Աստուած անուն մը ունի՞
Աստուած անուն մը ունի՞
Սովորական պատասխաններ
▪ «Անոր անունը Տէր է»։
▪ «Ան անձնական անուն մը չունի»։
Յիսուս ի՞նչ ըսաւ
▪ «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’» (Մատթէոս 6։9)։ Յիսուս կը հաւատար, թէ Աստուած անուն մը ունի։
▪ «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհաննէս 17։26)։ Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց։
▪ «Ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք, մինչեւ գայ այն ժամանակը, որ պիտի ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունովը կու գայ’» (Ղուկաս 13։35. Սաղմոս 118։26)։ Յիսուս Աստուծոյ անունը գործածեց։
ԱՍՏՈՒԱԾ ինք կը յայտնէ մեզի իր անունը։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է, թէ ան կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ * Աստուծոյ նշած եբրայերէն անունը՝ հայերէն լեզուով Եհովա է։ Թերեւս անակնկալի գաս թէ այս անզուգական եբրայերէն անունը, Աստուածաշունչի հին ձեռագիրներուն մէջ հազարաւոր անգամներ նշուած է։ Արդարեւ Աստուածաշունչին մէջ անիկա աւելի յաճախ նշուած է, քան որեւէ այլ անուն։
«Աստուծոյ անունը ի՞նչ է» հարցումին, ոմանք կը պատասխանեն. «Տէր»։ Սակայն ասիկա կը նմանի «թեկնածուն» ըսելուն, առ ի պատասխան «ընտրութիւնները ո՞վ շահեցաւ» հարցումին։ Երկուքն ալ յստակ պատասխան չեն, քանի որ «Տէր» ու «թեկնածու» բառերը անուններ չեն։
Աստուած ինչո՞ւ իր անունը մեզի յայտնեց։ Որպէսզի կարենանք զինք աւելի լաւ ճանչնալ։ Բացատրենք։ Պարագաներուն համաձայն, անհատ մը կրնայ կոչուիլ պարոն, վարպետ, հայրիկ կամ պապ։ Այս տիտղոսները անոր մասին բան մը կը յայտնեն, բայց անունը մեզի կը յիշեցնէ անոր մասին մեր գիտցած բոլոր բաները։ Նոյնպէս, Տէր, Ամենակալ, Հայր եւ Ստեղծիչ տիտղոսները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Աստուծոյ գործունէութեան տարբեր երեսակներուն վրայ։ Բայց միայն իր անձնական անունը՝ Եհովա, մեզի կը յիշեցնէ իր մասին մեր գիտցած բոլոր բաները։ Ի՞նչպէս կրնաս իրապէս Աստուած ճանչնալ առանց իր անունը գիտնալու։
Կարեւոր է ո՛չ միայն այդ անունը գիտնալ, այլ նաեւ՝ զայն գործածել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռովմայեցիս 10։13. Յովէլ 2։32)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 9 Աստուծոյ անուան նշանակութեան մասին բացատրութիւն ստանալու, ինչպէս նաեւ գիտնալու համար թէ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ ինչո՛ւ զայն չեն բովանդակեր, կրնաս դիմել Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին, էջ 195-197, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Պարագաներուն համաձայն, անհատ մը կրնայ կոչուիլ պարոն, վարպետ, հայրիկ կամ պապ։ Բայց անձնական անունը մեզի կը յիշեցնէ անոր մասին մեր գիտցած բոլոր բաները