Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, Յիսուսի օրինակին հետեւեցէք

Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, Յիսուսի օրինակին հետեւեցէք

Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, Յիսուսի օրինակին հետեւեցէք

«Քրիստոս. . . ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. ՊԵՏ. 2։21

1. ա) Աստուծոյ Որդին ստեղծագործութեան մէջ ի՞նչ դեր ունէր։ բ) Յիսուս մարդկութեան հանդէպ ի՞նչ կը զգայ։

ԵՐԲ Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց, իր անդրանիկ Որդին իր կողքին էր որպէս «ճարտարապետ»։ Աստուծոյ Որդին նաեւ իր Հօր հետ համագործակցեցաւ, երբ Ան երկրի վրայ այլազան բոյսեր եւ անասուններ ստեղծեց ու դրախտը պատրաստեց իբրեւ բնակարան՝ Իր պատկերով ստեղծուած արարածներուն։ Աստուծոյ Որդին, որ յետագային որպէս Յիսուս ճանչցուեցաւ, մարդկութեան հանդէպ մեծ սէր ունէր։ ‘Անոր զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր’ (Առ. 8։27-31. Ծն. 1։26, 27

2. ա) Եհովա անկատար մարդկութեան համար ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է։ բ) Կեանքի ո՞ր մարզին առնչութեամբ Աստուածաշունչը ցուցմունքներ կու տայ։

2 Մարդկային առաջին զոյգը մեղանչելէն ետք, մեղաւոր մարդկութեան փրկութիւնը Եհովայի նպատակին կարեւոր մէկ մասը դարձաւ։ Եհովա Քրիստոսի փրկանքի զոհը կարգադրեց, այդ վերագնումը կարելի դարձնելու համար (Հռով. 5։8, 9)։ Ասկէ զատ, Եհովա իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը հայթայթեց, որ մարդուն ուղղութիւն կու տայ, թէ ի՛նչպէս կրնայ ժառանգուած անկատարութեան հետ լաւագոյն կերպով գլուխ ելլել (Սաղ. 119։105)։ Իր Խօսքին մէջ, Եհովա ցուցմունքներ կու տայ՝ մարդոց օգնելու որ զօրաւոր եւ երջանիկ ընտանիքներ պահեն։ Ամուսնութեան առնչութեամբ, Ծննդոց գիրքը կը նշէ, թէ մարդը «իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն. 2։24

3. ա) Յիսուս ամուսնութեան մասին ի՞նչ սորվեցուց։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին ընդգծեց, թէ Աստուած մտադրած էր որ ամուսնութիւնը կենսատեւ ըլլար։ Ան սորվեցուց սկզբունքներ, զորս կիրարկելով կրնան ընտանիքի անդամներ խուսափիլ կեցուածքներէ եւ արարքներէ, որոնք ամուսնութեան կամ ընտանիքին երջանկութեան կը սպառնան (Մատ. 5։27-37. 7։12)։ Այժմ քննարկենք թէ Յիսուսի ուսուցումներն ու օրինակը ի՛նչպէս կրնան օգնել ամուսիններուն, կիներուն, ծնողներուն եւ զաւակներուն, որ երջանիկ ու գոհունակ կեանք մը վարեն։

Քրիստոնեայ ամուսինը ի՛նչպէս կը պատուէ իր կինը

4. Յիսուս եւ քրիստոնեայ ամուսինը ի՞նչ համանման դերեր ունին։

4 Աստուած ամուսինը նշանակեց որպէս ընտանիքին գլուխը, ինչպէս որ Յիսուս ժողովքին Գլուխն է։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար» (Եփ. 5։23, 25)։ Արդարեւ, իր հետեւորդներուն հանդէպ Յիսուսի վերաբերմունքը օրինակ կը հանդիսանայ, թէ քրիստոնեայ տղամարդիկ իրենց կիներուն հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուին։ Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր, որոնցմով Յիսուս իր աստուածատուր հեղինակութիւնը գործադրեց։

