Յիսուսի խօսքերը ի՛նչպէս երջանկութիւն կը յառաջացնեն
Յիսուսի խօսքերը ի՛նչպէս երջանկութիւն կը յառաջացնեն
‘Յիսուս լեռը ելաւ։ Իր աշակերտները քովը գացին, եւ ինք սկսաւ անոնց սորվեցնել’ (ՄԱՏ. 5։1, 2)։
1, 2. ա) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Յիսուս իր Լերան քարոզը տուաւ։ բ) Յիսուս իր ճառախօսութիւնը ի՞նչպէս սկսաւ։
ՅԻՍՈՒՍ մ.թ. 31–ին, Գալիլիոյ մէջ իր կատարած շրջապտոյտը կ’ընդհատէ, Երուսաղէմի մէջ Պասեքը տօնելու (Յովհ. 5։1)։ Գալիլիա վերադառնալով, ան ամբողջ գիշեր մը կ’աղօթէ, 12 առաքեալները ընտրելու մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրելով։ Յաջորդ օրը, բազմութիւն մը կը հաւաքուի, մինչ Յիսուս հիւանդներ կը բժշկէ։ Իր աշակերտներուն եւ ուրիշներու ներկայութեան, ան լերան լանջին կը նստի եւ կը սկսի սորվեցնել (Մատ. 4։23–5։2. Ղուկ. 6։12-19)։
2 Յիսուս իր ճառախօսութիւնը՝ Լերան քարոզը կը սկսի, ցոյց տալով թէ երջանկութիւնը Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութեան արդիւնքն է (Կարդալ՝ Մատթէոս 5։1-12)։ Երջանկութիւնը ‘բարօրութեան վիճակ մըն է, գոհունակութեան զգացումէն մինչեւ սաստիկ բերկրանք’։ Յիսուսի նշած ինը երանութիւնները ուշագրաւ կը դարձնեն, թէ քրիստոնեաները ինչո՛ւ երջանիկ են, եւ այս խօսքերը նո՛յնքան օգտակար են, ո՛րքան էին շուրջ 2000 տարի առաջ։ Այժմ նկատի առնենք անոնցմէ իւրաքանչիւրը։
Անոնք «որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն»
3. Ի՞նչ կը նշանակէ մեր հոգեւոր կարիքներուն գիտակից ըլլալ։
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց՝ որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն», ՆԱ], վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է» (Մատ. 5։3)։ ‘Իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողները’ կ’անդրադառնան, որ հոգեւորապէս խեղճ են եւ Աստուծոյ ողորմութեան պէտք ունին։
4, 5. ա) Իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողները ինչո՞ւ երջանիկ են։ բ) Մեր հոգեւոր կարիքները ի՞նչպէս կրնանք գոհացնել։
4 Իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողները երջանիկ են, «վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է»։ Յիսուսը որպէս Մեսիա ընդունիլը նախկին աշակերտներուն առջեւ հաւանականութիւն դրաւ, որ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի հետ իշխեն (Ղուկ. 22։28-30)։ Ըլլանք երկնքի մէջ Քրիստոսի իշխանակից ըլլալու յոյս ունեցողներ կամ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ երկրային դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք ակնկալողներ, կրնա՛նք երջանիկ ըլլալ, եթէ իրապէս մեր հոգեւոր կարիքներուն կը գիտակցինք ու լիովին կ’ընդունինք թէ Աստուծմէ կախեալ ենք։
5 Ամէն ոք իր հոգեւոր կարիքներուն գիտակից չէ, քանի որ շատեր հաւատք չունին եւ սրբազան բաները չեն գնահատեր (Բ. Թես. 3։1, 2. Եբ. 12։16)։ Մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար, հարկ է որ Աստուածաշունչը ժրաջանութեամբ ուսումնասիրենք, աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցինք ու քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք (Մատ. 28։19, 20. Եբ. 10։23-25)։
