Եհովայի վկաները իրենց պաշտամունքին մէջ ինչո՞ւ քանդակուած պատկերներ չեն գործածեր
Ընթերցողները կը հարցնեն
Եհովայի վկաները իրենց պաշտամունքին մէջ ինչո՞ւ քանդակուած պատկերներ չեն գործածեր
Աշխարհի տարածքին, պրահմանականները, պուտտայականները, կաթողիկէները եւ ուղղափառ եկեղեցիի անդամներ, կուռքերու, պատկերներու կամ սրբանկարներու գործածութիւնը կը նկատեն իրենց պաշտամունքին կենսական մէկ մասը։ Ափրիկէի կարգ մը շրջաններուն մէջ, մարդիկ կը պատուեն փայտէ կամ քարէ քանդակներ, որոնց մէջ՝ ըստ իրենց՝ աստուած մը կամ աստուծոյ մը հոգին կը բնակի։
Միւս կողմէ, Եհովայի վկաները իրենց պաշտամունքին մէջ որեւէ քանդակուած պատկեր կամ սրբանկար չեն գործածեր։ Եթէ այցելես անոնց ժողովասրահը, որ ճանչցուած է որպէս Թագաւորութեան սրահ, ո՛չ «սուրբեր»ու պատկերներ, ո՛չ ալ Յիսուսի կամ Մարիամի արձաններ պիտի գտնես։ * Ինչո՞ւ։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։
Աստուած իսրայէլացիներէն ի՞նչ պահանջեց
Իսրայէլացիները Եգիպտոսէ ազատագրելէ ետք, Եհովա Աստուած անոնց յստակ ուղղութիւն տուաւ, թէ ի՛նչպէս կ’ուզէ պաշտուիլ։ Այդպէս կոչուած Տասը պատուիրաններուն երկրորդը կ’ըսէ. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ» (Ելից 20։4, 5)։
Մինչ Աստուած այս պատուիրանները Մովսէսի կու տար, իսրայէլացիները ոսկի հորթ մը կը շինէին, հաւանաբար եգիպտական անասնապաշտութիւնը ընդօրինակելով։ Անոնք կուռքը չկոչեցին եգիպտական աստուծոյ մը անունով, այլ՝ զայն առնչեցին Եհովայի պաշտամունքին (Ելից 32։5, 6)։ Աստուած ի՞նչպէս հակազդեց։ Անոր բարկութիւնը բորբոքեցաւ կուռքը մեծարողներուն դէմ, եւ Մովսէս զայն կործանեց (Ելից 32։9, 10, 19, 20)։
Հետագային, Եհովա Աստուած երկրորդ պատուիրանը մանրամասնեց։ Մովսէսի միջոցաւ ան իսրայէլացիներուն յիշեցուց, թէ չշինեն «կուռք մը կամ ոեւէ բանի պատկեր՝ թէ՛ արուի եւ թէ՛ էգի նմանութեամբ, կամ երկրի վրայ եղող անասունի մը նմանութեամբ, կամ օդին մէջ թռչող թեւաւոր թռչունի մը նմանութեամբ, կամ երկրի վրայ սողացող սողունի մը նմանութեամբ, կամ երկրի տակ ջուրերու մէջ եղող ձուկի մը նմանութեամբ» (Բ. Օրինաց 4։15-18)։ Բացորոշ է թէ իսրայէլացիները Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ, որեւէ քանդակուած պատկեր պէտք չէր գործածէին։
Այսուհանդերձ, հետագային իսրայէլ կռապաշտութեան մէջ ինկաւ։ Զիրենք սրբագրելու համար, Եհովա ուղարկեց մարգարէներ, որոնք մօտահաս պատիժին նկատմամբ ազդարարեցին (Երեմիա 19։3-5. Ամովս 2։8)։ Որպէս ազգ, իսրայէլ Աստուծոյ ազդարարութիւնները անտեսեց։ Հետեւաբար, մ.թ.ա. 607–ին, Եհովա թոյլ տուաւ որ բաբելոնացիները Երուսաղէմը կործանեն եւ ազգը գերեվարեն (Բ. Մնացորդաց 36։20, 21. Երեմիա 25։11, 12)։
Առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ բանի կը հաւատային
Առաջին դարուն, երբ հեթանոսներ քրիստոնէութիւնը որդեգրեցին, դադրեցան իրենց պաշտամունքին մէջ կուռքեր գործածելէ։ Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալի քարոզչութեան մասին ի՛նչ ըսաւ արծաթագործ Դեմետրիոս, որ Եփեսոսի մէջ կուռքեր կը շինէր. «Մա՛րդիկ, դուք գիտէք թէ այս գործէն է մեր շահը եւ կը տեսնէք ու կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսացիները հապա գրեթէ բոլոր Ասիացիները համոզելով՝ մտքերնին դարձուց, ըսելով թէ՝ ‘Ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն’» (Գործք 19։25, 26)։
Պօղոսի խօսքերը կը հաստատեն Դեմետրիոսի ըրած ամբաստանութիւնը։ Աթէնքի մէջ յոյներուն խօսելով, Պօղոս ըսաւ. «Պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է։ Արդ՝ Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն» (Գործք 17։29, 30)։ Նոյն նիւթին շուրջ, Պօղոս Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն գրեց ու զանոնք գովեց՝ ըսելով. «Դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9)։
Ո՛չ միայն Պօղոս, այլեւ Յովհաննէս առաքեալ քրիստոնեաները զգուշացուց պաշտամունքին մէջ քանդակուած պատկերներ գործածելէ։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս հաստատօրէն անոնց ըսաւ. «Ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք» (Ա. Յովհաննէս 5։21)։
Եհովայի վկաները՝ պաշտամունքին մէջ որեւէ քանդակուած պատկեր չգործածելու Աստուծոյ յստակ ուղղութեան կը հնազանդին։ Անոնք լուրջի կ’առնեն Եհովա Աստուծոյ խօսքը. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն» (Եսայի 42։8)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Կարգ մը Թագաւորութեան սրահներու մէջ, աստուածաշնչական անձնաւորութիւններու պատկերներ ցուցադրուած են։ Սակայն անոնք զարդարանքի համար են եւ կրօնական սրբանկարներ չեն նկատուիր։ Եհովայի վկաները այս պատկերներուն չեն աղօթեր, ո՛չ ալ անոնց առջեւ կը ծնրադրեն։
[Մէջբերում՝ էջ 15]
«Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն» (Եսայի 42։8)։