1. Հեղինակէն օգնութիւն խնդրէ
Ի՛նչպէս կրնաս Աստուածաշունչը հասկնալ
1. Հեղինակէն օգնութիւն խնդրէ
«Ատեն մը Աստուածաշունչը կը կարդայի, անկողին մտնելէ առաջ», կը պատմէ Նինֆա, որ Իտալիոյ մէջ կ’ապրի։ «Կը գիտակցէի թէ անիկա Աստուծոյ Խօսքն է, եւ ընթերցումէն հաճոյք չառնելով հանդերձ, կ’ուզէի գիտնալ թէ Աստուած ի՛նչ գրած է Աստուածաշունչին մէջ։ Մտադրած էի զայն կողքէ կողք կարդալ։ Սկիզբը ամէն բան դիւրահասկնալի էր, ապա դժուար հատուածներու հանդիպելով՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնս չշարունակեցի»։
ՆԻՆՖԱՅԻ փորձառութիւնը ունեցա՞ծ ես։ Շատեր ունեցած են։ Այսուհանդերձ, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուածաշունչի Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած, կ’ուզէ որ իր Խօսքը հասկնաս։ Սակայն ի՞նչպէս կրնաս այս հասկացողութիւնը ձեռք ձգել։ Առաջին քայլն է՝ Հեղինակէն օգնութիւն խնդրել։
Յիսուսի առաքեալները «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» նկատուեցան, քանի որ կրօնական մարզումի համար րաբունական դպրոցներ չէին յաճախած (Գործք 4։13)։ Այսուհանդերձ Յիսուս զանոնք հաւաստիացուց, թէ կրնա՛ն Աստուծոյ Խօսքը հասկնալ։ Ի՞նչպէս։ Յիսուս բացատրեց. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ» (Յովհաննէս 14։26)։ Աստուած սուրբ հոգին, կամ գործօն ուժը, գործածեց՝ երկիրը եւ անոր վրայ կեանքի տեսակներ ստեղծելու (Ծննդոց 1։2)։ Ան նաեւ զայն գործածեց շուրջ 40 գրողներ ներշնչելու, որ իր խորհուրդները արձանագրեն Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Պետրոս 1։20, 21)։ Այդ նոյն հոգին մատչելի է, որ օգնէ անոնց՝ որոնք կը ջանան Աստուածաշունչը հասկնալ։
Ի՞նչպէս կրնաս Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալ։ Զայն հաւատքով պէտք է խնդրես։ Իրականութեան մէջ, զայն յարատեւաբար պէտք է խնդրես։ Յիսուս ըսաւ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի. . . Եթէ Ղուկաս 11։9, 13)։ Եհովա առատաձեռնօրէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց՝ որոնք զայն անկեղծօրէն կը խնդրեն։ Այս գործօն ուժը կրնայ քեզի օգնել, որ Աստուածաշունչին մէջ հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած ներշնչեալ խօսքերուն նշանակութիւնը ըմբռնես։ Աստուծոյ հոգին նաեւ կրնայ հարկ եղած իմաստութիւնը տալ քեզի, որպէսզի Աստուածաշունչին զօրաւոր պատգամը կեանքիդ մէջ կիրարկես (Եբրայեցիս 4։12. Յակոբոս 1։5, 6)։
դուք. . . ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Հետեւաբար, ամէն անգամ որ կը նստիս Աստուածաշունչը կարդալու, աղօթքով Աստուծմէ սուրբ հոգին խնդրէ, որ քեզի օգնէ իր Խօսքը հասկնալու։