2. Լայնամտութեամբ կարդա՛
Ի՛նչպէս կրնաս Աստուածաշունչը հասկնալ
2. Լայնամտութեամբ կարդա՛
Բարեկամ մը երբեք քեզի պատմա՞ծ է բացասական բաներ անծանօթ մէկու մը մասին։ Երբ վերջապէս այդ անհատին հանդիպեցար, բարեկամիդ խօսքերը արգելք հանդիսացա՞ն որ անոր տաղանդներն ու լաւ յատկութիւնները նշմարես։ Նոյնանման բան մը կրնայ տեղի ունենալ Աստուածաշունչին պարագային։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ դիտել տուաւ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Աստուածաշունչը լայնամտութեամբ չկարդանք։ Կարգ մը ժամանակակից հրեաներու մասին խօսելով՝ Պօղոս գրեց. «Կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ» (Հռովմայեցիս 10։2, Անթիլիաս)։
Առաջին դարու այդ հրեաներէն ոմանք չուզեցին ընդունիլ ճշմարտութիւն մը, զոր Եբրայերէն Գրութիւնները յստակօրէն յայտնեցին,– Մեսիային ինքնութիւնը։ Նազովրեցի Յիսուս աստուածաշնչական պահանջներուն գոհացում տուաւ ու մարգարէութիւնները կատարեց։ Այսուհանդերձ, կանխայղացուած գաղափարներու անթեք շարք մը արգելք հանդիսացաւ, որ իր ազգակիցներէն շատեր Աստուծոյ Խօսքը հասկնան։
Այդ փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Կարեւոր է որ Աստուածաշունչը լայնամտութեամբ կարդանք։ Կանխադատութիւնը կամ կանխայղացուած գաղափարը կրնայ խոչընդոտ մը ըլլալ, որ ընթերցողը աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը հասկնայ։
Օրինակ, Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ (ԱՄՆ), կրօնական ուսումնասիրութիւններու փրոֆէսոր մը, Աստուածաշունչը կը նկարագրէ որպէս «մարդակերտ գիրք մը, որուն մարդկային տեսակէտներէն շատերը իրարու հետ աններդաշնակ են եւ ո՛չ մէկը վստահելի ուղղութիւն կու տայ, թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրինք»։ Եթէ անհատ մը կարդայ Աստուածաշունչը իբրեւ «մարդակերտ գիրք», ան հակամէտ պիտի չըլլա՞յ իր չհաւնած ցուցմունքներն ու սկզբունքները մերժելու։
Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ զինք ջանադրութեամբ ուսումնասիրենք։ Պօղոսի ժամանակակից բերիացիներուն նկատմամբ, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են» (Գործք 17։11)։ Բերիացիներուն նման, հարկ է որ մէկ կողմ դնես որեւէ նախապաշարում կամ քննադատութիւն, որ կրնայ հասկացողութիւնդ պղտորել։ Աստուծոյ Խօսքը լայնամտութեամբ կարդա՛, տենչալով Հեղինակին ոգեւորիչ պատգամը գիտնալ։