Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յոբ Եհովայի անունը մեծարեց

Յոբ Եհովայի անունը մեծարեց

Յոբ Եհովայի անունը մեծարեց

«Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը» (ՅՈԲ 1։21

1. Հաւանաբար ո՞վ գրեց Յոբի գիրքը, եւ ե՞րբ։

ՄՈՎՍԷՍ շուրջ 40 տարեկան էր, երբ փարաւոնին բարկութենէն խուսափելու համար, Եգիպտոսէն փախաւ ու Մադիամի երկրին մէջ բնակեցաւ (Գործք 7։23)։ Այդ երկրին մէջ իր կեցութեան ընթացքին, ան հաւանաբար լսեց Յոբի փորձութիւններուն մասին, որ մօտակայ Հուսի երկրին մէջ կ’ապրէր։ Տարիներ ետք, երբ Մովսէս եւ իսրայէլ ազգը անապատին մէջ իրենց ճամբորդութեան վերջաւորութեան Հուսի մօտ էին, թերեւս Մովսէս տեղեկացաւ Յոբի կեանքին վերջին տարիներուն մասին։ Հրէական աւանդութիւնը կը նշէ, թէ Մովսէս Յոբի գիրքը գրեց, անոր մահէն քիչ ետք։

2. Ի՞նչ կերպերով Յոբի գիրքը Եհովայի այժմու ծառաներուն քաջալերութիւն մըն է։

2 Յոբի գիրքը ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն հաւատքը կը զօրացնէ։ Ի՞նչ կերպերով։ Պատմութիւնը մեզի կ’օգնէ մեծ կարեւորութիւն ունեցող դէպքեր հասկնալու, որոնք երկինքի մէջ տեղի ունեցան։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան կարեւորագոյն հարցը։ Արձանագրութիւնը նաեւ մեր հասկացողութիւնը կը խորացնէ, թէ ուղղամտութիւն պահելը ի՛նչ կը պարփակէ, եւ մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու, թէ Եհովա երբեմն ինչո՛ւ կը թոյլատրէ որ իր ծառաները տառապին։ Անկէ զատ, Յոբի գիրքը Բանսարկուն կը բնորոշէ որպէս Եհովայի գլխաւոր հակառակորդը եւ մարդկութեան թշնամին։ Գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Յոբի նման անկատար մարդիկ կրնա՛ն Եհովայի հաւատարիմ մնալ, հակառակ խիստ փորձութեան։ Այժմ Յոբի գիրքին մէջ նկարագրուած կարգ մը դէպքերը քննարկենք։

Սատանան կը փորձէ Յոբը

3. Յոբի մասին ի՞նչ գիտենք, եւ Սատանան ինչո՞ւ զինք իր թիրախը դարձուց։

3 Յոբ մեծահարուստ ու հեղինակաւոր մարդ մըն էր, եւ լաւ բարոյականի տէր նահապետ մը։ Ակներեւօրէն, ան մեծապէս յարգուած խրատատու մըն էր, որ կարօտեալներուն նեցուկ կը կանգնէր։ Ամէնէն կարեւորը, Յոբ Աստուծմէ կը վախնար։ Ան «կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր»։ Յոբ Բանսարկուին յարձակումներուն թիրախը դարձաւ, ո՛չ թէ իր հարստութեան ու հեղինակութեան, այլ՝ բարեպաշտութեան պատճառաւ (Յոբ 1։1. 29։7-16. 31։1

4. Ի՞նչ է ուղղամտութիւնը։

4 Յոբի գիրքին բացման խօսքերը կը նկարագրեն երկինքի մէջ համախմբութիւն մը, ուր հրեշտակները Եհովայի առջեւ ներկայացան։ Սատանան ալ ներկայ էր, եւ Յոբի դէմ ամբաստանութիւններ ուղղեց (կարդալ՝ Յոբ 1։6-11Թէեւ Սատանան Յոբի ինչքը նշեց, բայց կեդրոնացաւ անոր ուղղամտութեան ասպարէզ կարդալուն վրայ։ «Ուղղամտութիւն» բառը կը հաղորդէ ուղիղ, անմեղադրելի, արդար ու անթերի ըլլալու գաղափարը։ Աստուածաշունչին մէջ, մարդկային ուղղամտութիւնը կը յայտնէ Եհովայի հանդէպ ամբողջական ու սրտագին նուիրում։

