Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի իմաստութիւնը ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնուի

Եհովայի իմաստութիւնը ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնուի

Եհովայի իմաստութիւնը ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնուի

«Ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները» (ՀՌՈՎ. 1։20, Անթիլիաս

1. Ներկայիս աշխարհային իմաստութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է շատերու վրայ։

«ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ» բառը ներկայիս անտեղիօրէն կը գործածուի։ Ոմանք անհատ մը իմաստուն կը նկատեն պարզապէս եթէ շատ գիտութիւն ամբարած է։ Սակայն աշխարհի այդպէս կոչուած մտաւորականները, կեանքի մէջ իսկական իմաստ գտնելու նկատմամբ վստահելի ուղղութիւն չեն տար։ Ընդհակառակը, անոնք որոնք այսպիսի անհատներու ազդեցութեան կ’ենթարկուին, ի վերջոյ ‘կ’երերան ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին կը տարուբերուին’ (Եփ. 4։14

2, 3. ա) Ինչո՞ւ Եհովա «միմիայն իմաստուն» է։ բ) Աստուածային իմաստութիւնը ի՞նչպէս կը տարբերի աշխարհի իմաստութենէն։

2 Ո՜րքան տարբեր է անոնց պարագան, որոնք իսկական իմաստութիւն ձեռք կը ձգեն, որուն Աղբիւրը Եհովա Աստուած է։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ Եհովա «միմիայն իմաստուն» է (Հռով. 16։27)։ Ան տիեզերքի մասին ամէն բան գիտէ, ի ներառեալ՝ անոր կազմուածքն ու պատմութիւնը։ Եհովա դրած է բնութեան բոլոր ֆիզիքական օրէնքները, որոնց մարդիկ կ’ապաւինին իրենց հետազօտութեան համար։ Ուստի մարդակերտ գիւտերը զինք չեն տպաւորեր, եւ այդպէս կոչուած մարդկային փիլիսոփայութեան վեհ մտածմունքը իր հետաքրքրութիւնը չի շարժեր։ «Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է» (Ա. Կոր. 3։19

3 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ Եհովա իր ծառաներուն ‘իմաստութիւն կու տայ’ (Առ. 2։6)։ Մարդկային փիլիսոփայութիւններուն հակառակը, Աստուծմէ եկած իմաստութիւնը աղօտ չէ։ Անիկա շեշտ կը դնէ առողջ դատողութեան վրայ, եւ հիմնուած է ճշգրիտ գիտութեան ու հասկացողութեան վրայ (կարդալ՝ Յակոբոս 3։17Պօղոս առաքեալ Եհովայի իմաստութեան վրայ հիացաւ։ Ան գրեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները» (Հռով. 11։33)։ Որովհետեւ Եհովա ամէնիմաստուն է, վստահ ենք թէ իր օրէնքները մեզ լաւագոյն կենցաղին մէջ կ’առաջնորդեն։ Արդարեւ Եհովա ոեւէ անհատէ աւելի գիտէ, թէ երջանիկ ըլլալու համար ի՛նչի պէտք ունինք (Առ. 3։5, 6

Յիսուս. «ճարտարապետ» մը

4. Եհովայի իմաստութիւնը ըմբռնելու մէկ կերպը ի՞նչ է։

4 Եհովայի իմաստութիւնը եւ միւս աննման յատկութիւնները կրնան իր ստեղծած բաներով տեսնուիլ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 1։20Եհովայի գործերը, մեծ թէ պզտիկ, իր անձնաւորութեան երեսակները կը յայտնեն։ Ո՛ւր որ ալ նայինք,– երկինքը կամ գետինը,– ամէնիմաստուն ու սիրառատ Ստեղծիչի մը գոյութեան անհամար ապացոյցներ կը գտնենք։ Անոր մասին շատ բան կրնանք սորվիլ, իր ստեղծագործութիւնները նկատի առնելով (Սաղ. 19։1. Եսա. 40։26

