Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)

ԵՀՈՎԱ Աստուած պաշտողներուն եւ չպաշտողներուն ի՞նչ կը սպասէ։ Սատանայի եւ իր դեւերուն ապագան ի՞նչ է։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, հնազանդ մարդկութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։ Այս եւ այլ կենսական հարցումներու պատասխանները կը տրուին Յայտնութիւն 13։1–22։21–ի մէջ։ * Այս գլուխները կը բովանդակեն վերջին 9–ն տեսիլքները այն 16–էն, զորս Յովհաննէս առաքեալ ստացաւ մ.թ. առաջին դարու վերջաւորութեան։

Յովհաննէս կը գրէ. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է» (Յայտ. 1։3. 22։7)։ Յայտնութիւն գիրքը կարդալով ու մեր սորվածը կիրարկելով, մեր սիրտը կ’ազդուի, Աստուծոյ ու իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ ապագայի համար պայծառ յոյս կ’ունենանք (Եբ. 4։12 *

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹԸ ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԹԱՓՈՒԻՆ

(Յայտ. 13։1–16։21)

Յայտնութիւն 11։18–ը կ’ըսէ. ‘Ազգերը բարկացան. Աստուծոյ բարկութիւնը եկաւ, որպէսզի ապականէ երկիրը ապականողները’։ Ասոր ենթահող պատրաստելով, ութերորդ տեսիլքը ցոյց կու տայ ‘եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունեցող գազանի մը’ գործունէութիւնը (Յայտ. 13։1

Իններորդ տեսիլքին մէջ Յովհաննէս կը տեսնէ, որ ‘Գառնուկը կայներ է Սիօն լերան վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը’։ Անոնք ‘մարդոց մէջէն գնուած են’ (Յայտ. 14։1, 4)։ Ապա հրեշտակային յայտարարութիւններ կը տրուին։ Յաջորդ տեսիլքին մէջ Յովհաննէս կը տեսնէ ‘եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը հարուածներ ունին’։ Բացայայտ է որ Եհովա ինք կը հրամայէ այս հրեշտակներուն որ «Աստուծոյ բարկութեան եօթը սկաւառակները» թափեն Սատանայի աշխարհին զանազան մասերուն վրայ։ Սկաւառակները կը բովանդակեն Աստուծոյ գործադրելիք դատաստաններուն մասին յայտարարութիւններ եւ ազդարարութիւններ (Յայտ. 15։1. 16։1)։ Այս երկու տեսիլքները մանրամասնութիւններ կու տան Թագաւորութեան յաւելեալ դատաստաններուն մասին, որոնք կապ ունին երրորդ վային ու եօթներորդ փողին հնչուելուն հետ (Յայտ. 11։14, 15

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

13։8—Ի՞նչ է «Գառնուկին կենաց գիրքը»։ Ասիկա այլաբանական գիրք մըն է, որ կը բովանդակէ միայն անոնց անունները, որոնք Յիսուս Քրիստոսի հետ կ’իշխեն իր երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Անիկա կը պարփակէ՝ տակաւին երկրի վրայ եղող օծեալ քրիստոնեաներուն անունները, որոնք երկինքի մէջ կեանք ստանալու յոյսը ունին։

13։11-13—Երկու եղջիւր ունեցող գազանը ի՞նչպէս վիշապի պէս կը գործէ եւ երկինքէն կրակ կ’իջեցնէ։ Այն իրողութիւնը, թէ երկու եղջիւր ունեցող գազանը,– Անգլօ–ամերիկեան աշխարհակալ ուժը,– վիշապի պէս կը խօսի, ցոյց կու տայ թէ սպառնալիքներ, ճնշում եւ բռնութիւն կը գործածէ, իր իշխանութեան կերպը ուրիշներուն պարտադրելու։ Անիկա երկինքէն կրակ կ’իջեցնէ, այն առումով որ մարգարէի դեր կը ստանձնէ, դաւանելով թէ 20–րդ դարու համաշխարհային երկու պատերազմներուն ընթացքին չարութեան ուժերը նուաճած է եւ համայնավարութեան վրայ յաղթանակ տարած է։

16։17—Ի՞նչ է «օդ»ը, որուն վրայ եօթներորդ սկաւառակը կը թափուի։ «Օդ»ը կը խորհրդանշէ սատանայական մտածումը, ‘այն ոգին [մտային հակումը]՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’։ Սատանայի ամբողջ չար դրութիւնը այս թունաւոր օդը կը շնչէ (Եփ. 2։2

Դասեր՝ մեզի համար.

