Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Արթուն կեցէ՛ք»

«Արթուն կեցէ՛ք»

«Արթուն կեցէ՛ք»

«Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի. . . աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք» (Ա. ՊԵՏ. 4։7

1. Յիսուսի ուսուցման բնաբանը ի՞նչ էր։

ԵՐԲ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, իր ուսուցման բնաբանն էր՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այդ Թագաւորութեան միջոցաւ, Եհովա իր տիեզերական գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ եւ իր անունը պիտի սրբացնէ։ Հետեւաբար Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 4։17. 6։9, 10)։ Այդ Թագաւորութեան կառավարութիւնը շուտով Սատանայի աշխարհին վերջ պիտի դնէ, ապա հոգ պիտի տանի որ ամբողջ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը ըլլայ։ Ինչպէս Դանիէլ նախագուշակեց, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայ «բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դան. 2։44

2. ա) Յիսուսի հետեւորդները ի՞նչպէս պիտի գիտնային, թէ ան թագաւորական իշխանութեամբ ներկայ էր։ բ) Նշանը ուրիշ ի՞նչ պիտի նշէր։

2 Որովհետեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը Յիսուսի հետեւորդներուն համար մեծ կարեւորութիւն ունէր, անոնք իրեն հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։3)։ Տեսանելի նշան մը պիտի հայթայթուէր, քանի որ թագաւորական իշխանութեամբ Քրիստոսի ներկայութիւնը երկրի բնակիչներուն անտեսանելի պիտի ըլլար։ Այդ նշանը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նախագուշակուած երեսակներէ բաղկացած պիտի ըլլար։ Հետեւաբար, այդ ժամանակ ողջ եղող՝ Յիսուսի հետեւորդները կրնային զատորոշել, թէ ան երկնքի մէջ սկսած է իշխել։ Անիկա նաեւ պիտի նշէր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը, որ Աստուածաշունչին մէջ կոչուած է «վերջին օրեր» այն իրերու չար դրութեան, որ ներկայիս երկրին կը տիրապետէ (Բ. Տիմ. 3։1-5, 13. Մատ. 24։7-14

Վերջին օրերուն արթո՛ւն եղիր

3. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ արթուն պէտք էր ըլլային։

3 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 4։7)։ Յիսուսի հետեւորդները պէտք էր արթնամտութեամբ նկատէին աշխարհի իրադարձութիւնները, որոնք պիտի նշէին թէ թագաւորական իշխանութեամբ ներկայ էր։ Եւ անոնց աչալրջութիւնը աւելի անհրաժեշտ պիտի դառնար, իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեան վախճանը մօտենալով։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը», Սատանայի աշխարհին վրայ դատաստան ի գործ դնելու (Մար. 13։35, 36

4. Սատանայի աշխարհին մաս կազմող մարդոց կեցուածքը բաղդատէ Եհովայի ծառաներուն կեցուածքին հետ (պարփակէ շրջանակը)։

4 Ընդհանուր առմամբ մարդիկ Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ են, եւ աշխարհի դէպքերուն նշանակութեան նկատմամբ արթուն չեն եղած։ Անոնք թագաւորական իշխանութեամբ Քրիստոսի ներկայութիւնը չեն զատորոշեր։ Բայց Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները աչալուրջ եղած են եւ անցեալ դարու իրադարձութիւններուն իսկական նշանակութիւնը զատորոշած են։ 1925–էն ի վեր, Եհովայի վկաները ըմբռնած են, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմը եւ անոր յաջորդող դէպքերը ստոյգ ապացոյց են, թէ երկնքի մէջ թագաւորական իշխանութեամբ Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսաւ 1914–ին։ Հետեւաբար, Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եղող իրերու այս չար դրութեան վերջին օրերը սկսած են։ Շատ մը դիտողներ, նշանակութիւնը չգիտնալով հանդերձ, կը զատորոշեն շշմեցուցիչ տարբերութիւնը՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմին նախորդող շրջանին ու յաջորդող շրջանին միջեւ (տե՛ս  «Խռովութեան դարաշրջանը սկսաւ» շրջանակը)։

