Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա մեր միասնական գովաբանութեան արժանի է

Եհովա մեր միասնական գովաբանութեան արժանի է

Եհովա մեր միասնական գովաբանութեան արժանի է

«Ալէլուիա՜» (ՍԱՂ. 111։1

1, 2. «Ալէլուիա» ի՞նչ կը նշանակէ, եւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ի՞նչպէս գործածուած է։

«ԱԼԷԼՈՒԻԱ՜»։ Այս բացագանչութիւնը սովորաբար կը լսուի քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ։ Ոմանք առօրեայ խօսակցութեան մէջ զայն յաճախ կը կրկնեն։ Սակայն քիչեր անոր սրբազան իմաստը գիտեն, եւ զայն գործածողներէն շատերուն կենցաղակերպը Աստուած կ’անպատուէ (Տիտ. 1։16)։ Աստուածաշունչի բառարան մը կը բացատրէ, թէ «ալէլուիա» բառը «սաղմոսներ յօրինողներուն կողմէ գործածուած է, բոլորը հրաւիրելու որ միասնաբար Եհովան օրհնեն»։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի կարգ մը ուսումնականներ կը նշեն, թէ «ալէլուիա» կը նշանակէ «‘գովաբանեցէ՛ք Եահը’, այսինքն՝ Եհովան»։

2 Հասկնալիօրէն, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Սաղմոս 111։1–ի «Ալէլուիա» բառը կը թարգմանէ՝ «Գովաբանեցէ՛ք Եահը»։ Այս արտայայտութեան յունարէն ձեւը չորս անգամ կ’երեւի Յայտնութիւն 19։1-6–ի մէջ, սուտ կրօնքի վախճանին առիթով։ Երբ ասիկա տեղի ունենայ, ճշմարիտ երկրպագուները «ալէլուիա» բառը յարգալից կերպով գործածելու մասնայատուկ պատճառ պիտի ունենան։

Անոր մեծ գործերը

3. Մեր բոլոր ժողովներուն գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է։

3 Սաղմոս 111–ը յօրինողը բազմաթիւ պատճառներ կու տայ, թէ Եհովա ինչո՛ւ մեր միասնական գովաբանութեան արժանի է։ Առաջին համարը կ’ըսէ. «Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ»։ Այսօր Եհովայի վկաները նոյն զգացումը կը բաժնեն։ Մեր ժողովքային հանդիպումներուն ու համաժողովներուն գլխաւոր նպատակն է՝ Եհովան գովաբանել։

4. Մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Եհովայի գործերը քննել։

4 «Տէրոջը գործերը մեծ են։ Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին» (Սաղ. 111։2)։ Նկատէ «կը քննուին» կամ կ’որոնուին արտայայտութիւնը։ Աշխատասիրութեան մը համաձայն, համարը կրնայ կիրարկուիլ այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ գործերը «լուրջ ու ջերմեռանդ խորհրդածութեան եւ ուսումնասիրութեան առարկայ կը դարձնեն»։ Եհովայի ստեղծագործութիւնները հոյակապ նպատակ ունին։ Ան արեւը, երկրագունդը եւ լուսինը յարմար հեռաւորութիւններու վրայ զետեղեց, որպէսզի երկրագունդը ունենայ ջերմութիւն ու լոյս, գիշեր ու ցերեկ, եղանակներն ու մակընթացութիւնը եւ տեղատուութիւնը։

5. Տիեզերքի մասին մարդոց յառաջացած հասկացողութիւնը ի՞նչ երեւան հանած է։

5 Գիտնականներ շատ բան երեւան հանած են մեր արեգակնային դրութեան մէջ երկրագունդին դիրքին մասին, ինչպէս նաեւ՝ մեր մեծ լուսնին կատարեալ ուղեծիրը, չափը եւ զանգուածը։ Այս երկնային մարմիններուն դասաւորումն ու փոխյարաբերութիւնը կարելի կը դարձնէ եղանակներու գեղեցիկ ու կանոնաւոր փոփոխութիւնը։ Նաեւ, շատ բան գիտցուած է տիեզերքի բնական ուժերուն ճշգրիտ կարգաւորման մասին։ Ուստի, «‘Ճիշդ այդպէս’ ծրագրուած տիեզերքը» խորագրով յօդուածին մէջ, մեքենական չափագիտութեան փրոֆէսոր մը դիտել տուաւ. «Դիւրաւ հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ վերջին 30 տարուան մէջ բազմաթիւ գիտնականներ իրենց միտքը փոխած են, համաձայնելով թէ մեծ հաւատք կը պահանջէ որ մէկը ընդունի թէ տիեզերքը դիպուածով մէջտեղ եկած է։ Բծախնդրութեամբ պատրաստուած մեր երկրագունդին մասին ո՛րքան աւելի հասկնանք, ա՛յնքան աւելի ապացոյցներ կ’ունենանք թէ մտացի ծրագրող մը գոյութիւն ունի»։

