Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի խօսքերը թող վերաբերմունքիդ ազդեն

Յիսուսի խօսքերը թող վերաբերմունքիդ ազդեն

Յիսուսի խօսքերը թող վերաբերմունքիդ ազդեն

«Ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի» (ՅՈՎՀ. 3։34

1, 2. Յիսուսի Լերան քարոզին խօսքերը ի՞նչ բանի կրնան նմանցուիլ, իսկ ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ քարոզը «Աստուծոյ խօսքեր»ուն վրայ հիմնուած էր։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ յղկուած ամենամեծ մէկ ադամանդն է Ափրիկէի աստղը, որ 530 կարատ է,– արդարեւ թանկագին գոհար մը։ Սակայն շա՜տ աւելի թանկարժէք են Յիսուսի Լերան քարոզին բովանդակած հոգեւոր գոհարները։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Քրիստոսի խօսքերուն Աղբիւրը՝ Եհովան է։ Յիսուսի ակնարկելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի» (Յովհ. 3։34-36

2 Թէեւ Լերան քարոզը հաւանաբար կէս ժամէ նուազ տեւեց, սակայն բովանդակեց 21 մէջբերումներ՝ Եբրայերէն Գրութիւններու ութ գրքերէ։ Ուստի անիկա «Աստուծոյ խօսքեր»ուն վրայ հաստատօրէն հիմնուած էր։ Այժմ տեսնենք, թէ Աստուծոյ սիրելի Որդիին այս ճարտար քարոզին անգին խօսքերէն ոմանք ի՛նչպէս կրնանք կիրարկել։

«Առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ»

3. Իր աշակերտները բարկութեան ազդեցութիւններէն զգուշացնելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ։

3 Քրիստոնեաներ ըլլալով, ուրախ ու խաղաղասէր ենք, քանի որ ունինք Աստուծոյ սուրբ հոգին, որուն պտուղը կը պարփակէ խնդութիւն եւ խաղաղութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։ Յիսուս չուզեց որ իր աշակերտները իրենց խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը կորսնցնեն, ուստի զիրենք զգուշացուց երկարատեւ բարկութեան մահացու ազդեցութիւններէն (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։21, 22Ապա ան ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես» (Մատ. 5։23, 24

4, 5. ա) Մատթէոս 5։23, 24–ի մէջ Յիսուսի նշած «ընծան» ի՞նչ էր։ բ) Ընդվզած եղբօր մը հետ խաղաղութիւն ընելը ո՞րքան կարեւոր է։

4 Յիսուսի նշած «ընծան», Երուսաղէմի տաճարին մէջ մատուցուած որեւէ պատարագ էր։ Օրինակ, անասնական զոհերը կարեւոր էին, քանի որ Եհովայի պաշտամունքին մէկ մասն էին։ Սակայն Յիսուս աւելի կարեւոր բան մը շեշտեց,– Աստուծոյ ընծայ մատուցանելէ առաջ, ընդվզած անհատին հետ խաղաղութիւն ընել։

5 Յիսուսի այս խօսքէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Կասկած չկայ, թէ ուրիշներու հետ մեր վարուելու կերպը, Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունի (Ա. Յովհ. 4։20)։ Արդարեւ, վաղեմի ժամանակներուն Աստուծոյ մատուցուած ընծաները անիմաստ էին, եթէ զանոնք մատուցանողը մարդոց հետ պատշաճօրէն չէր վարուեր (Կարդալ՝ Միքիա 6։6-8

Խոնարհութիւնը դեր մը պէտք է խաղայ

6, 7. Ինչո՞ւ խոնարհութեան կարիք կայ, երբ կը ջանանք խաղաղ յարաբերութիւններ վերահաստատել եղբօր մը հետ, որ վիրաւորած ենք։

6 Ընդվզած եղբօր մը հետ խաղաղութիւն ընելը կրնայ մեր խոնարհութիւնը փորձի ենթարկել։ Խոնարհները հաւատակիցներուն հետ չեն վիճաբանիր, ջանալով ենթադրեալ իրաւունքներ պաշտպանել։ Ասիկա վնասակար իրավիճակ կը ստեղծէ, ինչպէս տեղի ունեցաւ վաղեմի Կորնթոսի մէջ։ Այդ կացութեան առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալ սա միտք–գրգռող կէտը նշեց. «Արդարեւ բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր» (Ա. Կոր. 6։7

