Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քեզ ազատելու համար Եհովայի ըրածը կ’արժեւորե՞ս

Քեզ ազատելու համար Եհովայի ըրածը կ’արժեւորե՞ս

Քեզ ազատելու համար Եհովայի ըրածը կ’արժեւորե՞ս

«Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ» (ՂՈՒԿ. 1։68

1, 2. Մեր ներկայ վիճակին լրջութիւնը ի՞նչպէս կարելի է լուսաբանել, եւ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

ՊԱՀ մը երեւակայէ, որ հիւանդանոցի մը մէկ անկողինին վրայ երկնցած ես։ Կը գտնուիս բաժանմունքի մը մէջ, ուր ամէն ոք նոյն անբուժելի ու մահացու հիւանդութենէն կը տառապի։ Երբ կ’իմանաս թէ բժիշկ մը ջանքեր կը թափէ դարման մը գտնելու, յոյսով կը լեցուիս։ Անհամբեր կը սպասես որ լսես որեւէ յառաջդիմութեան մասին։ Օրին մէկը կը տեղեկանաս թէ դարման մը գտնուած է։ Իրագործման ետին եղող բժիշկը ահագին զոհողութիւններ ըրած է, բուժումը կարելի դարձնելու համար։ Ի՞նչպէս կ’ընդառաջես։ Վստահաբար սիրտդ յարգանքով ու գնահատութեամբ պիտի յորդի այն անձին հանդէպ, որ մահէն ազատելու պատեհութիւն ընծայեց քեզի եւ բազմաթիւ ուրիշներու։

2 Այդ կացութիւնը կրնայ չափազանցուած թուիլ, բայց կը համապատասխանէ իրականութեան մը, զոր բոլորս կը դիմագրաւենք։ Իւրաքանչիւրս կը գտնուինք վերոնշեալ պարագայէն շատ աւելի լուրջ պարագայի մը մէջ։ Ազատարարի մը մեծ կարիք ունինք (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 7։24Մեզ ազատելու համար, Եհովա շատ բան ըրած է։ Իր Որդին ալ կարեւոր զոհողութիւններ ըրած է։ Այժմ նկատի առնենք չորս հիմնական հարցումներ։ Ինչո՞ւ ազատման կարիք ունինք։ Մեզ ազատելու համար, Յիսուս ի՞նչ զոհողութիւններ ըրած է, իսկ Եհովա ի՞նչ զոհողութիւններ ըրած է։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ, թէ աստուածային ազատումը կ’արժեւորենք։

Ինչո՛ւ ազատման կարիք ունինք

3. Մեղքը ի՞նչպէս համաճարակի կը նմանի։

3 Նոր տեղեկագրի մը համաձայն, մարդկային պատմութեան մէջ ամենավտանգաւոր համաճարակներէն մէկն էր՝ 1918–ի սպանական կրիփը, որ տասնեակ միլիոնաւորներ սպաննեց։ Այլ հիւանդութիւններ՝ առումով մը աւելի մահաբեր են։ Անոնք աւելի քիչ անհատներ կը հիւանդացնեն, բայց աւելի մեծ համեմատութեամբ կը սպաննեն։ * Բաղդատենք մեղքը այսպիսի համաճարակի մը հետ։ Հռովմայեցիս 5։12–ը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ Մեղքին վարակման տոկոսը՝ հարիւր առ հարիւր է, քանի որ բոլոր անկատար մարդիկ կը մեղանչեն (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 3։23Իսկ ի՞նչ է մահացութեան տոկոսը։ Պօղոս գրեց թէ մեղքը մահ կը բերէ «բոլոր մարդոց»։

4. Մեր կեանքի տեւողութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը ի՞նչ է, եւ իր տեսակէտը ի՞նչպէս կը տարբերի շատերու տեսակէտէն։

4 Ներկայիս շատեր մեղքն ու մահը ահռելի բաներ չեն նկատեր։ Անոնք այդպէս կոչուած կանխահաս մահուան նկատմամբ մտահոգութիւն կը յայտնեն, բայց ծերութեան բերած մահը «բնական» կը նկատեն։ Շա՜տ դիւրին է, որ մարդիկ Ստեղծիչին սկզբնական նպատակը մոռնան։ Ան չէր նպատակադրած, որ մեր կեանքի տեւողութիւնը ա՛յսքան կարճ ըլլար։ Արդարեւ, Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, ո՛չ մէկ մարդ նոյնիսկ «մէկ օր» ապրած է (Բ. Պետ. 3։8)։ Հետեւաբար Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, թէ մեր կեանքը եղանակային խոտին կամ շոգիին պէս կարճատեւ է (Յակ. 4։15. Ա. Պետ. 1։24)։ Մեր մտքին մէջ այդ կէտը պէտք է պահենք։ Ինչո՞ւ։ Եթէ մեզ տառապեցնող «հիւանդութեան» սաստկութիւնը տեսնենք, կրնանք աւելի լաւ գնահատել «դարման»ին արժէքը,– մեր ազատումը։