6. Մարդը շինելու Աստուծոյ կերպին նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

6 Հիանալի այլ ստեղծագործութիւն մըն է՝ այն կերպը, որով Աստուած մեզ շինած է (Սաղ. 139։14)։ Ան մարդուն տուաւ խելք, անհրաժեշտ գործարաններով օժտուած մարմին եւ աշխատելու կարողութիւն։ Օրինակ, ի՜նչ հրաշք են խօսելու, մտիկ ընելու, գրելու եւ կարդալու աստուածատուր կարողութիւնները։ Դուն նաեւ ունիս գլուխ–գործոց կառոյց մը,– կրնաս ուղիղ կայնիլ։ Մարմնիդ կազմն ու հաւասարակշռութիւնը, մեքենական պաշտօններն ու քիմիաբանութիւնը, երկիւղ կը ներշնչեն։ Ասկէ զատ, ապշեցուցիչ ջղային կապակցութիւնները, որոնք ուղեղիդ ու զգայարանքներուդ աշխատանքը կարելի կը դարձնեն, շա՜տ կը գերազանցեն գիտնականներուն իրագործումները։ Իրականութեան մէջ, մարդկային իրագործումները կարելի են միայն մարդուն տրուած ուղեղին ու զգայարանքներուն շնորհիւ։ Նոյնիսկ ամէնէն հմուտ եւ ատակ մեքենագէտը չի կրնար բան մը շինել, որ ա՛յնքան գեղեցիկ ու պիտանի է, ո՛րքան սքանչելիօրէն ծրագրուած տասը լծակները,– մատներդ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Կարելի պիտի ըլլա՞ր արուեստի ու շինարարական տպաւորիչ գործեր մէջտեղ բերել, առանց աստուածատուր մատներուն ճարտար գործածութեան’։

Աստուծոյ մեծ գործերը եւ յատկութիւնները

7. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ Աստուծոյ մեծ գործերէն մէկը պէտք է նկատենք։

7 Եհովայի մեծ գործերը կը պարփակեն մարդկութեան ի նպաստ կատարած այլ սքանչելի բաներ, ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած են։ Այս գիրքը ինքնին գլուխ–գործոց մըն է։ Ուրիշ որեւէ գիրքի հակառակը, արդարեւ անիկա «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Օրինակ, Աստուածաշունչին առաջին գիրքը՝ Ծննդոց, կը բացատրէ թէ Աստուած Նոյի օրերուն ի՛նչպէս երկիրը ամբարշտութենէ մաքրեց։ Երկրորդ գիրքը՝ Ելից, ցոյց կու տայ թէ Եհովա ի՛նչպէս իր աստուածութիւնը ջատագովեց, իսրայէլը եգիպտական ստրկութենէն ազատագրելով։ Սաղմոսերգուն հաւանաբար այսպիսի դէպքեր ի մտի ունէր, երբ մղուեցաւ ըսելու. «[Եհովայի] գործը փառաւոր ու վայելուչ է եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։ Յիշել տուաւ իր հրաշքները։ Տէրը ողորմած ու գթած է» (Սաղ. 111։3, 4)։ Չե՞ս համաձայնիր թէ պատմութեան ընթացքին Եհովայի գործերը, ի ներառեալ կեանքիդ տեւողութեան իր ըրած բաները, իր «փառաւոր ու վայելուչ» ըլլալը կը յիշեցնեն։

8, 9. ա) Ի՞նչ կերպերով Աստուծոյ գործերը մարդկային շատ մը գործերուն հակառակն են։ բ) Աստուծոյ ո՞ր յատկութիւնները կը գնահատես։