‘Երանելի’ սգաւորներ
6. Ո՞վ են «սգաւորներ»ը եւ ինչո՞ւ ‘երանելի’ են։
6 «Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին» (Մատ. 5։4)։ «Սգաւորներ»ը՝ ‘իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողներուն’ նման անհատներ են։ Անոնք չեն սգար այն իմաստով, որ իրենց կեանքի վիճակէն կը դժգոհին։ Անոնց սուգը կը յայտնէ իրենց տխրութիւնը՝ իրենց մեղաւոր կացութեան համար եւ մարդկային անկատարութեան յառաջ բերած վիճակներուն համար։ Այսպիսի սգաւորներ ինչո՞ւ ‘երանելի’ են։ Քանի որ անոնք Աստուծոյ ու Քրիստոսի կը հաւատան ու Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալով կը մխիթարուին (Յովհ. 3։36)։
7. Սատանայի աշխարհին նկատմամբ ի՞նչ պէտք է զգանք։
7 Սատանայի աշխարհին մէջ լայնատարած եղող անիրաւութեան համար անհատապէս կ’ողբա՞նք։ Այս աշխարհի հրամցուցած բաներուն նկատմամբ իրապէս ի՞նչ կը զգանք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ» (Ա. Յովհ. 2։16)։ Բայց եթէ նկատենք որ «աշխարհի հոգին»,– Աստուծմէ օտարացած մարդկային ընկերութեան տիրապետող մղիչ ուժը,– սկսած է մեր հոգեւորութիւնը քայքայել, ջերմեռանդօրէն աղօթենք, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք եւ երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։ Եհովայի աւելի մօտենալով պիտի ‘մխիթարուինք’, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեզ նեղացնող բանը (Ա. Կոր. 2։12. Սաղ. 119։52. Յակ. 5։14, 15)։
«Հեզեր»ը ո՜րքան երջանիկ են
8, 9. Ի՞նչ կը նշանակէ հեզ ըլլալ, եւ ինչո՞ւ հեզերը երջանիկ են։
8 «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատ. 5։5)։ Հեզութիւնը տկարութիւն կամ կեղծ ազնուութիւն չէ (Ա. Տիմ. 6։11)։ Եթէ հեզ ենք, խոնարհամտութիւն պիտի ցուցաբերենք՝ Եհովայի կամքը ընելով եւ իր առաջնորդութիւնը ընդունելով։ Հեզութիւնը նաեւ բացայայտ պիտի ըլլայ հաւատակիցներու եւ ուրիշներու հետ մեր վարուելու կերպով։ Այսպիսի հեզութիւն ներդաշնակ է Պօղոս առաքեալի խրատին հետ (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։17-19)։
9 Հեզերը ինչո՞ւ երջանիկ են։ Քանի որ «անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը», ըսաւ հեզ Յիսուս։ Ան երկրի գլխաւոր Ժառանգորդն է (Սաղ. 2։8. Մատ. 11։29. Եբ. 2։8, 9)։ Սակայն «Քրիստոսին [հեզ] ժառանգակիցներ»ն ալ երկրի ժառանգութեան մէջ բաժին կ’ունենան (Հռով. 8։16, 17)։ Յիսուսի Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ, բազմաթիւ այլ հեզեր յաւիտենական կեանք պիտի վայելեն (Սաղ. 37։10, 11)։
10. Հեզութեան պակասը ի՞նչպէս կ’ազդէ ծառայութեան մեր առանձնաշնորհումներուն եւ ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան։
10 Յիսուսի նման, մենք հեզ պէտք է ըլլանք։ Բայց եթէ ճանչցուած ենք որպէս կռուասէր, այս յարձակողական ու թշնամական վերաբերմունքը կրնայ մարդիկը մեզմէ հեռացնել։ Իսկ եթէ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւն ցանկացող եղբայրներ ենք, այս առանձնայատկութիւնը մեզ անորակեալ կը դարձնէ (Ա. Տիմ. 3։1, 3)։ Պօղոս Տիտոսի ըսաւ, որ շարունակէ Կրետէի քրիստոնեաներուն յիշեցնել, որ «կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն» (Տիտ. 3։1, 2)։ Այս հեզութիւնը ուրիշներուն համար ի՜նչ օրհնութիւն է։