13։1-4, 18. Մարդկային կառավարութիւններ խորհրդանշող «գազան մը» կ’ելլէ «ծովէն», այսինքն՝ մարդկութեան խռովալից զանգուածէն (Եսա. 17։12, 13. Դան. 7։2-8, 17)։ Սատանայի կողմէ ստեղծուած եւ լիազօրութիւն ստացած այս գազանը կը կրէ 666 թիւը, որ ծայրագոյն անկատարութիւն կը նշէ։ Գազանին ինքնութիւնը հասկնալը մեզի կ’օգնէ, որ հիացմունքով անոր չհետեւինք ու զայն չպաշտենք ինչպէս ընդհանուր մարդկութիւնը կ’ընէ (Յովհ. 12։31. 15։19

13։16, 17. Հակառակ այն դժուարութիւններուն, զորս ‘գնելու կամ ծախելու’ նման ամէնօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին կրնանք դիմագրաւել, թոյլ պէտք չէ տանք որ ճնշումի ներքեւ գազանը մեր կեանքը ղեկավարէ։ ‘Գազանին դրոշմը մեր ձեռքին կամ ճակատին վրայ’ ընդունիլը պիտի նշանակէ, թէ գազանին թոյլ կու տանք որ մեր արարքները հակակշռի տակ առնէ կամ մեր մտածումին ազդէ։

14։6, 7. Հրեշտակային յայտարարութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը ստիպողականութեամբ պէտք է ծանուցանենք։ Մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն պէտք է օգնենք, որ Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախ մշակեն ու Եհովայի փառք տան։

14։14-20. Երբ ամբողջանայ «երկրի հունձքը», այսինքն՝ փրկուելիք անհատներուն հունձքը, հրեշտակը ‘երկրին այգիին խաղողները պիտի ձգէ Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ’։ Այսպէս յաւիտեան պիտի կործանի այդ այգին,– Սատանայի տեսանելի ու փտած կառավարական դրութիւնը՝ իր չար պտուղներու «ողկոյզներ»ով։ Պէտք է վճռենք երկրի այգիին ազդեցութեան ներքեւ չգալ։

16։13-16. «Պիղծ ոգիներ»ը կը խորհրդանշեն դիւային պրոպականդ, որուն նպատակն է վստահ ըլլալ, թէ երկրի թագաւորները Աստուծոյ բարկութեան եօթը սկաւառակներուն թափուելով չեն ազդուիր, հապա՝ Եհովայի կը հակառակին (Մատ. 24։42, 44

16։21. Մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, Սատանայի չար դրութեան դէմ Եհովայի դատաստաններուն յայտարարութիւնը կրնայ շատ ծանր բերանացի արտայայտութիւններ պարփակել, ինչպէս հաւանաբար խոշոր կարկուտը կը պատկերացնէ։ Այսուհանդերձ մարդկութեան մեծամասնութիւնը պիտի շարունակէ Աստուծոյ հայհոյել։

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ’ԻՇԽԷ

(Յայտ. 17։1–22։21)

«Մեծ Բաբելոն»ը,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը,– Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին զզուելի մէկ հատուածն է։ 11–րդ տեսիլքը զայն կը նկարագրէ որպէս «մեծ պոռնիկ»՝ անբարոյ կին, որ «կարմիր գազանի մը վրայ նստեր է»։ Ան բոլորովին պիտի կործանի՝ զինք կրող գազանին «տասը եղջիւրներ»ուն կողմէ (Յայտ. 17։1, 3, 5, 16)։ Պոռնիկը «մեծ քաղաք»ի մը նմանցնելով, յաջորդ տեսիլքը անոր անկումը կը ծանուցանէ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ստիպողական կոչ կ’ուղղէ որ ‘անկէ ելլեն’։ Շատեր կ’ողբան մեծ քաղաքին անկման վրայ։ Սակայն «Գառնուկին հարսանիք»ին համար, երկինքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ (Յայտ. 18։4, 9, 10, 15-19. 19։7)։ 13–րդ տեսիլքին մէջ, ‘ճերմակ ձիու վրայ հեծնողը’ ազգերուն դէմ կը պատերազմի։ Ան Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին վերջ կը դնէ (Յայտ. 19։11-16

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ «առաջին օձ»ին մասին, «որ Բանսարկուն ու Սատանան է»։ Ան ե՞րբ ‘կրակի լիճին մէջ պիտի ձգուի’։ Ասիկա 14–րդ տեսիլքին մէկ նիւթն է (Յայտ. 20։2, 9, 10)։ Վերջին երկու տեսիլքները գաղափար մը կու տան, թէ Հազարամեայի ընթացքին կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։ «Յայտնութեան» վերջաւորութեան, Յովհաննէս ‘հրապարակէն անցնող՝ կեանքի ջուրի գետ մը’ կը տեսնէ, եւ սքանչելի հրաւէր մը կը տրուի բոլոր անոնց, որոնք ‘ծարաւ են’ (Յայտ. 1։1. 22։1, 2, 17

