Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսը գնահատենք. մեծագոյն Դաւիթը եւ մեծագոյն Սողոմոնը

Յիսուսը գնահատենք. մեծագոյն Դաւիթը եւ մեծագոյն Սողոմոնը

Յիսուսը գնահատենք. մեծագոյն Դաւիթը եւ մեծագոյն Սողոմոնը

«Ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս» (ՄԱՏ. 12։42

1, 2. Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, ինչո՞ւ զարմանալի էր որ Սամուէլի ըսուեցաւ որ Դաւիթը թագաւոր օծէ։

ԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻ մը տեսքը չունէր։ Սամուէլ մարգարէին համար, ան պարզապէս պատանի հովիւ մըն էր։ Ասկէ զատ, անոր ծննդավայրը՝ Բեթլեհէմ, համբաւաւոր չէր եւ «Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ» էր (Միք. 5։2)։ Այսուհանդերձ ան Սամուէլ մարգարէին կողմէ պիտի օծուէր որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւորը։

2 Պատանի Դաւիթ ո՛չ առաջին, ո՛չ երկրորդ, ո՛չ ալ երրորդ զաւակն էր, զոր Յեսսէ՝ իր հայրը, օծման համար Սամուէլի ներկայացուց։ Դաւիթ, որ Յեսսէի ութերորդ եւ կրտսերագոյն որդին էր, նոյնիսկ ներկայ չէր, երբ Սամուէլ հաւատարիմ Յեսսէի տունը եկաւ, անոր որդիներէն մէկը թագաւոր օծելու։ Բայց Դաւիթ Եհովայի ընտրութիւնն էր, եւ կարեւորը ասիկա էր (Ա. Թագ. 16։1-10

3. ա) Անհատ մը քննելու ատեն, Եհովա ի՞նչ բան շատ կարեւոր կը նկատէ։ բ) Դաւիթի օծման ժամանակ, անոր վրայ ի՞նչ եկաւ։

3 Եհովա տեսաւ այն ինչ որ Սամուէլ չէր կրնար տեսնել։ Աստուած կրնար Դաւիթի սրտին վիճակը զատորոշել, եւ անիկա իրեն հաճելի էր։ Աստուած մարդուն դրսերեւոյթին չի նայիր. իրեն համար կարեւորը ներքին անձնաւորութիւնն է (կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 16։7Ուստի, երբ Սամուէլ նկատեց թէ Եհովա Յեսսէի առաջին եօթը որդիներէն ո՛չ մէկը ընտրած է, արօտավայրէն բերել տուաւ կրտսերագոյն որդին։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Յեսսէ] մարդ ղրկեց ու [Դաւիթը] բերել տուաւ։ Անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. ‘Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է’։ Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ» (Ա. Թագ. 16։12, 13

Դաւիթ Քրիստոսը նախապատկերացուց

4, 5. ա) Դաւիթի ու Յիսուսի միջեւ եղած քանի մը նմանութիւններ նշէ։ բ) Յիսուս ինչո՞ւ կրնայ Մեծագոյն Դաւիթը կոչուիլ։

4 Դաւիթի նման, Յիսուս Բեթլեհէմի մէջ ծնաւ, Դաւիթի օրերէն շուրջ 1100 տարի ետք։ Շատերու աչքին, Յիսուս ալ թագաւորի մը երեւոյթը չունէր,– այն թագաւորը չէր, զոր շատեր կը յուսային։ Բայց եւ այնպէս, Դաւիթի նման, ան Եհովայի ընտրութիւնն էր։ Դաւիթի նման, Եհովա զինք կը սիրէր (Ղուկ. 3։22 * Յիսուսի պարագային ալ, ‘Տէրոջ Հոգին անոր վրայ եկաւ’։

5 Երկուքին միջեւ յաւելեալ նմանութիւններ կան։ Օրինակ, Դաւիթի խրատատուն՝ Աքիտոփէլ իրեն դաւաճանեց, իսկ Յիսուսի առաքեալը՝ Յուդա Իսկարիովտացին զինք մատնեց (Սաղ. 41։9. Յովհ. 13։18)։ Թէ՛ Դաւիթ եւ թէ Յիսուս Եհովայի պաշտամունքի վայրին հանդէպ սաստիկ նախանձախնդրութիւն ունէին (Սաղ. 27։4. 69։9. Յովհ. 2։17)։ Յիսուս նաեւ Դաւիթի ժառանգորդն էր։ Յիսուսի ծնունդէն առաջ, հրեշտակ մը Մարիամի ըսաւ. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը» (Ղուկ. 1։32. Մատ. 1։1)։ Սակայն, քանի որ բոլոր մեսիական խոստումները Յիսուսի վրայ պիտի կատարուին, ան Դաւիթէն շա՜տ աւելի մեծ է։ Ան Մեծագոյն Դաւիթն է, երկար ատենէ յուսացուած մեսիական Թագաւորը (Յովհ. 7։42