5. Իւրաքանչիւրիս մեղքը ի՞նչ ըրած է։

5 Մեղքին ու անոր հետեւանքներուն սաստկութիւնը տեսնելու համար, պէտք է փորձենք ըմբռնել թէ ան ի՛նչ ըրած է մեզի։ Սկիզբը ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ մեղքը խլեց բան մը, զոր տակաւին չենք վայելած։ Ադամ ու Եւա սկիզբը մարդկային կատարեալ կեանք ունէին։ Մտքով ու մարմնով կատարեալ ըլլալով, անոնք կրնային իրենց խորհուրդները, զգացումներն ու արարքները հակակշռի տակ պահել։ Այսպէս անոնք որպէս Եհովա Աստուծոյ ծառաներ կրնային յառաջդիմել ու հոյակապ յատկութիւններ զարգացնել։ Սակայն անոնք այդ թանկարժէք պարգեւը մէկդի դրին։ Եհովայի դէմ մեղանչել ընտրելով, անոնք իրենց եւ իրենց զարմին համար կորսնցուցին ա՛յն կեանքը, զոր Եհովա մարդկութեան համար մտադրած էր (Ծն. 3։16-19)։ Միեւնոյն ատեն, անոնք իրենց ու մեր վրայ բերին սարսափելի «հիւանդութիւն»ը, զոր կը քննարկենք։ Իրաւացիօրէն, Եհովա զանոնք դատապարտեց։ Իսկ մեզի համար, ան ազատման յոյսը կը ներկայացնէ (Սաղ. 103։10

Մեզ ազատելու համար, Յիսուս ի՛նչ զոհողութիւններ ըրած է

6, 7. ա) Եհովա սկիզբէն ի՞նչպէս ցոյց տուաւ, թէ մեր ազատումը սուղի պիտի նստէր։ բ) Աբէլի ու մովսիսական օրէնքէն առաջ ապրած նահապետներուն մատուցանած զոհերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

6 Եհովա գիտէր թէ Ադամի եւ Եւայի սերունդը ազատելը շատ սուղի պիտի նստէր։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը կը յայտնէ, թէ ազատումը ի՛նչ պահանջեց։ Եհովա «սերունդ» մը կամ ազատարար մը պիտի հայթայթէր, որ օրին մէկը Սատանան պիտի բնաջնջէր։ Սակայն ազատարարը պիտի տառապէր, այլաբանօրէն իր գարշապարը վիրաւորուելով։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովայի Ընտրեալը ի՞նչ բանի պիտի տոկար։

7 Մարդկութիւնը մեղքէն ազատելու համար, ազատարարը պէտք էր հայթայթէր քաւութեան միջոց մը՝ մարդիկ Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու կերպ մը, մեղքին ազդեցութիւնները ջնջելով։ Ասիկա ի՞նչ պիտի պարփակէր։ Կանուխ ժամանակէն յայտնի եղաւ, թէ զոհ մը պիտի պահանջուէր։ Երբ առաջին հաւատարիմ մարդը՝ Աբէլ, անասնական զոհեր մատուցանեց, Եհովա անոր հաճեցաւ։ Յետագային, աստուածավախ նահապետներ, ինչպէս՝ Նոյ, Աբրահամ, Յակոբ ու Յոբ, համանման զոհեր ներկայացուցին, որոնք Աստուած հաճեցուցին (Ծն. 4։4. 8։20, 21. 22։13. 31։54. Յոբ 1։5)։ Դարեր ետք, մովսիսական օրէնքը լուսարձակի տակ առաւ զոհաբերութեան հարցը։

8. Քահանայապետը տարեկան Քաւութեան օրը ի՞նչ կ’ընէր։

8 Օրէնքին կողմէ պահանջուած ամէնէն կարեւոր զոհերէն էին անոնք՝ որոնք կը մատուցանուէին ամէնամեայ Քաւութեան օրը։ Այդ օրը, քահանայապետը կարգ մը խորհրդանշական արարքներ կը կատարէր։ Մեղքերու քաւութեան համար, ան Եհովայի զոհեր կը մատուցանէր,– նախ քահանայական դասին, ապա ոչ–քահանայական տոհմերուն համար։ Քահանայապետը խորանին կամ տաճարին Սրբութիւն սրբութեանց բաժանմունքը կը մտնէր, ուր միայն ինք կրնար մտնել եւ միայն այս օրը։ Հոն ան ուխտին տապանակին առջեւ զոհերուն արիւնը կը սրսկէր։ Այդ սրբազան արկղին վերեւ, երբեմն փայլուն ու ճառագայթող ամպ մը կ’երեւար, Եհովա Աստուծոյ ներկայութիւնը պատկերացնելով (Ել. 25։22. Ղեւ. 16։1-30

9. ա) Քաւութեան օրը, քահանայապետը ո՞վ կը պատկերացնէր, եւ իր մատուցած զոհերը ի՞նչ բան կը մատնանշէին։ բ) Քահանայապետին Սրբութիւն սրբութեանց մտնելը ի՞նչ կը պատկերացնէր։