7 Յիսուս չըսաւ թէ մեր եղբօր քով պէտք է երթանք, պարզապէս զինք համոզելու որ մենք շիտակ ենք, իսկ ինք՝ սխալ։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ խաղաղ յարաբերութիւններ վերահաստատել։ Խաղաղութիւն ընելու համար, պարկեշտօրէն պէտք է յայտնենք թէ ի՛նչ կը զգանք։ Նաեւ պէտք է գիտակցինք, թէ դիմացինին զգացումները վիրաւորուած են։ Իսկ եթէ սխալ գործած ենք, վստահաբար պիտի ուզենք խոնարհաբար ներողութիւն խնդրել։

«Եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ»

8. Մատթէոս 5։29, 30–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն միտք բանին տուր։

8 Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս բարոյականութեան մասին ողջամիտ խրատներ տուաւ։ Ան գիտէր թէ մեր անկատար մարմնի անդամները կրնան մեր վրայ վտանգաւոր ազդեցութիւն ունենալ։ Հետեւաբար ան ըսաւ. «Եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։ Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի» (Մատ. 5։29, 30

9. Մեր ‘աչքը’ կամ ‘ձեռքը’ ի՞նչպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ ‘գայթակղինք’։

9 Յիսուսի նշած ‘աչքը’ կը ներկայացնէ՝ բանի մը վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու զօրութիւնը կամ կարողութիւնը, իսկ ‘ձեռքը’ կը վերաբերի այն բաներուն, զորս մեր ձեռքերով կ’ընենք։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, մարմնի այս անդամները կրնան պատճառ ըլլալ որ ‘գայթակղինք’ ու ‘Աստուծոյ հետ քալելէ’ դադրինք (Ծն. 5։22. 6։9)։ Ուստի, երբ փորձութեան ենթարկուինք որ Եհովայի անհնազանդ գտնուինք, վճռական քայլեր պէտք է առնենք, այլաբանօրէն աչք մը հանելով կամ ձեռք մը կտրելով։

10, 11. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել սեռային անբարոյութենէ խուսափելու։

10 Ի՞նչպէս կրնանք մեր աչքերը զսպել, որ անբարոյ բաներու վրայ չկեդրոնանան։ Աստուածավախ Յոբ ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ» (Յոբ 31։1)։ Ան ամուսնացած մարդ մըն էր, որ վճռած էր Աստուծոյ բարոյական օրէնքները չբեկանել։ Նոյն վերաբերմունքը պէտք է ունենանք, ըլլանք ամուսնացած թէ ամուրի։ Սեռային անբարոյութենէ խուսափելու համար, պէտք է առաջնորդուինք Աստուծոյ սուրբ հոգիով, որ Աստուած սիրողներուն մէջ ժուժկալութիւն յառաջ կը բերէ (Գաղ. 5։22-25

11 Սեռային անբարոյութենէ հեռու կենալու համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Թոյլ կու տա՞մ աչքերուս որ գիրքերու, հեռատեսիլի կամ համացանցի միջոցաւ ներկայացուած անբարոյ նիւթերուն հանդէպ ախորժակս գրգռեն’։ Նաեւ մտաբերենք Յակոբոս աշակերտին սա խօսքերը. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի» (Յակ. 1։14, 15)։ Իրականութեան մէջ, եթէ Աստուծոյ նուիրուած անհատ մը կը շարունակէ անբարոյ շարժառիթներով «նայիլ» հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը, ան արմատական փոփոխութիւններ պէտք է մտցնէ, որպէս թէ իր աչքը կը հանէ ու կը նետէ (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։27, 28

12. Պօղոսի ո՞ր խրատը կրնայ մեզի օգնել անբարոյ ցանկութիւններու դէմ պայքարելու։

12 Նկատի ունենալով որ մեր ձեռքերը անպատշաճօրէն գործածելը կրնայ Եհովայի բարոյական չափանիշները լրջօրէն բեկանելու առաջնորդել, հաստատօրէն պէտք է վճռենք բարոյապէս մաքուր մնալ։ Հետեւաբար Պօղոսի սա խրատին պէտք է անսանք. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է» (Կող. 3։5)։ «Սպաննեցէք» բառը կ’ընդգծէ այն լուրջ քայլերը, որոնք պէտք է առնուին, անբարոյ մարմնաւոր ցանկութիւններուն դէմ պայքարելու համար։