Հովիւ–թագաւորին հետեւէ

6. Դաւիթ ի՞նչ կերպերով լաւ հովիւ մըն էր։

6 Յիսուս նաեւ հովիւ մըն է։ Ընտիր հովիւի մը յատկանիշները ի՞նչ են։ Ան հաւատարմօրէն ու քաջաբար իր հօտը կը հոգայ, կը կերակրէ եւ կը պահպանէ (Սաղ. 23։2-4)։ Պատանի Դաւիթ հովիւ էր, եւ իր հօր ոչխարներուն լաւ խնամք տարաւ։ Ան կտրիճ էր երբ հօտը սպառնալիք դիմագրաւեց, եւ ոչխարները առիւծէն ու արջէն պաշտպանելու համար իր կեանքը վտանգեց (Ա. Թագ. 17։34, 35

7. ա) Դաւիթ ի՞նչպէս պատրաստուեցաւ իր արքայական պարտականութիւնները կատարելու։ բ) Յիսուս ի՞նչպէս ապացուցանեց թէ Բարի Հովիւն է։

7 Դաւիթ երկար ժամանակ դաշտերու մէջ եւ բլուրներու վրայ ոչխարները արածելով, պատրաստ եղաւ իսրայէլ ազգը հովուելու պատասխանատուութիւնները շալկելու (Սաղ. 78։70, 71 * Յիսուս նոյնպէս ցոյց տուաւ թէ տիպար հովիւ մըն է։ Ան Եհովայէ զօրութիւն եւ ուղղութիւն կը ստանայ, մինչ իր «պզտիկ հօտ»ը եւ «միւս ոչխարներ»ը կը հովուէ (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 10։16)։ Այսպէս Յիսուս կ’ապացուցանէ թէ Բարի Հովիւն է։ Ան իր հօտը ա՛յնքան լաւ գիտէ, որ իւրաքանչիւր ոչխար անունով կը կանչէ։ Ան իր ոչխարները շա՜տ կը սիրէ, եւ երբ երկրի վրայ էր, անոնց բարօրութեան համար սիրայօժար զոհողութիւններ ըրաւ (Յովհ. 10։3, 11, 14, 15)։ Որպէս Բարի Հովիւ, Յիսուս կ’իրագործէ բան մը, որ Դաւիթ երբեք չէր կրնար ընել։ Իր փրկանքի զոհին շնորհիւ, մարդկութիւնը կրնայ մահէն ազատիլ։ Ոչինչ կրնայ իրեն արգելք հանդիսանալ, մինչ կ’առաջնորդէ իր «պզտիկ հօտ»ը դէպի անմահութիւն երկինքի մէջ եւ իր «ուրիշ ոչխարներ»ը դէպի յաւիտենական կեանք, գայլանման յօշոտողներէ զերծ ու արդար նոր աշխարհին մէջ (կարդալ՝ Յովհաննէս 10։27-29

Յաղթող թագաւորին հետեւէ

8. Դաւիթ ի՞նչպէս յաղթող թագաւոր մը եղաւ։

8 Դաւիթ թագաւոր անսասան ռազմիկ մըն էր, որ Աստուծոյ ժողովուրդին երկիրը պաշտպանեց, եւ «ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար»։ Դաւիթի առաջնորդութեան ներքեւ, ազգին սահմանները եղան Եգիպտոսի գետէն մինչեւ Եփրատ գետը (Բ. Թագ. 8։1-14)։ Եհովայի զօրութեամբ, Դաւիթ շատ հզօր կառավարիչ մը դարձաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դաւիթին անունը ամէն երկիր տարածուեցաւ։ Տէրը բոլոր ազգերուն վրայ անոր վախը ձգեց» (Ա. Մն. 14։17

