Աստուած ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է
Աստուած ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է
Սովորական պատասխաններ
▪ «Աստուած մեծ անձնաւորութիւն մը ըլլալով, խնդիրներուս ուշադրութիւն չ’ընծայեր»։
▪ «Չեմ խորհիր որ Աստուծոյ քով արժէք կը ներկայացնեմ»։
Յիսուս ի՞նչ ըսաւ
▪ «Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք» (Ղուկաս 12։6, 7)։ Անտարակոյս, Յիսուս սորվեցուց թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։
▪ «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են» (Մատթէոս 6։31, 32)։ Յիսուս կը հաւատար թէ Աստուած մեր անձնական կարիքները գիտէ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ որոշապէս կը նշէ, թէ Աստուած մեզ կը հոգայ (Սաղմոս 55։22. Ա. Պետրոս 5։7)։ Այսուհանդերձ, ինչո՞ւ շատ տառապանք կը կրենք։ Սիրառատ եւ ամենազօր Աստուած ինչո՞ւ տառապանքին վերջ չի դներ։
Պատասխանը կը պարփակէ մեծամասնութեան անծանօթ եղող իրողութիւն մը,– Բանսարկուն այս չար աշխարհին կառավարիչն է։ Յիսուսը փորձելով, Սատանան աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները հրամցուց՝ ըսելով. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա» (Ղուկաս 4։5-7)։
Ո՞վ Սատանան աշխարհին կառավարիչը ըրաւ։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամ ու Եւան, Սատանայի հնազանդելով ու Աստուծոյ կռնակ դարձնելով, Սատանան ընտրեցին որպէս իրենց իշխանը։ Այդ ըմբոստութենէն ի վեր, Եհովա Աստուած համբերութեամբ ժամանակ թոյլատրած է, ցոյց տալու համար թէ Սատանայի իշխանութիւնը բոլորովին անյաջող է։ Եհովա մարդիկը չէ ստիպած որ իրեն ծառայեն, այլ՝ մեզի առիթ տուած է որ իրեն վերադառնանք (Հռովմայեցիս 5։10)։
Որովհետեւ Աստուած մեզ կը հոգայ, կարգադրութիւններ ըրած է որ Յիսուսի միջոցով մեզ ազատէ Սատանայի իշխանութենէն։ Մօտ ապագային, Յիսուս պիտի «փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան» (Եբրայեցիս 2։14)։ Ասիկա ընելով, ան «Սատանային գործերը [պիտի] քանդէ» (Ա. Յովհաննէս 3։8)։
Երկրագունդին վրայ դրախտը պիտի վերահաստատուի։ Այդ ժամանակ, Աստուած մարդոց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։4, 5)։ *
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 12 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը թոյլատրած է, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, գլուխ 11, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 8]
Երկրագունդին վրայ դրախտը պիտի վերահաստատուի