Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած իրական ա՞նձ մըն է

Աստուած իրական ա՞նձ մըն է

Աստուած իրական ա՞նձ մըն է

Սովորական պատասխաններ

▪ «Ան ամէնուրեք եւ ամէն բանի մէջ է։ Ան հովին նման է»։

▪ «Ան անբացատրելի մտացի, վերացական ոյժ մըն է»։

Յիսուս ի՞նչ ըսաւ

▪ «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան» (Յովհաննէս 14։2)։ Յիսուս Աստուծոյ մասին խօսեցաւ որպէս թէ այլաբանական տուն կամ բնակարան մը ունի։

▪ «Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ. նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ’երթամ» (Յովհաննէս 16։28)։ Յիսուս կը հաւատար, թէ Աստուած իսկական Անձ մըն է, որ մասնայատուկ վայրի մը մէջ կ’ապրի։

ՅԻՍՈՒՍ երբեք Աստուծոյ չակնարկեց որպէս վերացական ոյժ մը։ Ընդհակառակը, ան Աստուծոյ հետ խօսեցաւ եւ անոր աղօթեց։ Ան յաճախ Աստուած կոչեց իր երկնաւոր Հայրը,– արտայայտութիւն մը՝ որ Աստուծոյ հետ իր խոր մտերմութիւնը կը յայտնէ (Յովհաննէս 8։19, 38, 54

Ճիշդ է որ «մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ» եւ թէ «Աստուած Հոգի է» (Յովհաննէս 1։18. 4։24)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ ան որեւէ տեսակի մարմին կամ կերպարանք չունի։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Շնչաւոր մարմին կայ, հոգեւոր մարմին ալ կայ» (Ա. Կորնթացիս 15։44)։ Ուստի Աստուած հոգեւոր մարմին մը ունի՞։

Այո՛։ Երբ Յիսուս յարուցանուեցաւ, «մտաւ. . . բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ» (Եբրայեցիս 9։24)։ Ասիկա Աստուծոյ մասին երկու կարեւոր իրողութիւններ կը սորվեցնէ մեզի։ Առաջին, ան բնակելու վայր ունի։ Երկրորդ, ան Անձ է, եւ ո՛չ թէ պարզապէս անսահմանելի ոյժ, որ ամէնուրեք կը գտնուի։

Աստուծոյ ազդեցութիւնը ի՞նչպէս ամէն տեղ կարելի է զգալ։ Աստուած կրնայ իր սուրբ հոգին, կամ գործօն ուժը, տիեզերքի մէջ որեւէ տեղ ղրկել։ Հօր մը նման, որ իր ձեռքը կ’երկարէ իր զաւակները մխիթարելու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու, Աստուած իր սուրբ հոգին կը ղրկէ իր նպատակը իրագործելու (Սաղմոս 104։30. 139։7

Որովհետեւ Աստուած Անձ է, ան նաեւ անձնաւորութիւն ունի,– որոշ բաներէ կ’ախորժի կամ չ’ախորժիր, եւ զգացումներու տէր է։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ ան իր ժողովուրդը կը սիրէ, իր գործերուն վրայ կ’ուրախանայ, կռապաշտութիւնը կ’ատէ եւ չարութեան համար կը վշտանայ (Ծննդոց 6։6. Բ. Օրինաց 16։22. Գ. Թագաւորաց 10։9. Սաղմոս 104։31Ա. Տիմոթէոս 1։11–ի մէջ, ան «երանելի Աստուած» կոչուած է։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս ըսաւ, թէ կրնա՛նք այս Աստուածը մեր ամբողջ սիրտով սիրել (Մարկոս 12։30 *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Հօր մը նման, որ իր ձեռքը կ’երկարէ, Աստուած իր սուրբ հոգին կը ղրկէ իր նպատակը իրագործելու