Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերստին ծնիլ. ի՞նչ կ’իրագործէ

Վերստին ծնիլ. ի՞նչ կ’իրագործէ

Վերստին ծնիլ. ի՞նչ կ’իրագործէ

ՅԻՍՈՒՍ սուրբ հոգիով մկրտուելու մասին խօսած ատեն, ինչո՞ւ ‘հոգիէն ծնանիլ’ արտայայտութիւնը գործածեց (Յովհաննէս 3։5)։ Երբ որպէս փոխաբերութիւն գործածուի, «ծնունդ» բառը կը նշանակէ «սկիզբ», ինչպէս՝ «ազգի մը ծնունդը» արտայայտութեան մէջ։ Ուստի «վերստին ծնիլ» արտայայտութիւնը նոր սկիզբ կը նշէ,– Աստուծոյ եւ սուրբ հոգիով մկրտուողներուն միջեւ յարաբերութիւնը նոր սկիզբ պիտի ունենայ։ Յարաբերութեան մէջ այդ ամբողջական փոփոխութիւնը ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ։

Երբ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէր, թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդիկ կը պատրաստէ երկինքի մէջ իշխելու համար, ընտանեկան կեանքէն առնուած լուսաբանութիւն մը գործածեց։ Ան իր օրուան քրիստոնեաներուն գրեց, թէ «որդեգրութիւն» պիտի ստանային ու հետեւաբար Աստուած կրնար անոնց հետ վերաբերիլ իբր «որդիներ» (Գաղատացիս 4։5. Եբրայեցիս 12։7)։ Որպէսզի տեսնես թէ որդեգրութեան օրինակը ի՛նչպէս կ’օգնէ հասկնալու այն փոփոխութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ երբ անհատ մը սուրբ հոգիով մկրտուի, դարձեալ նկատի առ այն պատանիին օրինակը, որ կ’ուզէ յաճախել դպրոց մը, որուն աշակերտները բնիկ են ու քաղաքէն դուրս կը բնակին։

Որդեգրութիւնը փոփոխութիւն կը պատճառէ

Օրինակին մէջ, պատանին չի կրնար դպրոցը յաճախել, քանի որ բնիկ չէ։ Այժմ երեւակայէ որ օրին մէկը մեծ փոփոխութիւն կը պատահի։ Բնիկ ընտանիքի մը հայրը զայն օրինապէս կ’որդեգրէ։ Ասիկա պատանիին ի՞նչպէս կ’ազդէ։ Որդեգիր մը ըլլալով, այժմ ան կրնայ բնիկ պատանիներուն նոյն իրաւունքները ունենալ, ի ներառեալ՝ տուեալ դպրոցին աշակերտը ըլլալու իրաւունքը։ Որդեգրութիւնը անոր հեռանկարները բոլորովին փոխած է։

Ասիկա կը լուսաբանէ ի՛նչ որ կը պատահի անոնց, որոնք վերստին կը ծնին։ Նկատի առ կարգ մը նմանութիւններ։ Պատանին դպրոց պիտի ընդունուի, միայն եթէ գոհացում տայ սահմանուած պահանջին,– բնիկ ըլլալ։ Բայց ան իր ջանքով չի կրնար այդ պահանջին գոհացում տալ։ Նոյնպէս, կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան կամ երկնային կառավարութեան մէջ տեղ պիտի ստանան, միայն եթէ գոհացում տան սահմանուած պահանջին,– «վերստին ծնիլ»։ Բայց անոնք իրենց ջանքերով չեն կրնար այդ պահանջին գոհացում տալ, քանի որ վերստին ծնիլը Աստուծմէ կախեալ է։

Ի՞նչ բան պատանիին կացութիւնը փոխեց։ Օրինական որդեգրութիւնը։ Անշուշտ այս գործընթացը պատանիին բնոյթին մէջ փոփոխութիւն չմտցուց։ Որդեգիր ըլլալէ ետք, ան տակաւին նոյն անձն էր։ Այսուհանդերձ, ան նոր հանգամանք մը ստացաւ։ Արդարեւ ան նոր սկիզբ մը ունեցաւ,– նոր ծնունդ մը, այլաբանօրէն խօսելով։ Ան որդի մը եղաւ, իրաւունք ունենալով որ դպրոցը յաճախէ ու հայրագիրին ընտանիքին մէկ մասը ըլլայ։

Նմանապէս, Եհովա օրինական գործընթացով անկատար մարդոցմէ բաղկացած խումբի մը կացութիւնը փոխեց, զանոնք որդեգրելու համար։ Պօղոս առաքեալ, որ այդ խումբին կը պատկանէր, իր հաւատակիցներուն գրեց. «Դուք. . . որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (Հռովմայեցիս 8։15, 16)։ Այո, որդեգրութեան միջոցով, այս քրիստոնեաները եղած էին Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը, կամ «Աստուծոյ որդիներ» (Ա. Յովհաննէս 3։1. Բ. Կորնթացիս 6։18

Հարկաւ Աստուծոյ կողմէ եղած որդեգրութիւնը չփոխեց որդեգիրներուն բնոյթը, քանի որ անոնք անկատար մնացին (Ա. Յովհաննէս 1։8)։ Այսուհանդերձ, ինչպէս Պօղոս բացատրեց, անոնք նոր հանգամանք մը ստացան։ Միեւնոյն ատեն, Աստուծոյ հոգին որդեգիրներուն մէջ այն համոզումը քանդակեց, թէ երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ պիտի ապրին (Ա. Յովհաննէս 3։2)։ Սուրբ հոգիին պատճառած այդ անսխալելի համոզումը, կեանքի հանդէպ բոլորովին նոր հայեցակէտ մը տուաւ անոնց (Բ. Կորնթացիս 1։21, 22)։ Այո, անոնք նոր սկիզբ մը ունեցան,– նոր ծնունդ մը, այլաբանօրէն խօսելով։

Աստուծոյ որդեգիրներուն մասին խօսելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։ Անոնք Քրիստոսի հետ թագաւորներ պիտի ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան կամ երկնային կառավարութեան մէջ։ Պետրոս առաքեալ հաւատակիցներուն ըսաւ որ պիտի ստանան «անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութիւն», որ «երկինքը պահուած է» իրենց (Ա. Պետրոս 1։3, 4)։ Արդարեւ թանկագին ժառանգութիւն մը։

Սակայն իշխանութեան այս հարցն ալ հարցում մը կը յարուցանէ։ Եթէ վերստին ծնող անհատները երկինքի մէջ պիտի թագաւորեն, որո՞նց վրայ պիտի իշխեն։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Նկար՝ էջ 10]

Պօղոս որդեգրութեան մասին ի՞նչ ըսաւ