Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք կ’ընդունի՞
Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք կ’ընդունի՞
Սովորական պատասխաններ
▪ «Բոլոր կրօնքներն ալ Աստուծոյ տանող ճամբաներ են»։
▪ «Եթէ հաւատքիդ մէջ անկեղծ ես, կարեւոր չէ թէ ի՛նչ բանի կը հաւատաս»։
Յիսուս ի՞նչ ըսաւ
▪ «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։13, 14)։ Յիսուս չհաւատաց թէ բոլոր ճամբաները Աստուծոյ կը տանին։
▪ «Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (Մատթէոս 7։22, 23)։ Յիսուս իրեն հետեւիլ դաւանող բոլոր անհատները չ’ընդունիր։
ԿՐՕՆԱՍԷՐ անհատներէն շատեր իրենց հաւատալիքներն ու աւանդութիւնները մեծապէս կ’արժեւորեն։ Բայց ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ այս ուսուցումները Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ հետ ներդաշնակ չեն։ Յիսուս մարդակերտ աւանդութիւններու հետեւելուն վտանգը ընդգծեց, երբ ժամանակակից կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք»։ Ապա ան Աստուծոյ խօսքերը մէջբերեց. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով» (Մատթէոս 15։1-9. Եսայի 29։13)։
Ո՛չ միայն հաւատալիքները կարեւոր են, այլեւ՝ վարքը։ Աստուածաշունչը Աստուած պաշտել դաւանող կարգ մը անհատներու մասին կ’ըսէ. «Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան» (Տիտոս 1։16)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը այժմու մարդոց մասին կ’ըսէ. «Աւելի հեշտանքը սիրող [են]՝ քան զԱստուած։ Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան։ Զգուշացի՛ր անոնցմէ» (Բ. Տիմոթէոս 3։4, 5, Անթիլիաս)։
Անկեղծութիւնը պահանջուած է, բայց աւելի բաներու կարիք կայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկեղծ անհատը կրնայ սխալ ճամբայ բռնած ըլլալ։ Հետեւաբար, Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւնը կենսական է (Հռովմայեցիս 10։2, 3)։ Այս գիտութիւնը իւրացնելը եւ Աստուածաշունչին ըսածներուն հետ ներդաշնակ գործելը, մեզ կարող պիտի դարձնեն որ Աստուած հաճեցնենք (Մատթէոս 7։21)։ Արդ, շիտակ կրօնքը կը պարփակէ՝ շիտակ շարժառիթ, շիտակ հաւատալիք եւ շիտակ արարք։ Իսկ շիտակ արարքը կը նշանակէ՝ ամէն օր Աստուծոյ կամքը գործադրել (Ա. Յովհաննէս 2։17)։
Եթէ կ’ուզես ա՛լ աւելի գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին ի՛նչ կ’ըսէ, կապ պահէ Եհովայի վկաներուն հետ, Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւն մը խնդրելով։
[Մէջբերում՝ էջ 9]
Շիտակ կրօնքը կը պարփակէ՝ շիտակ շարժառիթ, շիտակ հաւատալիք եւ շիտակ արարք