձուց, քրիստոնեայ աշխարհի մէջ կրակ վառելով։ Աստուածաշունչէն որոտագին ազդարարութիւններ տրուեցան, աստուածաշնչական ճշմարտութեան փայլակներ ներկայացուեցան, եւ սուտ կրօնքի ծիրը հիմնովին ցնցուեցաւ, ինչպէս երկրաշարժը շէնքերը կը ցնցէ։

8։6-12. 9։1, 13. 11։15—Եօթը հրեշտակները ե՞րբ պատրաստուեցան իրենց փողերը հնչեցնելու, իսկ ե՞րբ եւ ի՞նչպէս փողերը հնչուեցան։ Եօթը փողերը հնչեցնելու պատրաստութիւնը պարփակեց 1919–էն 1922՝ ուղղութիւն տալ երկրի վրայ եղող Յովհաննէսի դասակարգին վերակազդուրուած անդամներուն։ Այս օծեալները այդ ժամանակ զբաղած էին հանրային ծառայութիւնը վերակազմակերպելով ու տպարաններ կառուցանելով (Յայտ. 12։13, 14)։ Փողերը հնչեցնելը կը ներկայացնէ Սատանայի աշխարհին դէմ Եհովայի դատաստանները անվախօրէն յայտարարելը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին կողմէ, հրեշտակներուն հետ համագործակցելով։ Ուշադրութեան արժանի է թէ ասիկա սկսաւ 1922–ի համաժողովով, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, եւ մինչեւ մեծ նեղութիւն պիտի շարունակուի։

8։13. 9։12. 11։14—Վերջին երեք փողերը հնչեցնելը ի՞նչ կերպով «վայ» է։ Առաջին չորս փողերը հնչեցնելով կը քօղազերծուի քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւորապէս մեռած վիճակը, իսկ վերջին երեքը վայեր են, այն առումով որ կապ ունին մասնայատուկ իրադարձութիւններու հետ։ Հինգերորդ փողը հնչեցնելը առնչուած է անգործունէութեան «անդունդ»էն Աստուծոյ ժողովուրդին ազատման, որ 1919–ին տեղի ունեցաւ, եւ անոնց անխոնջ քարոզչութեան, որ քրիստոնեայ աշխարհի վրայ տանջող պատուհասի պէս եղաւ (Յայտ. 9։1)։ Վեցերորդ փողը հնչեցնելը կապ ունի պատմութեան մէջ մեծագոյն հեծելազօրքին արշաւին եւ համաշխարհային քարոզչութեան հետ, որ 1922–ին սկսաւ։ Վերջին փողը հնչեցնելը առնչուած է մեսիական Թագաւորութեան ծնունդին։

Դասեր՝ մեզի համար.

9։10, 19. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի հրատարակութիւններուն մէջ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հեղինակաւոր խօսքերը խայթիչ պատգամ մը կը բովանդակեն (Մատ. 24։45)։ Այս պատգամը կը համապատասխանէ մարախներու պոչերուն, որոնք ‘կարիճներու նման խայթոց ունէին’, եւ հեծելազօրքի ձիերուն, որոնց «պոչերը օձերու նման էին»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս հրատարակութիւնները ‘Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրուան’ մասին կ’ազդարարեն (Եսա. 61։2)։ Զանոնք բաշխելու մէջ քաջասիրտ ու նախանձախնդիր ըլլանք։

9։20, 21. Այդպէս կոչուած ոչ–քրիստոնեայ երկիրներու մէջ ապրող բազմաթիւ հեզեր, մեր յայտարարած պատգամին լաւ կերպով ընդառաջած են։ Սակայն չենք ակնկալեր որ քրիստոնեայ աշխարհի ծիրէն դուրս,– ‘մնացեալ մարդոց մէջ’,– զանգուածային կրօնափոխութիւն տեղի ունենայ։ Այսուհանդերձ, ծառայութեան մէջ կը յարատեւենք։

12։15, 16. «Երկիր»ը,– Սատանայի դրութեան մէջ տարրեր կամ այլազան երկիրներու իշխանութիւններ,– պաշտամունքի ազատութիւնը պաշտպանեց։ 1940–ական թուականներէն սկսեալ, այդ հեղինակութիւնները ‘կլլեցին [հալածանքի] գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց’։ Արդարեւ, եթէ Եհովա ուզէ, կրնայ իշխանութիւնները մղել իր կամքը կատարելու։ Ուստի տեղին ըլլալով՝ Առակաց 21։1–ը կ’ըսէ. «Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ» (Առ. 21։1)։ Ասիկա Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը պէտք է ամրացնէ։