Յիսուսի խօսքերը աղօթքներուդ կ’ազդե՞ն
Յիսուսի խօսքերը աղօթքներուդ կ’ազդե՞ն
«Երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ» (ՄԱՏ. 7։28)։
1, 2. Բազմութիւնը ինչո՞ւ ապշած մնաց Յիսուսի ուսուցումին վրայ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ միածին Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը պէտք է ընդունինք ու մեր կեանքին մէջ կիրարկենք։ Ան վստահաբար ուրիշ ոեւէ անհատի պէս չխօսեցաւ։ Լերան քարոզը ներկայացնելէ ետք, արդարեւ բազմութիւնը ապշած մնաց անոր ուսուցումին վրայ (Կարդալ՝ Մատթէոս 7։28, 29)։
2 Եհովայի Որդին չսորվեցուց դպիրներուն պէս, որոնք իրենց երկայն–բարակ ճառերը կը հիմնէին անկատար մարդոց ուսուցումներուն վրայ։ Քրիստոս «իշխանութիւն ունեցողի մը պէս» սորվեցուց, քանի որ Աստուծոյ խօսքերը հաղորդեց (Յովհ. 12։50)։ Այժմ տեսնենք, թէ Լերան քարոզին մէջ Յիսուսի ըսած խօսքերը ի՛նչպէս կրնան ազդել եւ պէտք է ազդեն մեր աղօթքներուն։
Կեղծաւորներուն պէս երբեք մի՛ աղօթեր
3. Մատթէոս 6։5–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն միտք բանին տուր։
3 Աղօթքը՝ ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է, եւ հարկ է որ կանոնաւորաբար Եհովայի աղօթենք։ Բայց Յիսուսի խօսքերը մեր աղօթքներուն պէտք է ազդեն։ Ան ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան» (Մատ. 6։5)։
4-6. ա) Փարիսեցիները ինչո՞ւ կը սիրէին «ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով» աղօթք ընել։ բ) Այսպիսի կեղծաւորներ ի՞նչպէս ‘իրենց վարձքը առած կ’ըլլային’։
4 Յիսուսի աշակերտները աղօթելու ժամանակ պէտք չէր ըլլային «կեղծաւորներու» նման, ինչպէս՝ ինքնարդար փարիսեցիները, որոնք ուրիշներու առջեւ կեղծ բարեպաշտութիւն ցոյց կու տային (Մատ. 23։13-32)։ Այդ կեղծաւորները կը սիրէին «ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել»։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի «մարդոց երեւնան»։ Առաջին դարու հրեաները սովորաբար հաւաքականօրէն կ’աղօթէին, երբ տաճարին մէջ ողջակէզի ընծաները կը մատուցանուէին (շուրջ ժամը 9։00–ին կ.ա. եւ ժամը 3։00–ին կ.ե.)։ Տաճարին շրջավայրը՝ Երուսաղէմի բնակիչներէն շատեր խումբ մը երկրպագուներու հետ կ’աղօթէին։ Իսկ այդ քաղաքէն դուրս, բարեպաշտ հրեաներ յաճախ օրը երկու անգամ կ’աղօթէին՝ «ժողովարաններուն մէջ կայնած» (Համեմատել՝ Ղուկաս 18։11, 13)։
5 Մարդոց մեծամասնութիւնը տաճարին կամ ժողովարանի մը մօտ չըլլալով, վերոյիշեալ աղօթքները կրնային ընել՝ ո՛ւր որ ալ գտնուէին այդ ժամերուն։ Ոմանք կը սիրէին որ Ղուկ. 20։47)։ Մենք այդ վերաբերմունքը պէտք չէ ունենանք։