13, 14. Անբարոյ խորհուրդներէ ու արարքներէ խուսափիլը ինչո՞ւ կենսական է։

13 Անհատ մը իր կեանքը պահպանելու համար, թերեւս յօժարի անդամահատութեան ենթարկուիլ։ Աչքը եւ ձեռքը այլաբանօրէն կտրելն ու նետելը կենսական է, որպէսզի խուսափինք անբարոյ մտածումէն եւ արարքներէն, որոնք կրնան մեր հոգեւոր կեանքը քանդել։ Մտաւորապէս, բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր մնալը միակ կերպն է, որ գեհենով խորհրդանշուած յաւիտենական կործանումէն խոյս տանք։

14 Ժառանգուած մեղքին ու անկատարութեան պատճառաւ, բարոյական մաքրութիւն պահելը ջանք կը պահանջէ։ Պօղոս ըսաւ. «Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ» (Ա. Կոր. 9։27)։ Ուստի վճռենք բարոյականութեան շուրջ Յիսուսի տուած խրատներուն հետեւիլ, բնաւ չվարուելով այնպիսի կերպերով, որոնք իր փրկանքի զոհին հանդէպ թերագնահատութիւն ցոյց կու տան (Մատ. 20։28. Եբ. 6։4-6

«Տուէ՛ք»

15, 16. ա) Յիսուս տալու մէջ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։ բ) Ղուկաս 6։38–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

15 Յիսուսի խօսքերն ու գերադրական օրինակը տալու հոգին կը յառաջացնեն։ Ան հոյակապ առատաձեռնութիւն ցուցաբերեց, անկատար մարդկութեան օգտին համար երկիր գալով (Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 8։9Յիսուս երկնային փառքը կամովին ձգեց, որպէսզի մարդ արարած ըլլայ եւ իր կեանքը տայ մեղաւոր մարդոց համար, որոնցմէ ոմանք երկինքի մէջ հարստութիւն պիտի շահէին իբրեւ իր ժառանգակիցները Թագաւորութեան մէջ (Հռով. 8։16, 17)։ Յիսուս վստահաբար առատաձեռնութիւն քաջալերեց, երբ ըսաւ.

16 «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկ. 6։38)։ ‘Գոգը տրուիլը’ կ’ակնարկէ կարգ մը վաճառորդներու սովորութեան, որոնք կը լեցնէին յաճախորդին պատմուճանին ծալքին մէջ։ Մեր սրտաբուխ առատաձեռնութիւնը կրնայ աղէկ չափով մեզի վերադարձուիլ, թերեւս երբ կարիք ունենանք (Ժող. 11։2

17. Եհովա ի՞նչպէս տալու մէջ գլխաւոր օրինակը հանդիսացաւ, եւ ի՞նչպիսի տալ կրնայ մեզ ուրախացնել։

17 Եհովա զուարթառատ կերպով նուիրողները կը սիրէ եւ կը վարձատրէ։ Ան գլխաւոր օրինակը հանդիսացաւ, իր միածին Որդին տալով՝ «որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Պօղոս գրեց. «Ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կոր. 9։6, 7)։ Ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու համար մեր ժամանակէն, կորովէն ու նիւթական միջոցներէն տալը, վստահաբար ուրախութիւն ու ճոխ վարձատրութիւններ պիտի բերէ մեզի (Կարդալ՝ Առակաց 19։17. Ղուկաս 16։9

«Առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ»

18. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ մեր երկնաւոր Հօրմէն ‘վարձք պիտի չառնենք’։

18 «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է» (Մատ. 6։1)։ «Ողորմութիւն» բառով Յիսուս ըսել ուզեց արարքներ, որոնք Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են։ Ան ըսել չուզեց, թէ այսպիսի արարքներ երբեք հանրապէս պէտք չէ կատարուին, քանի որ իր աշակերտներուն ըսած էր. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ» (Մատ. 5։14-16)։ Բայց մեր երկնաւոր Հօրմէն ‘վարձք պիտի չառնենք’, եթէ մեր շարժառիթն ըլլայ «երեւնալ» եւ ուրիշները տպաւորել, բեմին վրայ դերեր կատարողներու նման։ Այսպիսի մղումներ թոյլ չեն տար որ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն կամ Թագաւորութեան իշխանութեան յաւիտենական օրհնութիւնները վայելենք։

19, 20. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի խօսքը՝ «Երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ»։ բ) Ի՞նչպէս թոյլ չենք տար որ ձախ ձեռքը գիտնայ աջ ձեռքին ի՛նչ տալը։

