Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք

Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք

Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք

«Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. ՏԻՄ. 4։15

1. Աստուած պատանիներուն համար ի՞նչ կը փափաքի։

«Ո՛Վ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ուրախացի՛ր քու պատանեկութեանդ մէջ, ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող զուարթացնէ քեզ» (Ժող. 11։9, ԱԾ)։ Այսպէս գրեց վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը։ Պատանինե՛ր, այս պատգամին Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած, վստահաբար կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլաք ու ձեր ուրախութիւնը շարունակուի պատանեկութենէն ետքն ալ։ Սակայն պատանեկութեան շրջանը յաճախ կը խանգարուի ցաւագին սխալներով, որոնք կրնան անհատին ապագայ երջանկութեան ազդել։ Նոյնիսկ հաւատարիմ Յոբ նշեց թէ ստիպուած էր ‘իր երիտասարդութեան անօրէնութիւններուն’ հետեւանքները կրել (Յոբ 13։26)։ Պատանեկութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող տարիներուն, քրիստոնեայ պատանին յաճախ կարեւոր որոշումներ պէտք է կայացնէ։ Սխալ դատողութիւնը կրնայ խոր զգացական սպիներ ձգել եւ խնդիրներ յարուցանել, որոնք կրնան մնայուն կերպով իր կեանքին ազդել (Ժող. 11։10

2. Պատանիները ո՞ր աստուածաշնչական խրատը կիրարկելով կրնան լուրջ սխալներ գործելէ խուսափիլ։

2 Պատանիները լաւ դատողութիւն ի գործ դնելու են։ Նկատի առ կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խրատը։ Ան գրեց. «Մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա. . . չափահաս» (Ա. Կոր. 14։20)։ Չափահասի պէս մտածելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնը ձեռք ձգելու խրատին անսալը, պատանիներուն պիտի օգնէ լուրջ սխալներ գործելէ խուսափելու։

3. Հասուն ըլլալու համար ի՞նչ կրնաս ընել։

3 Եթէ պատանի մըն ես, ի մտի ունեցիր թէ հասուն ըլլալը ջանք կը պահանջէ։ Պօղոս Տիմոթէոսի ըսաւ. «Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ։ . . .Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ . . .Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 4։12-15)։ Քրիստոնեայ պատանիները պէտք է յառաջ ընթանան եւ ուրիշներուն յայտնի ընեն իրենց յառաջդիմութիւնը։

Ի՞նչ է յառաջդիմութիւնը

4. Հոգեւորապէս յառաջդիմելը ի՞նչ կը պարփակէ։

4 Յառաջդիմել կը նշանակէ՝ «դէպի լիարժէք աճում յառաջանալ, լաւ արդիւնք ձեռք ձգել»։ Պօղոս Տիմոթէոսը կը յորդորէր, որ շարունակէ ջանք թափել, որպէսզի յառաջդիմէ խօսքին, վարմունքին, սիրոյ, հաւատքին ու մաքուր ապրելակերպին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ իր ծառայութիւնը կատարելու կերպին մէջ։ Ան պէտք էր ջանար օրինակելի կենցաղ մը վարել։ Ուստի հարկ էր որ Տիմոթէոս շարունակէր հոգեւորապէս յառաջդիմել։

5, 6. ա) Տիմոթէոսի յառաջդիմութիւնը ե՞րբ սկսաւ յայտնի ըլլալ։ բ) Յառաջդիմելու առնչութեամբ, ներկայիս պատանիները ի՞նչպէս կրնան Տիմոթէոսը ընդօրինակել։

