Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Մարդիկ աղօթքի մը վերջաւորութեան ինչո՞ւ «Ամէն» կ’ըսեն։

«Ամէն» թարգմանուած բառը եբրայերէն ʼa·menʹ բառին տառադարձութիւնն է, որ հիմնականօրէն կը նշանակէ՝ «եղիցի», «այնպէ՛ս ըլլայ» կամ «ստուգապէս»։ Անիկա սովորաբար ունկնդիրներու կողմէ միաբերան կ’արտասանուի՝ աղօթքէ, երդումէ, օրհնութենէ կամ անէծքէ ետք։ «Ամէն» ըսելով անհատը ցոյց կու տայ թէ արտայայտուած խօսքերուն հետ համամիտ է։ Ըստ աշխատասիրութեան մը, «բառը կը նշէ ստուգութիւն, ճշմարտասիրութիւն, հաւատարմութիւն եւ աներկբայութիւն»։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, երդումի կամ ուխտի մը առնչութեամբ «Ամէն» ըսելը, անհատը օրինաբար համարատու կը դարձնէր (Բ. Օրինաց 27։15-26

Իր քարոզչութեան եւ ուսուցման մէջ, Յիսուս իր խօսքերէն ոմանք «ամէն» բառով սկսաւ։ Այսպէս ան իր ըսելիքին բացարձակ վստահելիութիւնը ընդգծեց։ Այս պարագաներուն, յունարէն a·menʹ բառը թարգմանուած է՝ «ճշմարիտ» կամ «ճշմարտապէս» (Մատթէոս 5։18. 6։2, 5)։ Երբ կրկնակի գործածուի, ինչպէս որ է պարագան Յովհաննէսի ամբողջ Աւետարանին մէջ, Յիսուսի արտայայտութիւնը կը թարգմանուի՝ «ճշմարիտ ճշմարիտ» (Յովհաննէս 1։51)։ Կ’ըսուի թէ այս կերպով Յիսուսի կողմէ «ամէն» բառին գործածութիւնը, սրբազան գրականութեան մէջ եզական է։

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «Ամէն» տիտղոսը Յիսուսի կը կիրարկուի, ցոյց տալու համար թէ անոր վկայութիւնը «հաւատարիմ ու ճշմարիտ» է (Յայտնութիւն 3։14

Ուրիմը եւ Թումիմը ի՞նչ էին։

Այնպէս կը թուի, թէ Ուրիմը եւ Թումիմը վաղեմի Իսրայէլի մէջ կը գործածուէին, ազգին կամ անոր առաջնորդներուն համար կարեւորութիւն ունեցող հարցերուն առնչութեամբ Եհովայի կամքը գիտնալու։ Այս իրերը քահանայապետին վստահուած էին, եւ «դատաստանի լանջապանակ»ին մէջ կը պահուէին (Ելից 28։15, 16, 30)։ Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները երբեք չեն նկարագրեր զանոնք եւ գործածութեան մեթոտը, սակայն կարգ մը հատուածներ ենթադրել կու տան, թէ անոնք կը գործածուէին իբրեւ վիճակ, Աստուծոյ պատասխանը ըլլալով՝ «այո՛», «ո՛չ» կամ ո՛չ մէկ պատասխան։

Օրինակ, Դաւիթ Աբիաթարէն խնդրեց որ իրեն մօտեցնէ՝ ըստ երեւոյթին քահանայապետին եփուտը, որուն մէջ Ուրիմն ու Թումիմը կային։ Դաւիթ Եհովայի երկու հարցում ուղղեց. ‘Սաւուղ Կէիլա պիտի իջնէ՞’, եւ ‘Կէիլայի բնակիչները զիս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն’։ Երկու հարցումներուն պատասխանն էր՝ այո՛, ինչ որ Դաւիթի օգնեց յարմար որոշումներ կայացնելու (Ա. Թագաւորաց 23։6-12

Նախապէս, Սաւուղ թագաւոր Ուրիմն ու Թումիմը գործածեց՝ զատորոշելու թէ ո՛վ էր յանցաւորը. ժողովո՛ւրդը թէ ինք ու Յովնաթան, ապա ի՛նք թէ Յովնաթան (Ա. Թագաւորաց 14։40-42)։ Յետագային, երբ Սաւուղ աստուածային հաճութիւնը կորսնցուց, Աստուած այլեւս «թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ՛ մարգարէներով» անոր ուղղութիւն չտուաւ (Ա. Թագաւորաց 28։6

Հրէական աւանդութեան համաձայն, Ուրիմի եւ Թումիմի գործածութիւնը դադրեցաւ, երբ մ.թ.ա. 607–ին Եհովայի տաճարը կործանեցաւ։

[Նկար՝ էջ 11]

«Ամէն» (Յայտնութիւն 3։14)։ Աղեքսանդրիոյ մատեանը, մ.թ. 5–րդ դար