Ճշմարտութիւնը ըսէ ընկերոջդ
Ճշմարտութիւնը ըսէ ընկերոջդ
«Ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին» (ԵՓ. 4։25)։
1, 2. Շատեր ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս կը նկատեն։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ դարերէ ի վեր հակաճառելի նիւթ մը եղած է։ Մ.թ.ա. վեցերորդ դարուն, յոյն բանաստեղծ Ալկայոս նշեց. «Գինիին մէջ ճշմարտութիւն կայ», ըսել ուզելով որ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի՝ միայն երբ անհատը գինովնայ ու խօսելու աւելի հակամէտ ըլլայ։ Առաջին դարու հռոմայեցի կառավարիչ՝ Պոնտացի Պիղատոս, նոյնպէս ճշմարտութեան հանդէպ աղաւաղուած տեսակէտ մը դրսեւորեց, երբ հեգնօրէն Յիսուսի հարցուց. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 18։38)։
2 Ներկայիս ճշմարտութեան մասին բազմաթիւ հակասական տեսակէտներ կան։ Շատեր կ’ըսեն թէ «ճշմարտութիւն» բառը իմաստի այլազան նրբերանգներ ունի, կամ թէ ճշմարտութիւնը անհատէ անհատ կը տարբերի։ Ուրիշներ ճշմարտախօս են՝ միայն երբ պարագան յարմար կամ նպաստաւոր է։ Գիրք մը (The Importance of Lying) կը նշէ. «Պարկեշտութիւնը կրնայ վեհ իտէալ մը ըլլալ, բայց վերապրումի եւ ապահովութեան համար մղուած լուրջ պայքարին մէջ չնչին արժէք ունի։ Այս առնչութեամբ մարդուն առջեւ քիչ ընտրութիւններ կան,– ան պէտք է ստէ, որպէսզի ապրի»։
3. Յիսուս ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը ըսելու մէջ ուշագրաւ օրինակ մըն էր։
3 Քրիստոսի աշակերտներուն պարագան ո՜րքան տարբեր է։ Ճշմարտութեան հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը փիլիսոփայական չէր։ Ան միշտ ճշմարտութիւնը ըսաւ։ Նոյնիսկ անոր թշնամիները խոստովանեցան. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես» (Մատ. 22։16)։ Նմանապէս այսօր, հարազատ քրիստոնեաները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք ճշմարտութիւնը ըսելու չեն վարանիր։ Անոնք ամբողջ սիրտով կը համաձայնին Պօղոս առաքեալի հետ, որ հաւատակիցները յորդորեց. «Ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին» (Եփ. 4։25)։ Պօղոսի խօսքերուն առնչութեամբ, այժմ նկատի առնենք երեք երեսակներ։ Առաջին, ո՞վ է մեր ընկերը։ Երկրորդ, ի՞նչ կը նշանակէ ճշմարտութիւնը ըսել։ Իսկ երրորդ, ի՞նչպէս մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ կրնանք ասիկա կիրարկել։
Ո՞վ է մեր ընկերը
4. Առաջին դարու հրեայ առաջնորդներուն հակառակը, Յիսուս ի՞նչպէս յայտնեց Եհովայի տեսակէտը, թէ ո՛վ է մեր ընկերը։
4 Մ.թ. առաջին դարուն, կարգ մը հրեայ առաջնորդներ սորվեցուցին, թէ միայն հրեաները կամ իրենց մտերիմ բարեկամները արժանի էին «ընկեր» կոչուելու։ Սակայն Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց իր Հօր անձնաւորութիւնն ու մտածումը (Յովհ. 14։9)։ Յատկանշականօրէն, ան իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ, թէ Աստուած ցեղերուն կամ ազգերուն միջեւ խտրութիւն չի դներ (Յովհ. 4։5-26)։ Ասկէ աւելի, սուրբ հոգին Պետրոս առաքեալին յայտնեց, թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։28, 34, 35)։ Հետեւաբար, բոլոր մարդիկը մեր ընկերները պէտք է նկատենք, սէր ցուցաբերելով նոյնիսկ անոնց, որոնք թշնամական կեցուածք ունին (Մատ. 5։43-45)։
