Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

3 Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը սորվէ

3 Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը սորվէ

3 Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը սորվէ

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16

Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ։ Ոմանք կ’ուզեն որ հաւատաս թէ Յիսուս իրական անձ մը չէր։ Ուրիշներ կ’ընդունին անոր գոյութիւնը, բայց կը պնդեն թէ ան պարզապէս շատոնց մեռած սովորական մարդ մըն է։

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՍ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ։ Նաթանայէլ աշակերտը ընդօրինակէ։ * Իր բարեկամը Փիլիպպոս իրեն ըսաւ, թէ Մեսիան գտած էր,– «Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։ Սակայն Նաթանայէլ Փիլիպպոսի խօսքին իսկոյն չհաւատաց։ Իրականութեան մէջ, ան պատասխանեց. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Այսուհանդերձ ան ընդունեց Փիլիպպոսի հրաւէրը, որ անձամբ ‘երթայ ու տեսնէ’ (Յովհաննէս 1։43-51)։ Դուն ալ պիտի օգտուիս Յիսուսի վերաբերեալ ապացոյցները անձամբ քննելով։ Ի՞նչ կրնաս ընել։

Հետազօտէ պատմական ապացոյցները, թէ Յիսուս իրական անձ մըն էր։ Յովսեպոս ու Տակիտոս երկու յարգուած պատմաբաններ էին, որոնք առաջին դարուն ապրեցան եւ քրիստոնեաներ չէին։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսը նշեցին որպէս պատմական անձնաւորութիւն մը։ Նկարագրելով թէ հռոմայեցի կայսրը Ներոն ի՛նչպէս քրիստոնեաները մեղադրեց, մ.թ. 64–ին Հռոմի մէջ եղած հրդեհին համար, Տակիտոս գրեց. «Ներոն մեղադրեց եւ ամենախիստ կերպերով չարչարեց՝ իրենց գարշանքներուն համար ատուած դասակարգ մը, որ ժողովուրդին կողմէ քրիստոնեաներ կը կոչուի։ Քրիստոս, որմէ ծագում առած է անունը, Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին, մեր կուսակալներէն մէկուն՝ Պոնտացի Պիղատոսի ձեռքով մահապատիժի ենթարկուեցաւ»։

Առաջին ու երկրորդ դարու պատմաբաններուն կողմէ Յիսուսի ու նախկին քրիստոնեաներուն մասին եղած ակնարկումներուն առնչութեամբ, համայնագիտարան մը (Encyclopædia Britannica, 2002 Edition) կ’ըսէ. «Այս անջատ տեղեկութիւնները կը փաստեն, թէ հին ժամանակներուն, նոյնիսկ քրիստոնէութեան հակառակորդները Յիսուսի պատմականութեան վրայ բնաւ կասկած չունէին։ Ասիկա առաջին անգամ ըլլալով հակաճառելի նիւթ դարձաւ ԺԸ. դարու վերջաւորութեան, ԺԹ. դարու ընթացքին եւ Ի. դարու սկիզբը»։ 2002–ին, The Wall Street Journal–ի մէկ խմբագրականը նշեց. «Ուսումնականներուն մեծամասնութիւնը, բացի կարգ մը անաստուածներէ, արդէն իսկ ընդունած է թէ Նազովրեցի Յիսուսը պատմական անձ մըն է»։

Նկատի առ Յիսուսի յարութեան ապացոյցները։ Երբ Յիսուս իր հակառակորդներուն կողմէ ձերբակալուեցաւ, իր մտերիմ ընկերակիցները զինք լքեցին, եւ իր բարեկամը՝ Պետրոս վախի պատճառաւ զինք ուրացաւ (Մատթէոս 26։55, 56, 69-75)։ Յիսուսի ձերբակալութենէն ետք, իր հետեւորդները ցիրուցան եղան (Մատթէոս 26։31)։ Յետոյ յանկարծ, անոր աշակերտները շատ գործունեայ դարձան։ Պետրոս ու Յովհաննէս քաջաբար դէմ յանդիման եկան անոնց հետ, որոնք Յիսուսի մահը ծրագրեցին։ Յիսուսի աշակերտները ա՛յնքան խթանուեցան, որ իր ուսուցումները հռոմէական կայսրութեան չորս կողմը տարածեցին, նախընտրելով մահը դիմագրաւել, քան՝ իրենց հաւատալիքները ուրանալ։

Այս արմատական փոփոխութեան պատճառներէն մէկը ի՞նչ էր։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ, թէ Յիսուս յարուցանուեցաւ եւ «երեւցաւ Կեփասին [Պետրոս] ու ետքը տասներկուքին»։ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ»։ Երբ Պօղոս այս խօսքերը գրեց, ականատեսներուն մեծամասնութիւնը տակաւին ողջ էր (Ա. Կորնթացիս 15։3-7)։ Սկեպտիկները մէկ կամ երկու ականատեսներու վկայութիւնը կրնային դիւրաւ անտեսել (Ղուկաս 24։1-11)։ Բայց հինգ հարիւրէ աւելի ականատեսներու վկայութիւնը ուշագրաւ ապացոյց հայթայթեց, թէ Յիսուս յարուցանուած էր։

Ի՞ՆՉ Է ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Անոնք որոնք Յիսուսի կը հաւատան ու իրեն կը հնազանդին, իրենց մեղքերը կը ներուին ու կրնան մաքուր խղճմտանք ունենալ (Մարկոս 2։5-12. Ա. Տիմոթէոս 1։19. Ա. Պետրոս 3։16-22)։ Եթէ անոնք մեռնին, Յիսուս կը խոստանայ զանոնք յարուցանել «վերջին օրը» (Յովհաննէս 6։40

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 4–րդ գլուխը՝ «Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս», եւ 5–րդ գլուխը՝ «Փրկանք. Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը»։ *

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Ըստ երեւոյթին, Մատթէոս, Մարկոս ու Ղուկաս աւետարանագիրները Բարթողիմէոս անունով Նաթանայէլի կ’ակնարկեն։

^ պարբ. 10 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 7]

Նաթանայէլի նման, Յիսուսի վերաբերեալ ապացոյցները զննէ