5 Երբ Պօղոս այս խրատը գրեց մ.թ. 61-64–ին, Տիմոթէոս արդէն փորձառու երէց մըն էր։ Ան իր հոգեւոր յառաջդիմութեան առաջին հանգրուանին մէջ չէր։ Մ.թ. 49–ին կամ 50–ին, երբ Տիմոթէոս հաւանաբար շուրջ 20 տարեկան էր, «ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն. . . բարի վկայուած էր», որոնք իր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը նկատած էին (Գործք 16։1-5)։ Այդ ատեն, Պօղոս Տիմոթէոսը հրաւիրեց որ միսիոնարական շրջապտոյտին մասնակցի։ Քանի մը ամիս Տիմոթէոսի յաւելեալ յառաջդիմութիւնը նկատելէ ետք, Պօղոս զինք Թեսաղոնիկէ ուղարկեց, քրիստոնեաները մխիթարելու եւ հաստատելու համար (կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-3, 6Բացայայտ է որ Տիմոթէոս սկսաւ իր յառաջդիմութիւնը ուրիշներուն յայտնի ընել, երբ տակաւին պատանի էր։

6 Ժողովքին մէջ գտնուող պատանինե՛ր, հիմա իսկ մշակեցէք հարկ եղած հոգեւոր յատկութիւնները, որպէսզի քրիստոնէական կենցաղին մէջ եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվեցնելու ձեր կարողութեան մէջ ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլայ։ Տասներկու տարեկանէն ի վեր, Յիսուս «կը զարգանար իմաստութիւնով» (Ղուկ. 2։52)։ Ուստի քննարկենք թէ ի՛նչպէս կրնաս յառաջդիմութիւնդ յայտնի ընել երեք մարզերու մէջ. 1) երբ նեղութիւններ դիմագրաւես, 2) երբ ամուսնութեան կը պատրաստուիս, եւ 3) մինչ կը ջանաս «բարի պաշտօնեայ» կամ ծառայ մը ըլլալ (Ա. Տիմ. 4։6

‘Զգաստութեամբ’ նեղութիւնները դիմագրաւէ

7. Նեղութիւնները ի՞նչպէս կրնան պատանիներուն ազդել։

7 Գարոլ անունով տասնեօթը տարեկան քրիստոնեայ մը ըսաւ. «Երբեմն, զգացականօրէն, ֆիզիքապէս ու մտաւորապէս ա՛յնքան կը հատնէի, որ չէի ուզեր առաւօտուն արթննալ»։ * Ան ինչո՞ւ շատ ընկճուած էր։ Երբ ան տասը տարեկան էր, իր ընտանիքը ամուսնալուծումով քայքայուեցաւ եւ ինք իր մօր հետ մնաց, որ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները չէր յարգեր։ Գարոլի նման, թերեւս շատ ճնշիչ պարագաներ կը դիմագրաւես, բարելաւման չնչին յոյս ըլլալով։

8. Տիմոթէոս ի՞նչ նեղութիւններու հետ մաքառեցաւ։

8 Հոգեւորապէս յառաջդիմելու միջոցին, Տիմոթէոս ալ աննպաստ պարագաներու հետ մաքառեցաւ։ Օրինակ, ան ստամոքսախտի պատճառաւ ‘յաճախ կը հիւանդանար’ (Ա. Տիմ. 5։23)։ Երբ Պօղոս զինք Կորնթոս ուղարկեց, իր հեղինակութիւնը հարցականի տակ դնողներու պատճառած խնդիրները ձեռք առնելու համար, ժողովքը յորդորեց որ Տիմոթէոսի հետ համագործակցին, որպէսզի իրենց քով «առանց վախի մնայ» (Ա. Կոր. 4։17. 16։10, 11)։ Ակներեւօրէն, Տիմոթէոս ամչկոտ կամ երկչոտ էր։

9. Ի՞նչ է զգաստութիւնը եւ ի՞նչպէս երկչոտութեան հոգիէն կը տարբերի։

9 Տիմոթէոսի օգնելու համար, Պօղոս յետագային անոր յիշեցուց. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմ. 1։7)։ «Զգաստութիւն»ը կը պարփակէ՝ տրամաբանօրէն մտածելու եւ պատճառաբանելու կարող ըլլալ ու հարցերը դիմագրաւել ի՛նչպէս որ են եւ ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Կարգ մը տհաս պատանիներ երկչոտութեան հոգի կը ցուցաբերեն եւ կը փորձեն ճնշիչ վիճակներէ մտաւորապէս խոյս տալ՝ երկար ժամեր քնանալով, հեռատեսիլ դիտելով, թմրեցուցիչներ առնելով, չափազանց խմիչք գործածելով, յաճախ հաւաքոյթներու ներկայ ըլլալով կամ սեռային անբարոյութիւն գործելով։ Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է, որ ‘ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանան եւ զգաստութեամբ ու արդարութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ ապրին այս աշխարհին մէջ’ (Տիտ. 2։12