5. Ի՞նչ կը նշանակէ ճշմարտութիւնը խօսիլ մեր ընկերին։
5 Բայց Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ նշեց թէ մեր ընկերին հետ ճշմարտութիւնը պէտք է խօսինք։ Ճշմարտութիւնը ըսելը կը պարփակէ՝ հաղորդել տեղեկութիւններ, որոնք իրական եւ խաբէութենէ զերծ են։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները իրողութիւնները չեն խեղաթիւրեր կամ սխալ չեն ներկայացներ, ուրիշները մոլորեցնելու համար։ Անոնք ‘չարէն կը զզուին’ եւ ‘բարիին կը յարին’ (Հռով. 12։9)։ ‘Ճշմարտութեան Աստուածը’ ընդօրինակելով, պէտք է ջանանք մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ պարկեշտ ու անկեղծ ըլլալ (Սաղ. 15։1, 2. 31։5)։ Մեր խօսքերը ուշադրութեամբ ընտրելով, նոյնիսկ նեղ կամ տհաճ կացութիւնը կարելի է փափկանկատօրէն ձեռք առնել, առանց նենգութեան դիմելու (կարդալ՝ Կողոսացիս 3։9, 10)։
6, 7. ա) Ճշմարտախօս ըլլալը կը նշանակէ՞ թէ իւրաքանչիւր հարցնողի պէտք է նոյնիսկ անձնական մանրամասնութիւններ յայտնենք։ Բացատրէ։ բ) Որո՞նք արժանի են որ խօսինք ճշմարտութիւնը իրենց։
6 Ճշմարտախօս ըլլալը կը նշանակէ՞ թէ ոեւէ անհատ, որ մեզի հարցում մը ուղղէ, պէտք է իրեն բոլոր մանրամասնութիւնները տանք։ Պայման չէ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ոմանք ուղղակի պատասխան կամ որոշ տեղեկութիւն ստանալու արժանի չեն։ Երբ կեղծաւոր կրօնական առաջնորդներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ի՛նչ զօրութեամբ կամ հեղինակութեամբ նշաններ ու հրաշքներ կը գործէր, ան ըսաւ. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ Երբ դպիրներն ու ծերերը չուզեցին պատասխան մը տալ, Յիսուս ըսաւ. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները» (Մար. 11։27-33)։ Անոնց փտած սովորութիւններուն եւ անհաւատարիմ օրինակին ի տես, ան ստիպուած չզգաց անոնց հարցումին պատասխանել (Մատ. 12։10-13. 23։27, 28)։ Նմանապէս այսօր, Եհովայի ծառաները պէտք է զգուշանան հաւատուրացներէ եւ այլ ամբարիշտներէ, որոնք խաբէութիւն կամ խորամանկութիւն կը գործածեն անձնասէր նպատակներու համար (Մատ. 10։16. Եփ. 4։14)։
7 Պօղոս նմանապէս նշեց, թէ ոմանք իրաւունք չունին լման պատասխան ստանալու։ Ան ըսաւ թէ «շատախօս ու հետաքրքիր» անհատները «անպատեհ բաներ կը խօսին» (Ա. Տիմ. 5։13)։ Արդարեւ, ուրիշներու գործին խառնուող կամ գաղտնիք չպահող անհատներ պիտի նկատեն, թէ մարդիկ կը վարանին իրենց հետ անձնական տեղեկութիւններ բաժնելու։ Ո՜րքան աւելի լաւ է Պօղոսի ներշնչեալ խրատին անսալ. ‘Ջանացէք հանդարտ կենալ ու ամէն մէկդ իր գործը գործէ’ (Ա. Թես. 4։11)։ Սակայն երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ ժողովքին երէցները անձնական հարցերու շուրջ հարցումներ ուղղեն, իրենց նշանակուած պարտականութիւնները կատարելու համար։ Այս պարագային, ճշմարտութիւնը ըսելով մեր համագործակցիլը մեծապէս գնահատելի եւ օգտաշատ է (Ա. Պետ. 5։2)։
Ընտանեկան հարցերու մէջ ճշմարտութիւնը ըսէ
