Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր հրաշալի բուժումները Աստուծմէ՞ են

Բոլոր հրաշալի բուժումները Աստուծմէ՞ են

Ընթերցողները կը հարցնեն

Բոլոր հրաշալի բուժումները Աստուծմէ՞ են

Կասկած չի վերցներ թէ Եհովա Աստուած բուժելու զօրութիւն ունի։ Նաեւ կասկած չկայ թէ ան կրնայ այդ զօրութիւնը իր երկրպագուներուն տալ։ Օրինակ, առաքեալներուն ժամանակ, հրաշալի բուժումը իր սուրբ հոգիին մասնայատուկ պարգեւներէն մէկն էր։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։ Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է. . . ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ նոյն Հոգիով. . . ուրիշին՝ մարգարէութիւն. . . ուրիշին՝ զանազան լեզուներ» (Ա. Կորնթացիս 12։4-11

Սակայն Պօղոս կորնթացիներուն յղած իր նոյն նամակին մէջ, նաեւ գրեց թէ Աստուծոյ սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւները վերջ պիտի գտնէին։ Ան ըսաւ. «Եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի» (Ա. Կորնթացիս 13։8

Առաջին դարուն, Յիսուս Քրիստոս եւ իր առաքեալները հրաշալի բուժումներ կատարեցին։ Քրիստոնէական պատմութեան այդ ժամանակաշրջանին, հոգիին պարգեւները, ի ներառեալ բուժումներ կատարելու կարողութիւնը, Աստուծոյ փառքին համար էին եւ կը նշէին Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը նորակազմ քրիստոնէական ժողովքին վրայ։ Բայց անգամ մը որ քրիստոնէական ժողովքը լիովին հաստատուէր, մասնայատուկ պարգեւներու տեղ, անոր ցուցաբերած անխախտ հաւատքը, յոյսն ու սէրը պիտի ապացուցանէին թէ Աստուծոյ հաճութիւնը կը վայելէր (Յովհաննէս 13։35. Ա. Կորնթացիս 13։13)։ Հետեւաբար, մ.թ. շուրջ 100–ին, հրաշալի բուժումները դադրեցան Աստուծոյ հաճութեան մէկ նշանը ըլլալէ։ *

Սակայն թերեւս հարց տաս. ‘Ինչո՞ւ տակաւին հրաշալի բուժումներու մասին տեղեկագրութիւններ կը լսեմ’։ Օրինակ, լրագիր մը տեղեկագրեց մարդու մը մասին, որ ըսուեցաւ թէ քաղցկեղէ կը տառապէր։ Ան իր գլխուն, երիկամունքներուն եւ նոյնիսկ իր ոսկորներուն մէջ ուռեր ունէր։ Անոր ապագան մռայլ էր մինչեւ այն օրը, երբ Աստուած իրեն հետ «խօսեցաւ»։ Քանի մը օր ետք, անոր քաղցկեղը անհետացաւ, նշեց տեղեկագրութիւնը։

Երբ այսպիսի պատմութիւն մը լսես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս տեղեկագրութիւնը փաստացի՞ է։ Դաւանութեան թիկունք կանգնող բժշկական փաստաթուղթեր կա՞ն։ Նոյնիսկ եթէ թուի թէ բուժում մը տեղի ունեցած է, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՞ թէ Աստուած կը պատճառէ բոլո՛ր հրաշալի բուժումները’։

Այդ վերջին հարցումին պատասխանը յատկապէս կարեւոր է։ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն. . . Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (Մատթէոս 7։15, 21-23

Յստակ է թէ այդպէս կոչուած հրաշալի բուժումը կրնայ Աստուծմէ տարբեր աղբիւրէ մը գալ։ Որպէսզի չխաբուինք անոնցմէ, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ անունով հրաշքներ գործել, պէտք է Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանանք, տրամաբանելու մեր աստուածատուր կարողութիւնը գործածենք, եւ սորվինք ի՛նչպէս բնորոշել իր կամքը ընողները (Մատթէոս 7։16-19. Յովհաննէս 17։3. Հռովմայեցիս 12։1, 2

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Ակներեւօրէն, առաքեալներուն մահով, պարգեւներուն փոխանցումը վերջ գտաւ, եւ հոգիին բոլոր հրաշալի պարգեւները դադրեցան, երբ զանոնք ստացողները մահացան։