5. Ինչո՞ւ կենսական է որ շարունակենք արթուն մնալ։

5 Շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր, աշխարհի տարածքին տեղի ունեցող սարսափելի դէպքեր կը վկայեն, թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Քիչ ժամանակ ետք, Եհովա Քրիստոսի պիտի հրամայէ, որ հրեշտակային հզօր բանակներ առաջնորդէ Սատանայի աշխարհին դէմ (Յայտ. 19։11-21)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ըսուած է, որ արթուն կենան։ Ուստի ստիպողական է որ շարունակենք աչալուրջ մնալ, մինչ այս դրութեան վախճանը կ’ակնկալենք (Մատ. 24։42)։ Պէտք է արթուն կենանք, եւ Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ, համայն աշխարհի մէջ մասնայատուկ գործ մը պէտք է կատարենք։

Համաշխարհային գործ մը

6, 7. Վերջին օրերուն ընթացքին, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ի՞նչպէս յառաջդիմած է։

6 Եհովայի ծառաներուն ընելիք գործը մաս կը կազմէ նախագուշակուած բաղադրեալ նշանին, որ ցոյց պիտի տար թէ իրերու ներկայ չար դրութեան վերջին օրերուն մէջ ենք։ Յիսուս այս աշխարհածաւալ գործը նկարագրեց, երբ թուեց վերջին ժամանակին մէջ տեղի ունենալիք բաները։ Անոր մարգարէութիւնը պարփակեց սա նշանակալից խօսքը. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14

7 Նկատի առ Յիսուսի մարգարէութեան այս մանրամասնութեան առնչուած կարգ մը իրողութիւններ։ Երբ 1914–ին վերջին օրերը սկսան, բարի լուրը ծանուցանողները շատ քիչ էին։ Այժմ այդ թիւը մեծապէս աւելցած է,– աւելի քան 7,000,000 Եհովայի վկաներ աշխարհի չորս կողմը կը քարոզեն, աւելի քան 100,000 ժողովք կազմելով։ 2008–ին, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին առթիւ, Եհովայի վկաներուն հետ յաւելեալ 10,000,000 անհատներ ժողվուեցան, նախորդ տարուան ներկաներուն թիւին մէջ աչքառու յաւելում մը արձանագրելով։

8. Հակառակութիւնը ինչո՞ւ չէ կրցած մեր քարոզչութեան յաջողութիւնը խափանել։

8 Այս դրութեան վախճանը չեկած, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՜նչ հզօր վկայութիւն մը կը տրուի բոլոր ազգերուն մէջ, հակառակ այն իրողութեան, թէ Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է (Բ. Կոր. 4։4)։ Այս աշխարհի բոլոր քաղաքական, կրօնական ու առեւտրական տարրերը, ինչպէս նաեւ անոր քարոզչական խողովակները, Սատանայի ազդեցութեան տակ են։ Ուստի վկայութեան գործը ինչո՞ւ կը յաջողի։ Անիկա Եհովայի աջակցութիւնը կը վայելէ։ Այսպէս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը հոյակապօրէն կ’ընթանայ, ի հեճուկս զայն կասեցնելու Սատանայի ջանքերուն։

9. Մեր հոգեւոր բարգաւաճութիւնը ինչո՞ւ կրնայ հրաշք մը կոչուիլ։

9 Թագաւորութեան քարոզչութեան յաջողութիւնը եւ Եհովայի ժողովուրդին աճն ու հոգեւոր բարգաւաճութիւնը կրնան իբրեւ հրաշք նկարագրուիլ։ Առանց Աստուծոյ աջակցութեան, որ կը պարփակէ իր ժողովուրդը առաջնորդել եւ պաշտպանել, քարոզչութիւնը կարելի պիտի չըլլար (կարդալ՝ Մատթէոս 19։26Աստուծոյ սուրբ հոգին ծառայելու կամեցողութիւն ունեցող աչալուրջ անհատներու սրտին մէջ ներգործելով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ այս քարոզչութիւնը յաջողապէս պիտի աւարտի, եւ «անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Այդ ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ։

«Մեծ նեղութիւնը»

