Հաւատարիմ տնտեսը եւ անոր Կառավարիչ մարմինը
Հաւատարիմ տնտեսը եւ անոր Կառավարիչ մարմինը
«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ» (ՂՈՒԿ. 12։42)։
1, 2. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր հարցում ուղղեց, երբ վերջին օրերուն բաղադրեալ նշանը կու տար։
ՎԵՐՋԻՆ օրերուն բաղադրեալ նշանը տալու ատեն, Յիսուս սա հարցումը ուղղեց. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ»։ Ապա Յիսուս նշեց, թէ այս ծառան իր հաւատարմութեան համար պիտի վարձատրուէր, Տէրոջ բոլոր ունեցածին վրայ նշանակուելով (Մատ. 24։45-47)։
2 Քանի մը ամիս առաջ, Յիսուս նման հարցում մը ուղղած էր (կարդալ՝ Ղուկաս 12։42-44)։ Ան ծառան «տնտես» կոչեց, իսկ «ծառաներ»ուն ակնարկեց որպէս «իր գերդաստան»ը։ Տնտեսը տան ընդհանուր գործերը վարող անձն է, որ ծառաներուն վրայ նշանակուած է։ Բայց եւ այնպէս, տնտեսն ալ ծառայ մըն է։ Ո՞վ է այս ծառան կամ տնտեսը, եւ ի՞նչպէս ‘ատենին կերակուր’ կը հայթայթէ։ Բոլորիս համար կենսական է ճանչնալ այն խողովակը, որուն միջոցով հոգեւոր սնունդ կը մատակարարուի։
3. ա) Քրիստոնեայ աշխարհի մեկնաբանները ի՞նչպէս կը բացատրեն «ծառայ»ին առնչութեամբ Յիսուսի խօսքերը։ բ) Ո՞վ է «տնտես»ը կամ «ծառան», եւ որո՞նք են «գերդաստան»ը կամ «ծառաներ»ը։
3 Քրիստոնեայ աշխարհի մեկնաբանները յաճախ կ’ըսեն, թէ Յիսուսի այս խօսքերը կ’ակնարկեն անոնց, որոնք դաւանեալ քրիստոնեաներուն մէջ պատասխանատու դիրքեր ունին։ Բայց Յիսուս, առակին մէջի «տէրը», չըսաւ որ բազմաթիւ ծառաներ պիտի ըլլային, ցրուած՝ քրիստոնեայ աշխարհի այլազան աղանդներուն մէջ։ Փոխարէն, ան յստակօրէն նշեց, թէ միայն մէկ «տնտես» կամ «ծառայ» պիտի ըլլար, եւ զինք պիտի նշանակէր իր բոլոր ունեցածին վրայ։ Ուստի, ինչպէս այս պարբերաթերթը յաճախ բացատրած է, տնտեսը պէտք է ներկայացնէ օծեալ աշակերտներէն բաղկացած «պզտիկ հօտ»ը՝ որպէս խումբ։ Ղուկասի Աւետարանին բովանդակութեան մէջ, Յիսուս արդէն անոնց ակնարկած էր (Ղուկ. 12։32)։ «Գերդաստան»ը կամ «ծառաներ»ը այս նոյն խումբին կ’ակնարկէ, բայց կ’ընդգծէ անոնց անհատական դերը։ Ուստի հետաքրքրաշարժ հարցում մը կը ծագի. այս ծառայ դասակարգին իւրաքանչիւր անդամը, ատենին հոգեւոր ուտելիք հայթայթելու մէջ դեր մը կը խաղա՞յ։ Պատասխանը բացայայտ կը դառնայ, երբ ուշի–ուշով քննենք Սուրբ Գրութիւններուն ըսածը։
Եհովայի ծառան՝ անցեալին
4. Եհովա վաղեմի իսրայէլ ազգին ի՞նչպէս ակնարկեց, եւ ի՞նչ բան պէտք է նկատել։
4 Եհովա իր ժողովուրդին՝ վաղեմի իսրայէլ ազգին մասին խօսեցաւ որպէս հաւաքական ծառայ։ «Իմ վկաներս [յոգնակի] դուք էք, կ’ըսէ Տէրը, նաեւ իմ ընտրած ծառաս [եզակի]» (Եսա. 43։10)։ Ազգին բոլոր անդամները պարփակուած էին այդ մէկ ծառայ դասակարգին մէջ։ Սակայն կարեւոր է նկատել, թէ միայն քահանաները եւ քահանայ չեղող ղեւտացիները, ազգը սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը կը կրէին (Բ. Մն. 35։3. Մաղ. 2։7)։
5. Յիսուսի համաձայն, ի՞նչ մեծ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենար։