8 Նկատէ թէ սաղմոսերգուն նաեւ կ’ընդգծէ Եհովայի գեղեցիկ յատկութիւնները, ինչպէս՝ արդարութիւնը, ողորմածութիւնն ու գթութիւնը։ Գիտես թէ մեղաւոր մարդոց արարքները քիչ անգամ հիմնուած կ’ըլլան արդարութեան վրայ։ Անոնք յաճախ ագահութեան, նախանձի ու մեծամտութեան արդիւնքն են։ Ասիկա բացայայտ է հրէշային զէնքերէն, զորս մարդիկ կ’արտադրեն իրենց հրահրած պատերազմներուն ու տնտեսական շահու համար, միլիոնաւոր անմեղ զոհերու անպատում թշուառութիւն ու սոսկում պատճառելով։ Նաեւ, մարդկային բազմաթիւ գործեր հարստահարուած աղքատներուն հաշւոյն կատարուած են։ Շատեր որպէս օրինակ կը նշեն ստրուկներու գործածութիւնը՝ բուրգերը կառուցանելու համար, որոնք գլխաւորաբար ծառայեցին իբրեւ հպարտ փարաւոններու գերեզմաններ։ Ասկէ զատ, մարդկութեան այժմու գործերէն շատերը, ո՛չ միայն կեղեքիչ են, այլեւ ‘երկիրը կ’ապականեն’ (կարդալ՝ Յայտնութիւն 11։18

9 Ատոր հակապատկերն են Եհովայի գործերը, որոնք միշտ արդարութեան վրայ հիմնուած են։ Իր գործերը կը պարփակեն ողորմած հայթայթումը՝ մեղաւոր մարդկութեան փրկութեան համար։ Փրկանքը կարգադրելով, Աստուած ‘իր արդարութիւնը ապացուցանեց’ (Հռով. 3։25, 26)։ Արդարեւ «անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ողորմածութեան, Աստուած մեղաւոր մարդոց հետ համբերութեամբ վարուած է։ Ան ազնուօրէն զիրենք հրաւիրեց որ իրենց վնասակար ճամբաներէն ետ դառնան ու շիտակը ընեն (կարդալ՝ Եզեկիէլ 18։25

Իր խոստումներուն հաւատարիմ է

10. Աբրահամական ուխտին նկատմամբ, Եհովա հաւատարմութեան ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

10 «Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։ Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ» (Սաղ. 111։5)։ Այնպէս կը թուի թէ հոս սաղմոսերգուն աբրահամական ուխտին կ’ակնարկէ։ Եհովա խոստացաւ Աբրահամի սերունդը օրհնել եւ ըսաւ թէ անոնք իրենց թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգեն (Ծն. 22։17, 18. Սաղ. 105։8, 9)։ Այս խոստումներուն սկզբնական կատարման մէջ, Աբրահամի սերունդը իսրայէլ ազգը եղաւ։ Այս ազգը երկար ժամանակ եգիպտական ստրկութեան ենթարկուեցաւ, բայց «Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին. . . հետ ըրեր էր» եւ զիրենք ազատագրեց (Ել. 2։24)։ Անոնց հետ Եհովայի հետագայ գործառնութիւնները ցոյց տուին իր առատաձեռնութիւնը։ Ան անոնց մարմինին ուտելիք հայթայթեց, իսկ մտքին ու սրտին՝ հոգեւոր սնունդ (Բ. Օր. 6։1-3. 8։4. Նէ. 9։21)։ Յաջորդ դարերուն, ազգը յաճախ Աստուծմէ հեռացաւ, թէեւ ան մարգարէներ ղրկեց ու յորդորեց որ վերադառնան։ Իսրայէլացիները Եգիպտոսէ ազատագրելէն աւելի քան 1500 տարի ետք, Աստուած իր միածին Որդին երկիր ղրկեց։ Հրեաներուն մեծամասնութիւնը Յիսուսը մերժեց ու թոյլ տուաւ որ մահապատիժի ենթարկուի։ Յետոյ Եհովա նոր ազգ մը մէջտեղ բերաւ, հոգեւոր ազգ մը,– «Աստուծոյ Իսրայէլը»։ Քրիստոսի հետ, այս ազգը Աբրահամի հոգեւոր սերունդը կը կազմէ, զոր Եհովա պիտի գործածէ մարդկութիւնը օրհնելու (Գաղ. 3։16, 29. 6։16

