Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. աստուածատուր յոյս մը

Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. աստուածատուր յոյս մը

Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. աստուածատուր յոյս մը

«Ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները. . . յոյսով» (ՀՌՈՎ. 8։20, 21

1, 2. ա) Երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը ինչո՞ւ մեզի համար կարեւոր է։ բ) Շատեր ինչո՞ւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի նկատմամբ սկեպտիկ են։

ԹԵՐԵՒՍ կը յիշես թէ ի՛նչպէս ուրախացար, երբ առաջին անգամ ըլլալով իմացար, թէ մօտ ապագային մարդիկ այլեւս պիտի չծերանան ու չմեռնին, այլ՝ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին (Յովհ. 17։3. Յայտ. 21։3, 4)։ Հաւանաբար այդ աստուածաշնչական յոյսը հաճոյքով բաժնած ես ուրիշներու հետ։ Արդարեւ, յաւիտենական կեանքի յոյսը մեր քարոզած բարի լուրին էական մէկ երեսակն է։ Անիկա կեանքի նկատմամբ մեր հայեցակէտը կը կաղապարէ։

2 Քրիստոնեայ աշխարհի կրօնքները, ընդհանրապէս երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը անտեսած են։ Մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսուցանէ, թէ հոգին կը մեռնի, եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ այն անաստուածաշնչական վարդապետութիւնը, թէ մարդը ունի անմահ հոգի, որ մահէն ետք կը շարունակէ հոգեղէն ծիրին մէջ ապրիլ (Ժող. 9։5)։ Ուստի շատեր, երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի նկատմամբ սկեպտիկ են։ Հետեւաբար կրնանք հարց տալ՝ Աստուածաշունչը իրապէս այս յոյսին թիկունք կը կանգնի՞։ Եթէ այո՛, Աստուած առաջին անգամ ե՞րբ մարդոց յայտնեց զայն։

«Ունայնութեան հնազանդեցան. . . յոյսով»

3. Մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչպէս մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ բացայայտ էր։

3 Մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ, մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը բացայայտ էր։ Աստուած յստակօրէն նշեց, թէ Ադամ յաւիտեան պիտի ապրէր եթէ հնազանդ ըլլար (Ծն. 2։9, 17. 3։22)։ Ադամէ սերած առաջին սերունդները անտարակոյս տեղեակ էին, թէ ի՛նչպէս մարդը կատարելութիւնը կորսնցուց։ Այս իրողութեան թիկունք կը կանգնէին տեսանելի ապացոյցներ,– Եդեմի պարտէզին մուտքը արգիլուած էր, իսկ մարդիկ կը ծերանային ու կը մեռնէին (Ծն. 3։23, 24)։ Ժամանակի ընթացքին, մարդկային կեանքի տեւողութիւնը նուազեցաւ։ Ադամ 930 տարի ապրեցաւ։ Սէմ, որ Ջրհեղեղէն վերապրեցաւ, միայն 600 տարի ապրեցաւ, իսկ իր որդին Արփաքսադ՝ 438 տարի։ Աբրահամի հայրը՝ Թարա 205 տարի ապրեցաւ։ Աբրահամ ապրեցաւ 175 տարի, Իսահակ՝ 180 տարի, իսկ Յակոբ՝ 147 տարի (Ծն. 5։5. 11։10-13, 32. 25։7. 35։28. 47։28)։ Շատեր անդրադարձած ըլլալու էին, թէ այս նուազումը կը նշանակէր որ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը կորսուած էր։ Անոնք պատճառ ունէի՞ն յուսալու, որ անիկա վերահաստատուի։

4. Վաղեմի հաւատարիմները ի՞նչ հիմ ունէին հաւատալու, թէ Աստուած Ադամի կորսնցուցած օրհնութիւնները պիտի վերահաստատէր։

