Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերստին ծնիլ. ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ

Վերստին ծնիլ. ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ

Վերստին ծնիլ. ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ

ՅԻՍՈՒՍ Նիկոդէմոսի հետ խօսեցաւ ո՛չ միայն վերստին ծնելուն կարեւորութեան, պատճառին եւ նպատակին մասին, այլեւ՝ թէ ի՛նչ միջոցով տեղի կ’ունենայ։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել» (Յովհաննէս 3։5)։ Ուստի անհատ մը վերստին կը ծնի՝ ջուրին ու հոգիին միջոցաւ։ Բայց «ջուր» եւ «հոգի» բառերը ի՞նչ բաներու կ’ակնարկեն։

Ի՞նչ են «ջուր»ն ու «հոգին»

Հրեայ կրօնական ուսումնական մը ըլլալով, Նիկոդէմոս անկասկած գիտէր թէ Եբրայերէն Գրութիւնները ի՛նչ կերպով կը գործածէին «Աստուծոյ Հոգին» արտայայտութիւնը,– Աստուծոյ գործօն ուժը, որ կրնայ մարդիկը մղել արտակարգ արարքներ գործելու (Ծննդոց 41։38. Ելից 31։3. Ա. Թագաւորաց 10։6)։ Ուստի, երբ Յիսուս «հոգի» բառը գործածեց, Նիկոդէմոս հասկցաւ թէ անիկա սուրբ հոգին է, Աստուծոյ գործօն ուժը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի ջուրին, նկատի առ Նիկոդէմոսի հետ եղած զրոյցէն անմիջապէս առաջ եւ ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Ատոնք ցոյց կու տան, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Յիսուսի աշակերտները ջուրով կը մկրտէին (Յովհաննէս 1։19, 31. 3։22. 4։1-3)։ Երուսաղէմի մէջ այս սովորութիւնը հանրածանօթ դարձած էր։ Հետեւաբար, երբ Յիսուս ջուրի մասին խօսեցաւ, Նիկոդէմոս ըմբռնած ըլլալու էր թէ Յիսուս մկրտութեան ջուրին կ’ակնարկէր։ *

«Սուրբ Հոգիով» մկրտուիլ

Եթէ ‘ջուրէն ծնանիլը’ առնչուած է ջուրով մկրտուելուն, ‘հոգիէն ծնանիլը’ ի՞նչ կը նշանակէ։ Յիսուսի հետ Նիկոդէմոսի խօսակցութենէն առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ յայտարարած էր թէ ո՛չ միայն ջուրը, այլեւ հոգին մկրտութեան մէջ դեր պիտի խաղար։ Ան ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով մկրտեցի, բայց [Յիսուս] ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ» (Մարկոս 1։7, 8)։ Աւետարանագիր Մարկոս կը նկարագրէ այն առաջին անգամը, որ այսպիսի մկրտութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ան կը գրէ. «Այն օրերը Յիսուս Գալիլիայի Նազարէթէն եկաւ ու Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ։ Ջուրէն ելլելուն պէս երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր» (Մարկոս 1։9, 10)։ Երբ Յիսուս Յորդանանի մէջ մխրճուեցաւ, ան ջուրով մկրտուեցաւ։ Իսկ երբ երկինքէն հոգին ստացաւ, ան սուրբ հոգիով մկրտուեցաւ։

Իր մկրտութենէն շուրջ երեք տարի ետք, Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց. «Դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք» (Գործք 1։5)։ Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։

Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Երուսաղէմի մէջ շուրջ 120 աշակերտներ հաւաքուած էին տան մը մէջ։ «Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց. . . եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան» (Գործք 2։1-4)։ Նոյն օրը, Երուսաղէմի մէջ ուրիշներու յորդոր տրուեցաւ որ ջուրով մկրտուին։ Պետրոս առաքեալ ամբոխի մը ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ Անոնք ընդառաջեցի՞ն։ «Անոնք որոնք սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան» (Գործք 2։38, 41

Երկմասնեայ գործընթաց

Այս մկրտութիւնները վերստին ծնելուն մասին ի՞նչ կը յայտնեն։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ վերստին ծնիլը երկմասնեայ գործընթացով տեղի կ’ունենայ։ Նկատէ թէ Յիսուս նախ ջուրով մկրտուեցաւ, ապա սուրբ հոգին ստացաւ։ Նմանապէս, նախկին աշակերտները նախ ջուրով մկրտուեցան (ոմանք Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ), յետոյ սուրբ հոգին ստացան (Յովհաննէս 1։26-36)։ Նոյնպէս, 3000 նորադարձները նախ ջուրով մկրտուեցան, ապա սուրբ հոգին ստացան։

Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին տեղի ունեցած մկրտութիւնները ի մտի ունենալով, կ’ակնկալենք որ վերստին ծնիլը ներկայիս տեղի ունենայ ա՛յն կերպով, որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի առաքեալներուն եւ նախկին աշակերտներուն պարագային։ Նախ, անհատը իր մեղքերէն կը զղջայ, սխալ ընթացքը կը լքէ, իր կեանքը Եհովայի կը նուիրէ՝ զինք պաշտելու եւ ծառայելու համար, եւ ջուրի մկրտութեամբ իր նուիրումը հանրապէս կը յայտարարէ։ Անկէ ետք, եթէ Աստուած զինք ընտրէ որ Իր Թագաւորութեան մէջ որպէս իշխան ծառայէ, ան սուրբ հոգիով կ’օծուի։ Այս երկմասնեայ գործընթացին առաջին քայլը (ջուրով մկրտուիլը) անհատը կ’առնէ, իսկ երկրորդ քայլը (հոգիով մկրտուիլը) Աստուած կ’առնէ։ Երկու մկրտութիւններուն ենթարկուելով, անհատը վերստին կը ծնի։

Սակայն Յիսուս Նիկոդէմոսի հետ իր խօսակցութեան մէջ ինչո՞ւ ‘ջուրէն ու հոգիէն ծնանիլ’ արտայայտութիւնը գործածեց։ Ընդգծելու համար թէ ջուրով ու հոգիով մկրտուողները արտակարգ փոփոխութեան մը կ’ենթարկուին։ Յաջորդ յօդուածը վերստին ծնելուն այս երեսակը կը քննարկէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Նոյն կերպով, առիթով մը Պետրոս առաքեալ մկրտութեան առնչութեամբ ըսաւ. «Միթէ մէկը կրնա՞յ արգելք ըլլալ ջուրին» (Գործք 10։47, Երուսաղէմ

[Նկար՝ էջ 9]

Յովհաննէս զղջացող իսրայէլացիները ջուրով մկրտեց