Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամէն բանի ժամանակը կայ

Ամէն բանի ժամանակը կայ

Ամէն բանի ժամանակը կայ

«Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ Այս խօսքերը գրողը՝ իմաստուն Սողոմոն թագաւոր, նաեւ նշեց թէ կայ ծնելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ, կառուցանելու ժամանակ եւ քանդելու ժամանակ, սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ։ Վերջաւորութեան, ան դիտել տուաւ. «Աշխատողին՝ իր կատարած աշխատանքէն ի՞նչ օգուտ կայ» (Ժողովող 3։1-9

ԱՅՍ խօսքերը կարդալով, ոմանք կ’եզրակացնեն թէ Աստուածաշունչը արդարեւ կը սորվեցնէ, որ ամէն բանի նախասահմանուած ժամանակը կայ,– թէ Աստուածաշունչը ճակատագրի հաւատալիքին նեցուկ կը կանգնի։ Ասիկա շիտա՞կ է։ Աստուածաշունչը զօրավիգ կը կանգնի՞ այն գաղափարին, թէ ճակատագիրը կեանքի մէջ ամէն բան կը ղեկավարէ։ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչը» ըլլալով, ինչ որ Աստուածաշունչի մէկ հատուածին մէջ կը կարդանք, ներդաշնակ պէտք է ըլլայ միւս հատուածներուն հետ։ Ուստի տեսնենք թէ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մնացեալ մասերը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսեն (Բ. Տիմոթէոս 3։16

Ժամանակ ու դիպուած

Ժողովողի գրքին մէջ, Սողոմոն գրեց. «Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, թէ ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ»։ Ինչո՞ւ։ Ան բացատրեց. «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (Ժողովող 9։11

Փոխանակ թելադրելու թէ ճակատագիրը կեանքի մէջ ամէն բան կ’որոշէ, Սողոմոն ցոյց տուաւ թէ մարդիկ չեն կրնար որեւէ գործունէութեան արդիւնքը ճշգրտօրէն նախատեսել, քանի որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Յաճախ, անհատի մը բան մը կը պատահի, պարզապէս քանի որ կը գտնուի յարմար վայրը՝ յարմար ժամանակին, կամ սխալ վայրը՝ սխալ ժամանակին։

Նկատի առ, զոր օրինակ, «ճամբան վազողներունը չէ» խօսքը։ Թերեւս կը յիշես աղջկանց 3000 մեթր վազքը, 1984–ի Ողիմպիական խաղերուն, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա (ԱՄՆ)։ Բրիտանիան ու Միացեալ Նահանգները ներկայացնող երկու աթլեթներ կը յուսային ոսկի մետալը շահիլ։ Սակայն մրցավազքի կիսուն, անոնք իրարու զարնուեցան։ Մէկը գետին փռուեցաւ եւ վազքը չշարունակեց, իսկ միւսը ա՛յնքան վհատեցաւ, որ եօթներորդ դիրքը գրաւեց։

Այդ պատահածին մէջ ճակատագիրը մատ ունէ՞ր։ Ոմանք այո՛ կ’ըսեն։ Բայց բացայայտ է որ բախումը,– աննախատեսելի միջադէպը,– պատճառ եղաւ որ երկուքն ալ մրցումը կորսնցնեն։ Ոմանք կրնան խորհիլ թէ բախո՛ւմը նախասահմանուած էր։ Սակայն մեկնաբաններ արկածը կը վերագրեն սաստիկ մրցակցութեան՝ երկու զօրաւոր աթլեթներու միջեւ, որոնք գրեթէ նոյն մակարդակը ունէին ու կը ջանային առաջ անցնիլ։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Անհատ մը ո՛րքան ալ լաւ պատրաստուած ըլլայ, միշտ կան անակնկալ ազդակներ, որոնք կրնան արդիւնքին ազդել, եւ ասիկա ո՛չ մէկ կապ ունի ճակատագրին հետ։

Արդ, Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ երբ կ’ըսէ. «Ամէն բանի ատենը կայ»։ Կրնա՞նք բան մը ընել, որ կրնայ մեր ապագային ազդել։

Ամէն ջանքի լաւագոյն ժամանակը

Աստուածաշունչի ներշնչեալ գրողը ոեւէ անհատի ճակատագրին մասին չէր խօսեր, ո՛չ ալ մէկու մը կեանքին վախճանը կը նկարագրէր, այլ՝ կը խօսէր Աստուծոյ նպատակին մասին եւ թէ անիկա ի՛նչպէս մարդկութեան պիտի ազդէ։ Ի՞նչպէս գիտենք։ Հիմնականօրէն, բովանդակութիւնը այս կէտը կը յայտնէ։ «Ժամանակ» ունեցող բազմաթիւ բաներ նշելէ ետք, Սողոմոն գրեց. «Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, որպէս զի անով զբաղին։ Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ» (Ժողովող 3։10, 11