8. Ճշմարտութիւնը ըսելը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ ընտանիքի անդամները իրարու մօտենան։
8 Սովորաբար մեր ամենամտերիմ կապը ընտանիքի անդամներուն հետ կ’ըլլայ։ Այս կապը զօրացնելու համար, կենսական է որ ճշմարտութիւնը խօսինք իրարու։ Բազմաթիւ խնդիրներ ու թիւրիմացութիւններ կրնան նուազիլ կամ չքանալ, մեր հաղորդակցութեան մէջ սրտբաց, պարկեշտ եւ քաղցր ըլլալով։ Օրինակ, երբ սխալ մը գործենք, կը վարանի՞նք զայն խոստովանելու մեր կողակիցին, զաւակներուն կամ ընտանիքի միւս անդամներուն։ Անկեղծօրէն ու սրտանց ներողութիւն խնդրելը, ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն կը յառաջացնէ (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։8-10)։
9. Ճշմարտութիւնը ըսելը ինչո՞ւ չ’արդարացներ մեր կոշտ կամ կոպիտ ըլլալը։
9 Ճշմարտութիւնը ըսելը չի նշանակեր թէ պէտք է կոշտ եւ անփափկանկատ ըլլանք։ Կոպիտ ըլլալը չ’աւելցներ ճշմարտութեան արժէքը կամ ազդեցութիւնը։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն Եփ. 4։31, 32)։ Երբ ազնիւ ու յարգալից կերպով կը խօսինք, ասիկա մեր պատգամը կը մեծարէ եւ մեր խօսած անհատները կը պատուէ (Մատ. 23։12)։
դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։ Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի» (Ժողովքային հարցերու մէջ ճշմարտութիւնը ըսէ
10. Ճշմարտութիւնը ըսելու մէջ Յիսուսի հանդիսացած սքանչելի օրինակէն քրիստոնեայ երէցները ի՞նչ կրնան սորվիլ։
10 Յիսուս իր աշակերտներուն հետ պարզ եւ ուղղակի կերպով խօսեցաւ։ Իր խրատները միշտ սիրալիր էին, բայց եւ այնպէս ճշմարտութիւնը չտկարացուց՝ իր ունկնդիրները հանգստացնելու համար (Յովհ. 15։9-12)։ Օրինակ, երբ իր առաքեալները կրկին անգամ վիճաբանեցան իրարու հետ՝ թէ ո՛վ է մեծագոյնը, Յիսուս հաստատօրէն բայց համբերութեամբ անոնց օգնեց, որ խոնարհութեան կարիքը ըմբռնեն (Մար. 9։32-36. Ղուկ. 9։46-48. 22։24-27. Յովհ. 13։14)։ Նմանապէս այսօր, մինչ քրիստոնեայ երէցները արդարութեան կողքին հաստատ դիրք կը բռնեն, Աստուծոյ հօտին վրայ չեն տիրապետեր (Մար. 10։42-44)։ Անոնք Քրիստոսը կ’ընդօրինակեն, ‘իրարու հետ քաղցր ըլլալով’ եւ ուրիշներու հետ ‘գթածութեամբ’ վարուելով։
11. Մեր եղբայրներուն հանդէպ սէրը մեզ պէտք է մղէ որ մեր լեզուն ի՞նչպէս գործածենք։
11 Մեր եղբայրներուն հետ անկեղծ ըլլալով, բայց ո՛չ չափազանց, կրնանք մեր մտքին մէջինը արտայայտել առանց յարձակողական ըլլալու։ Արդարեւ, երբեք պիտի չուզենք մեր լեզուն «սուր ածելիի պէս» գործածել ու նախատական կամ նուաստացուցիչ խօսքերով ցաւագին վէրքեր տալ (Սաղ. 52։2. Առ. 12։18)։ Մեր եղբայրներուն հանդէպ սէրը մեզ պիտի մղէ որ ‘մեր լեզուն չարութենէ պահենք ու մեր շրթները՝ նենգութիւն խօսելէ’ (Սաղ. 34։13)։ Այս կերպով, Աստուած կը պատուենք եւ ժողովքին մէջ միութիւն կը յառաջացնենք։
12. Ե՞րբ ստախօսութիւնը դատական քայլեր կը պահանջէ։ Բացատրէ։