19 Եթէ պատշաճ վերաբերմունք ունինք, պիտի անսանք Յիսուսի յորդորին. «Երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’» (Մատ. 6։2)։ ‘Ողորմութեան’ նուէրները նուիրատուութիւններ էին կարօտեալներուն օգնելու (Կարդալ՝ Եսայի 58։6, 7Յիսուս եւ իր առաքեալները գանձանակ մը ունէին, որուն գումարը կը գործածուէր աղքատներուն օգնելու (Յովհ. 12։5-8. 13։29)։ Ողորմութիւն ընելէ առաջ բառացիօրէն փող չէին հնչեցներ, ուստի ակներեւօրէն Յիսուսի խօսքը չափազանցութիւն էր։ Ողորմութիւն տալը պէտք չէ յայտարարենք, ինչպէս հրեայ փարիսեցիները ըրին։ Յիսուս զանոնք կեղծաւորներ կոչեց, քանի որ իրենց բարեսիրական նուիրատուութիւնները կը ծանուցանէին «ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ»։ Այդ կեղծաւորները ‘իրենց վարձքը առած կ’ըլլային’։ Մարդոց կողմէ գովասանք ստանալը եւ հաւանաբար ժողովարանին մէջ ականաւոր ռաբբիներու քով բազմիլը, անոնց ամբողջ վարձատրութիւնը պիտի ըլլար, քանի որ Եհովա իրենց ոչինչ պիտի տար (Մատ. 23։6)։ Արդ, Քրիստոսի աշակերտները ի՞նչպէս վարուելու էին։ Յիսուս անոնց՝ եւ մեզի՝ ըսաւ.

20 «Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը, որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ» (Մատ. 6։3, 4)։ Մեր ձեռքերը սովորաբար միասին կը գործեն։ Հետեւաբար, թոյլ չտալը որ ձախ ձեռքը գիտնայ աջ ձեռքին ի՛նչ տալը, կը նշանակէ թէ մեր բարերարութիւնը չենք ծանուցաներ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք մեզի ա՛յնքան մօտիկ են, ո՛րքան ձախ ձեռքը աջ ձեռքին։

21. ‘Գաղտուկը տեսնողին’ հատուցումը ի՞նչ կը պարփակէ։

21 Եթէ մեր բարերարութեամբ չպարծենանք, մեր «ողորմութեան» նուէրները գաղտուկ պիտի ըլլան։ Ապա մեր Հայրը, «որ գաղտուկը կը տեսնէ», մեզի հատուցում պիտի ընէ։ Երկինքի մէջ բնակելով, մեր երկնաւոր Հայրը «գաղտուկ» կը մնայ, այսինքն՝ մարդկային աչքերուն անտեսանելի (Յովհ. 1։18)։ ‘Գաղտուկը տեսնողին’ հատուցումը կը պարփակէ՝ իրեն հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունենալ, մեր մեղքերը ներուիլ ու յաւիտենական կեանք ստանալ (Առ. 3։32. Յովհ. 17։3. Եփ. 1։7)։ Ասիկա շա՜տ աւելի լաւ է, քան մարդոց կողմէ գովասանք ստանալը։

Արժեւորուելիք թանկագին խօսքեր

22, 23. Յիսուսի խօսքերը ինչո՞ւ պէտք է արժեւորենք։

22 Լերան քարոզը վստահաբար լեցուն է հոգեւոր գոհարներով, որոնք բազմաթիւ սիրուն երեսակներ ունին։ Անիկա անտարակոյս կը բովանդակէ անգին խօսքեր, որոնք կրնան մեզ ուրախացնել նոյնիսկ այս տագնապալից աշխարհին մէջ։ Արդարեւ երջանիկ պիտի ըլլանք, եթէ Յիսուսի խօսքերը արժեւորենք եւ թոյլ տանք որ մեր վերաբերմունքին եւ ապրելակերպին ազդեն։

23 Ամէն անհատ, որ Յիսուսի սորվեցուցած բաները «կը լսէ եւ կը կատարէ», պիտի օրհնուի (Կարդալ՝ Մատթէոս 7։24, 25Ուստի վճռենք Յիսուսի խրատներուն հետեւիլ։ Յաջորդ յօդուածը Լերան քարոզէն յաւելեալ կէտեր պիտի քննարկէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ընդվզած եղբօր մը հետ խաղաղութիւն ընելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

• Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ չտալ մեր «աջ աչք»ին որ մեզ գայթակղեցնէ։

• Տալու նկատմամբ մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Ընդվզած հաւատակիցի մը հետ ‘հաշտուիլը’ ի՜նչ աղէկ է

[Նկար՝ էջ 21]

Եհովա ուրախութեամբ տուողները կ’օրհնէ