Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. քրիստոնէակա՞ն յոյս մը
Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. քրիստոնէակա՞ն յոյս մը
«[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (ՅԱՅՏ. 21։4)։
1, 2. Ի՞նչպէս գիտենք թէ առաջին դարու հրեաներէն շատեր, երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունէին։
ՀԱՐՈՒՍՏ ու կարկառուն երիտասարդ մը վազեց, ծնրադրեց Յիսուսի առջեւ ու հարցուց. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ» (Մար. 10։17)։ Ան կը հարցնէր յաւիտենական կեանք ժառանգելու մասին,– բայց՝ ո՞ւր։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք, դարեր առաջ Աստուած հրեաներուն տուած էր յարութեան եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Առաջին դարու շատ մը հրեաներու մէջ այդ յոյսը տիրական էր։
2 Յիսուսի բարեկամուհին՝ Մարթա, ակներեւաբար ի մտի ունէր վերակենդանանալը երկրի վրայ, երբ իր ննջեցեալ եղբօր մասին ըսաւ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։24)։ Ճիշդ է որ այդ օրերուն սադուկեցիները յարութիւնը կ’ուրանային (Մար. 12։18)։ Սակայն, իր գիրքին մէջ (Judaism in the First Centuries of the Christian Era), Ճորճ Ֆութ Մուր կ’ըսէ. «Մ.թ.ա. երկրորդ կամ առաջին դարու գրութիւնները կը հաստատեն այն գաղափարը, թէ աշխարհի պատմութեան ակնկալուած դարձակէտին, նախկին սերունդներուն պատկանող մեռելները պիտի վերակենդանանան երկրի վրայ»։ Յիսուսի մօտեցող հարուստ մարդը կը փափաքէր երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։
3 Ներկայիս, բազմաթիւ կրօնքներ եւ Աստուածաշունչի ուսումնականներ կը մերժեն, թէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը քրիստոնէական ուսուցում մըն է։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կը յուսայ հոգեղէն ծիրին մէջ կեանք ունենալ։ Ուստի, երբ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ընթերցողները կը հանդիպին «յաւիտենական կեանք» արտայայտութեան, շատեր կը խորհին թէ անիկա միշտ երկնային կեանքին կ’ակնարկէ։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ յաւիտենական կեանքի մասին խօսեցաւ։ Իր աշակերտները ի՞նչ բանի հաւատացին։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը կը ներկայացնե՞ն։
Յաւիտենական կեանք՝ «վերաստեղծման ժամանակ»
4. «Վերաստեղծման ժամանակ» ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։
4 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ օծեալ քրիստոնեաներ պիտի յարուցանուին, երկինքէն երկրի վրայ իշխելու համար (Ղուկ. 12։32. Յայտ. 5։9, 10. 14։1-3)։ Սակայն, երբ Յիսուս յաւիտենական կեանքի մասին խօսեցաւ, միշտ միայն այդ խումբը ի մտի չունէր։ Նկատի առ թէ ան իր աշակերտներուն ի՛նչ ըսաւ, երբ հարուստ երիտասարդը տրտմած հեռացաւ, հրաւէր ստանալէ ետք՝ որ իր բոլոր ստացուածքները ձգէ ու Քրիստոսի հետեւորդ ըլլայ (կարդալ՝ Մատթէոս 19։28, 29)։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, թէ մաս պիտի կազմէին անոնց, որոնք պիտի իշխէին որպէս թագաւորներ եւ պիտի դատէին «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը», այսինքն՝ մարդկութեան աշխարհը, որ այդ երկնային իշխող դասակարգին չի պատկանիր (Ա. Կոր. 6։2)։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ «ով որ» իրեն կը հետեւի, պիտի վարձատրուի։ Այսպիսի անհատներ ալ ‘յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգեն’։ Այս բոլորը տեղի պիտի ունենան «միւս անգամ գալուստին [«վերաստեղծման ժամանակ», ՆԱ]»։
5. «Վերաստեղծում»ը ի՞նչպէս կը սահմանես։