11. Եհովա ի՞նչպէս կը շարունակէ աբրահամական ‘ուխտը յիշել’։

11 Եհովա կը շարունակէ ‘յիշել իր ուխտը’ եւ անոր միջոցաւ խոստացուած օրհնութիւնները։ Ներկայիս, ան աւելի քան 400 լեզուներով առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ Նաեւ, ան կը շարունակէ մեր ֆիզիքական կարիքներուն առնչուած աղօթքներուն պատասխանել, ներդաշնակ ըլլալով սա խօսքերուն հետ. «Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր» (Ղուկ. 11։3. Սաղ. 72։16, 17. Եսա. 25։6-8

Եհովայի ահարկու զօրութիւնը

12. Ի՞նչ կերպով վաղեմի իսրայէլի տրուեցաւ «ազգերուն ժառանգութիւնը»։

12 «Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը» (Սաղ. 111։6)։ Իսրայէլի պատմութեան մէջ ուշագրաւ մէկ դէպքը, որ սաղմոսերգուն թերեւս ի մտի ունէր, Եգիպտոսէն անոնց հրաշալի ազատագրութիւնն էր։ Երբ Եհովա թոյլ տուաւ որ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնեն, անոնք կրցան Յորդանան գետին արեւելքն ու արեւմուտքը գտնուող թագաւորութիւնները նուաճել (կարդալ՝ Նէեմիա 9։22-25Արդարեւ Եհովա իսրայէլի տուաւ «ազգերուն ժառանգութիւնը»։ Աստուծոյ զօրութեան ի՜նչ ցուցադրութիւն մը։

13, 14. ա) Սաղմոսերգուն թերեւս ի մտի ունէր Բաբելոնի առնչութեամբ Աստուծոյ զօրութեան ո՞ր դրսեւորումը։ բ) Եհովա ազատման ի՞նչ յաւելեալ մեծ արարքներ կատարած է։

13 Սակայն լաւ գիտենք, թէ հակառակ իրենց ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն, իսրայէլ չյարգեց Զինք եւ իր նախահայրերը,– Աբրահամ, Իսահակ ու Յակոբ։ Անոնք շարունակեցին ապստամբիլ, մինչեւ որ Աստուած Բաբելոնը գործածեց զիրենք գերեվարելու (Բ. Մն. 36։15-17. Նէ. 9։28-30)։ Եթէ, ինչպէս Աստուածաշունչի կարգ մը ուսումնականներ կը կարծեն, 111–րդ սաղմոսը յօրինողը ապրած է Բաբելոնէն ազատ արձակուելէն ետք, ան Եհովան Իր հաւատարմութեան ու զօրութեան համար գովաբանելու յաւելեալ պատճառ ունէր։ Աստուած այս յատկութիւնները ցուցաբերեց, հրեաները Բաբելոնէ ազատագրելով,– կայսրութիւն մը՝ որ իր բանտարկեալները տուն չէր ղրկեր (Եսա. 14։4, 17

14 Շուրջ հինգ դար ետք, Եհովա իր զօրութիւնը ա՛լ աւելի մեծ կերպով մը գործածեց, զղջացող մարդիկը մեղքի ու մահուան ստրկութենէն ազատագրելով (Հռով. 5։12)։ Ատոր մէկ արդիւնքն էր որ կարելի դարձաւ որ 144,000 մարդիկ Քրիստոսի հոգիէն–օծուած հետեւորդները ըլլան։ 1919–ին, Եհովա իր զօրութիւնը գործածեց, օծեալ մնացորդը սուտ կրօնքի գերութենէն ազատելու։ Այս վերջին ժամանակին ընթացքին անոնց իրագործումները կրնան միայն Աստուծոյ զօրութեան վերագրուիլ։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալէ ետք, անոնք երկինքի մէջ Յիսուս Քրիստոսի հետ երկրի վրայ պիտի իշխեն, զղջացող մարդոց օգտին համար (Յայտ. 2։26, 27. 5։9, 10)։ Վաղեմի իսրայէլացիներէն աւելի, անոնք հոյակապ կերպով երկիրը պիտի ժառանգեն (Մատ. 5։5

