Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերստին ծնիլ. ի՞նչ է անոր նպատակը

Վերստին ծնիլ. ի՞նչ է անոր նպատակը

Վերստին ծնիլ. ի՞նչ է անոր նպատակը

ՇԱՏԵՐ կը հաւատան, թէ անհատ մը յաւերժական փրկութիւն ստանալու համար, հարկ է որ վերստին ծնի։ Սակայն նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ վերստին ծնելուն նպատակին մասին։ Ան նշեց. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել» (Յովհաննէս 3։3)։ Արդ, անհատ մը պէտք է վերստին ծնի, ո՛չ թէ փրկութիւն ստանալու, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնելու համար։ Ոմանք կրնան ըսել. ‘Բայց այս երկու արտայայտութիւնները,– Թագաւորութիւնը մտնել եւ փրկութիւն ստանալ,– նոյն վարձատրութեան չե՞ն ակնարկեր’։ Ո՛չ։ Տարբերութիւնը հասկնալու համար, նախ նկատի առնենք «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» արտայայտութեան իմաստը։

Թագաւորութիւնը կառավարութեան մէկ ձեւն է։ Ուստի «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ կառավարութիւնը»։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ «Որդին մարդոյ», Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է եւ թէ Քրիստոս իշխանակիցներ ունի (Դանիէլ 7։1, 13, 14. Մատթէոս 26։63, 64)։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս առաքեալին տրուած տեսիլք մը յայտնեց, թէ Քրիստոսի իշխանակիցները «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» ընտրուած անհատներ են եւ «երկրի վրայ [պիտի] թագաւորեն» (Յայտնութիւն 5։9, 10. 20։6)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը յայտնէ, թէ անոնք որոնք պիտի թագաւորեն, «երկրէն գնուած» 144,000 անհատներէ բաղկացած «պզտիկ հօտ» մը կը կազմեն (Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1, 3

Աստուծոյ Թագաւորութեան կեդրոնը ո՞ւր է։ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» նաեւ կոչուած է «երկնքի թագաւորութիւնը», ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս եւ իր իշխանակիցները երկինքէն պիտի իշխեն (Ղուկաս 8։10. Մատթէոս 13։11)։ Արդ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որ Յիսուս Քրիստոսէ եւ մարդկութեան մէջէն ընտրուած իշխանակիցներէ կազմուած է։

Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ, թէ անհատ մը պէտք է վերստին ծնի, որպէսզի ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ’։ Ան ըսել ուզեց, թէ անհատը պէտք է վերստին ծնի, որպէսզի երկինքի մէջ Քրիստոսի իշխանակից ըլլայ։ Պարզ խօսքով, վերստին ծնելուն նպատակն է՝ սահմանափակ թիւով անհատներ պատրաստել երկնային իշխանութեան համար։

Տեսանք թէ վերստին ծնիլը մեծ կարեւորութիւն ունի, Աստուծոյ կողմէ կը կատարուի եւ խումբ մը մարդիկ կը պատրաստէ երկնային իշխանութեան համար։ Բայց վերստին ծնիլը ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Վերստին ծնելուն նպատակն է՝ սահմանափակ թիւով անհատներ պատրաստել երկնային իշխանութեան համար

[Նկար՝ էջ 7]

Յիսուս Քրիստոս եւ մարդկութենէն ընտրուած իշխանակիցներ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կազմեն