5. Յիսուս իր աշակերտներուն վրայ իր հեղինակութիւնը ի՞նչպէս գործադրեց։

5 Յիսուս ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ էր (Մատ. 11։29)։ Ան նաեւ վճռակամ էր։ Ան երբեք իր պատասխանատուութիւնները չանտեսեց (Մար. 6։34. Յովհ. 2։14-17)։ Ան իր աշակերտները քաղցրաբար խրատեց, նոյնիսկ շատ անգամ, երբ հարկ կար (Մատ. 20։21-28. Մար. 9։32-36. Ղուկ. 22։24-27)։ Բայց Յիսուս զանոնք չպախարակեց կամ չնուաստացուց, ո՛չ ալ անոնց զգալ տուաւ, թէ սիրուած չէին կամ չէին կրնար ընել իր սորվեցուցած բաները։ Փոխարէն, ան իր աշակերտները գովաբանեց ու քաջալերեց (Ղուկ. 10։17-21)։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս իր աշակերտներուն յարգանքը շահեցաւ, անոնց հետ սիրալիրօրէն եւ կարեկցաբար վարուելով։

6. ա) Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի վարուած կերպէն ամուսին մը ի՞նչ կրնայ սորվիլ։ բ) Պետրոս ամուսիններուն ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ։

6 Յիսուսի օրինակը ամուսիններուն կը սորվեցնէ, թէ քրիստոնէական գլխաւորութիւնը անգութ տիրապետութիւն չէ, այլ՝ յարգանքով եւ անձնուրաց սիրով յատկանշուած է։ Պետրոս առաքեալ ամուսինները քաջալերեց, որ Յիսուսի սիրալիր ուղիները ընդօրինակեն, իրենց կիներուն հետ ‘նմանապէս ապրին, յարգելով’ զիրենք (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։7Արդ, ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ իր հեղինակութիւնը գործադրել եւ միեւնոյն ատեն իր կինը պատուել։

7. Ամուսին մը ի՞նչ կերպով կրնայ իր կինը պատուել։

7 Ամուսին մը իր կինը կը պատուէ, երբ ընտանիքին ազդող որոշումներ կայացնելէ առաջ, իր կնոջ տեսակէտն ու զգացումները նկատի կ’առնէ։ Թերեւս որոշում մը պէտք է կայացուի փոխադրութեան, գործի փոփոխութեան կամ այլ հարցերու նկատմամբ, ինչպէս՝ արձակուրդը ո՛ւր անցընել կամ սղութեան ի տես ի՛նչպէս պիւտճէն ճշդել։ Որովհետեւ ընտանիքը պիտի ազդուի, օգտակար եւ ազնուութիւն պիտի ըլլայ, որ ամուսինը իր կնոջ կարծիքը նկատի առնէ, եւ այսպէս կրնայ հաւասարակշռուած որոշում տալ, իսկ կինը դիւրաւ իրեն նեցուկ պիտի կանգնի (Առ. 15։22)։ Իրենց կիները պատուող քրիստոնեայ ամուսինները ո՛չ միայն անոնց սէրն ու յարգանքը կը շահին, այլեւ՝ աւելի կարեւորը՝ Եհովայի հաճութիւնը (Եփ. 5։28, 29

Կին մը ի՛նչպէս իր ամուսինը խորապէս կը յարգէ

8. Ինչո՞ւ Եւայի օրինակը պէտք է մերժել։

8 Քրիստոնեայ կիներուն համար, Յիսուս հեղինակութեան ենթարկուելու կատարեալ տիպար կը հանդիսանայ։ Ի՜նչ տարբերութիւն կայ հեղինակութեան հանդէպ իր տեսակէտին եւ առաջին կնոջ ցուցաբերած կեցուածքին միջեւ։ Եւա կիներուն լաւ օրինակ հանդիսանալու մէջ թերացաւ։ Ան Աստուծոյ կողմէ նշանակուած գլուխ մը ունէր, որուն միջոցաւ Եհովա հրահանգներ կը հաղորդէր։ Սակայն Եւա այս կարգադրութիւնը չյարգեց։ Ան Ադամի հաղորդած հրահանգները չընդունեց (Ծն. 2։16, 17. 3։3. Ա. Կոր. 11։3)։ Ճիշդ է որ Եւան խաբուեցաւ, բայց իր ամուսինին պէտք էր դիմէր, հարցնելով թէ պատշա՞ճ է ականջ տալ ձայնի մը, որ կը դաւանի ըսել ի՛նչ որ «Աստուած գիտէ»։ Փոխարէն, ան յաւակնոտութեամբ իր ամուսինին ուղղութիւն տուաւ (Ծն. 3։5, 6. Ա. Տիմ. 2։14