5 Յիսուսի նշած ծառան իսրայէլ ա՞զգն էր։ Ո՛չ, քանի որ Յիսուս իր ժամանակակից հրեաներուն ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատ. 21։43)։ Բացայայտ է որ փոփոխութիւն մը տեղի ունենալու վրայ էր։ Եհովա նոր ազգ մը պիտի գործածէր։ Այսուհանդերձ, հոգեւոր ուսուցումի առնչութեամբ, Յիսուսի առակին մէջի ծառային գործը նման է վաղեմի Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ «ծառայ»ին գործին։
Հաւատարիմ ծառան ի յայտ կու գայ
6. Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ի՞նչ նոր ազգ գոյացաւ, եւ որո՞նք անոր մէկ մասը եղան։
6 Նոր ազգը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը, հոգեւոր իսրայէլացիներէ բաղկացած է (Գաղ. 6։16. Հռով. 2։28, 29. 9։6)։ Անիկա գոյացաւ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Աստուծոյ հոգին թափուելով։ Անկէ ետք, հոգիէն–օծուած բոլոր քրիստոնեաները մաս կազմեցին այդ ազգին, որ այժմ կը ծառայէր որպէս Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ կողմէ նշանակուած ծառայ դասակարգը։ Այդ ազգին իւրաքանչիւր անդամը, բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու յանձնարարութիւնը ունէր (Մատ. 28։19, 20)։ Բայց խումբին իւրաքանչիւր անդամը ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթելու մէջ բաժին պիտի բերէ՞ր։ Տեսնենք թէ Սուրբ Գրութիւնները այս հարցումին ի՛նչպէս կը պատասխանեն։
7. Սկիզբը, առաքեալներուն գլխաւոր գործը ի՞նչ էր, իսկ յետագային ի՞նչպէս աւելին պարփակեց։
7 Երբ Յիսուս իր 12 առաքեալները նշանակեց, անոնց գլխաւոր գործն էր՝ բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել (կարդալ՝ Մարկոս 3։13-15)։ Այս նշանակումը յունարէն աբոսթոլոս բառին հիմնական իմաստին հետ ներդաշնակ էր, որ ծագում կ’առնէ բայէ մը, որ պարզապէս կը նշանակէ՝ «ուղարկուած»։ Սակայն ժամանակ մը ետք, երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելու վրայ էր, առաքեալին դերը եղաւ՝ «վերակացութիւն» (Գործք 1։20-26, ՆԱ)։
8, 9. ա) Տասներկու առաքեալներուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ էր։ բ) Որո՞նք ալ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստացան, ինչպէս կառավարիչ մարմինը հաստատեց։
8 Տասներկու առաքեալներուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ էր։ Պատասխանը կը գտնենք Պէնտէկոստէի օրուան յաջորդող դէպքերուն մէջ։ Երբ այրիներուն ամէնօրեայ ուտելիքի մատակարարման շուրջ վիճաբանութիւն ծագեցաւ, 12 առաքեալները աշակերտները հաւաքեցին ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել» (կարդալ՝ Գործք 6։1-6)։ Ապա առաքեալները հոգեւորապէս որակեալ եղբայրներ նշանակեցին այս անհրաժեշտ «գործին» հոգ տանելու, որպէսզի իրենք կարենան «Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապիլ»։ Այս կարգադրութիւնը Եհովայի օրհնութեան արժանացաւ, եւ «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ» (Գործք 6։7)։ Ուստի հոգեւոր կերակրման գործին գլխաւոր պատասխանատուութիւնը՝ առաքեալներուն վրայ կ’իյնար (Գործք 2։42)։