4 Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ունայնութեան հնազանդեցան [մարդկային] ստեղծուածները. . . յոյսով» (Հռով. 8։20, 21)։ Ո՞ր յոյսը։ Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը մատնանշեց «սերունդ» մը, որ ‘օձին գլուխը պիտի ջախջախէր’ (կարդալ՝ Ծննդոց 3։1-5, 15Հաւատարիմ մարդոց համար, այդ Սերունդին վերաբերեալ խոստումը յոյսի հիմ մը տուաւ, թէ Աստուած մարդկութեան առնչութեամբ իր նպատակը պիտի չլքէր։ Անիկա Աբէլի, Նոյի եւ ուրիշներու պատճառ տուաւ հաւատալու, թէ Աստուած Ադամի կորսնցուցած օրհնութիւնները պիտի վերահաստատէր։ Անոնք թերեւս ըմբռնեցին, որ ‘սերունդին գարշապարին խայթուիլը’ արիւն թափել պիտի պարփակէր (Ծն. 4։4. 8։20. Եբ. 11։4

5. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Աբրահամ յարութեան կը հաւատար։

5 Նկատի առ Աբրահամը։ Երբ փորձուեցաւ, ան «Իսահակը պատարագ մատուցանեց. . . իր մէկ հատիկ որդին» (Եբ. 11։17)։ Ան ինչո՞ւ ասիկա ընելու յօժար էր (կարդալ՝ Եբրայեցիս 11։19Աբրահամ յարութեան կը հաւատար։ Ան յարութեան հաւատալու հիմ մը ունէր։ Եհովա Աբրահամի վերարտադրական զօրութիւնը վերահաստատած էր եւ կարելի դարձուցած էր, որ ան ու իր կինը Սառան, իրենց յառաջացած տարիքին մէջ որդի մը ծնանին (Ծն. 18։10-14. 21։1-3. Հռով. 4։19-21)։ Աբրահամ նաեւ Եհովայի խոստումը ունէր. «Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի» (Ծն. 21։12)։ Հետեւաբար, Աբրահամ վաւերական պատճառներ ունէր ակնկալելու, թէ Աստուած Իսահակը պիտի յարուցանէր։

6, 7. ա) Եհովա Աբրահամի հետ ի՞նչ ուխտ ըրաւ։ բ) Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը ի՞նչպէս մարդկութեան յոյս հայթայթեց։

6 Աբրահամի ուշագրաւ հաւատքին պատճառաւ, Եհովա անոր «սերունդ»ին նկատմամբ ուխտ մը ըրաւ (կարդալ՝ Ծննդոց 22։18«Սերունդ»ին գլխաւոր մասը Յիսուս Քրիստոսն էր (Գաղ. 3։16)։ Եհովա Աբրահամի ըսած էր, որ իր «սերունդ»ը «երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս» շատ պիտի ըլլար,– Աբրահամի համար անյայտ թիւ մը (Ծն. 22։17)։ Սակայն յետագային, այդ թիւը յայտնուեցաւ։ Յիսուս Քրիստոս եւ 144,000–ը, որոնք իրեն հետ իր Թագաւորութեան մէջ պիտի իշխեն, «սերունդ»ը կը կազմեն (Գաղ. 3։29. Յայտ. 7։4. 14։1)։ Մեսիական Թագաւորութիւնը այն միջոցն է, որով ‘երկրի բոլոր ազգերը պիտի օրհնուին’։

7 Հաւանաբար Աբրահամ իրեն հետ Եհովայի ըրած ուխտին լման նշանակութիւնը չըմբռնեց։ Այսուհանդերձ, ան «կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Եբ. 11։10)։ Այդ քաղաքը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Անոր իշխանութեան ներքեւ օրհնութիւններ ստանալու համար, Աբրահամ դարձեալ պէտք է ապրի։ Յարութեան միջոցով՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը իրեն համար կարելի պիտի դառնայ։ Յաւիտենական կեանքը նաեւ կարելի պիտի ըլլայ անոնց, որոնք Արմագեդոնէն պիտի վերապրին կամ յարութիւն պիտի առնեն (Յայտ. 7։9, 14. 20։12-14