5. Սատանան Յոբի նկատմամբ ի՞նչ դաւանեցաւ։

5 Սատանան դաւանեցաւ թէ Յոբի աստուածպաշտութիւնը հիմնուած էր անձնասիրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ ուղղամտութեան վրայ։ Ան ենթադրեց թէ Յոբ Եհովայի հաւատարիմ պիտի մնար, այնքան ատեն որ Աստուած կը շարունակէր զինք վարձատրել ու պաշտպանել։ Սատանային ամբաստանութեան պատասխան մը տալու համար, Եհովա թոյլ տուաւ որ հաւատարիմ Յոբ յարձակումի ենթարկուի։ Որպէս արդիւնք, մէկ օրուան մէջ, Յոբ իմացաւ թէ իր խաշինքը գողցուեցաւ կամ մեռցուեցաւ, իր ծառաները սուրի բերանէ անցան եւ իր տասը զաւակները մահացան (Յոբ 1։13-19)։ Յոբ տեղի տուա՞ւ։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կը նկարագրէ անոր հակազդեցութիւնը. «Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը» (Յոբ 1։21

6. ա) Երկինքի մէջ այլ համախմբութեան մը ընթացքին ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ բ) Սատանան ո՞վ ի մտի ունէր, երբ Եհովայի հանդէպ Յոբի ուղղամտութեան ասպարէզ կարդաց։

6 Յետագային, երկինքի մէջ այլ համախմբութիւն մը կայացաւ։ Սատանան դարձեալ Յոբը ամբաստանեց՝ ըսելով. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։ Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Նկատէ թէ Սատանան իր ամբաստանութիւններուն ծիրը ընդարձակեց։ «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» ըսելով, Բանսարկուն ո՛չ միայն Յոբի ուղղամտութիւնը հարցականի տակ դրաւ, այլ նաեւ՝ Եհովան պաշտող ոեւէ «մարդ»ու ուղղամտութիւնը։ Անկէ ետք, Աստուած Սատանայի թոյլ տուաւ որ Յոբի վրայ ցաւալի հիւանդութիւն մը բերէ (Յոբ 2։1-8)։ Բայց Յոբի փորձութիւնները հոս կանգ չառին։

Յոբի կեցուածքէն ի՛նչ կը սորվինք

7. Յոբի կինը եւ այցելուները ի՞նչ կերպերով Յոբի վրայ ճնշում բանեցուցին։

7 Սկիզբը, Յոբի կինը նոյն տառապանքը քաշեց։ Իր զաւակներուն եւ ընտանեկան հարստութեան կորուստը զինք ջախջախած ըլլալու էր։ Ան վստահաբար վշտացաւ, իր ամուսինին հիւանդանալը տեսնելով։ Ան Յոբի ըսաւ. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ [«ուղղամտութեանդ», ՆԱ] մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ Անկէ ետք, երեք մարդիկ եկան,– Եղիփազ, Բաղդատ ու Սոփար,– Յոբը մխիթարելու։ Սակայն անոնք խաբուսիկ պատճառաբանութիւն գործածեցին ու փաստեցին թէ «ձանձրացնող մխիթարիչներ» են։ Օրինակ, Բաղդատ ենթադրեց թէ Յոբի զաւակները յանցագործութեան միջամուխ եղած էին եւ պատահածին արժանի էին։ Եղիփազ ակնարկեց թէ Յոբի նեղութիւնը անցեալի մեղքերուն պատիժն է։ Ան նոյնիսկ հարց տուաւ թէ ուղղամտութիւն պահողները Աստուծոյ քով որեւէ արժէք կը ներկայացնե՛ն կամ ոչ (Յոբ 2։9, 11. 4։8. 8։4. 16։2. 22։2, 3)։ Այս ծանր ճնշումին ներքեւ, Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ Ճիշդ է որ ան սխալեցաւ, երբ ‘ինքզինք Աստուծմէ աւելի արդար սեպեց’ (Յոբ 32։2)։ Բայց եւ այնպէս, ան յարատեւաբար հաւատարիմ մնաց։

8. Եղիուս ներկայ խրատատուներուն ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