9 Ժամանակի ընթացքին, ծանր պատասխանատուութիւններ վստահուեցան ուրիշներու։ Պօղոս ու Բառնաբաս, սուրբ հոգիին ուղղութեան ներքեւ, Անտիոքի ժողովքին կողմէ որպէս միսիոնարներ ղրկուեցան։ Անոնք նաեւ ճանչցուեցան իբրեւ առաքեալներ, թէեւ սկզբնական 12 առաքեալներէն չէին (Գործք 13։1-3. 14։13. Գաղ. 1։19)։ Երուսաղէմի մէջ գտնուող կառավարիչ մարմինը հաստատեց անոնց նշանակումը (Գաղ. 2։7-10)։ Անկէ կարճ ժամանակ մը ետք, Պօղոս հոգեւոր ուտելիք մատակարարելու մէջ բաժին բերաւ։ Ան իր առաջին ներշնչեալ նամակը գրեց։
10. Առաջին դարուն, հոգիէն–օծուած բոլո՞ր քրիստոնեաները հոգեւոր ուտելիք պատրաստեցին։ Բացատրէ։
10 Սակայն, հոգիէն–օծուած բոլո՞ր քրիստոնեաները քարոզչութեան վրայ կը վերահսկէին ու հոգեւոր ուտելիք կը պատրաստէին։ Ո՛չ։ Պօղոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ. «Միթէ ամէնքը առաքեալնե՞ր են. միթէ ամէնքը մարգարէնե՞ր են. միթէ ամէնքը վարդապետնե՞ր են. միթէ ամէնքը հրաշքնե՞ր կը գործեն» (Ա. Կոր. 12։29)։ Թէեւ հոգիէն ծնած բոլոր քրիստոնեաները քարոզչութեան մասնակցեցան, բայց միայն ութ անհատներ գործածուեցան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն 27 գիրքերը գրելու։
Հաւատարիմ ծառան՝ արդի ժամանակներուն
11. Ի՞նչ է Քրիստոսի «բոլոր ունեցած»ը, որուն վրայ ծառան նշանակուած է։
11 Մատթէոս 24։45–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը բացայայտօրէն կը նշեն, թէ վերջին ժամանակին ընթացքին տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլար հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգ մը։ Յայտնութիւն 12։17–ն (ԱԾ) անոնց կ’ակնարկէ որպէս կնոջ սերունդէն «մնացողներ»։ Իբրեւ խումբ, այս մնացորդը նշանակուած է՝ երկրի վրայ Քրիստոսի բոլոր ունեցածին վրայ։ Հաւատարիմ տնտեսը նշանակուած է հոգ տանելու Յիսուսի «բոլոր ունեցած»ին, այսինքն՝ երկրի վրայ Տէրոջ արքայական շահերուն, որոնք կը պարփակեն Թագաւորութեան երկրային հպատակները եւ բարի լուրի քարոզչութեան համար գործածուած նիւթական դիւրութիւնները։
12, 13. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կը գիտնայ, թէ երկնային կոչումը ունի։
12 Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կը գիտնայ, թէ երկնային յոյսը ունի եւ հոգեւոր իսրայէլացիներու այս մնացորդին մէջ պարփակուած է։ Պատասխանը կը գտնուի Պօղոս առաքեալի խօսքերուն մէջ, զորս ուղղեց անոնց՝ որոնք իրեն հետ երկնային յոյսը կը բաժնէին. «Անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք» (Հռով. 8։14-17)։
13 Ուրիշ խօսքով, այս անհատները Աստուծոյ սուրբ հոգիով կ’օծուին եւ երկնային «կոչում» կամ հրաւէր կը ստանան (Եբ. 3։1)։ Այս անձնական հրաւէրը Աստուծմէ է։ Անոնք, իրենց կարգին, անմիջապէս կ’ընդառաջեն, որպէս Աստուծոյ որդիներ ծնիլը ընդունելով, առանց հարցնելու կամ կասկածելու կամ վախնալու (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։20, 21)։ Ուստի անոնք այս յոյսը անձամբ չեն ընտրեր, այլ՝ Եհովա անոնց վրայ իր կնիքը կամ սուրբ հոգին կը դնէ (Բ. Կոր. 1։21, 22. Ա. Պետ. 1։3, 4)։
