Ո՞րքան պէտք է նուիրեմ
Ընթերցողները կը հարցնեն
Ո՞րքան պէտք է նուիրեմ
«Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ այս խօսքը գիտեն։ Սակայն կարգ մը եկեղեցասէրներ կը զգան, թէ ստիպուած են աւելի նուիրել, քան՝ ինչ որ իրենց միջոցները կը ներեն։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը յարանուանութիւններ իրենց անդամներէն կը պահանջեն, որ սահմանուած գումար մը նուիրեն։ Ասիկա կը կոչուի տասանորդ վճարել, այսինքն՝ անհատին եկամուտին 10 առ հարիւրը եկեղեցիին տալ։
Աստուածաշունչը իրապէս կը պահանջէ՞, որ սահմանուած գումար մը նուիրենք։ Իսկ անհատապէս, ո՞րքան գումար պէտք է նուիրենք։
Պահանջներ ու սիրայօժար նուիրատուութիւններ՝ անցեալին
Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ թէ իսրայէլ ազգը ո՛րքան պէտք էր նուիրէր (Ղեւտացւոց 27։30-32. Թուոց 18։21, 24. Բ. Օրինաց 12։4-7, 11, 17, 18. 14։22-27)։ Այդ պահանջները ծանր չէին։ Եհովա խոստացաւ, որ եթէ իսրայէլացիները իր օրէնքներուն հնազանդէին, ազգը ‘բարիքներով պիտի լեցնէր’ (Բ. Օրինաց 28։1, 2, 11, 12)։
Այլ առիթներով, իսրայէլացիները կրնային կամաւորաբար նուիրել ո՛րքան որ ուզէին, քիչ թէ շատ։ Օրինակ, երբ Դաւիթ թագաւոր ծրագրեց Եհովայի համար տաճար մը կառուցանել, իր հպատակները «հինգ հազար տաղանդ» ոսկի նուիրեցին (Ա. Մնացորդաց 29։7)։ * Միւս կողմէ, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, տեսաւ ‘տնանկ որբեւարի մը, որ երկու լումայ ձգեց’ տաճարին գանձանակը։ Անոր նուիրատուութիւնը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէր։ Օրավարձքին միայն 1/64 մասը։ Այսուհանդերձ Յիսուս ըսաւ, թէ այս փոքր գումարը ընդունելի էր (Ղուկաս 21։1-4)։
Քրիստոնեաներէն պահանջուա՞ծ է սահմանուած գումար մը տալ
Քրիստոնեաները իսրայէլի տրուած մովսիսական օրէնքի ուխտին ներքեւ չեն։ Հետեւաբար, անոնցմէ չէ պահանջուած որ սահմանուած գումար մը նուիրեն Աստուծոյ։ Սակայն ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին մէջ, տալը մեծ ուրախութեան աղբիւր մըն է։ Յիսուս Քրիստոս նշեց. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։
Եհովայի վկաները իրենց համաշխարհային քարոզչութեան թիկունք կը կանգնին՝ սիրայօժար նուիրատուութիւններով։ Այս նուիրատուութիւնները կը գործածուին հրատարակութիւններ տպագրելու, ինչպէս՝ սոյն պարբերաթերթը, եւ պաշտամունքի վայրեր կառուցանելու եւ նորոգելու, որոնք ճանչցուած են որպէս Թագաւորութեան սրահներ։ Գումարներուն ո՛չ մէկ մասը կը գործածուի աշխատավարձք վճարելու։ Աշակերտելու գործին լիաժամ մասնակցող ծառաներէն ոմանք նիւթական օգնութիւն կը ստանան, իրենց երթեւեկի ծախսերը եւ այլ ծախսեր հոգալու։ Բայց անոնք այս օժանդակութիւնը չեն պահանջեր։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը իրենց քարոզչութեան թիկունք կանգնող որեւէ նիւթական օգնութիւն չեն ստանար։ Փոխարէն, անոնք աշխարհիկ գործերով կը զբաղին, որպէսզի իրենց ծախսերը հոգան, ինչպէս որ Պօղոս իբրեւ վրանագործ աշխատեցաւ (Բ. Կորնթացիս 11։9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9)։
Եթէ անհատ մը ուզէ Եհովայի վկաներու կատարած աշխատանքին ի նպաստ նուիրատուութիւն մը ընել, ո՞րքան պէտք է տայ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կորնթացիս 8։12. 9։7)։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 7 2008–ին, մէկ ունկի ոսկիին միջին գինը $871 ըլլալով, այս նուիրատուութեան արժէքը շուրջ $4,794,855,000 է։