10, 11. Զգաստութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ հոգեւոր զօրութիւն մշակելու։

10 Աստուածաշունչը կը յորդորէ պատանիները որ ‘խոհեմ ըլլան’ (Տիտ. 2։6)։ Այս խրատին անսալը կը նշանակէ, թէ խնդիրները ջերմեռանդ աղօթքով պիտի դիմագրաւես եւ աստուածատուր զօրութեան պիտի ապաւինիս (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 4։7Այսպէս «Աստուծոյ շնորհներու զօրութեան» հանդէպ սրտագին վստահութիւն պիտի մշակես (Ա. Պետ. 4։11

11 Զգաստութիւնը եւ աղօթքը Գարոլին օգնեցին։ Ան ըսաւ. «Մօրս անբարոյ կենցաղին դէմ կեցուածք առնելս, կեանքիս ամէնէն դժուար բաներէն մէկն էր։ Բայց աղօթքը իրապէս օգնեց ինծի։ Գիտեմ թէ Եհովա հետս է, ուստի այլեւս չեմ վախնար»։ Մի՛ մոռնար որ նեղութիւնները կրնան քեզ յղկել ու զօրացնել (Սաղ. 105։17-19. Ողբք 3։27)։ Ի՛նչ որ ալ դիմագրաւես, Աստուած երբեք քեզ երեսէ պիտի չձգէ։ Ան ‘քեզի օգնութիւն պիտի ընէ’ (Եսա. 41։10

Յաջող ամուսնութեան համար պատրաստուիլ

12. Ամուսնութիւն ծրագրող քրիստոնեան ինչո՞ւ Առակաց 20։25–ի սկզբունքը պէտք է կիրարկէ։

12 Կարգ մը երիտասարդներ աճապարանօք ամուսնացած են, խորհելով թէ ասիկա լուծումն է ապերջանկութեան, առանձնութեան, ձանձրութեան եւ տան մէջ եղող խնդիրներուն։ Սակայն ամուսնական ուխտ ընելը լուրջ հարց մըն է։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ոմանք անխորհրդաբար սրբազան ուխտ մը ըրին, առանց ուշադրութեամբ վերլուծելու թէ ի՛նչ պարփակուած էր (կարդալ՝ Առակաց 20։25Երբեմն, երիտասարդներ լրջօրէն նկատի չեն առներ ամուսնութեան պահանջները։ Յետագային, անոնք կ’անդրադառնան թէ իրենց ակնկալածէն շա՜տ աւելին պարփակուած է։

13. Սիրատածութեան քայլը առնելէ առաջ, անհատը ի՞նչ հարցումներ նկատի պէտք է առնէ, եւ ի՞նչ օգտակար խրատներ մատչելի են։

13 Ուստի սիրատածութեան քայլը առնելէ առաջ, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ինչո՞ւ կ’ուզեմ ամուսնանալ։ Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիմ։ Այս անձը ինծի յարմա՞ր է։ Ամուսնական պատասխանատուութիւնները կրնա՞մ շալկել’։ Խորատես քննութիւն մը ընելու մէջ քեզի օգնելու համար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» շատ մասնայատուկ յօդուածներ հրատարակած է (Մատ. 24։45-47 * Այս նիւթերը սեպէ Եհովայի կողմէ քեզի տրուած խրատներ։ Անոնց բովանդակութիւնը ուշադրութեամբ արժեւորէ ու կիրարկէ։ Երբեք թոյլ մի՛ տար որ ըլլաս «ձիու պէս ու ջորիի պէս. . . որոնք միտք չունին» (Սաղ. 32։8, 9)։ Ամուսնութեան պահանջները ըմբռնելու մէջ չափահաս եղիր։ Եթէ զգաս թէ սիրատածութեան համար պատրաստ ես, միշտ ի մտի ունեցիր որ ‘մաքրութեան մէջ օրինակ ըլլաս’ (Ա. Տիմ. 4։12

14. Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգնել եթէ ամուսնանաս։

14 Հոգեւոր հասունութիւնը նաեւ յաջողութեան կը նպաստէ ամուսնութենէն ետք։ Հասուն քրիստոնեան կը ջանայ «Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալ» (Եփ. 4։11-14)։ Ան ծանր կ’աշխատի որ քրիստոսանման անձնաւորութիւն մը մշակէ։ Որպէս մեր Տիպարը, ‘Քրիստոս իր անձին հաճոյ չեղաւ’ (Հռով. 15։3)։ Երբ երկու կողակիցներն ալ իրենց անձնական շահերը չեն փնտռեր, ընտանեկան կեանքը խաղաղ ու հանգստաւէտ ապաստանարան մը պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 10։24)։ Ամուսինը անձնուրաց սէր պիտի ցուցաբերէ, իսկ կինը պիտի վճռէ իր ամուսինին հպատակիլ, ինչպէս Յիսուս կը հպատակի իր Գլուխին (Ա. Կոր. 11։3. Եփ. 5։25

«Քու պաշտօնդ կատարէ՛»

15, 16. Ծառայութեան մէջ յառաջդիմութիւնդ ի՞նչպէս կրնաս յայտնի ընել։

15 Տիմոթէոսի կարեւոր նշանակումին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, Պօղոս գրեց. «Կը վկայեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին. . . Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛»։ Ան աւելցուց. «Աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛» (Բ. Տիմ. 4։1, 2, 5)։ Այս պատուէրը կատարելու համար, Տիմոթէոս պէտք էր ‘հաւատքին խօսքերով սնանէր’ (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 4։6

16 Ի՞նչպէս կրնաս ‘հաւատքին խօսքերով սնանիլ’։ Պօղոս գրեց. «Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ» (Ա. Տիմ. 4։13, 15)։ Բարելաւումը ժրաջան անձնական ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ։ «Պարապէ» բառը, գործունէութեան մը մէջ մխրճուելու գաղափարը կը հաղորդէ։ Ուսումնասիրութեան սովորութիւններդ ի՞նչպէս են։ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ով կլանուա՞ծ ես (Ա. Կոր. 2։10)։ Կամ, նուազագո՞յն ջանքը կը թափես։ Ուսումնասիրած նիւթերուդ վրայ խոկալը սիրտդ պիտի խթանէ (կարդալ՝ Առակաց 2։1-5

17, 18. ա) Ի՞նչպիսի կարողութիւններ պէտք է ջանաս մշակել։ բ) Տիմոթէոսի կեցուածքը մշակելը ի՞նչպէս կրնայ ծառայութեան մէջ քեզի օգտակար ըլլալ։

17 Միշէլ անունով պատանուհի մը ըսաւ. «Ծառայութեան մէջ իսկապէս ազդու ըլլալու համար, անձնական ուսումնասիրութեան լաւ ծրագիր մը ունիմ, եւ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուիմ։ Առ ի արդիւնք, միշտ հոգեւոր աճումի մէջ եմ»։ Ռահվիրայութիւն ընելը արդարեւ պիտի օգնէ քեզի, որ ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածելու կարողութիւնդ բարելաւես եւ հոգեւորապէս յառաջդիմես։ Ջանա՛ լաւ ընթերցող մը ըլլալ եւ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ իմաստալից մեկնաբանութիւններ տալ։ Հոգեւորապէս հասուն պատանի մը ըլլալով, պիտի ուզես Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ շինիչ բաժիններ պատրաստել, նշանակուած նիւթին կառչելով։