Մշտնջենական ու վստահելի սկզբունքներ

15, 16. ա) Աստուծոյ ձեռքերուն գործերը ի՞նչ կը պարփակեն։ բ) Աստուած վաղեմի իսրայէլին ի՞նչ պատուիրաններ տուաւ։

15 «Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։ Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են» (Սաղ. 111։7, 8)։ Եհովայի «ձեռքերուն գործեր»ուն մէջ պարփակուած էին երկու քարէ տախտակներ, որոնց վրայ իսրայէլի համար տասը կարեւոր օրէնքներ քանդակուած էին (Ել. 31։18)։ Այս օրէնքները, մովսիսական օրէնքի ուխտին մաս կազմող միւս բոլոր կանոններուն հետ մէկտեղ, մշտնջենական ու վստահելի սկզբունքներու վրայ հիմնուած են։

16 Օրինակ, այդ քարէ տախտակներուն մէկ օրէնքը նշեց. «Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ [«բացարձակ պաշտամունք պահանջող», ՆԱ] Աստուած եմ. . . կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն»։ Քարէ տախտակները անվախճան սկզբունքներ ալ բովանդակեցին, ինչպէս՝ «պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» եւ «գողութիւն մի՛ ըներ», ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներու ունեցածը չցանկալու խորաթափանց օրէնքը (Ել. 20։5, 6, 12, 15, 17

Մեր սուրբ ու ահաւոր Փրկիչը

17. Իսրայէլացիները Աստուծոյ անունը սուրբ պահելու ի՞նչ պատճառներ ունէին։

17 «Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։ Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը» (Սաղ. 111։9)։ Դարձեալ, սաղմոսերգուն թերեւս ի մտի ունէր աբրահամական ուխտին հանդէպ Եհովայի հաւատարմութիւնը։ Եհովա իր ժողովուրդը չլքեց, ո՛չ երբ վաղեմի Եգիպտոսի մէջ ստրուկներ էին, ո՛չ ալ երբ Բաբելոնի մէջ գերիներ էին։ Երկու պարագաներուն ալ Աստուած իր ծառաները փրկեց։ Առնուազն այս երկու իրագործումներուն համար, իսրայէլ Աստուծոյ անունը սուրբ պէտք էր պահէր (կարդալ՝ Ելից 20։7. Հռովմայեցիս 2։23, 24

18. Ինչո՞ւ կը խորհիս թէ Աստուծոյ անունը կրելը առանձնաշնորհում մըն է։

18 Ներկայիս նոյնը կրնայ ըսուիլ քրիստոնեաներուն նկատմամբ, որոնք մեղքի ու մահուան անյոյս ստրկութենէն փրկուած են։ Պէտք է ջանանք մեր լաւագոյնը ընել, տիպար աղօթքին առաջին խնդրանքին հետ ներդաշնակ ապրելու. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Այդ փառաւոր անունին մասին խոկալը պէտք է աստուածավախութիւն ներշնչէ։ Սաղմոս 111–ը յօրինողը աստուածավախութեան մասին շիտակ տեսակէտը ունէր, ըսելով. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք [իր պատուիրանները] կը կատարեն» (Սաղ. 111։10

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախ ունենալը մեզի պիտի օգնէ չար բաները ատելու։ Անիկա նաեւ մեզի պիտի օգնէ, որ ընդօրինակենք Աստուծոյ գեղեցիկ յատկութիւնները, որոնք նշուած են 112–րդ սաղմոսին մէջ, զոր յաջորդ յօդուածը կը քննարկէ։ Այս սաղմոսը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչպէս կրնանք որակեալ ըլլալ, որ միլիոնաւորներու հետ առյաւէտ Աստուած գովաբանենք։ Ան արդարեւ ասոր արժանի է։ «Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ» (Սաղ. 111։10

Հարցումներ՝ խորհրդածութեան համար

• Եհովա ինչո՞ւ մեր միասնական գովաբանութեան արժանի է։

• Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները յայտնուած են իր գործերուն մէջ։

• Աստուծոյ անունը կրելու առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը նկատես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Մեր ժողովքային հանդիպումներուն գլխաւոր նպատակն է՝ Եհովան գովաբանել

[Նկար՝ էջ 27]

Եհովայի բոլոր օրէնքները մշտնջենական ու վստահելի սկզբունքներու վրայ հիմնուած են