Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս հոգացող անձ մը կա՞յ

Իրապէս հոգացող անձ մը կա՞յ

Իրապէս հոգացող անձ մը կա՞յ

Երբեք առանձին եւ անօգնական զգացա՞ծ ես, խորհելով թէ ո՛չ ոք դիմագրաւած խնդիրներդ իսկապէս կը հասկնայ։ Իսկ նոյնիսկ եթէ տեղեակ են, կը զգաս թէ անոնց հոգը չէ։

ԵՐԲ խնդիրներ ծագին, մեր կեանքը կրնայ անվերջ փոթորիկի նման թուիլ։ Երբեմն, կրնանք նոյնիսկ եզրակացնել, թէ մեր դիմագրաւածը ա՛յնքան աւերիչ եւ անիրաւ է, որ տոկալը այլեւս անկարելի է։ Յաճախ այս է պարագան, երբ տառապինք հոգեցնցումէ, ընկճուածութենէ, ֆիզիքապէս տկարացնող արկածէ, երկարատեւ հիւանդութենէ կամ նման բաներէ։ Անօգնական եւ անյոյս զգալով, կրնանք հարց տալ թէ ո՛վ կրնայ մեզ մխիթարել։ Իրապէս հոգացող անձ մը կա՞յ։

«Ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կը հոգայ

Աստուածաշունչին մէջ Աստուած նկարագրուած է որպէս «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» (Բ. Կորնթացիս 1։3)։ Աստուած, որուն անունը Եհովա է, գիտէ որ մխիթարութեան կարիք ունինք։ Աստուածաշունչը «մխիթարութիւն» բառին զանազան կերպերը աւելի քան 100 անգամ կը գործածէ, մեզ վստահեցնելով թէ Աստուած ո՛չ միայն մեր դիմագրաւած բաները կը հասկնայ, այլ նաեւ՝ կը փափաքի մեզ մխիթարել։ Այս գիտութիւնը մեզ կը համոզէ, թէ Եհովա Աստուած մեզ կը հոգայ՝ նոյնիսկ երբ թուի թէ ուրիշներ մեր դժուարին կացութիւնը չեն նկատեր, չեն հասկնար կամ թեթեւի կ’առնեն։

Սուրբ Գրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Եհովա անհատապէս մարդիկը կը հոգայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն» (Առակաց 15։3)։ Նոյնպէս, Յոբ 34։21–ի մէջ կը կարդանք. «Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն»։ Եհովա կը տեսնէ մեր ըրածը,– լաւ թէ գէշ,– եւ մեր պարագաներուն տեղեակ է, ուստի կրնայ իր յարմար տեսած կերպով միջամտել։ Այս կէտը կը հաստատեն Անանի տեսանողին կամ մարգարէին խօսքերը, զորս Յուդայի Ասա թագաւորին ըսաւ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։7, 9

Եհովա այլ պատճառով ալ մեր վրայ կը հսկէ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհաննէս 6։44)։ Եհովա իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերելով կը քննէ անհատին սիրտը, տեսնելու համար թէ իրեն կը հակի՛ կամ ոչ։ Եթէ կը հակի, Եհովա ապշեցուցիչ կերպերով կ’ընդառաջէ։ Օրինակ, Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ, կին մը հիւանդանոց կը գտնուէր քաղցկեղի վիրաբուժութեան համար։ Ան Աստուծոյ աղաչեց, որ իրեն օգնէ ճշմարիտ կրօնքը գտնելու։ Ճիշդ այդ ատեն, իր ամուսինը իրեն բերաւ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ վերնագրով գրքոյկ մը, զոր առաւօտուն ստացած էր տունը այցելող Եհովայի վկայէ մը։ * Կինը գրքոյկը կարդաց եւ անդրադարձաւ թէ Աստուած այս կերպով իր աղօթքին պատասխանեց։ Ան ընդունեց Վկային հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ վեց ամիս չանցած՝ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրեց ու մկրտուեցաւ։

Սաղմոսներու գիրքին մէջ կը գտնենք բազմաթիւ սրտաշէն արտայայտութիւններ՝ եբրայեցի սաղմոսերգուներու կողմէ, ինչպէս՝ Դաւիթ թագաւոր, որոնք Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը կը նկարագրեն։ Սաղմոս 56։8–ի մէջ, Դաւիթ թագաւոր Աստուծոյ կ’աղերսէ. «Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն»։ Ինչպէս այս նմանութիւնը ցոյց կու տայ, Դաւիթ գիտէր թէ Եհովա ո՛չ միայն իր տառապանքին տեղեակ էր, այլեւ՝ անոր զգացական ազդեցութեան։ Եհովա Դաւիթի վիշտը գիտէր եւ կը յիշէր անոր արցունքներուն պատճառները։ Արդարեւ, մեր Ստեղծիչը կը հսկէ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը ջանան իր կամքը կատարել,– «իրեն ուղիղ սրտով յարողները»։

Հանրածանօթ 23–րդ սաղմոսը նաեւ կը նկարագրէ Աստուծոյ սիրալիր հոգատարութիւնը։ Բացման խօսքերը Աստուած կը նմանցնեն կաթոգին հովիւի մը. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։ Միջին Արեւելքի մէջ, հովիւը իր ոչխարներէն իւրաքանչիւրին հոգ կը տանի ու նոյնիսկ անուն կը դնէ։ Ամէն օր ան իւրաքանչիւր ոչխար իր քով կը կանչէ, զայն քնքշօրէն կը շոյէ եւ կը ստուգէ թէ վնասուածք չունի։ Եթէ վէրք մը գտնէ, վրան ձէթ կամ իւղ կը դնէ, բուժման ընթացքը արագացնելու համար։ Եթէ ոչխարը հիւանդ է, հովիւը թերեւս ստիպուի դեղը անոր կոկորդէն վար իջեցնել ու զինք կայնած պահել, որպէսզի չպառկի ու մահուան յանձնուի։ Վստահաբար ասիկա գեղեցիկ լուսաբանութիւն մըն է, թէ Եհովա ի՛նչպէս կը հոգայ իրեն դիմողները։