5 Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց «վերաստեղծում» բառով։ Կարգ մը թարգմանութիւններ զայն հետեւեալ կերպով թարգմանած են. «նոր աշխարհը» (The Bible—An American Translation), «երբ բոլոր բաները նոր պիտի ըլլան» (The Jerusalem Bible), եւ «բոլոր բաներուն նորոգումը» (The Holy Bible—New International Version)։ Յիսուս արտայայտութիւնը առանց բացատրութեան գործածեց, ուստի ան բացայայտօրէն ակնարկեց այն բանին, որ դարերէ ի վեր հրեաներուն յոյսն էր։ Երկրի վրայ վիճակներու վերաստեղծում մը պիտի ըլլար, որպէսզի իրերը ըլլային ինչպէս որ էին Եդեմի պարտէզին մէջ, Ադամի եւ Եւայի մեղանչումէն առաջ։ Վերաստեղծումը պիտի կատարէ ‘նոր երկինք ու նոր երկիր ստեղծելու’ Աստուծոյ խոստումը (Եսա. 65։17)։
6. Ոչխարներու եւ այծերու առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին։
6 Յիսուս յաւիտենական կեանքը դարձեալ Մատ. 24։1-3)։ Ան ըսաւ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ»։ Աննպաստ դատավճիռ ստացողները «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահ», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։ Յաւիտենական կեանք ստացող «արդարները» անոնք են, որոնք Քրիստոսի հոգիէն–օծուած «եղբայրներ»ուն հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին (Մատ. 25։31-34, 40, 41, 45, 46)։ Որովհետեւ օծեալները ընտրուած են երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխաններ ըլլալու, «արդարները» պէտք է ըլլան այդ Թագաւորութեան երկրային հպատակները։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց. «[Եհովայի Թագաւորը] ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ [«հպատակներ պիտի ունենայ», ՆԱ] ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը» (Սաղ. 72։8)։ Այս հպատակները՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի վայելեն։
նշեց, երբ իրերու դրութեան վախճանին մասին խօսեցաւ (Յովհաննէսի Աւետարանը ի՞նչ ցոյց կու տայ
7, 8. Յիսուս ո՞ր երկու տարբեր յոյսերուն մասին խօսեցաւ Նիկոդէմոսի։
7 Ինչպէս Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած է, Յիսուս վերոյիշեալ պարագաներուն կը գործածէ «յաւիտենական կեանք» արտայայտութիւնը։ Յովհաննէսի Աւետարանը շուրջ 17 անգամ կը մէջբերէ Յիսուսի խօսքերը՝ յաւիտեան ապրելու մասին։ Այժմ անոնցմէ ոմանք քննարկենք, տեսնելու համար թէ Յիսուս երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին ի՛նչ ըսաւ։
8 Յովհաննէսի համաձայն, Յիսուս առաջին անգամ յաւիտենական կեանքի մասին խօսեցաւ Նիկոդէմոս անունով փարիսեցիի մը։ Ան Նիկոդէմոսի ըսաւ. «Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ Անոնք որոնք երկինքի Թագաւորութիւնը պիտի մտնեն, պէտք է ‘վերստին ծնին’ (Յովհ. 3։3-5)։ Յիսուս հոս կանգ չառաւ, հապա շարունակեց խօսիլ այն յոյսին մասին, որ ամբողջ աշխարհի մատչելի է (կարդալ՝ Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուս կ’ակնարկէր յաւիտենական կեանքի յոյսին, իր օծեալ հետեւորդներուն համար երկինքի մէջ եւ ուրիշներու համար երկրի վրայ։
9. Յիսուս ո՞ր յոյսին մասին խօսեցաւ սամարացի կնոջ։
9 Երուսաղէմի մէջ Նիկոդէմոսի խօսելէ ետք, Յիսուս դէպի Գալիլիա ճամբորդեց։ Ճամբուն վրայ, ան կնոջ մը հանդիպեցաւ Յակոբի ջրհորին քով, Սամարիոյ Սուքար քաղաքին մօտ։ Ան կնոջ ըսաւ. «Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի» (Յովհ. 4։5, 6, 14)։ Այս ջուրը կը ներկայացնէ Աստուծոյ կարգադրութիւնները՝ յաւիտենական կեանքը վերահաստատելու ամբողջ մարդկութեան, ի ներառեալ անոնք, որոնք երկրի վրայ պիտի ապրին։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, Աստուած կ’ըսէ. «Ես ծարաւին ձրի պիտի տամ կենաց ջուրին աղբիւրէն» (Յայտ. 21։5, 6. 22։17)։ Արդ, Յիսուս սամարացի կնոջ խօսեցաւ յաւիտենական կեանքի մասին, ո՛չ միայն Թագաւորութեան օծեալ ժառանգորդներուն համար, այլ նաեւ՝ երկրային յոյս ունեցող հաւատացեալ մարդկութեան համար։
