Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ

Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ

Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ

«Համարձակութիւն ունեցանք. . . ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը» (Ա. ԹԵՍ. 2։2

1. Թագաւորութեան բարի լուրը ինչո՞ւ շատ գրաւիչ է։

ԲԱՐԻ լուր լսելը ո՜րքան հաճելի է։ Իսկ լաւագոյն լուրը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրն է։ Այս բարի լուրը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ տառապանքը, հիւանդութիւնը, ցաւը, վիշտը եւ մահը վերջ պիտի գտնեն։ Անիկա յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Աստուծոյ նպատակը կը յայտնէ եւ մեզի ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ սիրալիր յարաբերութիւն ունենալ։ Յիսուս մարդկութեան հաղորդեց այս բարի լուրը, բայց ամէն ոք զայն լսելով չ’ուրախանար։

2. Բացատրէ Յիսուսի խօսքը. ‘Եկայ զատելու’։

2 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։34-36)։ Փոխանակ բարի լուրը ընդունելու, մարդոց մեծամասնութիւնը զայն կը մերժէ։ Ոմանք զայն ծանուցանողներուն կը հակառակին, նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամներ են։

3. Քարոզելու մեր նշանակումը կատարելու համար, ի՞նչ բանի կարիք ունինք։

3 Մենք Յիսուսի հաղորդած ճշմարտութիւնները կը յայտարարենք, եւ իր դիմագրաւած հակազդեցութիւնը մենք ալ կը դիմագրաւենք այսօր։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն» (Յովհ. 15։20)։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ բացայայտ հալածանքի չենք ենթարկուած, բայց արհամարհանք եւ անտարբերութիւն կը դիմագրաւենք։ Հետեւաբար, հաւատքի ու քաջութեան կարիք ունինք, որպէսզի շարունակենք բարի լուրը համարձակութեամբ քարոզել (կարդալ՝ Բ. Պետրոս 1։5-8

4. Պօղոս քարոզելու համար ինչո՞ւ ‘համարձակութեան’ կարիք ունեցաւ։

4 Մի՛ զարմանար եթէ երբեմն ծառայութեան մասնակցիլը դժուար կը գտնես կամ անոր մէկ երեսակին մէջ բաժին բերելու կը վարանիս։ Պօղոս առաքեալ ճշմարտութիւնը լաւ ըմբռնած, ինքնավստահ եւ անվախ քարոզիչ մըն էր. այսուհանդերձ, երբեմն մաքառեցաւ որ քարոզէ։ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն Պօղոս գրեց. «Նախապէս Փիլիպպէի մէջ չարչարուելէ եւ նախատուելէ ետք, ինչպէս գիտէք, Աստուծմով համարձակեցանք քարոզել ձեզի Աստուծոյ աւետարանը՝ շատ պայքարելով» (Ա. Թես. 2։2, ԱԾ)։ Փիլիպպէի մէջ, իշխանութիւնները Պօղոսն ու իր ընկերակիցը Շիղան խարազանած էին, զանոնք բանտը նետած էին եւ անոնց ոտքերը կոճղի մէջ ամրացուցած էին (Գործք 16։16-24)։ Այսուհանդերձ, Պօղոս ու Շիղա քարոզչութիւնը շարունակելու «համարձակեցան»։ Ի՞նչպէս կրնանք նոյնը ընել։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք թէ ի՛նչ բան Աստուծոյ վաղեմի ծառաները կարող դարձուց, որ Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը համարձակութեամբ խօսին, եւ ի՛նչպէս կրնանք անոնց օրինակին հետեւիլ։