10. Յիսուս մօտալուտ մեծ նեղութիւնը ի՞նչպէս նկարագրեց։

10 Այս չար դրութեան վախճանը պիտի գայ «մեծ նեղութեան» մէջ (Յայտ. 7։14)։ Աստուածաշունչը մեզի չ’ըսեր թէ անիկա ո՛րքան պիտի տեւէ, բայց Յիսուս ըսաւ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։21)։ Երբ նկատի առնենք այն նեղութիւնը, զոր այս աշխարհը արդէն տեսած է, ինչպէս՝ Համաշխարհային Բ. պատերազմին, երբ 50-60 միլիոն անհատներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, արդարեւ մօտալուտ մեծ նեղութիւնը շա՜տ սաստիկ պիտի ըլլայ։ Անիկա իր բարձրակէտին պիտի հասնի՝ Արմագեդոնի պատերազմով,– երբ Եհովա իր դատաստանը գործադրող ուժերը պիտի ղրկէ Սատանայի երկրային դրութեան ամէն հետք կործանելու (Յայտ. 16։14, 16

11, 12. Ո՞ր դէպքով մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի։

11 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանին սկսելուն թուականը չի սահմաներ, բայց մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ արտակարգ դէպք պիտի նշէ անոր սկսիլը,– քաղաքական հեղինակութիւններուն ձեռքով բոլոր սուտ կրօնքներուն կործանումը։ Յայտնութիւն գլուխ 17 եւ 18–ի մարգարէութիւններուն մէջ, սուտ կրօնքը նմանցուած է պոռնիկի մը, որ երկրի քաղաքական դրութիւններուն հետ անբարոյութիւն կը գործէ։ Յայտնութիւն 17։16–ը ցոյց կու տայ, թէ շուտով ժամանակը պիտի գայ, երբ այս քաղաքական տարրերը «պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։

12 Երբ որոշուած ժամանակը գայ, Աստուած քաղաքական կառավարիչներուն «սրտին մէջ [պիտի դնէ], որ իր կամքը կատարեն», ամբողջ սուտ կրօնքը կործանելով (Յայտ. 17։17)։ Ուստի կրնայ ըսուիլ, թէ այս կործանումը Աստուծմէ կու գայ։ Անիկա իր դատաստանն է կեղծաւոր կրօնքներուն դէմ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր իր կամքին հակառակ եղող վարդապետութիւններ սորվեցուցած են եւ իր ծառաները հալածած են։ Աշխարհը ընդհանուր առմամբ սուտ կրօնքի այս մօտալուտ կործանումը չ’ակնկալեր։ Բայց Եհովայի հաւատարիմ ծառաները զայն կ’ակնկալեն, եւ այս վերջին օրերուն ընթացքին, զայն մարդոց ուշադրութեան կը յանձնեն։

13. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ սուտ կրօնքին վախճանը արագօրէն տեղի պիտի ունենայ։

13 Մարդիկ մեծապէս պիտի ցնցուին, երբ սուտ կրօնքին կործանումը տեսնեն։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ «երկրի թագաւորներ»էն ոմանք այդ կործանումին մասին պիտի ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ քեզի. . . որ մէկ ժամու մէջ եկաւ քու դատաստանդ» (Յայտ. 18։9, 10, 16, 19)։ «Մէկ ժամ» ըսելով, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ այս դէպքը յարաբերաբար արագօրէն տեղի պիտի ունենայ։

14. Երբ ի վերջոյ իր թշնամիները իր ծառաներուն վրայ յարձակին, Եհովա ի՞նչպէս պիտի հակազդէ։

14 Կը հասկնանք թէ սուտ կրօնքին կործանումէն ժամանակ մը ետք, յարձակում պիտի կատարուի Եհովայի ծառաներուն վրայ, որոնք իր դատաստանական պատգամները կը ծանուցանէին (Եզեկ. 38։14-16)։ Երբ այդ յարձակումը սկսի, յարձակողները պիտի ստիպուին Եհովան դիմագրաւել, որ կը խոստանայ իր հաւատարիմ ժողովուրդը պաշտպանել։ Եհովա կ’ըսէ. «Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը [պիտի խօսիմ]. . . ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը» (կարդալ՝ Եզեկիէլ 38։18-23Աստուած իր Խօսքին մէջ կ’ըսէ. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի» (Զաք. 2։8)։ Ուստի, երբ իր թշնամիները սկսին իր ծառաներուն վրայ աշխարհածաւալ յարձակում գործել, Եհովա պիտի հակազդէ։ Ան գործի պիտի լծուի, ինչ որ մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանին պիտի առաջնորդէ,– Արմագեդոն։ Քրիստոսի հրամանատարութեան ներքեւ, հզօր հրեշտակային զօրքեր Սատանայի աշխարհին վրայ Եհովայի դատաստանները պիտի գործադրեն։