10. Բեթհեզդա աւազանին քով մարդ մը բուժելէ ետք, Յիսուս կրօնական հակառակորդներուն ի՞նչ ըսաւ յաւիտենական կեանքին մասին։
10 Յաջորդ տարին, Յիսուս դարձեալ Երուսաղէմի մէջ էր։ Բեթհեզդա աւազանին քով, ան հիւանդ մարդ մը բժշկեց։ Իր ըրածը քննադատող հրեաներուն բացատրեց, թէ «Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ»։ Անոնց ըսելէ ետք, թէ Հայրը «ամէն դատաստան Որդիին տուաւ», Յիսուս նշեց. «Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [մարդու Որդիին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» (Յովհ. 5։1-9, 19, 22, 24-29)։ Յիսուս հալածող հրեաներուն կ’ըսէր, թէ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած էր երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի հրէական յոյսը իրականացնելու, եւ թէ ասիկա պիտի ընէր՝ մեռելները յարուցանելով։
11. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յովհաննէս 6։48-52–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը կը պարփակեն՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։
11 Գալիլիոյ մէջ, Յիսուսի ձեռքով հրաշալիօրէն հայթայթուած հաց խնդրող հազարաւորներ սկսան իրեն հետեւիլ։ Յիսուս անոնց ուշադրութեան յանձնեց ուրիշ տեսակ հաց,– «կենաց հացը» (կարդալ՝ Յովհաննէս 6։40, 48-52)։ «Այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է», ըսաւ ան։ Յիսուս իր կեանքը տուաւ ո՛չ միայն անոնց համար, որոնք իրեն հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ պիտի իշխէին, այլ նաեւ՝ փրկուելու արժանի եղող մարդկային «աշխարհի կեանքին համար»։ «Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ», այսինքն՝ Յիսուսի զոհին քաւիչ զօրութեան հաւատք ընծայէ, յաւիտենական կեանքի յոյսը պիտի ունենայ։ Արդարեւ, ‘յաւիտեան ապրելու’ ակնարկումը պարփակեց՝ Մեսիայի իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հրէական դարաւոր յոյսը։
12. Յիսուս ո՞ր յոյսին կ’ակնարկէր, երբ հակառակորդներուն ըսաւ, թէ ‘իր ոչխարներուն յաւիտենական կեանք պիտի տայ’։
12 Յետագային Երուսաղէմի մէջ, Նաւակատիքի տօնին՝ Յիսուս իր հակառակորդներուն ըսաւ. «Դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի։ Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ» (Յովհ. 10։26-28)։ Յիսուս կը խօսէր միա՞յն երկնային կեանքին մասին, թէ ոչ՝ ի մտի ունէր նաեւ յաւիտենական կեանքը երկրային դրախտին մէջ։ Յիսուս նախապէս իր հետեւորդները մխիթարած էր՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկ. 12։32)։ Սակայն այս Նաւակատիքի տօնին ժամանակ, Յիսուս ըսաւ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ» (Յովհ. 10։16)։ Ուստի, երբ Յիսուս այդ հակառակորդներուն խօսեցաւ, իր խօսքերը պարփակեցին թէ՛ երկնային կեանքի յոյսը «պզտիկ հօտ»ին համար եւ թէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ուն համար։
Բացատրութիւն չպահանջող յոյս
13. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։
13 Տանջանքի ցիցին վրայ տառապելու ընթացքին, Յիսուս անհերքելիօրէն մարդկութեան յոյսը հաստատեց։ Իր կողքին ցցահարուած չարագործ մը իրեն ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Ղուկ. 23։42, 43)։ Այս մարդը բացայայտօրէն հրեայ մը ըլլալով, դրախտին մասին բացատրութեան հարկ չունէր։ Ան երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսին տեղեակ էր։
Յիսուս անոր խոստացաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (14. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ երկնային յոյսը առաքեալներուն համար դժուարահասկնալի էր։ բ) Յիսուսի հետեւորդները ե՞րբ երկնային յոյսին մասին յստակ հասկացողութիւն ձեռք ձգեցին։