Անոնք անօթութիւն ունին «արդարութեան»
11-13. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ անօթի ու ծարաւ ըլլալ արդարութեան։ բ) Ի՞նչպէս կը «կշտանան» անոնք՝ որոնք անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան։
11 «Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան» (Մատ. 5։6)։ Յիսուսի ի մտի ունեցած «արդարութիւնը»՝ Աստուծոյ կամքին ու պատուիրաններուն ենթարկուելով շիտակը ընելու յատկութիւնն է։ Սաղմոսերգուն ըսաւ թէ Աստուծոյ արդար դատաստաններուն «ցանկալէն», ‘իր անձը կը նեղուէր’ (Սաղ. 119։20)։ Արդարութեան անօթութիւն ու ծարաւ ունենալու աստիճան զայն կ’արժեւորե՞նք։
12 Յիսուս ըսաւ թէ արդարութեան անօթութիւն ու ծարաւ ունեցողները երջանիկ պիտի ըլլան, քանի որ «պիտի կշտանան» կամ լիովին յագենան։ Ասիկա կարելի դարձաւ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, քանի որ Եհովայի սուրբ հոգին այդ ատեն սկսաւ ‘աշխարհը յանդիմանել. . . արդարութեան համար’ (Յովհ. 16։8)։ Աստուծոյ սուրբ հոգիով ներշնչուած, անհատներ գրեցին Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները, որոնք օգտակար են «արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Աստուծոյ հոգին նաեւ մեզ կարող կը դարձնէ, որ ‘նոր մարդը հագնինք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութեամբ ստեղծուած է’ (Եփ. 4։24)։ Մխիթարական չէ՞ գիտնալ, թէ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, իրենց մեղքերուն համար զղջացող ու ներում հայցող անհատները կրնան Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ունենալ (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 3։23, 24)։
13 Եթէ երկրային յոյս ունինք, մեր անօթութիւնն ու ծարաւը արդարութեան ամբողջովին պիտի գոհացուին, երբ երկրի վրայ արդար պայմաններու ներքեւ յաւիտենական կեանք վայելենք։ Մինչ այդ, վճռենք Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33)։ Ասիկա ընելը մեր ձեռքերը բարեպաշտ գործերով պիտի լեցնէ, իսկ մեր սիրտը՝ իսկական երջանկութեամբ (Ա. Կոր. 15։58)։
«Ողորմածներ»ը ինչո՛ւ երջանիկ են
14, 15. Ի՞նչպէս կրնանք ողորմութիւն ցուցաբերել, եւ ինչո՞ւ «ողորմածներ»ը երջանիկ են։
14 «Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մատ. 5։7)։ «Ողորմածներ»ը ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութեամբ ու գթութեամբ կը մղուին։ Յիսուս հրաշալիօրէն շատերու նեղութիւնը թեթեւցուց, քանի որ գթաց անոնց վրայ (Մատ. 14։14)։ Ողորմութիւնը դատական առումով մը կը դրսեւորուի, երբ մարդիկ իրենց դէմ մեղանչողներուն կը ներեն, ինչպէս որ Եհովա զղջացողներուն գթածութեամբ կը ներէ (Ել. 34։6, 7. Սաղ. 103։10)։ Կրնանք ողորմութիւն ցուցաբերել այդ կերպով եւ մեր ազնիւ խօսքերով ու արարքներով, որոնք անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողները կը հանգստացնեն։ Ուրիշներուն հետ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ բաժնելը, ողորմութիւն ցոյց տալու ընտիր կերպ մըն է։ Բազմութեան մը վրայ գթալով, Յիսուս «շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։34)։