Թշնամութիւնը դիմագրաւելու համար՝ համարձակութեան կարիք կար

5. Եհովայի հաւատարիմ եղողները ինչո՞ւ միշտ համարձակութեան կարիք ունեցած են։

5 Անշուշտ քաջութեան եւ համարձակութեան գերագոյն օրինակը՝ Յիսուս Քրիստոսն էր։ Բայց մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ, Եհովայի հաւատարիմ եղողները միշտ համարձակութեան կարիք ունեցած են։ Ինչո՞ւ։ Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ետք, Եհովա նախագուշակեց թէ իրեն ծառայողներուն եւ Սատանայի ծառայողներուն միջեւ թշնամութիւն պիտի ըլլար (Ծն. 3։15)։ Այս թշնամութիւնը արագօրէն ի յայտ եկաւ, երբ արդար Աբէլ իր եղբօր կողմէ սպաննուեցաւ։ Յետագային, թշնամութեան թիրախ դարձաւ հաւատարիմ Ենովք, որ Ջրհեղեղէն առաջ ապրեցաւ։ Ան մարգարէացաւ, որ Աստուած Իր բիւրաւոր սուրբերով պիտի գար, ամբարիշտներուն հանդէպ դատաստան կիրարկելու (Յուդա 14, 15)։ Այս պատգամը վստահաբար ժողովրդական չէր։ Մարդիկ Ենովքը ատեցին եւ ակներեւօրէն զինք պիտի սպաննէին, եթէ Եհովա իր կեանքը կարճ չպահէր։ Ենովք ի՜նչ հիանալի համարձակութիւն ցուցաբերեց (Ծն. 5։21-24

6. Փարաւոնին խօսելու համար, Մովսէս ինչո՞ւ համարձակութեան պէտք ունէր։

6 Նաեւ խորհէ Մովսէսի համարձակութեան մասին, երբ խօսեցաւ փարաւոնին, որ կը նկատուէր ո՛չ թէ աստուածներու ներկայացուցիչ, այլ՝ աստուած,– արեւի աստուծոյն՝ Ռայի որդին։ Միւս փարաւոններուն նման, հաւանաբար ան իր արձանը կը պաշտէր։ Փարաւոնին խօսքը օրէնք էր. ան վճիռներ արձակելով կ’իշխէր։ Հզօր, յոխորտ ու յամառ ըլլալով, փարաւոն վարժուած չէր որ ուրիշներ իրեն ըսէին թէ ի՛նչ ընէր։ Այս մարդուն առջեւ էր, որ Մովսէս՝ հեզ հովիւը, բազմիցս ներկայացաւ,– անկոչ եւ առանց լաւ ընդունելութիւն գտնելու։ Մովսէս աւերիչ պատուհասներ նախագուշակեց ու պահանջեց որ փարաւոնի քանի մը միլիոն ստրուկներ երկրէն դուրս ելլեն։ Անտարակոյս, ան համարձակութեան կարիք ունեցաւ (Թուոց 12։3. Եբ. 11։27

7, 8. ա) Վաղեմի հաւատարիմները ի՞նչ փորձութիւններ դիմագրաւեցին։ բ) Ի՞նչ բան նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրած հաւատարիմները կարող դարձուց, որ մաքուր պաշտամունքը համարձակութեամբ վեր բռնեն ու յառաջ մղեն։

7 Յաջորդող դարերուն ընթացքին, մարգարէներ եւ Աստուծոյ այլ հաւատարիմ ծառաներ շարունակեցին մաքուր պաշտամունքին կողքին խիզախ կեցուածք բռնել։ Սատանայի աշխարհը անոնց հետ քաղցրօրէն չվարուեցաւ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով» (Եբ. 11։37)։ Ի՞նչ բան Աստուծոյ այս հաւատարիմ ծառաներուն օգնեց, որ հաստատուն կայնին։ Քանի մը համար առաջ, առաքեալը նշեց այն բանը, որ տոկալու զօրութիւն տուած էր Աբէլի, Աբրահամի, Սառայի եւ ուրիշներու։ Ան ըսաւ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին» (Եբ. 11։13)։ Անկասկած, նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրած մարգարէները, ինչպէս՝ Եղիա եւ Երեմիա, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կողքին համարձակութեամբ դիրք բռնեցին, նմանապէս կրցան տոկալ՝ իրենց աչքերը Եհովայի խոստումներուն վրայ սեւեռած պահելով (Տիտ. 1։2