18 ‘Աւետարանիչի գործ գործելը’ կը նշանակէ՝ ծառայութիւնդ աւելի ազդու դարձնել եւ ուրիշներուն օգնել որ փրկուին։ Ասիկա կը պահանջէ որ «սորվեցնելու արուեստ»ը մշակես (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ)։ Այս գործին մէջ փորձառութիւն ունեցողներուն հետ ծառայութեան մասնակցելով, պիտի կարենաս անոնց ուսուցանելու մեթոտներէն օգտուիլ, ինչպէս Տիմոթէոս Պօղոսի հետ ծառայելով սորվեցաւ (Ա. Կոր. 4։17)։ Իր օգնած անհատներուն ակնարկելով, Պօղոս ըսաւ թէ անոնց ո՛չ միայն բարի լուրը տուաւ, այլեւ ‘իր անձը’,– իր կեանքը գործածեց անոնց օգնելու,– քանի որ սիրելի եղան իրեն (Ա. Թես. 2։8)։ Ծառայութեան մէջ Պօղոսի օրինակին հետեւելու համար, պէտք է ունենաս Տիմոթէոսի կեցուածքը, որ ուրիշները անկեղծաբար հոգաց եւ «աւետարանին ծառայեց» (կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։19-23Ծառայութեանդ մէջ այս անձնազոհ հոգին կը ցուցաբերե՞ս։

Յառաջդիմութիւնը իսկական գոհունակութիւն կու տայ

19, 20. Հոգեւորապէս յառաջդիմելը ինչո՞ւ ուրախութիւն կը բերէ։

19 Հոգեւորապէս յառաջդիմելը ջանքի կը կարօտի։ Բայց ուսուցանելու հմտութիւններդ համբերութեամբ մշակելով, ժամանակի ընթացքին, հոգեւորապէս ‘շատերը հարստացնելու’ առանձնաշնորհումը պիտի ունենաս, իսկ անոնք ‘պարծանքիդ պսակը’ պիտի ըլլան (Բ. Կոր. 6։10. Ա. Թես. 2։19)։ Ֆրէտ անունով լիաժամ քարոզիչ մը բացատրեց. «Այժմ ա՛լ աւելի ժամանակ կը տրամադրեմ ուրիշներուն օգնելու։ Իրապէս ճշմարիտ է այն խօսքը, թէ աւելի՛ երանելի է տա՛լը՝ քան ստանալը»։

20 Հոգեւորապէս աճելէն յառաջ եկած ուրախութեան ու գոհունակութեան նկատմամբ, Տաֆնի անունով ռահվիրայ պատանուհի մը ըսաւ. «Երբ սկսայ Եհովան գնահատել որպէս Անձ, իրեն հետ շատ աւելի սերտ յարաբերութիւն մը մշակեցի։ Երբ ամբողջ կարողութեամբդ Եհովան հաճեցնես, իրապէս գոհունակ եւ ուրախ կը զգաս»։ Թէեւ մարդիկ հոգեւոր յառաջդիմութիւնը միշտ չեն նկատեր, բայց Եհովա զայն միշտ կը տեսնէ ու կ’արժեւորէ (Եբ. 4։13)։ Ո՛վ պատանի քրիստոնեաներ, անտարակոյս կրնա՛ք մեր երկնաւոր Հօր փառք ու պատիւ բերել։ Շարունակեցէք իր սիրտը ուրախացնել, մինչ անկեղծօրէն ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի կ’ընէք (Առ. 27։11

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 13 «Այս անձը ինծի յարմա՞ր է», Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2, գրքին մէջ. «Կողակից մը ընտրելու համար՝ աստուածային ուղղութիւն», Դիտարան–ի 15 մայիս 2001 թիւին մէջ. եւ «Պատանեկան տարիքին ամուսնանալը ո՞րքան խոհեմութիւն է», Զարթի՛ր–ի 22 սեպտեմբեր 1983 թիւին մէջ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Ի՞նչպէս կրնաս յառաջդիմութիւնդ յայտնի ընել՝

երբ նեղութիւններ կը դիմագրաւես։

երբ ամուսնութեան կը պատրաստուիս։

ծառայութեան մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Աղօթքը կրնայ քեզի օգնել նեղութեան հետ գլուխ ելլելու

[Նկար՝ էջ 22]

Պատանի հրատարակիչները ի՞նչպէս կրնան ուսուցանելու ազդու մեթոտներ մշակել