8 Ապա կը կարդանք Եղիուսի մասին, որ նոյնպէս Յոբի այցելելու եկած էր։ Եղիուս նախ Յոբի ու անոր երեք բարեկամներուն ներկայացուցած առարկութիւնները մտիկ ըրաւ։ Անոնցմէ աւելի երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, Եղիուս մեծ իմաստութիւն ցուցաբերեց։ Ան Յոբի հետ փափկանկատութեամբ խօսեցաւ, անոր անունը գործածելով։ Եղիուս Յոբը գովեց՝ իր ուղիղ ընթացքին համար։ Բայց ան նաեւ ըսաւ, թէ Յոբ մեծապէս ջանաց իր անթերի ըլլալը ապացուցանել։ Յետոյ Եղիուս Յոբը հաւաստիացուց, թէ միշտ կ’արժէ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայել (կարդալ՝ Յոբ 36։1, 11Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը անոնց, որոնք խրատ տալու հարկ կը տեսնեն։ Եղիուս համբերեց, ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ, տեղին գովաբանեց, եւ շինիչ խրատ ներկայացուց (Յոբ 32։6. 33։32

9. Եհովա ի՞նչպէս Յոբի օգնեց։

9 Վերջաւորութեան, Յոբ իրապէս երկիւղ ներշնչող այցելու մը ունեցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ»։ Շարք մը հարցումներ գործածելով, Եհովա քաղցր բայց հաստատ կերպով Յոբի օգնեց, որ իր մտածելակերպը սրբագրէ։ Յոբ յանդիմանութիւնը սիրայօժար ընդունեց ու ըսաւ. «Ահա ես նուաստ եմ. . . Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ Յոբի հետ զրուցելէ ետք, Եհովա երեք բարեկամներուն դէմ իր զայրոյթը արտայայտեց, քանի որ ‘շիտակ չխօսեցան’։ Յոբ անոնց համար պէտք էր աղօթէր։ Յետոյ «Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը՝ իր բարեկամներուն համար աղօթք ըրած ատենը. նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ» (Յոբ 38։1. 40։4. 42։6-10

Եհովայի հանդէպ ո՞րքան խոր սէր ունինք

10. Եհովա ինչո՞ւ Սատանան չանտեսեց կամ չբնաջնջեց։

10 Եհովա տիեզերքի Ստեղծիչը եւ ամբողջ ստեղծագործութեան Գերիշխանն է։ Ան ինչո՞ւ Բանսարկուին մարտահրաւէրը չանտեսեց։ Աստուած գիտէր որ ծագած հարցը չի լծուիր Սատանան անտեսելով կամ չքացնելով։ Բանսարկուն դաւանած էր, թէ Եհովայի կարկառուն ծառան՝ Յոբ, հաւատարիմ պիտի չմնար եթէ իր նպաստաւոր նիւթական վիճակը կորսնցնէր։ Փորձին ներքեւ, Յոբ իր նուիրուածութեան կառչեցաւ։ Յետոյ Սատանան դաւանեցաւ, թէ ոեւէ մարդ Աստուծմէ պիտի հեռանար, եթէ ֆիզիքապէս տառապէր։ Յոբ տառապեցաւ, բայց իր ուղղամտութիւնը ամուր բռնեց։ Այսպէս հաւատարիմ Յոբի պարագային, որ անկատար մարդ էր, փաստուեցաւ Սատանայի ստախօս ըլլալը։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Աստուծոյ միւս երկրպագուներուն մասին։

11. Յիսուս ի՞նչպէս Սատանայի մարտահրաւէրին կատարեալ պատասխան մը տուաւ։

11 Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ իւրաքանչիւր ծառայ, որ հակառակ Սատանայի փորձութիւններուն իր ուղղամտութիւնը կը պահէ, կ’ապացուցանէ թէ իր պարագային այդ անգութ թշնամիին ամբաստանութիւնները սուտ են։ Յիսուս երկիր եկաւ եւ Սատանայի մարտահրաւէրին կատարեալ պատասխան մը տուաւ։ Յիսուս մեր առաջին հօր՝ Ադամի պէս կատարեալ մարդ մըն էր։ Մինչեւ մահ Յիսուսի հաւատարմութիւնը, վերջնականապէս ապացուցանեց թէ Սատանան ստախօս մըն է եւ թէ անոր ամբաստանութիւնները սուտ են (Յայտ. 12։10