12 Երէցները փութաջանութեամբ կ’աշխատին ժողովքը պաշտպանել անոնցմէ, որոնք չարամիտ սուտեր կ’ըսեն (կարդալ՝ Յակոբոս 3։14-16)։ Չարամիտ սուտը կ’ըսուի՝ անհատի մը վնաս հասցնելու համար. անոր նպատակն է՝ ձեւով մը անհատը նեղացնել կամ տառապեցնել։ Անիկա աւելին կը պարփակէ քան՝ որոշ մոլորեցուցիչ խօսքեր ըսելը կամ իրողութիւնները չափազանցելը։ Հարկաւ ամէն ստութիւն սխալ է, բայց անճշմարտախօսութեան ամէն պարագայ դատական քայլեր չի պահանջեր։ Ուստի երէցները պէտք է հաւասարակշռութիւն, բանաւորութիւն եւ լաւ դատողութիւն գործածեն, երբ պիտի որոշեն թէ անճիշդ խօսքեր ըսող անհատը դիտումնաւոր ու չարամիտ սուտեր խօսիլը սովորութի՛ւն դարձուցած է,– ինչ որ դատական քայլեր կը պահանջէ,– թէ ոչ՝ բաւարար է Սուրբ Գրութիւններէն հաստատ ու սիրալիր յորդոր տալը։
Առեւտրական գործառնութեանց մէջ ճշմարտութիւնը ըսէ
13, 14. ա) Ոմանք իրենց գործատիրոջ հանդէպ ի՞նչպէս ճշմարտախօս չեն գտնուիր։ բ) Գործի մէջ պարկեշտ ու ճշմարտախօս ըլլալը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։
13 Կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր անպարկեշտութիւնը լայնատարած է, ուստի գործատիրոջ մը հետ անպարկեշտ ըլլալու փորձութեան դէմ դնելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Շատեր երբ գործի մը համար դիմումնագիր կը ներկայացնեն, բացայայտ սուտեր կը գործածեն։ Օրինակ, իրենց համառօտագրութեան մէջ թերեւս իրենց փորձառութիւնը կամ ուսումը կը չափազանցեն, որպէսզի աւելի լաւ կամ բարձր վճարումով գործ մը ձեռք ձգեն։ Միւս կողմէ, բազմաթիւ պաշտօնեաներ կը դաւանին աշխատիլ, բայց խորքին մէջ անձնական բաներու հոգ կը տանին, հաստատութեան կանոններուն հակառակ ըլլալով հանդերձ։ Թերեւս անոնք իրենց գործին հետ կապ չունեցող նիւթեր կ’ընթերցեն, անձնական հեռաձայններ կ’ընեն, անձնական ե–նամակներ կը ղրկեն կամ համացանցը կը գործածեն։
14 Ճշմարիտ քրիստոնեաները պարկեշտ ու ճշմարտախօս ըլլալը կամքի թողուած բան մը չեն նկատեր (կարդալ՝ Առակաց 6։16-19)։ Պօղոս ըսաւ. «Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբ. 13։18, ԱԾ)։ Ուստի քրիստոնեաները իրենց գործատիրոջ կու տան լման օրուան աշխատանքը՝ լման օրավարձքին փոխարէն (Եփ. 6։5-8)։ Խղճամիտ աշխատաւոր ըլլալը կրնայ նաեւ մեր երկնաւոր Հօր փառք բերել (Ա. Պետ. 2։12)։ Օրինակ, Սպանիոյ մէջ Ռոպէրթոյի գործատէրը զինք գովեց, պարկեշտ ու պատասխանատու պաշտօնեայ մը ըլլալուն համար։ Ռոպէրթոյի ընտիր վարքին շնորհիւ, հաստատութիւնը ուրիշ վկաներ ալ վարձեց։ Անոնք ալ փաստեցին որ ընտիր աշխատաւորներ էին։ Տարիներու ընթացքին, Ռոպէրթոն 23 մկրտուած եղբայրներու եւ 8 Աստուածաշունչի աշակերտներու գործ ապահովեց։
15. Քրիստոնեայ առեւտրականը ի՞նչպէս պէտք է ապացուցանէ թէ ճշմարտութիւնը կ’ըսէ։
15 Եթէ մեր հաշւոյն կ’աշխատինք, մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ ճշմարտախօ՞ս ենք, թէ ոչ՝ երբեմն ճշմարտութիւնը չենք խօսիր մեր ընկերին։ Քրիստոնեայ առեւտրականը պէտք չէ ապրանքի մը կամ ծառայութեան մը մասին սխալ տեղեկութիւն տայ, զայն արագօրէն ծախելու համար. ո՛չ ալ կաշառք պէտք է տայ կամ ընդունի։ Կ’ուզենք ուրիշներու հետ վարուիլ ա՛յնպէս, ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին (Առ. 11։1. Ղուկ. 6։31)։
Ճշմարտութիւնը ըսէ կառավարական հեղինակութիւններուն