Աստուած մարդուն բազմաթիւ զբաղումներ կամ աշխատանքներ տուած է։ Ան նաեւ մեզի ազատ կամք շնորհած է, որպէսզի ընտրենք թէ ի՛նչ կ’ուզենք ընել։ Սակայն ամէն աշխատանքի համար, շիտակ կամ նպաստաւոր ժամանակ կայ, որպէսզի լաւագոյն արդիւնքը տայ։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Ժողովող 3։2–ի մէջ Սողոմոնի սա խօսքը. «Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ»։ Հողագործները գիտեն թէ իւրաքանչիւր բոյսի համար կայ ցանելու յարմար ժամանակ։ Եթէ հողագործ մը այդ պարզ իրողութիւնը անտեսելով եւ սխալ ժամանակին կամ եղանակին սերմանելով, լաւ հունձք չստանայ, հակառակ իր ծանր աշխատանքին, ճակատագի՞րը պէտք է մեղադրէ։ Անշուշտ ոչ։ Ան պարզապէս յարմար ժամանակին չսերմանեց։ Հողագործը լաւ կ’ընէր եթէ Ստեղծիչին հաստատած բնական կանոններուն հետեւէր։

Հետեւաբար, Աստուած ո՛չ թէ անհատներու ճակատագիրը կամ բոլոր դէպքերուն հետեւանքը սահմանած է, այլ՝ մարդկային գործառնութիւնները ղեկավարող սկզբունքներ, իր նպատակին հետ ներդաշնակ։ Իրենց աշխատանքին արդիւնքը վայելելու համար, մարդիկ Աստուծոյ նպատակն ու ժամանակը պէտք է զատորոշեն եւ անոնց համաձայն գործեն։ Նախասահմանուած ու անփոփոխելի բանը անհատներու ճակատագիրը չէ, այլ՝ ի՛նչ որ Աստուած նպատակադրած է ընել։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա ըսաւ. «Իմ բերնէս ելած խօսքը. . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (Եսայի 55։11

Ուստի ի՞նչ է երկրին ու մարդկութեան ապագային նկատմամբ Աստուծոյ «խօսքը» կամ նպատակը, որ վստահաբար պիտի ‘յաջողի’։

Աստուծոյ ժամանակը հասկնալ

Սողոմոն բանալի մը տուաւ։ «[Աստուած] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ» ըսելէն ետք, ան աւելցուց. «Մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ» (Ժողովող 3։11

Այս համարին մասին շա՜տ բան գրուած է։ Բայց պարզ իրողութիւնը այն է, թէ առիթով մը մեր սրտին խորը, բոլորս ալ կեանքի իմաստին ու մեր ապագային մասին հարց տուած ենք։ Դարերու ընթացքին, մարդիկ դժուար գտած են ընդունիլ, թէ կեանքը միայն գործեր կատարել է, որոնց վերջ կը դնէ մահը։ Մարդ արարածներս յատուկ ենք, քանի որ կը մտածենք ո՛չ միայն ներկային մասին, այլ նաեւ՝ կեանքի վախճանին եւ ապագային մասին։ Նոյնիսկ կը տենչանք յաւիտեան ապրիլ։ Ինչո՞ւ։ Ինչպէս համարը կը բացատրէ, Աստուած «մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»։

Այդ տենչը յագեցնելու համար, մարդիկ անդէնական կեանքի գաղափարին կառչած են։ Ոմանք կ’եզրակացնեն թէ մեր մահէն ետք, մեր մէջ բան մը կը շարունակէ ապրիլ։ Ուրիշներ կը հաւատան թէ շարունակ պիտի վերածնինք, անվերջ հոգեփոխութիւններու ենթարկուելով։ Տակաւին ուրիշներ կը խորհին, թէ կեանքի մէջ ամէն բան նախասահմանուած է ճակատագիրով կամ նախախնամութեամբ, եւ ասոր նկատմամբ ոչինչ կրնանք ընել։ Բայց այս բացատրութիւններէն ո՛չ մէկը ամբողջովին գոհացուցիչ եղած է, քանի որ մարդիկ իրենց ջանքերով ‘Աստուծոյ ըրած գործը չեն կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ’, կ’ըսէ Աստուածաշունչը։

Գիտնալու փափաքը եւ պատասխանը գտնելու անկարող ըլլալը, դարերու ընթացքին տառապանքի մատնած է մտաւորականներն ու իմաստասէրները։ Սակայն, քանի որ Աստուա՛ծ մեր սիրտին մէջ այդ տենչը կամ փափաքը դրած է, տրամաբանական չէ՞ իրեն դիմել, որ հայթայթէ զայն գոհացնելու հարկ եղածը։ Արդարեւ Աստուածաշունչը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես» (Սաղմոս 145։16)։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին դիմելով, կրնանք կեանքին ու մահուան մասին եւ երկրին ու մարդկային ընտանիքին նկատմամբ Աստուծոյ յաւիտենական նպատակին մասին գոհացուցիչ պատասխաններ գտնել (Եփեսացիս 3։11

[Մէջբերում՝ էջ 5]

«Ճամբան վազողներունը չէ» (Ժողովող 9։11)

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Եթէ հողագործ մը յարմար ժամանակին չսերմանելով տկար հունձք ունենայ, ճակատագի՞րը պէտք է մեղադրէ

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Կեանքին ու մահուան մասին կը մտածենք, քանի որ Աստուած «մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»