5, 6. ա) Եհովայէ զատ, ո՞վ ստեղծագործութեան մէջ դեր ունեցաւ։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք եւ ինչո՞ւ։

5 Եհովա առանձին չէր, երբ «երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծն. 1։1)։ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ ֆիզիքական ստեղծագործութիւնը սկսելէն շա՜տ առաջ, ան ստեղծեց հոգեղէն արարած մը, որուն միջոցաւ «ամէն բան» շինեց։ Այդ հոգեղէն արարածը Աստուծոյ միածին Որդին էր՝ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը», որ յետագային երկրի վրայ ապրեցաւ որպէս մարդ Յիսուս (Կող. 1։15-17)։ Եհովայի նման, Յիսուս իմաստութիւն ունի։ Իրականութեան մէջ, Առակաց 8–րդ գլուխին մէջ, ան ներկայացուած է իբրեւ անձնաւորուած իմաստութիւն եւ իրեն ակնարկուած է որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ»ը (Առ. 8։12, 22-31

6 Արդ, ֆիզիքական ստեղծագործութիւնը կը յայտնէ թէ՛ Եհովայի եւ թէ իր Ճարտարապետին՝ Յիսուսի իմաստութիւնը։ Անիկա մեզի համար թանկարժէք դասեր կը բովանդակէ։ Այժմ նկատի առնենք Առակաց 30։24-28–ի մէջ նշուած չորս ստեղծուածներ, որոնք բնազդաբար «շատ խելացի» են։ *

Ջանասիրութեան օրինակ

7, 8. Մրջիւնին վերաբերեալ ի՞նչ իրողութիւններ քեզ կ’ապշեցնեն։

7 ‘Երկրի վրայ պզտիկ եղող’ բաներու կազմն ու գործունէութիւնները քննելով, կրնանք դասեր քաղել։ Օրինակ, նկատի առ մրջիւնին բնազդական իմաստութիւնը (կարդալ՝ Առակաց 30։24, 25

8 Կարգ մը հետազօտիչներ կը հաւատան, թէ իւրաքանչիւր մարդու համար առնուազն 200,000 մրջիւն կայ, որոնք երկրին մակերեսին վրայ ու տակը եռանդով կը գործեն։ Մրջիւնները գաղութներ կը կազմակերպեն, եւ անոնց մեծամասնութեան մէջ երեք տեսակ մրջիւններ կը գտնուին. թագուհիներ, արուներ եւ աշխատաւորներ։ Իւրաքանչիւր խումբ իր յատուկ կերպով գաղութին կարիքներուն հոգ կը տանի։ Հարաւային Ամերիկեան տերեւ–կտրող մրջիւնը կրնայ գերակատար պարտիզպան կոչուիլ։ Այս պզտիկ միջատը իր սնկային պարտէզները այնպիսի կերպերով կ’արգասաւորէ, կը տեղափոխէ եւ կը յօտէ, որոնք առաւելագոյն բերքը կ’ապահովեն։ Հետազօտիչներ նկատած են, թէ այս հմուտ «պարտիզպանը» գաղութին հարկ եղած ուտելիքին քանակին համաձայն իր աշխատանքը կարգի կը դնէ։ *

9, 10. Ի՞նչպէս կրնանք մրջիւնին ջանասիրութիւնը ընդօրինակել։

9 Մրջիւններէն դասեր կրնանք քաղել։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, որ ժրաջան աշխատանքի հարկ կայ, եթէ կը փափաքինք լաւ պտուղ տալ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։ Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ» (Առ. 6։6-8)։ Թէ՛ Եհովա եւ թէ իր Ճարտարապետը՝ Յիսուս, աշխատասէր են։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յովհ. 5։17

10 Աստուած ու Քրիստոս ընդօրինակելով, մենք ալ ժրաջան պէտք է ըլլանք։ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ ի՛նչ նշանակում ալ ունենանք, բոլորս ալ պէտք է ‘աւելնանք Տէրոջ գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Ուստի տեղին է որ Հռովմի քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի յորդորին անսանք. «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք» (Հռով. 12։11)։ Եհովայի կամքը կատարելու համար մեր թափած ջանքերը ի զուր չեն, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (Եբ. 6։10