15 Վաւերական պատճառ ունինք համաձայն գտնուելու Յիսուսի խօսքին հետ. «Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»։ Եթէ ուրիշներու հետ ողորմութեամբ վարուինք, հաւանական է որ անոնք նոյն կերպով ընդառաջեն։ Իսկ դատաստանի ժամանակ, Աստուած կրնայ մեզ աննպաստ կերպով չդատել, եթէ ուրիշներուն հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերած Յակ. 2։13)։ Մեղքերու ներումը եւ յաւիտենական կեանքը՝ միայն ողորմածներուն համար են (Մատ. 6։15)։
ենք («Սրտով մաքուր» եղողները ինչո՛ւ երանելի են
16. Ի՞նչ կը նշանակէ «սրտով մաքուր» ըլլալ, եւ այս յատկութիւնը ունեցողները ի՞նչպէս ‘Աստուած կը տեսնեն’։
16 «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած» (Մատ. 5։8)։ Եթէ «սրտով մաքուր» ենք, մեր զգացումներուն, ցանկութիւններուն ու շարժառիթներուն մէջ անարատութիւնը բացայայտ պիտի ըլլայ։ Եւ ‘սուրբ սրտով պիտի սիրենք’ (Ա. Տիմ. 1։5)։ Ներքնապէս մաքուր ըլլալով, ‘Աստուած պիտի տեսնենք’։ Ասիկա անպայմանօրէն չի նշանակեր բառացիօրէն Եհովան տեսնել, քանի որ «մարդ չի կրնար [Աստուած] տեսնել ու ապրիլ» (Ել. 33։20)։ Սակայն Աստուծոյ անձնաւորութիւնը կատարելապէս արտացոլացնելով, Յիսուս կրնար ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։7-9)։ Իբրեւ Եհովայի երկրային երկրպագուներ, կրնանք ‘Աստուած տեսնել’, մեզի ի նպաստ ըրած գործերով (Յոբ 42։5)։ Օծեալ քրիստոնեաներուն համար Աստուած տեսնելը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ հոգեղէն կեանքի կը յարուցանուին եւ իրենց երկնային Հայրը իրապէս կը տեսնեն (Ա. Յովհ. 3։2)։
17. Սրտով մաքուր ըլլալը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր վրայ։
17 Որովհետեւ մաքուր սիրտը բարոյապէս ու հոգեւորապէս անբիծ է, անիկա Եհովայի աչքին պիղծ եղող բաներուն վրայ չի կեդրոնանար (Ա. Մն. 28։9. Եսա. 52։11)։ Եթէ սրտով մաքուր ենք, մեր ըսածը եւ ըրածը անարատութեամբ յատկանշուած պիտի ըլլան, եւ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեան մէջ որեւէ կեղծաւորութիւն պիտի չըլլայ։
«Խաղաղութիւն ընողներ»ը Աստուծոյ որդիներ կ’ըլլան
18, 19. «Խաղաղութիւն ընողներ»ը ի՞նչպէս կը վարուին։
18 «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատ. 5։9)։ «Խաղաղութիւն ընողներ»ը իրենց ընելիք եւ չընելիք բաներով կը բնորոշուին։ Եթէ Յիսուսի ի մտի ունեցած անհատներէն ենք, ուրեմն խաղաղարար ենք եւ ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն չենք հատուցաներ’, հապա ‘ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ կ’ըլլանք՝ բոլորին հանդէպ’ (Ա. Թես. 5։15)։
19 Խաղաղարարներուն մէջ պարփակուելու համար, եռանդունօրէն խաղաղութիւն պէտք է յառաջացնենք։ Խաղաղարարները բան մը չեն ըներ, որ «մտերիմ բարեկամները կը զատէ» (Առ. 16։28)։ Որպէս խաղաղութիւն ընողներ, դրական քայլեր կ’առնենք, որ ‘խաղաղութեան ետեւէ ըլլանք ամէնուն հետ’ (Եբ. 12։14)։
20. Ներկայիս որո՞նք «Աստուծոյ որդիներ» են, իսկ հետագային որո՞նք ալ Աստուծոյ զաւակներ պիտի ըլլան։