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

17։16. 18։9, 10—«Երկրի թագաւորները» ինչո՞ւ կը հեծեծեն իրենց կործանած մեծ Բաբելոնին վրայ։ Անոնց վիշտին պատճառը բոլորովին եսասիրական է։ Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք, ըստ երեւոյթին երկրի թագաւորները կ’անդրադառնան թէ անիկա իրենց համար ո՜րքան պիտանի էր։ Անիկա իրենց հարստահարիչ արարքները կրօնական գետնի վրայ ընդունելի կը դարձնէր։ Մեծ Բաբելոնը նաեւ իրենց օգնեց երիտասարդները ռազմադաշտ ղրկելու։ Ասկէ զատ, անիկա ժողովուրդը հլու–հնազանդ պահելու մէջ կարեւոր դեր խաղցաւ։

19։12—Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ միայն Յիսուս գիտէ իր չնշուած անունը։ Այնպէս կը թուի թէ այս անունը կ’ակնարկէ այն դիրքին ու առանձնաշնորհումներուն, ինչպէս՝ Եսայի 9։6–ի մէջ նշուածները, զորս Յիսուս կը վայելէ տէրունական օրուան ընթացքին։ Իրմէ զատ՝ ո՛չ ոք գիտէ այս անունը, այն առումով որ իր առանձնաշնորհումները անզուգական են եւ միայն ինք կրնայ ըմբռնել թէ այսպիսի բարձր դիրք մը ստանձնելը ի՛նչ կը նշանակէ։ Սակայն Յիսուս այս առանձնաշնորհումներէն ոմանք կը բաժնէ իր հարս դասակարգին անդամներուն հետ, ‘իր նոր անունը անոնց վրայ գրելով’ (Յայտ. 3։12

19։14—Արմագեդոնին, Յիսուսի հետ ո՞վ պիտի արշաւէ։ Աստուծոյ պատերազմին մէջ Յիսուսի ընկերակցող ‘երկնային զօրքերուն’ մէջ պիտի ըլլան հրեշտակներ, ինչպէս նաեւ՝ օծեալ յաղթողները, որոնք արդէն իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստացած են (Մատ. 25։31, 32. Յայտ. 2։26, 27

20։11-15—«Կեանքի գիրք»ին մէջ որո՞նց անունները գրուած են։ Ասիկա այն գիրքն է, որ կը բովանդակէ բոլոր անոնց անունները, որոնց յաւիտենական կեանք պիտի շնորհուի,– օծեալ քրիստոնեաները, մեծ բազմութեան անդամները եւ Աստուծոյ այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք ‘որպէս արդարներ պիտի յարուցանուին’ (Գործք 24։15. Յայտ. 2։10. 7։9)։ «Կեանքի գիրք»ին մէջ պիտի գրուին ‘մեղաւորներուն յարութեամբ’ կեանքի բերուող անհատներուն անունները, միայն եթէ Հազարամեայի ընթացքին բացուած «գրքեր»ուն ցուցմունքներուն համաձայն վարուին։ Սակայն անունները անջնջելի մելանով չեն գրուած։ Օծեալներուն անունները մնայուն կը դառնան, երբ մինչեւ մահ հաւատարիմ կը մնան (Յայտ. 3։5)։ Իսկ Հազարամեայի վերջաւորութեան վերջին փորձէն անցնելով, երկրի վրայ կեանք ստացողներուն անունները մնայուն կը դառնան (Յայտ. 20։7

Դասեր՝ մեզի համար.

17։3, 5, 7, 16. «Վերին իմաստութիւնը» մեզի կ’օգնէ որ ‘կնոջ ու զայն կրող կարմիր գազանին խորհուրդը’ հասկնանք (Յակ. 3։17)։ Այս այլաբանական գազանը նախ Ազգերու դաշնակցութիւնն էր, ապա՝ Միացեալ ազգերը։ Այս խորհուրդին յայտնուիլը մեզ պէտք չէ՞ մղէ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ Եհովայի դատաստանի օրը ծանուցանելու մէջ նախանձախնդիր ըլլանք։

21։1-6. Կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ, թէ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ նախագուշակուած օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնց առնչութեամբ ըսուած է. «Եղա՛ւ»։

22։1, 17. «Կեանքի ջուրի գետ»ը կը ներկայացնէ՝ հնազանդ մարդկութիւնը մեղքէ ու մահուընէ ազատելու Եհովայի կարգադրութիւնները։ Որոշ չափով այս ջուրը ներկայիս մատչելի է։ Ո՛չ միայն երախտապարտօրէն ընդունինք ‘կեանքի ջուրը ձրի առնելու’ հրաւէրը, այլեւ՝ նախանձախնդրաբար ուրիշները հրաւիրենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Յայտնութիւն գիրքը համար առ համար նկատի առնելու համար, տես՝ Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը։

[Նկար՝ էջ 13]

Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ հնազանդ մարդկութիւնը ի՜նչ սքանչելի օրհնութիւններ պիտի վայելէ