Հոգեւոր վնասէ պաշտպանուիլ

11. Ճագարին կարգ մը յատկանիշները նկարագրէ։

11 Ճագարը յարաբերաբար փոքր արարած մըն է, որ կրնայ կարեւոր դասեր սորվեցնել մեզի (կարդալ՝ Առակաց 30։26Անիկա ունի կարճ–կլոր ականջներ ու կարճ սրունքներ եւ կ’ապրի ժայռոտ վայրերու մէջ։ Ճագարին սուր տեսողութիւնը իրեն լաւ կը ծառայէ, իսկ ժայռոտ բնակավայրին ծակերն ու խոռոչները զինք գիշատիչներէ կը պաշտպանեն։ Ճագարը ծրագրուած է որ ուռճանայ սերտ ընկերակցութիւն ունեցող խմբակի մէջ, որ զինք կը պաշտպանէ ու ձմեռը՝ տաք կը պահէ։ *

12, 13. Ճագարէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

12 Ճագարէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նախ, նկատի առ թէ այս անասունը ինքզինք անպաշտպան չի թողուր։ Անիկա իր սուր տեսողութիւնը կ’օգտագործէ գիշատիչները հեռուէն նշմարելու համար, եւ մօտիկ կը մնայ ծակերուն ու խոռոչներուն, որոնք կրնան փրկաբեր պատսպարան հայթայթել։ Նմանապէս, հոգեւոր սուր տեսողութիւն պէտք է ունենանք, որպէսզի կարենանք Սատանայի աշխարհին թաքնուած վտանգները նշմարել։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները յորդորեց. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր ուղղամտութիւնը բեկանելու Սատանայի բոլոր ջանքերուն նկատմամբ աչալուրջ ու զգոյշ մնաց (Մատ. 4։1-11)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

13 Արթուն կենալու կերպերէն մէկն է՝ օգտուիլ այն հոգեւոր պաշտպանութենէն, զոր Եհովա մեզի մատչելի կը դարձնէ։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը պէտք չէ անտեսենք (Ղուկ. 4։4. Եբ. 10։24, 25)։ Անկէ զատ, ինչպէս ճագարը սերտ ընկերակցութիւն ունեցող խմբակի մէջ կը ծաղկի, մեր քրիստոնեայ հաւատակիցներուն մօտիկ պէտք է մնանք, որպէսզի կարենանք «իրար քաջալերել» (Հռով. 1։12, Անթիլիաս)։ Եհովայի հայթայթած պաշտպանութենէն օգտուելով, ցոյց կու տանք թէ համամիտ ենք սաղմոսերգու Դաւիթի հետ, որ գրեց. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ» (Սաղ. 18։2

Յարատեւել՝ ի հեճուկս հակառակութեան

14. Թէեւ մարախ մը կրնայ տպաւորիչ չըլլալ, բայց ի՞նչ կարելի է ըսել մարախներու գունդին մասին։

14 Կրնանք նաեւ մարախներէն սորվիլ։ Շուրջ 5 սանթիմեթր երկայնք ունեցող մարախը կրնայ վախ չպատճառել, բայց մարախներու գունդը վստահաբար երկիւղ կը ներշնչէ (կարդալ՝ Առակաց 30։27Շատակեր ու անխոնջ մարախները կրնան հնձուելու պատրաստ դաշտ մը արագօրէն փճացնել։ Աստուածաշունչը մարախներէ եւ այլ միջատներէ բաղկացած գունդի մը մօտենալուն ձայնը կը նմանցնէ կառքերու աղմուկին եւ յարդը սպառող կրակի բոցի աղմուկին (Յվլ. 2։3, 5)։ Մարախներու գունդի մը վրայ ճամբան կտրելու համար, մարդիկ յաճախ կրակ կը վառեն, բայց ի զուր։ Ինչո՞ւ։ Սպաննուած մարախներուն մարմինները պատճառ կ’ըլլան որ կրակը մարի, ապա մնացեալ մարախները անարգել կը շարունակեն իրենց ընթացքը։ Առանց թագաւորի կամ առաջնորդի, մարախներու գունդը լաւ կազմակերպուած բանակի մը պէս կը գործէ, ամէն խոչընդոտ յաղթահարելով (Յվլ. 2։25 *