9. Ենթարկուող ըլլալու մէջ Յիսուս ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ։

9 Միւս կողմէ, Յիսուս օրինակելի կերպով իր Գլուխին ենթարկուեցաւ։ Անոր վերաբերմունքն ու կենցաղը ցոյց կու տան, թէ «յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով» (Փլպ. 2։5-7)։ Ներկայիս, իբրեւ իշխող Թագաւոր, Յիսուս նոյն կեցուածքը կը պահպանէ։ Ան խոնարհաբար իր Հօր կ’ենթարկուի ամէն բանի մէջ եւ Անոր գլխաւորութեան թիկունք կը կանգնի (Մատ. 20։23. Յովհ. 5։30. Ա. Կոր. 15։28

10. Կին մը ի՞նչպէս կրնայ իր ամուսինին գլխաւորութեան նեցուկ կանգնիլ։

10 Քրիստոնեայ կինը պէտք է Յիսուսը ընդօրինակէ, իր ամուսինին գլխաւորութեան նեցուկ կանգնելով (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 2։21. 3։1, 2Նկատի առ պարագայ մը, երբ ան ասիկա ընելու պատեհութիւն ունի։ Իր զաւակը կը խնդրէ մասնակցիլ գործունէութեան մը, որ ծնողական արտօնութիւն կը պահանջէ։ Որովհետեւ ծնողքը այս հարցը նախապէս չէ քննարկած, տեղին է որ մայրը հարցնէ. «Հօրմէդ խնդրեցի՞ր»։ Եթէ ան չէ խնդրած, որեւէ որոշում տալէ առաջ, մայրը իր ամուսինին հետ պէտք է հարցը քննարկէ։ Աւելին, քրիստոնեայ կինը վստահաբար պիտի չուզէ զաւակներուն ներկայութեան ամուսինին հակասել կամ անոր կարծիքին ասպարէզ կարդալ։ Եթէ ան հարցի մը շուրջ համամիտ չըլլայ, իր ամուսինին հետ առանձնաբար կը խօսի (Եփ. 6։4

Ծնողներուն համար Յիսուսի օրինակը

11. Յիսուս ծնողներուն համար ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

11 Յիսուս չամուսնանալով ու հայր չըլլալով հանդերձ, քրիստոնեայ ծնողներուն համար սքանչելի տիպար մըն է։ Ի՞նչպէս։ Խօսքով եւ օրինակով, ան սիրալիրօրէն ու համբերութեամբ իր աշակերտներուն սորվեցուց։ Ան ցոյց տուաւ թէ իրենց ստացած յանձնարարութիւնը ի՛նչպէս կատարեն (Ղուկ. 8։1)։ Իր տրամադրութիւնն ու բարքը նկատելով, աշակերտները սորվեցան թէ իրարու հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուին (կարդալ՝ Յովհաննէս 13։14-17

12, 13. Ի՞նչ կը պահանջուի, եթէ ծնողներ կ’ուզեն աստուածավախ զաւակներ մեծցնել։

12 Երեխաները իրենց ծնողքին լաւ թէ գէշ օրինակին հետեւելու հակամէտ են։ Ուստի ո՛վ ծնողներ, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Մեր զաւակներուն ի՞նչ պատգամ կը հաղորդենք, նկատի առնելով հեռատեսիլին ու ժամանցին յատկացուած ժամանակը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ու դաշտի ծառայութեան տրամադրուած ժամանակը։ Մեր ընտանիքին նախապատուութիւնները իրապէս ի՞նչ են։ Լաւ օրինակ կը հանդիսանա՞նք, ճշմարիտ պաշտամունքը դարձնելով մեր կեանքին եւ որոշումներուն առանցքը’։ Աստուծոյ օրէնքը նա՛խ ծնողներուն սրտին մէջ պէտք է ըլլայ, եթէ կ’ուզեն աստուածավախ զաւակներ մեծցնել (Բ. Օր. 6։6

