Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ նպատակին մէջ Մարիամի դերը

Աստուծոյ նպատակին մէջ Մարիամի դերը

Աստուծոյ նպատակին մէջ Մարիամի դերը

ՅԻՍՈՒՍԻ ծառայութեան ընթացքին, բազմութեան մէջէն կին մը ձայնը բարձրացուց ու ըսաւ անոր. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ Եթէ Յիսուս ուզէր որ իր մայրը մեծարուի, ասիկա ոսկի պատեհութիւն մըն էր այդպիսի նուիրում մը յանձնարարելու։ Փոխարէն, ան պատասխանեց. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։27, 28

Յիսուս իր մայրը որեւէ մասնայատուկ կերպով չպատուեց եւ իր հետեւորդներուն երբեք չըսաւ որ զայն մեծարեն։ Ուստի ինչո՞ւ բազմաթիւ եկեղեցասէրներ Մարիամի հանդէպ չափազանց նուիրում կը ցուցաբերեն։ Սուրբ Գրութիւններու լոյսին տակ, նկատի առնենք Յիսուսի մօր մասին լայնատարած կարգ մը ուսուցումներ։

«Շնորհալի» եւ «օրհնեալ. . . կիներուն մէջ»

Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամի յայտնեց թէ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Այդ առիթով, ան բարեւեց զինք՝ ըսելով. «Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է» (Ղուկաս 1։28, Անթիլիաս)։ Անկէ քիչ ետք, Եղիսաբէթ սա խօսքով Մարիամը ողջունեց. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը» (Ղուկաս 1։42)։ Այս արտայայտութիւնները ցոյց չե՞ն տար թէ Մարիամ յատուկ ակնածանքի արժանի է։

Իրականութեան մէջ, ո՛չ։ Թէեւ այս խօսքերը պարփակուած են աղօթքի մը մէջ, զոր կաթողիկէները Մարիամի կ’ուղղեն, բայց Աստուածաշունչը անոր աղօթելու ո՛չ մէկ պատճառ կու տայ։ Գաբրիէլ ու Եղիսաբէթ հաստատեցին որպէս Մեսիային մայրը Մարիամի արտակարգ առանձնաշնորհումը, բայց Սուրբ Գրութիւնները չեն բովանդակեր անոր աղօթելու գաղափարը։ Ընդհակառակը, երբ Յիսուսի աշակերտները խնդրեցին որ իրենց սորվեցնէ աղօթել, ան նշեց թէ աղօթքները իր Հօր պէտք է ուղղուին։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի համբաւաւոր տիպար աղօթքը սա խօսքով կը սկսի. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատթէոս 6։9

Իշխողներէն մէկը

Մարիամի մասին այլ ուսուցում մըն է, թէ ան ներկայիս «երկինքի Թագուհին» է։ Աստուածաշունչը երբեք այսպիսի տիտղոս մը չի վերագրեր Մարիամի։ Սակայն անիկա ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ երկնային կարգադրութեան մէջ Մարիամ մասնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ։ Ի՞նչ է այդ դիրքը։

Յիսուս նշեց թէ իր հաւատարիմ աշակերտներէն ոմանք իր Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ պիտի իշխէին (Ղուկաս 22։28-30)։ Յիսուս այս ընտրեալներուն լիազօրութիւն պիտի տայ, որ իբրեւ ‘Աստուծոյ քահանաներ’ ծառայեն ու «երկրի վրայ թագաւորեն» (Յայտնութիւն 5։10)։ Աստուածաշունչը յստակօրէն մեզ կ’առաջնորդէ այն եզրակացութեան, թէ Մարիամ անոնցմէ մէկն է, որոնց այս բացառիկ առանձնաշնորհումը շնորհուած է։ Ի՞նչպէս։

Թերեւս մտաբերես թէ Յիսուսի մահէն ետք, Մարիամ Յիսուսի աշակերտներուն ու եղբայրներուն հետ «միշտ աղօթք» կ’ընէր։ Շուրջ 120 աշակերտներ այս նպատակով հաւաքուեցան, ի ներառեալ՝ «կիներ» (Գործք 1։12-15)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ Պէնտէկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան մէկտեղ էին։ Յանկարծակի. . . ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար» (Գործք 2։1-4

Այս կերպով օրհնուողներուն ու սուրբ հոգին ստացողներուն մէջ ըլլալով, Մարիամ ընտրուեցաւ Յիսուսի երկնային Թագաւորութեան մաս կազմելու։ Ուստի ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ Մարիամ այժմ երկնային փառքի մէջ Յիսուսի հետ նստած է (Հռովմայեցիս 8։14-17)։ Նկատի առ կարգ մը առանձնաշնորհումներ, զորս Մարիամ եւ Յիսուսի միւս իշխանակիցները պիտի վայելեն Աստուծոյ նպատակներուն իրագործման մէջ։

Սքանչելի օրհնութիւններ մատակարարել

Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ թէ 144,000 անհատներ երկնային փառքի պիտի յարուցանուին, որպէսզի Յիսուսի կողքին իբրեւ քահանաներ, դատաւորներ ու թագաւորներ ծառայեն (Յայտնութիւն 14։1, 4. 20։4, 6)։ Քահանաներ ըլլալով, անոնք Յիսուսի զոհին օգուտները ամբողջ հնազանդ մարդկութեան պիտի կիրարկեն, զանոնք հոգեւոր, բարոյական ու ֆիզիքական կատարելութեան հասցնելով (Յայտնութիւն 21։1-4)։ Այդ հոյակապ ժամանակը տեսնելը ի՜նչ առանձնաշնորհում մը պիտի ըլլայ Եհովայի բոլոր հաւատարիմ երկրպագուներուն համար։ *

Մարիամ Եհովայի նպատակներուն կատարման մէջ դեր մը խաղցաւ եւ տակաւին կը խաղայ։ Ան ընդօրինակուելու արժանի է, իր խոնարհութեան, հաւատքին, հնազանդութեան, համբերատարութեան եւ ծնողական նուիրումին համար։ Մեսիան ծնանելու եւ մարդկութեան յաւիտենական օրհնութիւններ մատակարարելու իր դերին համար, ան մեծապէս պէտք է յարգուի։

Սակայն կարեւորագոյն դասը, որ Մարիամէն կը սորվինք, այն է՝ թէ ան Աստուծոյ միւս բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն կողքին, միմիայն Եհովան կը պաշտէ։ Մարիամ, երկինքի մէջ Քրիստոսի միւս իշխանակիցներուն հետ, բարձրաձայն կը յայտարարէ. «Աթոռին վրայ նստողին [Եհովա Աստուած] եւ Գառնուկին [Յիսուս Քրիստոս] օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից» (Յայտնութիւն 5։13. 19։10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Այս օրհնութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 10]

Մարիամի խոնարհութիւնը, հաւատքը եւ հնազանդութիւնը ընդօրինակուելու արժանի են