9. Բացատրէ թէ որպէս ապագայ Թագաւոր Յիսուս ի՛նչպէս յաղթող մըն էր։

9 Դաւիթ թագաւորին նման, Յիսուս քաջասիրտ էր։ Որպէս ապագայ Թագաւոր, ան դեւերուն վրայ իր հեղինակութիւնը ցոյց տուաւ, անոնց ճիրաններէն զոհեր ազատելով (Մար. 5։2, 6-13. Ղուկ. 4։36)։ Նոյնիսկ գլխաւոր թշնամին՝ Բանսարկուն, իր վրայ ազդեցութիւն չունի։ Եհովայի զօրակցութեամբ, Յիսուս Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհին յաղթեց (Յովհ. 14։30. 16։33. Ա. Յովհ. 5։19

10, 11. Երկինքի մէջ որպէս Ռազմիկ–Թագաւոր ի՞նչ է Յիսուսի դերը։

10 Յիսուս երկինք համբառնալէն շուրջ 60 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ մարգարէական տեսիլք մը ստացաւ, որ կը ներկայացնէ Յիսուսը իբրեւ Ռազմիկ–Թագաւոր երկինքի մէջ։ Յովհաննէս կը գրէ. «Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց» (Յայտ. 6։2)։ Ճերմակ ձիուն վրայ հեծնողը Յիսուսն է։ 1914–ին «պսակ մը տրուեցաւ անոր» որպէս երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ Անկէ ետք, ան «յաղթելու գնաց»։ Այո, Դաւիթի նման, Յիսուս յաղթող թագաւոր մըն է։ Թագադրուելէ քիչ ետք, ան Սատանայի դէմ պատերազմեցաւ եւ զայն ու իր դեւերը դէպի երկիր նետեց (Յայտ. 12։7-9)։ Ան պիտի շարունակէ յաղթել մինչեւ որ Սատանայի ամբարիշտ դրութիւնը բոլորովին կործանէ (կարդալ՝ Յայտնութիւն 19։11, 19-21

11 Սակայն Դաւիթի նման, Յիսուս գթասիրտ թագաւոր մըն է, եւ Արմագեդոնի ընթացքին «մեծ բազմութիւն»ը պիտի պաշտպանէ (Յայտ. 7։9, 14)։ Անկէ զատ, Յիսուսի եւ իր ժառանգակիցներուն՝ յարուցեալ 144,000–ին իշխանութեան ներքեւ, «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Երկրի վրայ յարուցանուողները առյաւէտ ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան։ Ի՜նչ սքանչելի ապագայ մը կը սպասէ անոնց։ Վճռենք շարունակել ‘բարութիւն ընել’, որպէսզի ողջ ըլլանք երբ երկրագունդը լեցուի Մեծագոյն Դաւիթի արդար ու երջանիկ հպատակներով (Սաղ. 37։27-29

Սողոմոն աղօթքով իմաստութիւն կը խնդրէ

12. Սողոմոն աղօթքով ի՞նչ խնդրեց։

12 Դաւիթի որդին՝ Սողոմոն, նոյնպէս Յիսուսը նախապատկերացուց։ * Երբ Սողոմոն թագաւոր եղաւ, Եհովա երազի մէջ անոր ըսաւ, թէ իրեն պիտի տար ի՛նչ որ խնդրէր։ Սողոմոն կրնար շատ հարստութիւն, հեղինակութիւն կամ երկար կեանք խնդրել։ Փոխարէն, ան անձնուրացօրէն Եհովայէ խնդրեց. «Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ. վասն զի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել» (Բ. Մն. 1։7-10)։ Եհովա անոր աղօթքին պատասխանեց (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 1։11, 12

13. Սողոմոնի իմաստութիւնը ի՞նչպէս անբաղդատելի էր, եւ անոր Աղբիւրը ո՞վ էր։

13 Այնքան ատեն որ Սողոմոն Եհովայի հաւատարիմ էր, իր ժամանակակիցներուն մէջ իր իմաստուն խօսքերը անբաղդատելի էին։ Ան «երեք հազար առակ» խօսեցաւ (Գ. Թագ. 4։30, 32, 34)։ Անոնցմէ շատեր գրի առնուեցան եւ տակաւին կ’արժեւորուին իմաստութիւն փնտռողներուն կողմէ։ Սաբայի թագուհին շուրջ 2400 քիլոմեթր ճամբորդեց, որպէսզի «խրթին հարցումներով» Սողոմոնի իմաստութիւնը փորձէ։ Ան Սողոմոնի խօսքերուն ու թագաւորութեան բարգաւաճութեան վրայ հիացաւ (Գ. Թագ. 10։1-9)։ Աստուածաշունչը Սողոմոնի իմաստութեան Աղբիւրը կը բնորոշէ, ըսելով. «Բոլոր երկիրը կը փափաքէր Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր» (Գ. Թագ. 10։24