աղօթքի ժամերուն գտնուէին «հրապարակներուն անկիւնները», եւ այսպէս անցորդներուն ‘երեւնային’։ Այսպիսի կեղծաւորներ իրենց ‘աղօթքը կ’երկնցնէին’, որպէսզի դիտորդները տպաւորէին (6 Յիսուս նշեց, թէ այսպիսի կեղծաւորներ «իրենց վարձքը առած կ’ըլլան»։ Անոնք մեծապէս կը փափաքէին մարդոց կողմէ ճանաչում ու գովեստ ստանալ,– եւ միայն ասիկա պիտի ստանային որպէս լման վարձատրութիւն, քանի որ Եհովա իրենց կեղծաւոր աղօթքներուն պիտի չպատասխանէր։ Միւս կողմէ, Աստուած Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներուն աղօթքները պիտի լսէր, ինչպէս այս նիւթին շուրջ Յիսուսի յաջորդ խօսքերը ցոյց կու տան։
7. Մեր «ներքին սենեակ»ին մէջ աղօթելու խրատը ի՞նչ կը նշանակէ։
7 «Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ» (Մատ. 6։6)։ Ներքին սենեակին մէջ աղօթելու Յիսուսի յորդորը չնշանակեց, թէ անհատ մը չի կրնար ժողովքը աղօթքով ներկայացնել։ Այս խրատին նպատակն էր չքաջալերել հանրապէս մատուցուած այն աղօթքները, որոնք աղօթողին վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէին եւ անոր գովասանք կը բերէին։ Ասիկա ի մտի պէտք է ունենանք, երբ մեզի առանձնաշնորհում տրուի որ հանրային աղօթքով Աստուծոյ ծառաները ներկայացնենք։ Աղօթքի վերաբերեալ Յիսուսի յաջորդ յորդորին ալ անսանք։
8. Մատթէոս 6։7–ի համաձայն, մեր աղօթքներուն մէջ ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։
8 «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին» (Մատ. 6։7)։ Այսպէս Յիսուս ուշադրութեան յանձնեց աղօթելու այլ սխալ կերպ մը,– կրկնութիւնը։ Ան ըսել չուզեց, թէ մեր աղօթքներուն մէջ բնաւ սրտագին պաղատանքներ ու շնորհակալական խօսքեր պէտք չէ կրկնենք։ Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուս իր աղօթքին մէջ կրկին անգամ «նոյն խօսքը» գործածեց (Մար. 14։32-39)։
9, 10. Մեր աղօթքները ի՞նչպէս կրկնութիւն պէտք չէ ըլլան։
9 Սխալ պիտի ըլլար որ «հեթանոսներուն» կրկնուած աղօթքները ընդօրինակէինք։ «Շատախօս» ըլլալով, անոնք կը կրկնեն անգիր ըրած նախադասութիւնները, որոնք բազմաթիւ անհարկի խօսքեր կը պարունակեն։ Բահաղի երկրպագուները որեւէ կերպով չօգտուեցան, երբ «առաւօտէն մինչեւ կէսօր» կանչեցին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր» (Գ. Թագ. 18։26)։ Այսօր միլիոնաւորներ երկար, կրկնուած աղօթքներ կը մատուցանեն, ի զուր խորհելով թէ «պիտի լսուին»։ Բայց Յիսուս մեզի կ’օգնէ գիտակցելու, թէ Եհովա երկար ու կրկնուած աղօթքները անարժէք կը նկատէ։ Յիսուս շարունակեց ըսել.