20 Խաղաղարարները երանելի են, քանի որ «Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ Հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաները Եհովայի կողմէ որդեգրուած են իբրեւ «Աստուծոյ որդիներ»։ Անոնք արդէն իսկ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունին որպէս իր որդիները, քանի որ Քրիստոսի կը հաւատան եւ ամբողջ սիրտով կը պաշտեն «սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը» (Բ. Կոր. 13։11. Յովհ. 1։12)։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի խաղաղարար «ուրիշ ոչխարներ»ուն մասին։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին Յիսուս անոնց ‘Յաւիտենական Հայր’ պիտի ըլլայ, բայց անոր աւարտին՝ Յիսուս Եհովայի պիտի ենթարկուի եւ անոնք լման առումով Աստուծոյ որդիներ պիտի ըլլան (Յովհ. 10։16. Եսա. 9։6. Հռով. 8։21. Ա. Կոր. 15։27, 28)։
21. Եթէ ‘հոգիով կ’ապրինք’, ի՞նչպէս պիտի վարուինք։
21 Եթէ ‘հոգիով կ’ապրինք’, ուրիշներ դիւրաւ պիտի նկատեն թէ խաղաղասիրութիւնը մեր մէկ յատկութիւնն է։ ‘Մէկզմէկ պիտի չգրգռենք’ կամ զիրար մրցակցութեան պիտի չհրահրենք (Գաղ. 5։22-26)։ Փոխարէն, կը ջանանք ‘ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենալ’ (Հռով. 12։18)։
Երանելի՝ թէեւ հալածուած
22-24. ա) Արդարութեան համար հալածուողները ինչո՞ւ երանելի են։ բ) Յաջորդ երկու ուսումնասիրութեան յօդուածներուն մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
22 «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է» (Մատ. 5։10)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։11, 12)։
23 Աստուծոյ վաղեմի մարգարէներուն նման, քրիստոնեաները կ’ակնկալեն նախատուիլ, հալածուիլ եւ սուտերու թիրախ դառնալ,– «արդարութեան համար»։ Սակայն այսպիսի փորձերու հաւատարմօրէն տոկալով, Եհովան հաճեցնելու եւ պատուելու գոհունակութիւնը ունինք (Ա. Պետ. 2։19-21)։ Մեր տառապանքը չի նուազեցներ մեր ուրախութիւնը Եհովայի ծառայութեան մէջ, հիմա թէ ապագային։ Անիկա չի նուազեցներ երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ իշխելու երջանկութիւնը կամ որպէս այդ կառավարութեան երկրային հպատակներէն մէկը յաւիտեան ապրելու ուրախութիւնը։ Այսպիսի օրհնութիւններ կ’ապացուցանեն Աստուծոյ շնորհքը, բարեացակամութիւնն ու առատաձեռնութիւնը։
24 Լերան քարոզէն տակաւին շատ բան կարելի է սորվիլ։ Յաջորդ երկու ուսումնասիրութեան յօդուածները զանազան դասեր նկատի կ’առնեն։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք Յիսուս Քրիստոսի միւս խօսքերը կիրարկել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• ‘Իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողները’ ինչո՞ւ երջանիկ են։
• «Հեզեր»ուն երջանկութեան պատճառը ի՞նչ է։
• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ երջանիկ են, թէեւ կը հալածուին։
• Յիսուսի նշած ո՞ր երանութիւնը յատկապէս քեզ կը տպաւորէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Յիսուսի ցցուն ըրած ինը երանութիւնները նո՛յնքան օգտակար են այսօր՝ ո՛րքան անցեալին
[Նկար՝ էջ 16]
Ուրիշներուն հետ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ բաժնելը, ողորմութիւն ցոյց տալու ընտիր կերպ մըն է