Իմաստուն թագաւորին հետեւէ

14. Յիսուս ի՞նչ կերպերով «Սողոմոնէն մեծ» էր։

14 Միայն մէկ մարդ բացայայտօրէն իմաստութեան մէջ Սողոմոնը գերազանցեց։ Ան Յիսուս Քրիստոսն էր, որ ինքզինք նկարագրեց որպէս «Սողոմոնէն մեծ մէկը» (Մատ. 12։42)։ Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» խօսեցաւ (Յովհ. 6։69)։ Օրինակ, Լերան քարոզը Սողոմոնի կարգ մը առակներուն սկզբունքներուն վրայ մանրամասնութիւններ կ’աւելցնէ։ Սողոմոն թուեց կարգ մը բաներ, որոնք Եհովայի երկրպագուին երջանկութիւն կը բերեն (Առ. 3։13. 8։32, 33. 14։21. 16։20)։ Յիսուս շեշտեց թէ իսկական երջանկութիւնը յառաջ կու գայ այն բաներէն, որոնք կապ ունին Եհովայի պաշտամունքին եւ Իր խոստումներուն կատարման հետ։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է» (Մատ. 5։3)։ Յիսուսի ուսուցումներուն բովանդակած սկզբունքները կիրարկողները, «կեանքի աղբիւր»ին՝ Եհովայի աւելի կը մօտենան (Սաղ. 36։9. Առ. 22։11. Մատ. 5։8)։ Քրիստոս «Աստուծոյ իմաստութիւնը» կը ներկայացնէ (Ա. Կոր. 1։24, 30)։ Որպէս մեսիական Թագաւոր, Յիսուս Քրիստոս ‘իմաստութեան հոգին’ ունի (Եսա. 11։2

15. Աստուածային իմաստութենէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

15 Մեծագոյն Սողոմոնի հետեւորդներն ըլլալով, ի՞նչպէս կրնանք աստուածային իմաստութենէն օգտուիլ։ Որովհետեւ Եհովայի իմաստութիւնը յայտնուած է իր Խօսքին մէջ, պէտք է ջանանք զայն գտնել՝ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ ուսումնասիրելով, յատկապէս Յիսուսի խօսքերը, եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալով (Առ. 2։1-5)։ Ասկէ զատ, Աստուծմէ յարատեւաբար իմաստութիւն պէտք է խնդրենք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ օգնութիւն խնդրելու աղօթքները պիտի պատասխանուին (Յակ. 1։5)։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Աստուծոյ Խօսքին մէջ պիտի գտնենք իմաստութեան գոհարներ, որոնք կրնան մեզի օգնել դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու եւ խոհեմ որոշումներ կայացնելու (Ղուկ. 11։13)։ Սողոմոն նաեւ կոչուած է «Ժողովող», որ «ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց» (Ժող. 12։9, 10)։ Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը՝ Յիսուս, նաեւ իր ժողովուրդին ժողովողն է (Յովհ. 10։16. Կող. 1։18)։ Հետեւաբար լաւ կ’ընենք որ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուինք, ուր շարունակաբար ‘կը սորվինք’։

16. Սողոմոնի ու Յիսուսի միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։

16 Սողոմոն շատ գործունեայ թագաւոր մըն էր։ Ան Իսրայէլի տարածքին շինարարութեան ծրագիր մը կազմակերպեց, վերահսկելով պալատներու, ճամբաներու, ջրամբարներու, շտեմարանի քաղաքներու, կառքերու քաղաքներու եւ ձիաւորներու քաղաքներու կառուցման վրայ (Գ. Թագ. 9։17-19)։ Ամբողջ թագաւորութիւնը այս շինարարական ծրագիրէն օգտուեցաւ։ Յիսուս ալ շինարար մըն է։ Ան իր ժողովքը «վէմ»ին վրայ կառուցանեց (Մատ. 16։18)։ Ան նաեւ պիտի վերահսկէ նոր աշխարհին մէջ տեղի ունենալիք շինարարութեան վրայ (Եսա. 65։21, 22

Խաղաղութեան թագաւորին հետեւէ

17. ա) Սողոմոնի իշխանութեան ուշագրաւ մէկ յատկանիշը ի՞նչ էր։ բ) Սողոմոն ի՞նչ չկրցաւ իրագործել։