10 «Անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած» (Մատ. 6։8)։ Հրեայ կրօնական առաջնորդներէն շատեր հեթանոսներուն նման եղան, իրենց աղօթքներուն մէջ շատախօսելով։ Ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է սրտագին աղօթքը, որ փառաբանութիւն, շնորհակալութիւն եւ աղաչանք կը պարփակէ (Փլպ. 4։6)։ Սակայն սխալ է նոյն բաները կրկին անգամ ըսել, խորհելով թէ մեր կարիքները Աստուծոյ իմացնելու համար կրկնումը անհրաժեշտ է։ Երբ կ’աղօթենք, պէտք է յիշենք, թէ Աստուած ‘մեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ մենք իրմէ չխնդրած’։
11. Ի՞նչ պէտք է յիշենք եթէ հանրային աղօթք մատուցանելու առանձնաշնորհումը ստանանք։
11 Անընդունելի աղօթքներու մասին Յիսուսի խօսքերը պէտք է յիշեցնեն մեզի, թէ բարձրահնչիւն ու աւելորդ բառերը Աստուած չեն տպաւորեր։ Նաեւ պէտք է գիտակցինք, թէ հանրային աղօթքը առիթ մը չէ ունկնդիրները տպաւորել փորձելու կամ զիրենք մղելու որ հարց տան, թէ ե՛րբ վերջապէս «Ամէն» պիտի ըսեն։ Աղօթքին միջոցաւ ծանուցումներ ընելը կամ ներկաները խրատելը, նաեւ Լերան քարոզին մէջ Յիսուսի ըսածներուն հոգիին հետ ներդաշնակ չէ։
Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս աղօթել
12. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» խնդրանքին իմաստը ի՞նչպէս կը բացատրես։
12 Թէեւ Յիսուս զգուշացուց աղօթքի հոյակապ Մատթէոս 6։9-13)։ Տիպար աղօթքը պէտք չէ գոց սորվինք, այն նպատակով որ զայն յաճախ կրկնենք։ Փոխարէն, անիկա մեր անձնական աղօթքներուն համար նմոյշ է։ Օրինակ, Յիսուս բացման խօսքերուն մէջ Աստուած առաջին տեղը դրաւ. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Պատշաճօրէն, Եհովան ‘մեր Հայրը’ կը կոչենք, քանի որ մեր Ստեղծիչն է, որ «երկինքը» կը բնակի, երկրէն շա՜տ հեռու (Բ. Օր. 32։6. Բ. Մն. 6։21. Գործք 17։24, 28)։ «Մեր» յոգնակի դերանունը գործածելը մեզի պէտք է յիշեցնէ, թէ մեր հաւատակիցներն ալ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն ունին։ «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» խնդրանք մըն է, որ Եհովա քայլեր առնէ իր անունը սրբացնելու, Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ի վեր իր անուան վրայ կուտակուած բոլոր նախատինքները մաքրելով։ Այս աղօթքին առ ի պատասխան, Եհովա երկրէ ամբարշտութիւնը պիտի վերցնէ, այսպէս իր անունը սրբացնելով (Եզեկ. 36։23)։
առանձնաշնորհումը սխալ կերպով գործածելէ, սակայն իր աշակերտներուն սորվեցուց ի՛նչպէս աղօթել (Կարդալ՝13. ա) «Քու թագաւորութիւնդ գայ» խնդրանքը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։ բ) Երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը ըլլալը ի՞նչ պիտի պարփակէ։
13 «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։10)։ Պէտք չէ մոռնանք թէ հոս նշուած «թագաւորութիւն»ը, Քրիստոսի ու յարուցեալ «սուրբեր»ուն յանձնուած երկնային մեսիական կառավարութիւնն է (Դան. 7։13, 14, 18. Եսա. 9։6, 7)։ Անոր ‘գալուն’ համար աղօթելը խնդրանք մըն է, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քայլեր առնէ աստուածային իշխանութեան բոլոր երկրային հակառակորդներուն դէմ։ Ասիկա շուտով տեղի պիտի ունենայ, ճամբան հարթելով աշխարհածաւալ դրախտի մը, ուր արդարութիւնը, խաղաղութիւնն ու բարգաւաճութիւնը պիտի տիրեն (Սաղ. 72։1-15. Դան. 2։44. Բ. Պետ. 3։13)։ Եհովայի կամքը այժմ երկինքի մէջ կը կատարուի, եւ խնդրելը որ երկրի վրայ ալ ըլլայ, պաղատանք է, որ Աստուած մեր մոլորակին նկատմամբ իր նպատակները իրագործէ, ի ներառեալ՝ իր ներկայ հակառակորդները բնաջնջել, ինչպէս վաղեմի ժամանակներուն ըրաւ (Կարդալ՝ Սաղմոս 83։1, 2, 13-18)։