15, 16. Ներկայիս Թագաւորութիւնը ծանուցանողները ի՞նչպէս մարախներու գունդի մը պէս են։

15 Յովէլ մարգարէն Եհովայի ծառաներուն գործունէութիւնը համեմատեց մարախներու գործունէութեան հետ։ Ան գրեց. «Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի արշաւեն, պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի մագլցին. իւրաքանչիւրը իր ճամբայէն պիտի երթայ, իրենց ուղիները պիտի չփոխեն։ Զիրար պիտի չհրեն, իւրաքանչիւրը իր պողոտայէն պիտի երթայ. նիզակներու մէջէն պիտի յարձակին՝ առանց իրենց խոյանքը կասեցնելու» (Յվլ. 2։7, 8, ԱԾ

16 Այս մարգարէութիւնը ո՜րքան ճշգրտօրէն կը նկարագրէ զանոնք, որոնք ներկայիս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն։ Հակառակութեան ո՛չ մէկ «պարիսպ» կրցած է անոնց քարոզչութիւնը կասեցնել։ Անոնք կ’ընդօրինակեն Յիսուսը, որ շարունակեց Աստուծոյ կամքը ընել, թէեւ շատերու կողմէ անարգուեցաւ (Եսա. 53։3)։ Ճիշդ է որ կարգ մը քրիստոնեաներ «նիզակներու մէջ» ինկած են, իրենց հաւատքին համար նահատակուելով, սակայն քարոզչութիւնը շարունակուած է եւ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներուն թիւը յարատեւ կ’աւելնայ։ Իրականութեան մէջ, յաճախ հալածանքը բարի լուրի տարածման նպաստած է, զայն հասցնելով անհատներու, որոնք այլապէս Թագաւորութեան պատգամը պիտի չլսէին (Գործք 8։1, 4)։ Քու ծառայութեանդ մէջ, մարախներուն յարատեւութեան պէս յարատեւութիւն ցուցաբերա՞ծ ես, նոյնիսկ անտարբերութեան ու հակառակութեան դիմաց (Եբ. 10։39

‘Բարիին յարէ’

17. Մողէզին ոտքերը ի՞նչպէս սահուն մակերեսի կը կպչին։

17 Այնպէս կը թուի թէ փոքր մողէզը ձգողութեան ասպարէզ կը կարդայ (կարդալ՝ Առակաց 30։28Իրականութեան մէջ, գիտնականներ ապշած են՝ նկատելով այս արարածին պատեր մագլցելու եւ սահուն առաստաղներէ անցնելու կարողութիւնը։ Մողէզը ի՞նչպէս կ’ընէ ասիկա։ Գաղտնիքը ծծող սարքի կամ տեսակ մը սոսինձի մէջ չի կայանար։ Փոխարէն, մողէզին իւրաքանչիւր մատը խորշոմներ ունի, որոնք մազանման հազարաւոր ցցուածքներ կը բովանդակեն։ Իսկ իւրաքանչիւր ցցուածք հարիւրաւոր մանրաթելեր ունի, որոնց ծայրը պնակիկի նման է։ Այս բոլոր մանրաթելերէն յառաջ եկած միջմասնկային ուժը բաւարար է մողէզի մարմնին ծանրութիւնը շալկելու,– նոյնիսկ երբ անիկա գլխիվայր կախուած՝ ապակեայ մակերեսի վրայ կը վազվզէ։ Մողէզին կարողութիւնը իրենց հետաքրքրութիւնը շարժելով, հետազօտիչներ կ’ըսեն թէ մողէզին ոտքը ընդօրինակող ոչ–բնական նիւթեր կրնան որպէս զօրաւոր կպչուն նիւթ գործածուիլ։ *

18. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ միշտ ‘բարիին կը յարինք’։

18 Մողէզէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. ‘Չարէն զզուեցէ՛ք, բարիի՛ն յարեցէք’ (Հռով. 12։9)։ Սատանայի աշխարհին մէջ տիրական եղող վատառողջ ազդեցութիւնները կրնան պատճառ ըլլալ, որ աստուածային սկզբունքներուն ամրօրէն չկառչինք։ Օրինակ, Աստուծոյ օրէնքներուն չյարող անհատներու հետ ընկերակցիլը,– դպրոցը, գործատեղին կամ վնասակար ժամանցի միջոցով,– կրնայ շիտակը ընելու մեր վճռականութիւնը տկարացնել։ Թոյլ մի՛ տար որ ասիկա քեզի պատահի։ Աստուծոյ Խօսքը կը զգուշացնէ. «Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար» (Առ. 3։7)։ Փոխարէն, Աստուծոյ ժողովուրդին տրուած Մովսէսի իմաստուն խրատին հետեւէ. «Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս» (Բ. Օր. 10։20)։ Եհովայի յարելով, Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, որուն մասին ըսուեցաւ. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր» (Եբ. 1։9

Ստեղծագործութենէն դասեր քաղել

19. ա) Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները անհատապէս կը նկատես ստեղծագործութեան մէջ։ բ) Աստուածային իմաստութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։

19 Ինչպէս տեսանք, Եհովայի ստեղծագործութիւնները յստակօրէն կը յայտնեն իր յատկութիւնները եւ մեզի կը սորվեցնեն արժէքաւոր դասեր։ Եհովայի գործերը ո՛րքան աւելի հետազօտենք, ա՛յնքան աւելի իր իմաստութեան վրայ կը սքանչանանք։ Աստուածային իմաստութեան ուշադրութիւն ընծայելը, մեր երջանկութիւնը պիտի խորացնէ հի՛մա եւ մեզ պիտի պաշտպանէ յետագայ օրերուն (Ժող. 7։12)։ Այո, անհատապէս պիտի շօշափենք Առակաց 3։13, 18–ի երաշխիքին ճշմարիտ ըլլալը, որ կ’ըսէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Յատկապէս պատանիները կրնան հաճոյք ստանալ, ստորանիշներուն մէջ տրուած աղբիւրները բանալով եւ յետոյ տեղեկութիւններուն մասին մեկնաբանելով Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ընթացքին։

^ պարբ. 8 Տերեւ–կտրող մրջիւնին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Զարթի՛ր–ի 22 մարտ 1997 թիւը, էջ 31, եւ 22 մայիս 2002 թիւը, էջ 31։

^ պարբ. 11 Ճագարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, տե՛ս Զարթի՛ր–ի 8 սեպտեմբեր 1990 թիւը, էջ 15-16։

^ պարբ. 14 Մարախներու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Զարթի՛ր–ի 22 հոկտեմբեր 1976 թիւը, էջ 11։

^ պարբ. 17 Մողէզի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տե՛ս Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2008 թիւը, էջ 26։

Կը յիշե՞ս

Ի՞նչ գործնական դաս կը սորվինք. . .

• մրջիւնէն։

• ճագարէն։

• մարախէն։

• մողէզէն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Տերեւ–կտրող մրջիւնին նման աշխատասէ՞ր ես

[Նկարներ՝ էջ 21]

Ճագարը սերտ ընկերակցութիւն ունեցող խմբակի մէջ պաշտպանութիւն կը գտնէ։ Դուն ալ նոյնը կ’ընե՞ս

[Նկարներ՝ էջ 22]

Մարախներուն պէս, քրիստոնեայ քարոզիչները յարատեւութիւն կը ցուցաբերեն

[Նկար՝ էջ 22]

Ինչպէս մողէզը մակերեսի կը կպչի, քրիստոնեաները բարիին կը յարին

[Նկարին աղբիւրը]

Stockbyte/Getty Images