13 Եթէ ծնողներ կը ջանան ամէնօրեայ հարցերու մէջ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկել, զաւակները ասիկա պիտի նկատեն։ Ծնողքին խօսքերը եւ ուսուցումները աւելի կշիռ պիտի ունենան։ Սակայն, եթէ զաւակները տեսնեն թէ ծնողներուն արարքները կը հակասեն անոնց խօսքերուն, թերեւս եզրակացնեն թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները իսկապէս կարեւոր կամ գործնական չեն։ Որպէս հետեւանք, զաւակները աւելի հակամէտ կ’ըլլան աշխարհային ճնշումի ներքեւ տեղի տալու։

14, 15. Ծնողներ իրենց զաւակներուն մէջ ի՞նչ արժանիքներ պէտք է մշակեն, եւ ասիկա ընելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

14 Քրիստոնեայ ծնողներ կը գիտակցին, թէ զաւակ մեծցնելը կը պարփակէ աւելին, քան՝ նիւթական կարիքներ լեցնելը։ Հետեւաբար, ծայրագոյն կարճատեսութիւն է սորվեցնել զաւակին, որ հետամուտ ըլլայ նպատակակէտերու, որոնք միայն իր նիւթական շահերուն պիտի ծառայեն (Ժող. 7։12)։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ նախապատուութիւն տան հոգեւոր արժանիքներու եւ հետամտութիւններու (Մատ. 6։33)։ Ուստի Յիսուսը ընդօրինակելով, քրիստոնեայ ծնողներ պէտք է ջանան իրենց զաւակներուն մէջ զարգացնել հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալու փափաքը։

15 Ատիկա ընելու մէկ կերպն է՝ առիթներ ստեղծել որ զաւակները լիաժամ ծառաներուն հետ ընկերակցին։ Ո՜րքան քաջալերական է, որ պատանիներ ծանօթանան ռահվիրաներու կամ շրջանային տեսուչին ու անոր կնոջ։ Այցելու միսիոնարներ, պէթէլականներ եւ միջազգային շինարարական գործին մասնակցողներ կրնան խանդավառութեամբ խօսիլ Եհովայի ծառայելու ուրախութեան մասին։ Անկասկած, այսպիսի այցելուներ հետաքրքրական փորձառութիւններ պիտի պատմեն։ Անոնց անձնազոհ ծառայութեան օրինակը կրնայ զաւակներուդ մեծապէս օգնել, որ խոհեմ որոշումներ կայացնեն, գովելի նպատակակէտեր դնեն ու յարմար ուսում ստանան, որպէսզի լիաժամ ծառայութեան մէջ կարենան իրենց ծախսերը հոգալ։

Երեխանե՛ր. ի՞նչ բան ձեզի պիտի օգնէ Յիսուսի օրինակին հետեւելու

16. Յիսուս ի՞նչպէս իր երկրաւոր ծնողքն ու երկնաւոր Հայրը պատուեց։

16 Երեխանե՛ր, Յիսուս ձեզի համար ալ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան Յովսէփի ու Մարիամի հոգատարութեան ներքեւ էր, եւ անոնց հնազանդեցաւ (կարդալ՝ Ղուկաս 2։51Ան գիտակցեցաւ, թէ հակառակ իրենց անկատարութիւններուն, Աստուած իրենց յանձնեց իրեն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Այս պատճառաւ, անոնք պէտք էր պատուուէին (Բ. Օր. 5։16. Մատ. 15։4)։ Որպէս չափահաս, Յիսուս միշտ իր երկնաւոր Հօր հաճելի եղած բաները ըրաւ, փորձութիւններուն դիմադրելով (Մատ. 4։1-10)։ Ո՛վ դեռատիներ, երբեմն կրնայ ըլլալ որ ձեր ծնողներուն անհնազանդ ըլլալու փորձութիւնը դիմագրաւէք։ Ուստի, ի՞նչ բան կրնայ ձեզի օգնել Յիսուսի օրինակին հետեւելու։

17, 18. ա) Դեռատիները դպրոցին մէջ ի՞նչպիսի ճնշում կը դիմագրաւեն։ բ) Ի՞նչ բան մտաբերելը կրնայ պատանիներուն օգնել, որ փորձութիւններուն դիմադրեն։