14. Ինչո՞ւ տեղին է որ «մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր» խնդրենք։
14 «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր» (Մատ. 6։11. Ղուկ. 11։3)։ Այս թախանձանքով, Աստուծմէ կը խնդրենք որ «այսօր» անհրաժեշտ ուտելիքը հայթայթէ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ կը հաւատանք օրէ օր մեր կարիքները հոգալու Եհովայի կարողութեան։ Այս աղօթքը առատ հայթայթումներ ունենալու համար չէ։ Անիկա թերեւս մեզի յիշեցնէ, թէ Աստուած պատուիրեց որ իւրաքանչիւր իսրայէլացի մանանան «օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը» (Ել. 16։4)։
15. Բացատրէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ «մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։
Մատ. 6։12)։ Ղուկասի Աւետարանը ցոյց կու տայ, թէ այս «պարտքերը» «մեղքեր» են (Ղուկ. 11։4)։ Միայն եթէ մեզի դէմ մեղանչողներուն ‘ներած ենք’, կրնանք Եհովայէ ներում ակնկալել (Կարդալ՝ Մատթէոս 6։14, 15)։ Ուրիշներուն առատապէս պէտք է ներենք (Եփ. 4։32. Կող. 3։13)։
15 Տիպար աղօթքին մէջ նշուած յաջորդ խնդրանքը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ բան մը, զոր պէտք է ընենք։ Յիսուս ըսաւ. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն» (16. Փորձութեան ու չարէն ազատուելու նկատմամբ եղած խնդրանքները ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։
16 «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատ. 6։13)։ Այս երկու յարակից խնդրանքները ի՞նչպէս հասկնալու ենք։ Մէկ բան ստոյգ է. Եհովա մեզ չի փորձեր որ մեղք գործենք (Կարդալ՝ Յակոբոս 1։13)։ Սատանան,– «չար»ը,– իսկական «Փորձող»ն է (Մատ. 4։3)։ Սակայն Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կը խօսի թէ որոշ բաներ ըրա՛ծ է, մինչդեռ ան պարզապէս զանոնք թոյլատրած է (Հռութ 1։20, 21. Ժող. 11։5)։ Հետեւաբար, «մեզ փորձութեան մի՛ տանիր» աղաչանք մըն է, որ Եհովա թոյլ չտայ որ փորձութեան ներքեւ տեղի տանք ու անհնազանդ գտնուինք։ Իսկ «չարէն մեզ ազատէ» խնդրանք մըն է, որ Եհովա թոյլ չտայ Սատանային որ մեզ նուաճէ։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ‘Աստուած մեզ պիտի չթողու որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք’ (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 10։13)։
Շարունակէ ‘խնդրել, փնտռել, դուռը զարնել’
17, 18. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ շարունակ ‘խնդրել, փնտռել եւ դուռը զարնել’։
17 Պօղոս առաքեալ հաւատակիցները յորդորեց. «Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք» (Հռով. 12։12)։ Յիսուս այս ուղղութեամբ զօրաւոր խրատ մը տուաւ՝ ըսելով. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մատ. 7։7, 8)։ Պատշաճ է շարունակել ‘խնդրել’ որեւէ բան, որ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ է։ Յիսուսի խօսքերը երկրորդելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մենք համարձակութիւնը ունինք [Աստուծոյ] քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։