Շիտակ տեսակէտը
14. Օծեալները իրենց կոչումը ի՞նչպէս կը նկատեն։
14 Այս օծեալները ի՞նչպէս իրենք զիրենք պէտք է նկատեն, մինչ կը սպասեն իրենց երկնային վարձատրութեան։ Անոնք կը գիտակցին թէ հոյակապ հրաւէր մը ստանալով հանդերձ, անիկա միայն հրաւէր մըն է։ Անոնք այս մրցանակը ձեռք ձգելու համար, մինչեւ մահ հաւատարիմ պէտք է մնան։ Անոնք խոնարհութեամբ Պօղոսի կեցուածքը կը բաժնեն. «Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ» (Փլպ. 3։13, 14)։ Օծեալ մնացորդը իր ամբողջ կարելին պէտք է ընէ, որպէսզի ‘այնպէս քալէ՝ ինչպէս կը վայելէ այն կոչումին, որով կանչուեցաւ, լման խոնարհութեամբ’, «ահով ու դողով» (Եփ. 4։1, 2. Փլպ. 2։12. Ա. Թես. 2։12)։
15. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է նկատեն Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողները, իսկ օծեալները իրենք զիրենք ի՞նչպէս կը նկատեն։
15 Միւս կողմէ, քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է նկատեն անհատ մը, որ կը դաւանի թէ այս օծումը ստացած է ու կը սկսի Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ։ Զայն պէտք չէ դատել, քանի որ հարցը անոր եւ Եհովային միջեւ է (Հռով. 14։12)։ Սակայն այս օծումը իրապէս ստացող քրիստոնեաները, մասնայատուկ ուշադրութիւն չեն պահանջեր։ Անոնք չեն խորհիր թէ օծեալ ըլլալը իրենց կը շնորհէ մասնայատուկ խորատեսութիւն մը, որ «մեծ բազմութեան» կարգ մը փորձառու անդամներուն ունեցածը կը գերազանցէ (Յայտ. 7։9)։ Անոնք չեն խորհիր թէ անպայմանօրէն աւելի սուրբ հոգի ունին, քան՝ «ուրիշ ոչխարներ»ուն պատկանող իրենց ընկերակիցները (Յովհ. 10։16)։ Անոնք մասնայատուկ վերաբերում չեն ակնկալեր. ո՛չ ալ կը դաւանին թէ խորհրդանիշներուն մասնակցիլը, զիրենք կը դասէ ժողովքի նշանակուած երէցներէն առաջ։
16-18. ա) Բոլոր օծեալները հոգեւոր նոր ճշմարտութիւններ ներկայացնելու մէջ դեր ունի՞ն։ Լուսաբանէ։ բ) Ինչո՞ւ հարկ չկայ որ Կառավարիչ մարմինը օծեալ ըլլալ դաւանող բոլոր անհատներուն կարծիքը հարցնէ։
16 Համայն աշխարհի մէջ գտնուող այս բոլոր օծեալները մաս կը կազմե՞ն աշխարհածաւալ ցանցի մը, որ ձեւով մը պարփակուած է հոգեւոր նոր ճշմարտութիւններ երեւան հանելու մէջ։ Ո՛չ։ Թէեւ որպէս խումբ ծառայ դասակարգը հոգեւոր ընտանիքին կերակրման պատասխանատուութիւնը կը շալկէ, բայց ծառայ դասակարգին բոլոր անդամները նոյն պատասխանատուութիւնները կամ գործի նշանակումները չունին (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 12։14-18)։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, առաջին դարուն, բոլորն ալ կենսական քարոզչութեան մասնակցեցան։ Բայց միայն շատ սահմանափակ թիւով անհատներ գործածուեցան Աստուածաշունչի գիրքերը գրելու եւ քրիստոնէական ժողովքին վրայ վերահսկելու։