17 Հաւանաբար դպրոցակիցներուդ մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչի չափանիշներուն հանդէպ քիչ կամ ո՛չ մէկ յարգանք ունի։ Թերեւս անոնք փորձեն քեզ ստիպել, որ կասկածելի գործունէութիւններու մասնակցիս, իսկ երբ մերժես, քեզ նախատեն։ Անոնք քեզ հեգնական անուններով կը կոչե՞ն, քանի որ չես ուզեր որոշ գործունէութիւններու մասնակցիլ։ Եթէ այո՛, ի՞նչպէս կը հակազդես։ Գիտես որ եթէ վախնաս ու անոնց ետեւէն երթաս, ծնողքդ եւ Եհովան յուսախաբ պիտի ընես։ Դպրոցակիցներուդ հետեւելով ո՞ւր պիտի հասնիս։ Թերեւս դուն քեզի որոշ նպատակակէտեր դրած ես, ինչպէս՝ ռահվիրայ կամ օգնական ծառայ ըլլալ, ծառայել թաղամասի մը մէջ՝ ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու մեծ կարիք կայ, կամ պէթէլական ըլլալ։ Դպրոցակիցներուդ հետ ընկերակցիլը քեզի պիտի օգնէ՞ նպատակակէտերուդ հասնելու։

18 Ո՛վ քրիստոնեայ պատանիներ, կը դիմագրաւէ՞ք պարագաներ, որոնք ձեր հաւատքը փորձի կ’ենթարկեն։ Ի՞նչպէս կը հակազդէք։ Ձեր տիպարին՝ Յիսուսի մասին խորհեցէք։ Ան մերժեց փորձութեան տեղի տալ եւ շիտակ բաներուն կողքին հաստատ կեցաւ։ Ասիկա յիշելը քեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ դասընկերներուդ յստակօրէն ըսես, թէ չես ուզեր իրենց միանալով ընել բան մը, որ գիտես թէ սխալ է։ Յիսուսի նման, շարունակէ կեդրոնանալ այն հեռանկարին վրայ, որ առյաւէտ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայես ու հնազանդիս (Եբ. 12։2

Ընտանեկան երջանիկ կեանքի բանալին

19. Ի՞նչ կենցաղակերպ իսկական երջանկութիւն կը բերէ։

19 Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս մարդկութեան համար լաւագոյնը կը փափաքին։ Նոյնիսկ մեր անկատար վիճակին մէջ, կարելի է որ որոշ չափով երջանիկ ըլլանք (Եսա. 48։17, 18. Մատ. 5։3)։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց ո՛չ միայն կրօնական ճշմարտութիւններ, որոնք մարդկութեան երջանկութեան հիմը կը կազմեն, այլեւ՝ լաւագոյն ապրելակերպը։ Աւելին, ան հաւասարակշռուած կեանքի եւ հաւասարակշռուած վերաբերմունքի գործնական օրինակ հանդիսացաւ։ Ընտանիքին մէջ ի՛նչ դեր ալ ունենանք, բոլորս կրնանք զինք ընդօրինակելով օգտուիլ։ Ուստի, ո՛վ ամուսիններ, կիներ, ծնողներ ու զաւակներ, Յիսուսի օրինակին հետեւեցէք։ Յիսուսի ուսուցումները ընդունիլը եւ զինք ընդօրինակելը, ընտանեկան գոհունակ ու երջանիկ կեանք վայելելու իսկական բանալին է։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ամուսինները իրենց աստուածատուր հեղինակութիւնը ի՞նչպէս պէտք է գործադրեն։

• Կինը ի՞նչպէս կրնայ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։

• Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի վարուելու կերպէն ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ։

• Պատանիները Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Ընտանիքին ազդող որոշում մը կայացնելէ առաջ, գորովալից ամուսինը ի՞նչ պիտի ընէ

[Նկար՝ էջ 21]

Ո՞ր պարագան կնոջ պատեհութիւն կ’ընծայէ, որ իր ամուսինին գլխաւորութեան նեցուկ կանգնի

[Նկար՝ էջ 22]

Զաւակները իրենց ծնողներուն բարի սովորութիւնները կ’ընդօրինակեն