Ի՛նչպէս պէտք է ազդուինք

15. Այս դրութեան վախճանին մօտ ըլլալը գիտնալը մեզի ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։

15 Գիտակցիլը թէ այս չար դրութեան վախճանը արագօրէն կը մօտենայ, մեզի ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» (Բ. Պետ. 3։11)։ Այս խօսքերը կ’ընդգծեն հսկելու կարիքը, վստահ ըլլալու համար թէ մեր վարքը Աստուծոյ պահանջներուն հետ ներդաշնակ է եւ մեր կեանքը լեցուն է բարեպաշտ արարքներով, որոնք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կ’արտացոլացնեն։ Այս արարքները կը պարփակեն՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ մեր լաւագոյնը ընել, վախճանը չեկած։ Պետրոս նաեւ գրեց. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. . . աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 4։7)։ Եհովայի կը մօտենանք եւ իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, յարատեւաբար իրեն աղօթելով ու խնդրելով, որ մեզ առաջնորդէ իր սուրբ հոգիին ու համաշխարհային ժողովքին միջոցաւ։

16. Ինչո՞ւ Աստուծոյ խրատներուն սերտօրէն պէտք է կառչինք։

16 Այս վտանգաւոր ժամանակներուն մէջ, սերտօրէն պէտք է հետեւինք Աստուծոյ Խօսքին սա խրատին. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են» (Եփ. 5։15, 16)։ Այժմ չարութիւնը աննախընթաց կերպով լայնատարած է։ Սատանան բազմաթիւ բաներ մէջտեղ հանած է, որպէսզի մարդիկ զբաղած մնան ու Եհովայի կամքը չկատարեն։ Աստուծոյ ծառաներ ըլլալով, ասոր կը գիտակցինք եւ չենք ուզեր թոյլ տալ որ որեւէ բան Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրուածութիւնը տկարացնէ։ Նաեւ գիտենք թէ շուտով ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, եւ Եհովայի ու իր նպատակներուն կը վստահինք (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17

17. Նկարագրէ Արմագեդոնէն վերապրողներուն հակազդեցութիւնը, երբ յարութիւնը տեղի ունենայ։

17 Մեռելները վերակենդանացնելու Աստուծոյ սքանչելի խոստումը անպայման պիտի կատարուի, քանի որ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Նկատէ թէ այս խոստումը ո՜րքան յստակ է. «Յարութիւն պիտի ըլլայ»։ Ասոր առնչութեամբ կասկած չկայ, քանի որ Եհովան իր խօսքը տուած է։ Եսայի 26։19–ն կը խոստանայ. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ . . .Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. . . Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ»։ Այս խօսքերը նախնական կատարում մը ունեցան, երբ Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը իր հայրենիքին մէջ վերահաստատուեցաւ։ Ասիկա մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ բառացի կատարման հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’ամրապնդէ։ Ի՜նչ մեծ ցնծութիւն պիտի ըլլայ, երբ յարուցեալներ իրենց սիրելիներուն վերամիանան։ Արդարեւ Սատանայի աշխարհին վախճանը մօտ է եւ աստուածակերտ նոր աշխարհը մօտալուտ է։ Ո՜րքան կենսական է որ արթուն մնանք։

Կը յիշե՞ս

• Յիսուսի ուսուցումին բնաբանը ի՞նչ էր։

• Ներկայիս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ո՞րքան լայնատարած է։

• Ինչո՞ւ կենսական է որ արթուն մնանք։

Գործք 24։15–ի բովանդակած խոստումը ի՞նչպէս քեզ կը քաջալերէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 19]

 ԽՌՈՎՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԸ ՍԿՍԱՒ

2007–ին, Ալէն Կրինսփէն գիրք մը հրատարակեց, որուն խորագիրն է՝ Խռովութեան դարաշրջանը. արկածախնդրութիւններ նոր աշխարհի մը մէջ։ Գրեթէ 20 տարի, ան ատենապետն էր յանձնախումբի մը, որ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ կեդրոնական դրամատնային դրութեան վրայ կը վերահսկէ։ Կրինսփէն ցցուն կ’ընէ, թէ 1914–էն առաջ եղած համաշխարհային կացութիւնը մեծապէս փոխուեցաւ այդ թուականէն ետք.

