Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատմութեան մէջ ամենակարեւոր թուականը

Պատմութեան մէջ ամենակարեւոր թուականը

Պատմութեան մէջ ամենակարեւոր թուականը

Անիկա Յիսուս Քրիստոսի մահուան թուականն է։ Յիսուսի մահը ինչո՞ւ շատ կարեւոր էր։ Շարք մը պատճառներով։

Մինչեւ մահ Յիսուսի հաւատարմութիւնը ապացուցանեց, թէ մարդը կրնայ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահել։

Քրիստոսի մահը նաեւ պատեհութիւն հայթայթեց, որ կարգ մը մարդիկ իրեն հետ երկինքի մէջ իշխանակիցներ ըլլան։ Ասկէ զատ, անիկա ճամբան հարթեց որ աւելի մեծ թիւով անհատներ երկրային դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք վայելեն։

Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս անխմոր հաց ու կարմիր գինի գործածեց, իր սիրալիր մարդկային զոհին իբրեւ խորհրդանիշներ։ Եւ ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Այս կարեւոր դէպքը պիտի յիշատակե՞ս։

Եհովայի վկաները ջերմօրէն քեզ կը հրաւիրեն, որ իրենց հետ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարես։ Այս տարի տօնակատարութեան թուականն է՝ հինգշաբթի, 9 ապրիլ, արեւամուտէն ետք։ Կրնաս ներկայ գտնուիլ տանդ մօտ եղող Թագաւորութեան սրահը։ Հաճիս Եհովայի վկաներէն տեղեկացիր ճիշդ ժամը եւ վայրը։