18 Յիսուսի խրատը, որ շարունակենք ‘խնդրել ու փնտռել’, կը նշանակէ թէ պէտք է ջերմեռանդօրէն աղօթենք եւ ձեռնթափ չըլլանք։ Նաեւ էական է որ շարունակենք ‘դուռը զարնել’, որպէսզի Թագաւորութիւնը մտնենք ու անոր օրհնութիւնները, օգուտներն ու վարձատրութիւնները վայելենք։ Բայց կրնա՞նք վստահ ըլլալ թէ Աստուած մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ Այո՛, եթէ Եհովայի հաւատարիմ ենք, քանի որ Քրիստոս ըսաւ. «Ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր»։ Եհովայի ծառաներուն փորձառութիւնները կ’ապացուցանեն թէ Աստուած իրապէս «աղօթքի լսող» է (Սաղ. 65։2)։
19, 20. Մատթէոս 7։9-11–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն ի տես, Եհովա ի՞նչպէս կաթոգին հօր մը նման է։
19 Յիսուս՝ Աստուած նմանցուց գորովալից հօր մը, որ իր զաւակներուն բարի բաներ կը հայթայթէ։ Երեւակայէ որ Լերան քարոզին ներկայ էիր ու լսեցիր Յիսուսի սա խօսքերը. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր, եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի Մատ. 7։9-11)։
տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (20 Մարդկային հայրը իր զարմին հանդէպ գութ ունի, թէեւ յարաբերաբար «չար» է՝ իր ժառանգած մեղքին համար։ Ան իր զաւակը չի խաբեր, այլ կը ջանայ անոր «աղէկ ընծաներ» տալ։ Մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը, ծնողական հոգածութեամբ մեզի «բարի բաներ» կը հայթայթէ, ինչպէս՝ իր սուրբ հոգին (Ղուկ. 11։13)։ Անիկա կրնայ մեզ զօրացնել, որ ընդունելի ծառայութիւն մատուցանենք Եհովայի՝ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Հայթայթողին (Յակ. 1։17)։
Շարունակէ Յիսուսի խօսքերէն օգտուիլ
21, 22. Լերան քարոզին մասին ի՞նչ բան ուշագրաւ է, եւ Յիսուսի այս խօսքերուն հանդէպ ի՞նչ կը զգաս։
21 Արդարեւ, Լերան քարոզը ցարդ երկրի վրայ ներկայացուած մեծագոյն ճառախօսութիւնն է։ Անիկա աչքառու է՝ իր հոգեւոր բովանդակութեան ու յստակութեան համար։ Ինչպէս այս յօդուածաշարքին մէջ անկէ քաղուած կէտերը ցոյց կու տան, կրնա՛նք մեծապէս օգտուիլ եթէ անոր խրատները կիրարկենք։ Յիսուսի այս խօսքերը կրնա՛ն մեր ներկայ կեանքը բարելաւել եւ մեզի տալ երջանիկ ապագայի մը յոյսը։
22 Այս յօդուածներուն մէջ, Յիսուսի Լերան քարոզին բովանդակած հոգեւոր գոհարներէն միայն քանի մը հատը քննարկեցինք։ Զարմանալի չէ որ ճառին աւարտին, «բազմութիւնը ապշած մնաց անոր ուսուցումին վրայ» (Մատ. 7։28, ԱԾ)։ Անտարակոյս, մենք ալ նոյն հակազդեցութիւնը պիտի ունենանք, երբ մեր միտքն ու սիրտը լեցնենք Մեծ Ուսուցիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի այս եւ այլ թանկագին խօսքերով։
Ի՞նչ են պատասխաններդ
• Յիսուս կեղծաւորական աղօթքներու մասին ի՞նչ ըսաւ։
• Երբ կ’աղօթենք, ինչո՞ւ կրկնումէ պէտք է խուսափինք։
• Յիսուսի տիպար աղօթքը ի՞նչ խնդրանքներ կը բովանդակէ։
• Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել ‘խնդրել, փնտռել եւ դուռը զարնել’։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս դատապարտեց այն կեղծաւորները, որոնք կ’աղօթէին պարզապէս տեսնուելու եւ լսուելու համար
[Նկար՝ էջ 25]
Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ ամէն օրուան հացին համար աղօթելը պատշաճ է