«Այդ ժամանակուան տեղեկագրութիւններուն համաձայն, 1914–էն առաջ եղող աշխարհը թուեցաւ թէ անշրջելիօրէն կ’ուղղուէր դէպի քաղաքավարութեան ու քաղաքակրթութեան աւելի բարձր մակարդակներու,– մարդկային ընկերութիւնը կրնար կատարեալ դառնալ։ 19–րդ դարը եղկելի ստրկավաճառութեան վերջ դրած էր։ Գազանային վայրագութիւնը նուազում կ’արձանագրէր։ . . .19–րդ դարու ընթացքին աշխարհի չորս կողմը արուեստագիտական յառաջդիմութիւններ եղած էին, յառաջ բերելով՝ երկաթուղին, հեռաձայնը, ելեկտրալամբը, շարժապատկերը, ինքնաշարժը եւ տան հանգստաւէտութեան նպաստող անհամար իրեր։ Բժշկագիտութիւնը, բարելաւուած սննդառութիւնը եւ խմելիք ջուրի դասաւորուած բաշխումը, մարդոց կեանքի միջին տեւողութիւնը աւելցուցած էին. . . Ամէնուրեք զգացում մը կը տիրէր, թէ այս յառաջդիմութիւնը անշրջելի էր»։

Սակայն. . . «Համաշխարհային Ա. պատերազմը քաղաքավարութեան ու քաղաքակրթութեան աւելի կործանիչ էր, քան՝ ահռելի Համաշխարհային Բ. պատերազմը, գաղափար մը ջնջելով։ Չեմ կրնար մտքէս վանել Համաշխարհային Ա. պատերազմին նախորդող տարիները, երբ մարդկութեան ապագան անխոչ եւ անսահման կը թուէր։ Այսօր, մեր հայեցակէտը լիովին տարբեր է դար մը առաջ եղած հայեցակէտէն, բայց թերեւս քիչ մը աւելի կը համապատասխանէ իրականութեան։ Արդեօք ահաբեկչութիւնը, ընդհանրական ջերմացումը կամ հասարակ ժողովուրդին աւելցած զօրութիւնը, այս համաշխարհայնացման շրջանի մարդկային ընկերութեան վրայ պիտի ունենա՞յ այն նոյն շշմեցուցիչ ազդեցութիւնը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմը ունեցաւ երբ պայթեցաւ։ Ո՛չ ոք ստոյգ պատասխան ունի»։

Կրինսփէն իր համալսարանական օրերէն մտաբերեց տնտեսագէտ Պէնճէմին Մ. Էնտրսընի (1886-1949) մէկ խօսքը. «Անոնք որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմին նախորդող աշխարհին մասին չափահասի մը յիշատակներն ու հասկացողութիւնը ունին, զայն մեծ կարօտով կը յիշեն։ Այն ատեն ապահովութեան զգացում մը կար, որ անկէ ի վեր երբեք չէ եղած» (Economics and the Public Welfare

2006–ին հրատարակուած A World Undone հատորին մէջ, Ճ. Ժ. Մէյըր նոյն եզրակացութեան կը յանգի։ Հոն կը կարդանք. «Յաճախ կ’ըսուի թէ պատմական դէպքերը ‘ամէն բան փոխած են’։ Ասիկա մէկ անգամ ճիշդ եղած է՝ Մեծ պատերազմին պարագային [1914-1918]։ Պատերազմը իրապէս ամէ՛ն բան փոխեց,– ո՛չ միայն սահմանները, ո՛չ միայն կառավարութիւններն ու ազգերու ճակատագիրը, այլ՝ այն կերպը, որով մարդիկ աշխարհը եւ իրենց անձը կը նկատէին։ Անիկա ժամանակին մէջ խրամատ մը դարձաւ, յետպատերազմեան աշխարհը վերջնականապէս անջատելով իրմէ առաջ եղած բոլոր բաներէն»։

[Նկար՝ էջ 22]

Արմագեդոնին, Եհովա հզօր հրեշտակային զօրքեր պիտի ղրկէ