17 Լուսաբանենք։ Սուրբ Գրութիւնները երբեմն «ժողովք»ին կ’ակնարկեն որպէս թէ դատական հարցեր ձեռք կ’առնէ (Մատ. 18։17)։ Բայց իրականութեան մէջ, միայն երէցներն են որ այս դերը կը կատարեն, որպէս ժողովքին ներկայացուցիչները։ Երէցները որոշում մը կայացնելէ առաջ, ժողովքին բոլոր անդամներուն հետ չեն խօսիր, անոնց կարծիքը հարցնելով։ Աստուածպետականօրէն, անոնք իրենց նշանակուած դերը կը կատարեն. անոնք ամբողջ ժողովքին կողմէ կը գործեն։
18 Նմանապէս ներկայիս, սակաւաթիւ օծեալ տղամարդիկ ծառայ դասակարգը ներկայացնելու պատասխանատուութիւնը ունի։ Անոնք Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը կը կազմեն։ Այս հոգիէն–օծուած տղամարդիկը կը վերահսկեն Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ հոգեւոր կերակրման յայտագրին վրայ։ Սակայն ինչպէս որ էր պարագան առաջին դարուն, Կառավարիչ մարմինը որոշումներ կայացնելէ առաջ, ծառայ դասակարգին իւրաքանչիւր անդամին կարծիքը չի հարցներ (կարդալ՝ Գործք 16։4, 5)։ Միւս կողմէ, բոլոր օծեալ վկաները մեծապէս կը մասնակցին հունձքի գործին, որ այժմ տեղի կ’ունենայ։ Որպէս դասակարգ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մէկ մարմին է, բայց անհատապէս անոնք գործի այլազան նշանակումներ ունին (Ա. Կոր. 12։19-26)։
19, 20. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունի, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ու անոր Կառավարիչ մարմինին հանդէպ։
19 Վերոնշեալ իրողութիւնները ի՞նչպէս պէտք է ազդեն՝ հետզհետէ աւելցող մեծ Գործք 10։25, 26. 14։13, 14)։
բազմութեան, որ կը յուսայ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Որպէս Թագաւորին ունեցուածքին մէկ մասը, անոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ներկայացնող Կառավարիչ մարմինին ըրած կարգադրութիւններուն հետ լիովին համագործակցելով կ’ուրախանան։ Մեծ բազմութեան անդամները կը գնահատեն Կառավարիչ մարմինի առաջնորդութեան ներքեւ պատրաստուած հոգեւոր սնունդը։ Բայց միեւնոյն ատեն, մինչ որպէս դասակարգ ծառան կը յարգեն, մեծ բազմութեան անդամները զգոյշ են, որ այդ ծառային մաս կազմել դաւանող անհատները չմեծարեն։ Աստուծոյ հոգիով իսկապէս օծուող քրիստոնեան, այսպիսի վերաբերում պիտի չուզէ կամ չակնկալէ (20 Ըլլանք օծեալ մնացորդէն թէ մեծ բազմութենէն, վճռենք լիովին համագործակցիլ հաւատարիմ տնտեսին եւ անոր Կառավարիչ մարմինին հետ։ Իւրաքանչիւրս ‘արթուն կենանք’ ու մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնանք (Մատ. 24։13, 42)։
Կը յիշե՞ս
• Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», եւ որո՞նք են գերդաստանը։
• Անհատ մը ի՞նչպէս կը գիտնայ, թէ երկնային կոչումը ունի։
• Հոգեւոր նոր սնունդ պատրաստելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ո՞վ կը շալկէ։
• Օծեալ անհատը ինքզինք ի՞նչպէս պէտք է նկատէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 31]
Ներկայիս Կառավարիչ մարմինը կը ներկայացնէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը։ Առաջին դարուն համանման կարգադրութիւն մը կար