17 Սողոմոն անունը «խաղաղութիւն» նշանակող արմատէ մը ծագում կ’առնէ։ Սողոմոն թագաւոր իշխեց Երուսաղէմէն, որուն անունը կը նշանակէ «երկպատիկ խաղաղութեան տիրանալ»։ Անոր 40 տարուան իշխանութիւնը յատկանշուեցաւ աննախընթաց խաղաղութեամբ իսրայէլ ազգին մէջ։ Աստուածաշունչը այդ տարիներուն առնչութեամբ կ’ըսէ. «Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր» (Գ. Թագ. 4։25)։ Բայց հակառակ իր խոր իմաստութեան, Սողոմոն չկրցաւ իր հպատակները հիւանդութեան, մեղքի ու մահուան կապանքներէն ազատագրել։ Միւս կողմէ, Մեծագոյն Սողոմոնը իր հպատակները այդ բոլորէն պիտի ազատէ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 8։19-21

18. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչ վիճակներ կը վայելենք։

18 Նոյնիսկ հիմա քրիստոնէական ժողովքին մէջ խաղաղ պայմաններ ունինք։ Արդարեւ իսկական հոգեւոր դրախտ մը կը վայելենք։ Աստուծոյ ու մեր դրացիին հետ խաղաղութիւն ունինք։ Նկատի առ թէ ներկայիս մեր վայելած վիճակներուն մասին Եսայի ի՛նչ մարգարէացաւ. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսա. 2։3, 4)։ Աստուծոյ հոգիին հետ ներդաշնակ գործելով, հոգեւոր դրախտին գեղեցկութեան կը նպաստենք։

19, 20. Ուրախանալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

19 Սակայն ապագան շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Մինչ Յիսուսի իշխանութեան ներքեւ հնազանդ մարդիկ աննախընթաց տարողութեամբ խաղաղութիւն կը վայելեն, աստիճանաբար ‘ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով’ մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին (Հռով. 8։21)։ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, վերջին փորձէն յաջողապէս անցնելէ ետք, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղ. 37։11. Յայտ. 20։7-10)։ Իրապէս, Քրիստոս Յիսուսի իշխանութիւնը աներեւակայելի կերպով պիտի գերազանցէ Սողոմոնի իշխանութիւնը։

20 Ինչպէս իսրայէլ Մովսէսի, Դաւիթի ու Սողոմոնի վերատեսչութեան ներքեւ ուրախացաւ, մենք Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ շա՜տ աւելի պիտի ուրախանանք (Գ. Թագ. 8։66)։ Ո՜րքան շնորհակալ ենք Եհովայէ, որ մեզի ղրկեց իր միածին Որդին,– Մեծագոյն Մովսէսը, Մեծագոյն Դաւիթը եւ Մեծագոյն Սողոմոնը։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Դաւիթ անունը հաւանաբար կը նշանակէ «սիրելի»։ Յիսուսի մկրտութեան եւ այլակերպութեան ատեն, Եհովա երկինքէն խօսելով զինք կոչեց՝ «սիրելի Որդիս» (Մատ. 3։17. 17։5

^ պարբ. 7 Միեւնոյն ատեն, Դաւիթ հովիւին վստահող գառի մը նման եղաւ։ Պաշտպանութեան եւ առաջնորդութեան համար, ան Մեծ Հովիւին՝ Եհովայի դիմեց։ Ան կատարեալ վստահութեամբ ըսաւ. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (Սաղ. 23։1)։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը բնորոշեց որպէս «Աստուծոյ Գառը» (Յովհ. 1։29

^ պարբ. 12 Հետաքրքրական է որ Սողոմոնի տրուած երկրորդ անունը՝ «Յեդիդիա» էր, որ կը նշանակէ «Եահի սիրելին» (Բ. Թագ. 12։24, 25

Կրնա՞ս բացատրել

• Յիսուս ի՞նչպէս Մեծագոյն Դաւիթն է։

• Յիսուս ի՞նչպէս Մեծագոյն Սողոմոնն է։

• Մեծագոյն Դաւիթի ու Մեծագոյն Սողոմոնի նկատմամբ ի՞նչ բան յատկապէս կ’արժեւորես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

Սողոմոնի աստուածատուր իմաստութիւնը նախապատկերացուց Մեծագոյն Սողոմոնի իմաստութիւնը