Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»

«Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»

Աստուծոյ մօտեցիր

«Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»

Ելից 3։1-10

«ՍՈՒՐԲ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը» (Եսայի 6։3)։ Այս ներշնչեալ խօսքը կը նշէ, թէ Եհովա Աստուած գերագոյն աստիճանի մաքուր եւ անարատ է։ Թերեւս հարց տաս. ‘Անոր սրբութիւնը զինք պաղ կամ անտարբեր կ’ընէ՞։ Այսպիսի սուրբ Աստուած մը կրնա՞յ իրապէս ինձմով հետաքրքրուիլ,– ես որ մեղաւոր ու անկատար մարդ եմ’։ Նկատի առնենք այն հաւաստիացուցիչ խօսքերը, զորս Աստուած Մովսէսի ըսաւ, ինչպէս որ արձանագրուած են Ելից 3։1-10–ի մէջ։

Օրին մէկը, երբ Մովսէս ոչխարները կ’արածէր, արտասովոր տեսարան մը տեսաւ,– մորենի մը կրակով կը վառէր, բայց «չէր սպառեր» (համար 2)։ Հետաքրքրութիւնը շարժելով, ան մորենիին մօտեցաւ։ Եհովա հրեշտակի մը միջոցաւ, կրակին մէջէն Մովսէսի ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է» (համար 5)։ Պահ մը խորհէ. քանի որ հրեշտակը սուրբ Աստուածը կը ներկայացնէր, գետինը սուրբ սեպուեցաւ։

Սուրբ Աստուած Մովսէսի հետ խօսելու պատճառ մը ունէր։ Ան ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ» (համար 7)։ Աստուած իր ժողովուրդին թշուառութիւնը կը տեսնէր եւ անոնց աղերսանքները կը լսէր, անոնց տառապանքը բաժնելով։ Նկատի առ Աստուծոյ խօսքը. «Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»։ «Գիտեմ» բառին նկատմամբ, աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Այս բառը անձնական յուզում, քնքշութիւն ու կարեկցութիւն ցոյց կու տայ»։ Մովսէսի ուղղուած Եհովայի խօսքերը կը յայտնեն, թէ ինք խորապէս հետաքրքրուած ու հոգածու Աստուած է։

Աստուած ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան պարզապէս գթութեամբ չնայեցաւ կամ կարեկցութեամբ մտիկ չըրաւ։ Ան գործի լծուեցաւ։ Ան նպատակադրեց իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն ազատել եւ «կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը» բերել (համար 8)։ Ասիկա իրագործելու համար, Եհովա Մովսէսի պատուիրեց. ‘Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսէն հանէ՛’ (համար 10)։ Այս յանձնարարութիւնը հաւատարմաբար կատարելով, Մովսէս իսրայէլը Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդեց՝ մ.թ.ա. 1513–ին։

Եհովա չէ փոխուած։ Ներկայիս իր երկրպագուները կրնան վստահ ըլլալ, թէ իրենց նեղութիւնները կը տեսնէ եւ օգնութեան խնդրանքները կը լսէ։ Ան լաւ գիտէ անոնց քաշած ցաւերն ու տառապանքը։ Բայց Եհովա իր նուիրեալ ծառաներուն հանդէպ պարզապէս կարեկցութիւն չի զգար։ Քնքուշ Աստուածը կը մղուի անոնց ի նպաստ գործելու, քանի որ ‘անոնց համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7

Աստուծոյ կարեկցութիւնը պատճառ կու տայ մեզի, որ յոյս ունենանք։ Իր օգնութեամբ, մենք՝ անկատար մարդիկս, կրնանք որոշ չափով սրբութիւն ձեռք ձգել եւ իրեն ընդունելի ըլլալ (Ա. Պետրոս 1։15, 16)։ Ընկճուածութեան ու վհատութեան հետ մաքառող քրիստոնեայ կին մը, մորենիին մօտ պատահած դէպքէն մխիթարութիւն ստացած է։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ Եհովա կրնայ նոյնիսկ աղտոտ գետինը սուրբ ընել, ուրեմն ինծի համար փոքր յոյս մը կայ։ Այս գաղափարը մեծապէս ինծի օգնած է»։

Կը մղուի՞ս սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի մասին աւելի սորվելու։ Կարելի է իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալ, քանի որ Եհովա «գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։14