12. Եհովայի իւրաքանչիւր ծառայ ի՞նչ պատեհութիւն ու պատասխանատուութիւն ունի։

12 Այսուհանդերձ Սատանան կը շարունակէ Եհովայի երկրպագուները փորձութեան ենթարկել։ Իւրաքանչիւրս պատեհութիւն ու պատասխանատուութիւն ունինք մեր անձնական ուղղամտութեամբ ցոյց տալու, թէ Եհովայի կը ծառայենք սէրէ մղուած, եւ ո՛չ թէ անձնասէր պատճառներով։ Այդ պատասխանատուութիւնը ի՞նչպէս կը նկատենք։ Զայն Եհովայի հաւատարիմ ըլլալու առանձնաշնորհում կը սեպենք։ Նաեւ կը մխիթարուինք գիտնալով, թէ Եհովա տոկալու զօրութիւնը կու տայ եւ, ինչպէս Յոբի պարագային, մեր դիմագրաւած փորձութիւններուն սահման կը դնէ (Ա. Կոր. 10։13

Սատանան. յանդուգն հակառակորդ ու հաւատուրաց մը

13. Յոբի գիրքը Սատանայի մասին ի՞նչ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ։

13 Եհովայի ասպարէզ կարդալու եւ մարդկութիւնը մոլորեցնելու մէջ Սատանայի ամօթալի դերին մասին, Եբրայերէն Գրութիւնները մանրամասնութիւններ կը հայթայթեն։ Իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, Եհովայի դէմ Սատանայի հակառակութեան մասին աւելի տեղեկութիւններ կը գտնենք, եւ Յայտնութիւն գիրքէն կը տեղեկանանք Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման ու Սատանայի վերջնական կործանման մասին։ Յոբի գիրքը Սատանայի ըմբոստ ընթացքին մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելցնէ։ Սատանան Եհովան փառաբանելու միտումով չէր որ երկինքի մէջ տեղի ունեցած ժողովներուն ներկայ էր։ Ան չարամիտ կեցուածք ու կորստաբեր նպատակ ունէր։ Յոբը ամբաստանելէ եւ զայն փորձելու արտօնութիւն ստանալէ ետք, «Սատանան Տէրոջը առջեւէն գնաց» (Յոբ 1։12. 2։7

14. Սատանան Յոբի հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց։

14 Այսպէս Յոբի գիրքը Սատանան կը բնորոշէ որպէս մարդկութեան անողորմ թշնամի։ Յոբ 1։6–ի մէջ նշուած համախմբութեան եւ Յոբ 2։1–ի մէջ նկարագրուած համախմբութեան միջեւ անորոշ ժամանակ մը անցաւ, որուն ընթացքին Յոբ անողորմաբար փորձի ենթարկուեցաւ։ Յոբի հաւատարմութիւնը կարելի դարձուց որ Եհովա Սատանայի ըսէ. «[Յոբ] տակաւին իր կատարելութեանը [«ուղղամտութեան», ՆԱ] մէջ հաստատ է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել, որ անիկա զուր տեղը կորսնցնեմ»։ Բայց Սատանան չընդունեց որ իր դաւանութիւնը սխալ էր։ Ընդհակառակը, ան պահանջեց որ Յոբ ուրիշ խիստ փորձի մը ենթարկուի։ Ուստի Բանսարկուն Յոբը փորձեց ե՛ւ երբ բարգաւաճ էր, ե՛ւ երբ չքաւոր էր։ Բացայայտ է որ Սատանան կարօտեալներու կամ աղէտահարներու հանդէպ կարեկցութիւն չունի։ Ան ուղղամիտները կ’ատէ (Յոբ 2։3-5)։ Այսուհանդերձ, Յոբի հաւատարմութիւնը ցոյց տուաւ թէ Սատանան ստախօս մըն է։