Աղօթքը եւ յարութիւնը. ապացոյց թէ Աստուած կը հոգայ

Այս եւ միւս գեղեցիկ սաղմոսները Աստուածաշունչին մէջ չեն արձանագրուած պարզապէս կարդալու եւ հաճոյք առնելու համար։ Անոնք մեզի ցոյց կու տան, թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ի՛նչպէս իրենց սիրտը պարպեցին, աստուածային օգնութեան իրենց կարիքը յայտնեցին, եւ ստացուած ուղղութեան ու օրհնութիւններուն համար իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին։ Անոնց խօսքերը յստակօրէն կ’ապացուցանեն, թէ անոնք հաստատօրէն կը հաւատային թէ Աստուած զիրենք կը հոգար։ Այս սրտագին խօսքերը կարդալը եւ անոնց վրայ խոկալը կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ հանդէպ նոյն զգացումը ունենալու։ Աղօթքի կարգադրութիւնը զօրաւոր փաստ է, թէ Աստուած մեզ կը հոգայ։

Սակայն երբեմն խնդիր մը ա՛յնքան կը ջախջախէ մեզ, որ չենք գիտեր ի՛նչպէս աղօթենք անոր շուրջ։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլա՞յ, որ Եհովա մեր նեղութիւնը չգիտնայ։ Հռովմայեցիս 8։26–ը կը պատասխանէ. «Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով»։ Այս համարը մեզի կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն ներշնչեալ աղօթքները կրնան մեր զգացումները արտացոլացնել, եւ այսպէս լսուիլ Եհովայի կողմէ, որ «աղօթքի լսող» է (Սաղմոս 65։2

Յարութեան յոյսը յաւելեալ համոզիչ ապացոյց մըն է, թէ Աստուած իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն [«յիշատակի դամբաններուն», ՆԱ] մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ «Յիշատակի դամբաններ» արտայայտութիւնը այն գաղափարը կը հաղորդէ, թէ Աստուած ննջեցեալին կեանքի արձանագրութիւնը կը յիշէ։

Պահ մը խորհէ. անհատ մը վերակենդանացնելու համար, Աստուած անոր մասին ամէն բան պէտք է գիտնայ, ի ներառեալ՝ անոր արտաքին երեւոյթը, ժառանգած ու ձեռք ձգած առանձնայատկութիւնները եւ ամբողջ յիշողութիւնը (Մարկոս 10։27)։ Նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ ետք, Աստուած կրնայ զայն յիշել (Յոբ 14։13-15. Ղուկաս 20։38)։ Այսպէս, միլիառաւոր ննջեցեալներ՝ իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով՝ Եհովա Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են,– համոզիչ ապացոյց մը, թէ Աստուած մեզ անհատապէս կը հոգայ։

Եհովա վարձատրող է

Աստուծոյ սիրալիր հետաքրքրութեան ու հոգատարութեան արժանի ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ցոյց տանք թէ իրեն կը հաւատանք, կը վստահինք ու կը հնազանդինք։ Պօղոս առաքեալ այս յարակցութիւնը կը նշէ։ Ան գրեց. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբրայեցիս 11։6

Նկատէ թէ աստուածահաճոյ հաւատքը երկու երեսակ կը պարփակէ։ Առաջին, պէտք է հաւատանք թէ «Աստուած կայ», այսինքն՝ ան գոյութիւն ունի եւ մեր Գերիշխանն է, որուն պէտք է հնազանդինք ու պաշտամունք մատուցանենք։ Երկրորդ, պէտք է հաւատանք թէ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Իսկական հաւատքը կը պարփակէ հաւատալ, թէ Աստուած իր կամքը ընել ջանացող բոլոր անհատներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուած է եւ թէ զանոնք կը վարձատրէ։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ իրեն հնազանդողներուն ընկերակցելով, դուն ալ կրնաս աստուածահաճոյ հաւատքը ունենալ, եւ հետեւաբար Աստուծոյ վարձատրութիւնն ու սիրալիր հոգատարութիւնը վայելել։

Ներկայիս շատեր համոզուած են, թէ Աստուած մարդկային հարցերով չի հետաքրքրուիր։ Բայց ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Աստուած մեծապէս կը հոգայ իրեն հանդէպ իսկական հաւատք ցուցաբերողները։ Թէեւ ներկայ կեանքը յաճախ լեցուն է նեղութիւններով, մտահոգութիւններով, յուսախաբութիւններով եւ վիրաւորանքներով, սակայն պէտք չէ յուսահատինք։ Եհովա Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։ Իրականութեան մէջ, ան սիրալիրօրէն մեզ կը հրաւիրէ, որ օգնութեան համար իրեն դիմենք։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ» (Սաղմոս 55։22

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 9]

Համարներ՝ որոնք հաւատքդ կը զօրացնեն, թէ Աստուած քեզ սիրալիրօրէն կը հոգայ

«Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 16։9

«Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն» (ՍԱՂՄՈՍ 56։8

«Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (ՍԱՂՄՈՍ 23։1

«Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին» (ՍԱՂՄՈՍ 65։2

«Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս» (ՅՈԲ 14։15

«Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11։6

«Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ» (ՍԱՂՄՈՍ 55։22