«Հոգին զիս կը ստիպէ»

8, 9. Յոբի գիրքը ինչո՞ւ պարզապէս մարդու մը փորձութիւններուն մասին չէ։

8 Աբրահամի թոռնորդիին՝ Յովսէփի կեանքին ու Մովսէս մարգարէին կեանքին միջեւ եղած ժամանակամիջոցին ապրեցաւ Յոբ անունով մարդ մը։ Աստուածաշունչի Յոբ գիրքը,– հաւանաբար Մովսէսի կողմէ գրուած,– կը բացատրէ թէ Եհովա ինչո՛ւ թոյլ տուաւ որ Յոբ տառապի եւ թէ արդիւնքը ի՛նչ եղաւ։ Բայց գիրքը պարզապէս մարդու մը փորձութիւններուն մասին չէ. անիկա տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու վրայ կը կեդրոնանայ։ Անիկա կ’օգնէ ըմբռնելու թէ Եհովա արդար կերպով կ’իշխէ եւ թէ Աստուծոյ բոլոր երկրային ծառաներուն ուղղամտութիւնը եւ կեանքի հեռանկարները պարփակուած են այն հարցին մէջ, որ ծագեցաւ Եդեմի մէջ։ Թէեւ Յոբ այս հարցը չհասկցաւ, բայց թոյլ չտուաւ իր երեք բարեկամներուն, որ զինք մղեն խորհելու թէ իր ուղղամտութիւնը չէր պահած (Յոբ 27։5)։ Ասիկա մեր հաւատքը պէտք է զօրացնէ եւ մեզի օգնէ գիտակցելու, թէ կրնա՛նք մեր ուղղամտութիւնը պահել եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնել։

9 Յոբի երեք կեղծ մխիթարիչները իրենց ըսելիքները վերջացնելէ ետք, «Բուզացի Բարաքիէլին որդին Եղիուս պատասխանեց»։ Ի՞նչ բան զինք մղեց խօսելու։ Ան ըսաւ. «Խօսքերով լեցուն եմ, իմ ներսիդիս եղած հոգին զիս կը ստիպէ» (Յոբ 32։5, 6, 18)։ Թէեւ ներշնչման ներքեւ Եղիուսի խօսածները կատարուեցան երբ Յոբ վերահաստատուեցաւ, սակայն անոր խօսքերը նաեւ իմաստալից են ուրիշներու համար։ Անոնք յոյս կը ներկայացնեն բոլոր ուղղամտութիւն պահողներուն։

10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի կողմէ անհատի մը ուղղուած պատգամ մը, երբեմն ընդհանուր մարդկութեան կը կիրարկուի։

10 Եհովա երբեմն անհատի մը պատգամ մը կու տայ, որ նաեւ ընդհանուր մարդկութեան կը կիրարկուի։ Ասոր մէկ օրինակն է Դանիէլի մարգարէութիւնը, որ կապ ունի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին երազին հետ, որ տեսաւ վիթխարի ծառի մը կտրուիլը (Դան. 4։10-27)։ Այդ երազը Նաբուգոդոնոսորի առնչութեամբ կատարում մը ունեցաւ, բայց նաեւ աւելի մեծ բանի մը ակնարկեց։ Անիկա ցոյց տուաւ թէ երկրի առնչութեամբ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, որ Դաւիթ թագաւորի զարմին յանձնուած թագաւորութեամբ կը դրսեւորուէր, դարձեալ պիտի արտայայտուէր 2520 տարի ետք, մ.թ.ա. 607–էն սկսեալ։ * Մեր երկրագունդին վրայ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը վերստին սկսաւ հաստատուիլ, երբ Յիսուս Քրիստոս երկինքի մէջ թագադրուեցաւ 1914–ին։ Պահ մը խորհէ, թէ Թագաւորութեան իշխանութիւնը ի՛նչպէս շուտով հնազանդ մարդկութեան յոյսերը պիտի իրականացնէ։

«Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ»

11. Եղիուսի խօսքերը ի՞նչ յայտնեցին Աստուծոյ մասին։

11 Յոբի պատասխանելով, Եղիուս կը նշէ «միջնորդ պատգամաւոր մը. . . հազարէն մէկը, որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ»։ Եթէ այս պատգամաւորը ‘Աստուծոյ աղաղակէ որ զանիկա ընդունի’, «Այն ատեն [Աստուած] անոր ողորմելով պիտի ըսէ. ‘Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ։ Ես քաւութիւն մը գտայ։ Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ’» (Յոբ 33։23-26)։ Այս խօսքերը յայտնեցին Աստուծոյ կամեցողութիւնը, որ զղջահար մարդոց ի նպաստ «քաւութիւն մը» ընդունի։

12. Եղիուսի խօսքերը ընդհանուր մարդկութեան համար ի՞նչ յոյս կը մատուցանեն։

12 Եղիուս հաւանաբար փրկանքին լման նշանակութիւնը չհասկցաւ, ինչպէս որ մարգարէները իրենց բոլոր գրածները լրիւ չըմբռնեցին (Դան. 12։8. Ա. Պետ. 1։10-12)։ Այսուհանդերձ, Եղիուսի խօսքերը կը յայտնեն այն յոյսը, թէ Աստուած օրին մէկը փրկանք մը պիտի ընդունէր եւ մարդը ծերութենէն ու մահէն պիտի ազատագրէր։ Եղիուսի խօսքերը յաւիտենական կեանքի սքանչելի հեռանկարը ներկայացուցին։ Յոբի գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ յարութիւն պիտի ըլլայ (Յոբ 14։14, 15

13. Քրիստոնեաները Եղիուսի խօսքերուն մէջ ի՞նչ նշանակութիւն կը գտնեն։

13 Ներկայիս, Եղիուսի խօսքերը տակաւին նշանակութիւն ունին միլիոնաւոր քրիստոնեաներու համար, որոնք կը յուսան իրերու ներկայ դրութեան կործանումէն վերապրիլ։ Տարեց վերապրողները իրենց երիտասարդական կորովը պիտի վերագտնեն (Յայտ. 7։9, 10, 14-17)։ Ասկէ զատ, յարուցեալները վերստին երիտասարդ տեսնելու հեռանկարը կը շարունակէ հաւատարիմներուն ցնծութիւն պատճառել։ Անշուշտ, երկինքի մէջ օծեալ քրիստոնեաներուն անմահութիւնը եւ երկրի վրայ «ուրիշ ոչխարներ»ուն յաւիտենական կեանքը, Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելէն կախեալ են (Յովհ. 10։16. Հռով. 6։23

Մահը երկրէն պիտի վերցուի

14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ մովսիսական օրէնքէն աւելի բանի մը կարիքը կար, որպէսզի իսրայէլացիները յաւիտենական կեանքի յոյսը սնուցանէին։

14 Աբրահամի սերունդը անկախ ազգ մը դարձաւ, երբ Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ մտան։ Մովսիսական օրէնքը անոնց տալու ատեն, Եհովա ըսաւ. «Իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի» (Ղեւ. 18։5)։ Սակայն, քանի որ մովսիսական օրէնքին կատարեալ չափանիշներուն համաձայն չկրցան ապրիլ, իսրայէլացիները Օրէնքին կողմէ դատապարտուեցան եւ այս դատապարտութենէն ազատուելու կարիք ունեցան (Գաղ. 3։13