15. Մերօրեայ հաւատուրացներն ու Սատանան ի՞նչ հասարակաց բաներ ունին։

15 Սատանան հաւատուրաց դարձող առաջին արարածն էր։ Մերօրեայ հաւատուրացները Բանսարկուին յատկանիշները կը ցուցաբերեն։ Անոնց միտքը կրնայ թունաւորուած ըլլալ, որդեգրելով քննադատական կեցուածք մը՝ ժողովքի անդամներուն, քրիստոնեայ երէցներուն կամ Կառավարիչ մարմինին հանդէպ։ Կարգ մը հաւատուրացներ Աստուծոյ Եհովա անուան գործածութեան կը հակառակին։ Անոնք հետաքրքրուած չեն Եհովայի մասին սորվելով կամ իրեն ծառայելով։ Իրենց հօր՝ Սատանայի նման, հաւատուրացները ուղղամիտ անհատները իրենց թիրախը կը դարձնեն (Յովհ. 8։44)։ Զարմանալի չէ որ Եհովայի ծառաները կը խուսափին անոնց հետ շփման մէջ գալէ (Բ. Յովհ. 10, 11

Յոբ Եհովայի անունը մեծարեց

16. Յոբ Եհովայի հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց։

16 Յոբ Եհովայի անունը գործածեց եւ գովաբանեց։ Նոյնիսկ երբ իր զաւակներուն մահուան ջախջախիչ լուրը առաւ, Յոբ Աստուծոյ չվերագրեց որեւէ անպատշաճ բան։ Թէեւ ան կարծեց թէ իր կորուստին պատճառը Աստուած էր, բայց շարունակեց Եհովայի անունը մեծարել։ Յետագային, առակի կարգ անցած իր մէկ խօսքին մէջ, Յոբ ըսաւ. «Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է» (Յոբ 28։28

17. Ի՞նչ բան Յոբի օգնեց իր ուղղամտութիւնը պահելու։

17 Ի՞նչ բան Յոբի օգնեց իր ուղղամտութիւնը պահելու։ Բացորոշ է որ աղէտները հարուածելէ առաջ, ան արդէն Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակած էր։ Ապացոյց չունինք թէ Յոբ գիտէր որ Սատանան Եհովայի ասպարէզ կարդացած էր. այսուհանդերձ ան վճռած էր հաւատարիմ մնալ։ Յոբ ըսաւ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։ Ան այս սերտ յարաբերութիւնը ի՞նչպէս մշակեց։ Անկասկած ան կ’արժեւորէր ի՛նչ որ լսած էր Աստուծոյ գործառնութեանց մասին՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի հետ, որոնք իր հեռաւոր ազգականներն էին։ Իսկ ստեղծագործութիւնը դիտելով, Յոբ կրնար Եհովայի շատ մը յատկութիւնները զատորոշել (կարդալ՝ Յոբ 12։7-9, 13, 16

18. ա) Յոբ Եհովայի հանդէպ իր նուիրումը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ բ) Ի՞նչ կերպերով Յոբի ընտիր օրինակին կը հետեւինք։

18 Յոբի գիտցած բաները, իր մէջ Եհովան հաճեցնելու փափաքը արթնցուցին։ Ան կանոնաւորաբար ողջակէզներ կը մատուցանէր, խորհելով թէ իր զաւակները թերեւս մեղանչեցին կամ «սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին» (Յոբ 1։5)։ Նոյնիսկ խիստ փորձութեան ներքեւ, Յոբ շարունակեց Եհովայի մասին դրական բաներ ըսել (Յոբ 10։12)։ Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը։ Մենք ալ Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին կանոնաւորաբար ճշգրիտ գիտութիւն պէտք է ստանանք։ Առողջ սովորամոլութիւններու կը կառչինք, ինչպէս՝ ուսումնասիրել, ժողովներու յաճախել, աղօթել ու բարի լուրը քարոզել։ Անկէ զատ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ Եհովայի անունը ճանչցնենք։ Եւ ինչպէս Յոբի ուղղամտութիւնը Եհովան հաճեցուց, Աստուծոյ այժմու ծառաներուն ուղղամտութիւնը Իր սիրտը կ’ուրախացնէ։ Այս նիւթը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

Կը յիշե՞ս

• Յոբ ինչո՞ւ Բանսարկուին ուշադրութիւնը գրաւեց։

• Յոբ ի՞նչ փորձութիւններու տոկաց եւ ի՞նչպէս հակազդեց։

• Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն ուղղամտութիւն պահելու, ինչպէս Յոբ ըրաւ։

• Յոբի գիրքէն ի՞նչ կը սորվինք Սատանայի մասին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Յոբի պատմութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան կարեւորագոյն հարցը