8 Նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրած հաւատարիմները, պայծառ ու գրաւիչ ապագայի մը սպասեցին։ Յարուցանուելէ ետք, անոնք կատարելութեան պիտի հասնին եւ ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուին’, Քրիստոս Յիսուսի եւ 144,000 ենթաքահանաներուն քահանայական սպասարկութիւններուն միջոցաւ (Հռով. 8։21)։ Ասկէ զատ, Երեմիա եւ այլ խիզախ երկրպագուներ քաջութիւն հաւաքեցին՝ Եհովայի երաշխիքին շնորհիւ, ինչպէս Երեմիայի խոստացաւ. «Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. վասն զի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար» (Եր. 1։19)։ Ներկայիս մենք ալ կ’ամրապնդուինք, խոկալով մեր ապագային եւ հոգեւոր պաշտպանութեան վերաբերեալ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ (Առ. 2։7. կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 4։17, 18

Սէրը Յիսուսը մղեց՝ համարձակօրէն քարոզելու

9, 10. Յիսուս ի՞նչ կերպերով համարձակութիւն ցուցաբերեց՝ ա) կրօնական առաջնորդներուն առջեւ, բ) խումբ մը զինուորներու առջեւ, գ) քահանայապետին առջեւ, դ) Պիղատոսին առջեւ։

9 Մեր Տիպարը՝ Յիսուս, այլազան կերպերով իր համարձակութիւնը ցուցաբերեց։ Օրինակ, իշխանութիւն եւ հեղինակութիւն ունեցողներու կողմէ ատուած ըլլալով հանդերձ, Յիսուս Աստուծոյ պատգամը չմեղմացուց։ Ան հզօր կրօնական առաջնորդները անվախօրէն քօղազերծեց, քանի որ ինքնարդար էին ու սուտ ուսուցումներ կը սորվեցնէին։ Յիսուս ուղղակիօրէն ու յստակօրէն անոնց նշեց, որ դատապարտուած են։ Առիթով մը, ան ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։ Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք» (Մատ. 23։27, 28

10 Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուս քաջաբար զինուորներուն իր ինքնութիւնը յայտնեց (Յովհ. 18։3-8)։ Յետոյ, ան Սենետրիոնին առջեւ տարուեցաւ եւ քահանայապետին կողմէ հարցաքննուեցաւ։ Թէեւ գիտէր թէ քահանայապետը զինք սպաննելու համար պատրուակ մը կը փնտռէր, Յիսուս խիզախօրէն հաստատեց Քրիստոս եւ Աստուծոյ Որդի ըլլալը։ Ան աւելցուց թէ անոնք պիտի տեսնէին զինք «Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած» (Մար. 14։53, 57-65)։ Անկէ քիչ ետք, Յիսուս կապուած բերուեցաւ Պիղատոսի առջեւ, որ կրնար զինք ազատ արձակել։ Բայց Յիսուս իրեն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն ոչինչ պատասխանեց (Մար. 15։1-5)։ Այս ամէնը մեծ քաջութիւն կը պահանջէր։

11. Համարձակութիւնը ի՞նչպէս սիրոյ առնչուած է։

11 Յիսուս Պիղատոսին ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ» (Յովհ. 18։37)։ Եհովա Յիսուսի յանձնարարած էր, որ բարի լուրը քարոզէ, եւ Յիսուս ուրախութեամբ զայն կատարեց, քանի որ իր երկնաւոր Հայրը կը սիրէր (Ղուկ. 4։18, 19)։ Ան նաեւ մարդիկը կը սիրէր, գիտակցելով թէ անոնց կեանքը դժուար էր։ Նմանապէս, Աստուծոյ սէրը եւ ընկերին սէրը կը կազմեն մեր համարձակ ու խիզախ վկայութեան հիմը (Մատ. 22։36-40

Սուրբ հոգին մեզ կը զօրացնէ՝ որ համարձակօրէն քարոզենք

12. Նախկին աշակերտները ինչո՞ւ ուրախացան։

12 Յիսուսի մահուան յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին, աշակերտները սկսան ուրախանալ, մինչ Եհովա հաւատացեալներուն թիւը աւելցուց։ Միայն մէկ օրուան մէջ, Պէնտէկոստէին առթիւ բազմաթիւ երկիրներէ Երուսաղէմ եկած շուրջ 3000 հրեաներ ու նորահաւատներ մկրտուեցան։ Ասիկա այդ հրէական ամրոցին մէջ ի՜նչ մեծ աղմուկ հանած ըլլալու էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մարդու վրայ վախ ինկաւ եւ առաքեալներուն ձեռքով շատ հրաշքներ ու նշաններ գործուեցան» (Գործք 2։41, 43

