Աստուածաշունչը կարելի՞ է հասկնալ
Աստուածաշունչը կարելի՞ է հասկնալ
«Մեր ընտանիքը ամէն կիրակի Աստուածաշունչը կը կարդար։ Արդարեւ անկէ հաճոյք չէի առներ։ Կը հաւատայի թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, բայց կարդացածիս մեծ մասը դժուարահասկնալի էր» (Սթիվըն, Բրիտանիա)։
«Երբ 17 տարեկան էի, փորձեցի Աստուածաշունչը կարդալ։ Զայն հասկնալը դժուար գտնելով՝ ձեռնթափ եղայ» (Պալպաներա, Սպանիա)։
«Աստուածաշունչը մէկ անգամ կարդացի, քանի որ խորհեցայ թէ որպէս կաթողիկէ՝ զայն պէտք է կարդամ։ Զայն երեք տարուան մէջ ամբողջացուցի, բայց քիչ բան հասկնալով» (Ճօ–Էն, Աւստրալիա)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ տակաւին աշխարհի ամէնէն ժողովրդական գիրքն է։ Անիկա աննախընթաց կերպով կը շարունակէ ամենաշատ վաճառուած գիրքը ըլլալ, մատչելի ըլլալով աւելի մարդոց, աւելի լեզուներով եւ աւելի ձեւերով։ Սակայն Աստուածաշունչ ունեցողներէն շատեր, զայն հասկնալու դժուարութիւն ունին։ Դուն այս խնդիրը կը դիմագրաւե՞ս։
Հեղինակը կ’ուզէ՞ որ իր Խօսքը հասկնանք
«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Այո, Եհովա Աստուած Աստուածաշունչին Հեղինակն է։ Ան կ’ուզէ՞ որ իր Խօսքը հասկնանք, թէ ոչ՝ դիտումնաւոր կերպով Աստուածաշունչը անըմբռնելի ըրաւ բոլորին, բացի՝ առանձնաշնորհեալ քիչերէ, ինչպէս՝ կղերականներ ու Աստուածաշունչի ուսումնականներ։
Նկատի առ Աստուածաշունչէն կարգ մը համարներ.
«Այս պատուիրանքները որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ» (Բ. Օրինաց 30։11)։
«Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ» (Սաղմոս 119։130)։
«Նոյն ժամուն Յիսուս Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. ‘Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր’» (Ղուկաս 10։21)։
Արդարեւ Աստուածաշունչին Հեղինակը կ’ուզէ որ իր Խօսքը հասկնաս։ Սակայն կը մնայ այն իրողութիւնը, թէ բազմաթիւ անկեղծ անհատներ այս գիրքը դիւրըմբռնելի չեն գտներ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել։ Յաջորդ յօդուածները կը ներկայացնեն երեք թելադրութիւններ, որոնք կրնան քեզի օգնել Աստուածաշունչը հասկնալու։