15. Դաւիթ ներշնչման ներքեւ ո՞ր ապագայ օրհնութեան մասին գրեց։

15 Մովսէսէն ետք, Եհովա Աստուածաշունչի այլ գրողներ ներշնչեց, որ յաւիտենական կեանքի յոյսը նշեն (Սաղ. 21։4. 37։29)։ Օրինակ, սաղմոսերգու Դաւիթ՝ Սիօնի մէջ ճշմարիտ երկրպագուներու միաբանութեան մասին իր յօրինած մէկ սաղմոսը սա բառերով եզրափակեց. «Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան» (Սաղ. 133։3

16. Եսայիի միջոցաւ, Եհովա «բոլոր երկրի» ապագային նկատմամբ ի՞նչ խոստացաւ։

16 Եհովա Եսային ներշնչեց, երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի մասին մարգարէանալու (կարդալ՝ Եսայի 25։7, 8Հեղձուցիչ «ծածկոց»ի մը նման, մեղքն ու մահը մարդկութիւնը ծանրօրէն ընկճած են։ Եհովա իր ժողովուրդը կը հաւաստիացնէ, թէ մեղքն ու մահը «բոլոր երկրի երեսէն» բնաջինջ պիտի ընէ։

17. Մեսիային ո՞ր մարգարէական դերը յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան կը բանայ։

17 Նաեւ նկատի առ ի՛նչ որ մովսիսական օրէնքը նշեց՝ ազատ արձակուելիք նոխազին մասին։ Տարին անգամ մը՝ Քաւութեան օրը, քահանայապետը ‘իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլուխին վրայ կը դնէր, Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները կը խոստովանէր անոր վրայ, եւ զանոնք նոխազին գլուխին վրայ կը դնէր։ Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ կրելով՝ անբնակ երկիր մը կը տարուէր ու կ’արձակուէր’ (Ղեւ. 16։7-10, 21, 22)։ Եսայի նախագուշակեց Մեսիային գալուստը, որ նման դեր մը պիտի խաղար եւ «շատերու մեղքը», «ցաւերը» եւ «վիշտերը» պիտի կրէր, այսպէս յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան բանալով (կարդալ՝ Եսայի 53։4-6, 12

18, 19. Եսայի 26։19 եւ Դանիէլ 12։13–ի մէջ, ի՞նչ յոյս ընդգծուած է։

18 Եսայիի միջոցաւ, Եհովա իր իսրայէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ» (Եսա. 26։19)։ Եբրայերէն Գրութիւնները բացայայտօրէն կը նշեն յարութեան եւ երկրի վրայ կեանքի յոյսը։ Օրինակ, երբ Դանիէլ շուրջ 100 տարեկան էր, Եհովա զինք հաւաստիացուց. «Պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս» (Դան. 12։13

19 Յարութեան յոյսին շնորհիւ, Մարթա կրցաւ իր ննջեցեալ եղբօր նկատմամբ ըսել Յիսուսի. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։24)։ Յիսուսի ուսուցումները եւ իր աշակերտներուն ներշնչեալ գրութիւնները, այս յոյսը փոխեցի՞ն։ Երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը տակաւի՞ն այն յոյսն է, զոր Եհովա մարդկութեան կը մատուցանէ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պատասխանները նկատի պիտի առնենք։

[Ստորանիշ]

Կրնա՞ս բացատրել

• Ո՞ր յոյսին հիման վրայ մարդկային ստեղծագործութիւնը ‘ունայնութեան հնազանդեցաւ’։

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Աբրահամ յարութեան կը հաւատար։

• Յոբի ուղղուած Եղիուսի խօսքերը ի՞նչ յոյս կը մատուցանեն մարդկութեան։

• Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչպէս կ’ընդգծեն յարութեան եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Յոբի ուղղուած Եղիուսի խօսքերը յոյս կու տան, թէ մարդը ծերութենէն ու մահէն պիտի ազատագրուի

[Նկար՝ էջ 18]

Դանիէլի երաշխիք տրուեցաւ, թէ ‘օրերուն վերջը իրեն շնորհուած տեղը պիտի կենայ’