13. Եղբայրները ինչո՞ւ համարձակութեան համար աղօթեցին, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

13 Չափազանց զայրանալով, կրօնական առաջնորդները Պետրոսն ու Յովհաննէսը ձերբակալեցին, զանոնք մէկ գիշեր արգելարան դրին, ապա անոնց հրամայեցին որ Յիսուսի մասին չխօսին։ Ազատ արձակուելէ ետք, անոնք եղբայրներուն պատմեցին պատահածը, եւ բոլորը միասնաբար իրենց դիմագրաւած հակառակութեան մասին աղօթեցին ու խնդրեցին. «Ո՛վ Տէր. . . շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ Արդի՞ւնքը։ «Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին» (Գործք 4։24-31

14. Սուրբ հոգին ի՞նչպէս քարոզչութեան մէջ մեզի կ’օգնէ։

14 Նկատէ թէ Եհովայի զօրեղ սուրբ հոգին էր, որ աշակերտներուն օգնեց Իր խօսքը համարձակութեամբ խօսելու։ Ուրիշներուն, նոյնիսկ մեր պատգամին հակառակողներուն, ճշմարտութիւնը խօսելու քաջութիւնը մեզմէ ծագում չ’առներ։ Եհովա կրնայ մեզի իր սուրբ հոգին տալ եւ պիտի տայ, եթէ իրմէ խնդրենք։ Եհովայի օգնութեամբ, մենք ալ կրնանք հարկ եղած համարձակութիւնը ցուցաբերել, որ որեւէ հակառակութեան դիմաց անխախտ մնանք (կարդալ՝ Սաղմոս 138։3

Ներկայիս քրիստոնեաները համարձակութեամբ կը քարոզեն

15. Ներկայիս ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս մարդիկը կը բաժնէ։

15 Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկայիս ճշմարտութիւնը կը շարունակէ մարդիկը բաժնել։ Ոմանք դրականօրէն կ’ընդառաջեն, մինչ ուրիշներ մեր պաշտամունքը չեն ըմբռներ ու չեն գնահատեր։ Ոմանք մեզ կը քննադատեն, կը ծաղրեն կամ նոյնիսկ կ’ատեն, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց (Մատ. 10։22)։ Երբեմն, լրատուամիջոցները մեզ ապատեղեկատուութեան ու չարամիտ պրոպականդի թիրախ կը դարձնեն (Սաղ. 109։1-3)։ Այսուհանդերձ, երկրի տարածքին, Եհովայի ժողովուրդը համարձակօրէն բարի լուրը կը յայտարարէ։

16. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ համարձակութիւնը կրնայ մեր քարոզած անհատներուն տեսակէտը փոխել։

