Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր կեանքը նախասահմանուա՞ծ է

Մեր կեանքը նախասահմանուա՞ծ է

Ընթերցողները կը հարցնեն

Մեր կեանքը նախասահմանուա՞ծ է

Ոմանք կ’ըսեն թէ ճակատագիրը մեր մահուան օրը սահմանած է։ Ուրիշներ կը պնդեն, թէ Աստուած անձամբ կ’որոշէ թէ ե՛րբ պիտի մեռնինք։ Ասկէ զատ, անոնք կեանքի կարեւոր իրադարձութիւնները անխուսափելի կը նկատեն։ Այս տեսակէտը կը բաժնե՞ս։

Նկատի առ հետեւեալ հարցումները. ‘Եթէ ոչինչ կրնանք ընել մեր վիճակը փոխելու, եթէ Աստուած կամ ճակատագիրը արդէն հարցի մը արդիւնքը որոշած է, ինչո՞ւ աղօթենք։ Եւ եթէ մեր կեանքի ընթացքը արդէն որոշուած է, մեր ապահովութեան համար ինչո՞ւ քայլեր առնենք։ Ինքնաշարժով ճամբորդելու ատեն, ինչո՞ւ ապահովութեան գօտին դնենք։ Ինքնաշարժ քշելու համար, ինչո՞ւ ոգելից ըմպելիներէ հեռու կենանք’։

Աստուածաշունչը այսպիսի անհոգ վարք չի քաջալերեր։ Փոխանակ նշելու թէ ամէն բան նախասահմանուած է, Սուրբ Գրութիւնները իսրայէլացիներուն պատուիրեցին որ ապահովութեան համար քայլեր առնեն։ Օրինակ, անոնց հրահանգ տրուեցաւ, որ իրենց տան տանիքին չորս կողմը շրջապատ մը շինեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի մէկը անկէ վար չիյնայ։ Սակայն Աստուած ինչո՞ւ այսպիսի պատուէր մը պիտի տար, եթէ նախասահմանուած էր որ անհատ մը տանիքէ մը վար իյնայ ու մեռնի (Բ. Օրինաց 22։8

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք բնական աղէտներու կամ իրենց հակակշռին տակ չեղող այլ ողբերգական դէպքերու պատճառաւ կը մեռնին։ Անոնք ունի՞ն նախասահմանուած «ժամադրութիւն մահուան հետ»։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչի գրողներէն մէկը՝ Սողոմոն թագաւոր, մեզ կը հաւաստիացնէ թէ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (Ժողովող 9։11)։ Ուստի պարագաները ո՛րքան ալ արտառոց կամ անհաւանական ըլլան, ողբերգական դէպքերը նախասահմանուած չեն։

Սակայն ոմանք կը խորհին թէ այդ խօսքը կը հակասէ Սողոմոնի սա դիտողութեան. «Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։ Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ» (Ժողովող 3։1, 2)։ Բայց Սողոմոն իրապէս ճակատագրի գաղափարը կը հաստատէ՞ր։ Այս խօսքերը մօտէն քննենք։

Սողոմոն ըսել չէր ուզեր թէ ծնունդներն ու մահերը նախասահմանուած են։ Փոխարէն, անոր կէտը այն է՝ թէ մարդիկ կը ծնին ու մարդիկ կը մահանան, եւ ասիկա շարունակ տեղի կ’ունենայ։ Կեանքը վստահաբար վերիվայրումներ պիտի ունենայ։ «Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ» կայ, կ’ըսէ Սողոմոն։ Ան ցոյց կու տայ թէ այսպիսի կրկնուած բաներ եւ աննախատեսելի աղէտներ, սովորական երեւոյթներ են կեանքի, «երկնքի տակ եղող ամէն գործի» (Ժողովող 3։1-8. 9։11, 12)։ Հետեւաբար, ան կ’եզրակացնէ թէ պէտք չէ մեր առօրեայ գործունէութիւններով ա՛յնքան տարուինք, որ մեր Ստեղծիչը անտեսենք (Ժողովող 12։1, 13

Թէեւ մեր Ստեղծիչը կեանքին ու մահուան վրայ բացարձակ հեղինակութիւն ունի, բայց մեր կենցաղը չի նախասահմաներ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած մեր բոլորին կը ներկայացնէ առյաւէտ ապրելու հեռանկարը։ Սակայն Աստուած մեզ չի ստիպեր որ զայն ընդունինք։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ» (Յայտնութիւն 22։17

Այո, պէտք է ուզենք ‘կենաց ջուրը առնել’։ Արդ, ճակատագիրը չ’որոշեր մեր ապագան։ Մե՛ր որոշումները, կեցուածքներն ու արարքները, մեր ապագային վրայ իսկական ազդեցութիւն ունին։