16. Քրիստոնեաները ի՞նչ կ’ընծայեն ա) կառավարական հեղինակութիւններուն, եւ բ) Եհովայի։
16 Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատ. 22։21)։ Կայսրին կամ կառավարական հեղինակութիւններուն ի՞նչպիսի բաներ կը պարտինք։ Երբ Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ, նիւթը տուրքերու մասին էր։ Ուստի Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ մաքուր խղճմտանք պահելու համար, քրիստոնեաները երկրին օրէնքներուն կը հնազանդին, ի ներառեալ՝ տուրք վճարելու օրէնքները (Հռով. 13։5, 6)։ Բայց կը գիտակցինք թէ Եհովան է Գերագոյն Գերիշխանը, միակ ճշմարիտ Աստուածը, զոր կը սիրենք մեր ամբողջ սիրտով, անձով, միտքով ու զօրութեամբ (Մար. 12։30. Յայտ. 4։10)։ Հետեւաբար, Եհովա Աստուծոյ անվերապահօրէն կ’ենթարկուինք (կարդալ՝ Սաղմոս 86։11, 12)։
17. Եհովայի ծառաները կառավարութեան կողմէ նիւթական օգնութիւն ստանալը ի՞նչպէս կը նկատեն։
17 Շատ մը երկիրներ ընկերային սպասարկութիւններ կը մատուցանեն, նիւթական կարիք ունեցողներուն օգնելու համար։ Սխալ չէ որ քրիստոնեան այսպիսի օժանդակութիւն ստանայ, եթէ որակեալ է։ Ճշմարտութիւնը ըսելը մեր ընկերին՝ դուրս կը ձգէ կառավարական հեղինակութիւններուն սխալ կամ մոլորեցուցիչ տեղեկութիւններ տալը, նիւթական օգնութիւն ստանալու համար։
Ճշմարտախօս ըլլալուն օրհնութիւնները
18-20. Ճշմարտախօս ըլլալը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։
18 Ճշմարտախօս ըլլալուն օրհնութիւնները շատ են։ Մաքուր խղճմտանք կը պահպանենք, որ իր կարգին՝ մտքի խաղաղութիւն եւ հանդարտ սիրտ կու տայ մեզի (Առ. 14։30. Փլպ. 4։6, 7)։ Մաքուր խղճմտանք ունենալը մեծ արժէք ունի Աստուծոյ առջեւ։ Նաեւ, ամէն բանի մէջ ճշմարտախօս ըլլալով, չենք մտահոգուիր որ մարդոց կողմէ քօղազերծուինք (Ա. Տիմ. 5։24)։
19 Նկատի առ ուրիշ օրհնութիւն մը։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս. . . ճշմարտութեան խօսքով» (Բ. Կոր. 6։4, 7)։ Բրիտանիոյ մէջ բնակող վկայ մը վստահաբար ասիկա ապացուցանեց։ Ջանալով ինքնաշարժ մը ծախել, ան գնորդին բացատրեց ինքնաշարժին լաւ կողմերն ու տեսանելի եւ անտեսանելի թերութիւնները։ Ինքնաշարժը փորձելէ ետք, գնորդը եղբօր հարցուց թէ Եհովայի վկա՛յ մըն է։ Ան ի՞նչպէս այս եզրակացութեան յանգեցաւ։ Ան եղբօր պարկեշտութիւնը եւ կոկիկ դրսերեւոյթը նկատած էր։ Անոնց զրոյցը դուռ բացաւ, որ լաւ վկայութիւն մը տրուի։
20 Մենք ալ մեր լաւ բարոյական յատկանիշներով մեր Ստեղծիչին փառք կը բերե՞նք։ Պօղոս ըսաւ. «Կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր» (Բ. Կոր. 4։2)։ Հետեւաբար, մեր լաւագոյնը ընենք՝ ճշմարտութիւնը խօսելու մեր ընկերին։ Այսպէս մեր երկնաւոր Հօր ու իր ժողովուրդին փառք պիտի բերենք։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ո՞վ է մեր ընկերը։
• Ի՞նչ կը նշանակէ՝ ճշմարտութիւնը խօսիլ մեր ընկերին։
• Ճշմարտախօս ըլլալը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ փառք բերել։
• Ճշմարտախօս ըլլալը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 25]
Չնչին սխալներդ իսկոյն կը խոստովանի՞ս