16 Մեր համարձակութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մարդիկ Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ իրենց տեսակէտը փոխեն։ Խըրխըզիստանի մէջ քոյր մը կը պատմէ. «Քարոզչութեան ընթացքին, տանտէր մը ինծի ըսաւ. ‘Ես Աստուծոյ կը հաւատամ, բայց ո՛չ՝ քրիստոնեաներու Աստուծոյն։ Եթէ այս դրան անգամ մը եւս մօտենաս, շունս վրադ պիտի արձակեմ’։ Անոր ետեւ շղթայով կապուած ցլաշուն մը կար։ Բայց ‘Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է’ վերնագրով Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37–ն բաշխելու արշաւին ընթացքին, որոշեցի նոյն դուռը զարնել, յուսալով այդ մարդուն ընտանիքին անդամներէն մէկուն հանդիպիլ։ Սակայն նոյն մարդը դուռը բացաւ։ Արագօրէն Եհովայի աղօթեցի, ապա ըսի. ‘Բարեւ։ Կը յիշեմ երեք օր առաջ մեր ունեցած զրոյցը, ինչպէս նաեւ՝ քու շունդ։ Բայց չկրցայ քեզ անտեսել, քանի որ ես ալ քեզի պէս, միակ ճշմարիտ Աստուծոյն կը հաւատամ։ Աստուած շուտով պիտի պատժէ զինք անպատուող կրօնքները։ Ասոր մասին կրնաս աւելի գիտնալ, այս թերթիկը կարդալով’։ Ո՜րքան զարմացայ, երբ մարդը Թագաւորութեան լուրեր–ը ընդունեց։ Յետոյ, ուրիշ տուն մը այցելեցի։ Քանի մը վայրկեան ետք, մարդը վազելով քովս եկաւ, Թագաւորութեան լուրեր–ը բռնած։ Ան ըսաւ. ‘Ասիկա կարդացի։ Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի Աստուծոյ բարկութեան չարժանանամ’»։ Մարդը սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել ու քրիստոնէական ժողովներուն յաճախել։

17. Քրոջ մը համարձակութիւնը ի՞նչպէս զօրացուց Աստուածաշունչի վախկոտ աշակերտ մը։

17 Մեր համարձակութիւնը կրնայ նաեւ ուրիշները քաջալերել որ համարձակ ըլլան։ Ռուսիոյ մէջ, քոյր մը հանրակառքի մէջ խօսեցաւ կնոջ մը հետ ու պարբերաթերթ ներկայացուց։ Յանկարծ, մարդ մը իր տեղը ձգելով եկաւ ու քրոջ ձեռքէն պարբերաթերթը առաւ, զայն ճմռթքեց ու գետին նետեց։ Բարձրաձայն հայհոյելով, ան քրոջ հասցէն պահանջեց եւ ազդարարեց որ գիւղին մէջ չքարոզէ։ Քոյրը աղօթքով Եհովայէ օգնութիւն խնդրեց ու մտաբերեց Յիսուսի խօսքը. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն» (Մատ. 10։28)։ Հանդարտօրէն, ան ոտքի կայնեցաւ ու մարդուն ըսաւ. «Քեզի հասցէս պիտի չտամ, եւ գիւղին մէջ պիտի շարունակեմ քարոզել»։ Ապա ան հանրակառքէն իջաւ։ Քոյրը չէր գիտեր որ հանրակառքին մէջ կար կին մը, որուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։ Այդ կինը մարդու վախի պատճառաւ, քրիստոնէական ժողովներուն չէր յաճախեր։ Սակայն քրոջ համարձակութիւնը նկատելէ ետք, Աստուածաշունչի աշակերտը որոշեց ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։

18. Ի՞նչ բաներ քեզի պիտի օգնեն, որ Յիսուսի պէս համարձակութեամբ քարոզես։

18 Աստուծմէ օտարացած այս աշխարհին մէջ, Յիսուսի պէս քարոզելը համարձակութիւն կը պահանջէ։ Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։ Ապագային նայէ։ Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ սէրդ զօրաւոր պահէ։ Աղօթքով Եհովայէ քաջութիւն խնդրէ։ Միշտ յիշէ, թէ երբեք առանձին չես. Յիսուս քեզի հետ է (Մատ. 28։20)։ Սուրբ հոգին քեզ պիտի զօրացնէ։ Իսկ Եհովա քեզ պիտի օրհնէ եւ նեցուկ կանգնի։ Հետեւաբար, քաջութեամբ լեցուինք ու ըսենք. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ» (Եբ. 13։6

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ համարձակութեան կարիք ունին։

• Համարձակ ըլլալու նկատմամբ, ի՞նչ կը սորվինք՝

Քրիստոսէ առաջ ապրած հաւատարիմներէն։

Յիսուս Քրիստոսէ։

նախկին քրիստոնեաներէն։

այժմու հաւատակիցներէն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Յիսուս խիզախօրէն կրօնական առաջնորդները քօղազերծեց

[Նկար՝ էջ 31]

Եհովա մեզ քաջութեամբ կ’օժտէ, որ քարոզենք