14 Սակայն բացատրութեան հարկ կար, երբ Յիսուս երկնային յոյսին ակնարկեց։ Իր աշակերտները չհասկցան, երբ նշեց թէ երկինք պիտի երթար ու իրենց համար տեղ պիտի պատրաստէր (կարդալ՝ Յովհաննէս 14։2-5)։ Աւելի ուշ՝ ան անոնց ըսաւ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։ Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ» (Յովհ. 16։12, 13)։ Միայն մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, երբ Աստուծոյ հոգիով օծուեցան ապագայ թագաւորներ ըլլալու, Յիսուսի հետեւորդները զատորոշեցին թէ իրենց գահերը երկինքը պիտի ըլլային (Ա. Կոր. 15։49. Կող. 1։5. Ա. Պետ. 1։3, 4)։ Երկնային ժառանգութեան յոյսը յայտնութիւն մըն էր, եւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ներշնչեալ նամակներուն առանցքը կազմեց։ Բայց այս նամակները կը վերահաստատե՞ն երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի մարդկային յոյսը։
Ներշնչեալ նամակները ի՞նչ կ’ըսեն
15, 16. Եբրայեցիս նամակը եւ Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս կը մատնանշեն երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։
15 Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ հաւատակիցներուն ակնարկեց որպէս «սուրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին մասնակիցներ»։ Սակայն ան նաեւ նշեց, թէ Աստուած «գալու աշխարհը» Յիսուսի հպատակեցուցած է (Եբ. 2։3, 5. 3։1)։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «գալու աշխարհը» թարգմանուած յունարէն բառը միշտ կ’ակնարկէ՝ մարդկութեամբ բնակուած երկրագունդին։ Ուստի «գալու աշխարհը», Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, բնակուած երկրագունդի վրայ՝ իրերու ապագայ դրութիւնն է։ Այն ատեն Յիսուս պիտի կատարէ Աստուծոյ սա խոստումը. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։29)։
16 Պետրոս առաքեալ ալ ներշնչուեցաւ մարդկութեան ապագային մասին գրելու։ Ան նշեց. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են. . . կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետ. 3։7)։ Ի՞նչ բան պիտի փոխարինէ այժմու կառավարական երկինքը եւ ամբարիշտ մարդկային ընկերութիւնը (կարդալ՝ Բ. Պետրոս 3։13)։ Անոնք պիտի փոխարինուին «նոր երկինք»ով,– Աստուծոյ մեսիական Թագաւորութիւնը,– եւ «նոր երկիր»ով,– ճշմարիտ երկրպագուներէ բաղկացած արդար մարդկային ընկերութիւն։
17. Յայտնութիւն 21։1-4–ի մէջ, մարդկութեան յոյսը ի՞նչպէս նկարագրուած է։
17 Աստուածաշունչին վերջին գիրքը մեր սրտերը կ’ոգեւորէ, կատարելութեան հասած մարդկութիւնը նկարագրելով (կարդալ՝ Յայտնութիւն 21։1-4)։ Ասիկա եղած է հաւատացեալ մարդկութեան յոյսը, Եդեմի պարտէզին մէջ մարդկային կատարելութիւնը կորսուելէն ի վեր։ Ուղիղ մարդիկ երկրային դրախտին մէջ առանց ծերանալու առյաւէտ պիտի ապրին։ Այս յոյսը հաստատօրէն հիմնուած է թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւններուն եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն վրայ, եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները զօրացնել (Յայտ. 22։1, 2)։
Կրնա՞ս բացատրել
• Յիսուս «վերաստեղծում» բառով ի՞նչ ըսել ուզեց։
• Յիսուս ի՞նչ բանի մասին խօսեցաւ Նիկոդէմոսի։
• Յիսուս իր կողքին ցցահարուած չարագործին ի՞նչ խոստացաւ։
• Եբրայեցիս նամակը եւ Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս կը հաստատեն երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Ոչխարանման անհատներ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան
[Նկարներ՝ էջ 22]
Յիսուս ուրիշներու խօսեցաւ յաւիտենական կեանքին մասին