9 Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ յայտնեց այդ խորհրդանշական արարքներուն նշանակութիւնը։ Ան ցոյց տուաւ թէ քահանայապետը կը պատկերացնէր Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոսը, իսկ զոհեր մատուցանելը կը մատնանշէր Քրիստոսի զոհաբերական մահը (Եբ. 9։11-14)։ Այդ կատարեալ զոհը իսկական քաւութիւն պիտի տար երկու խումբերու,– Քրիստոսի 144,000 հոգիէն–օծուած եղբայրներէն բաղկացած քահանայական դասին եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն (Յովհ. 10։16)։ Քահանայապետին Սրբութիւն սրբութեանց մտնելը նախապատկերացուց Յիսուսի երկինք մտնելը, որպէսզի Եհովա Աստուծոյ ներկայացնէ փրկանքի զոհին արժէքը (Եբ. 9։24, 25

10. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց տուին, թէ Մեսիան պիտի ենթարկուէր ի՞նչ բաներու։

10 Բացորոշ է որ Ադամի եւ Եւայի զարմին ազատումը սուղի պիտի նստէր։ Մեսիան ի՛ր կեանքը պէտք էր զոհէր։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մարգարէները այս ճշմարտութիւնը վառ կերպով նկարագրեցին։ Օրինակ, Դանիէլ մարգարէն ուղղակի նշեց, թէ «Օծեալ իշխան»ը պիտի ‘կտրուէր’ կամ մահապատիժի պիտի ենթարկուէր, «անօրէնութիւնը քաւելու» համար (Դան. 9։24-26)։ Եսայի նախագուշակեց թէ Մեսիան պիտի մերժուէր, հալածուէր ու վիրաւորուէր կամ սպաննուէր, անկատար մարդոց մեղքերը կրելու համար (Եսա. 53։4, 5, 7

11. Եհովայի Որդին ի՞նչ կերպերով ցոյց տուաւ, թէ մեր ազատման համար յօժար էր զոհուելու։

11 Երկիր գալէն առաջ, Աստուծոյ միածին Որդին գիտէր, թէ մեր ազատման համար ի՛նչ զոհողութիւններ պիտի ընէր։ Ան խստօրէն պիտի չարչարուէր ու մահուան պիտի մատնուէր։ Երբ իր Հայրը զինք տեղեակ պահեց այդ իրողութիւններէն, ան քաշուեցա՞ւ կամ ապստամբեցա՞ւ։ Ընդհակառակը, ան սիրայօժար իր Հօր հրահանգներուն ենթարկուեցաւ (Եսա. 50։4-6)։ Նմանապէս, երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս հնազանդօրէն իր Հօր կամքը կատարեց։ Ինչո՞ւ։ Անոր մէկ պատասխանն էր. «Ես Հայրը կը սիրեմ»։ Ան նաեւ այլ պատասխան մը տուաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհ. 14։31. 15։13)։ Ուստի մեր ազատումը մեծաւ մասամբ Եհովայի Որդիին սիրոյն շնորհիւ է։ Ան ուրախութեամբ իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհեց մեր ազատման համար։

Մեզ ազատելու համար, Եհովա ի՛նչ զոհողութիւններ ըրած է

12. Փրկանքը որո՞ւ կամքին մէկ արտայայտութիւնն է, եւ ան ինչո՞ւ զայն հայթայթեց։

12 Յիսուս չկարգադրեց փրկանքի զոհը։ Ազատման այս միջոցը Եհովայի կամքին գլխաւոր մէկ երեսակն էր։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ, թէ տաճարին զոհասեղանը, որուն վրայ զոհերը կը մատուցանուէին, Եհովայի կամքը կը ներկայացնէր (Եբ. 10։10)։ Ուստի Քրիստոսի զոհին միջոցաւ մեր ստացած ազատումը գլխաւորաբար Եհովայի կը պարտինք (Ղուկ. 1։68)։ Անիկա մարդոց հանդէպ իր կատարեալ կամքին ու մեծ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է (կարդալ՝ Յովհաննէս 3։16

13, 14. Աբրահամի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել, որ ի նպաստ մեզի Եհովայի ըրածը գնահատենք։

13 Մեզի հանդէպ իր սէրը այս կերպով արտայայտելու համար, Եհովա ի՞նչ զոհողութիւններ ըրաւ։ Ասիկա ըմբռնելը դժուար է։ Սակայն աստուածաշնչական պատմութիւն մը կրնայ մեզի օգնել, որ հարցը աւելի յստակօրէն տեսնենք։ Եհովա հաւատարիմ Աբրահամէ խնդրեց, որ չափազանց դժուար բան մը ընէ,– իր որդին՝ Իսահակը իբրեւ զոհ մատուցանել։ Աբրահամ սիրառատ հայր մըն էր։ Երբ Եհովա Աբրահամի կը խօսէր, Իսահակի ակնարկեց որպէս «քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ» (Ծն. 22։2)։ Այսուհանդերձ, Աբրահամ Եհովայի կամքը ընելը նկատեց աւելի կարեւոր, քան՝ Իսահակի սէրը։ Ուստի ան հնազանդեցաւ։ Սակայն Եհովա Աբրահամի թոյլ չտուաւ, որ ընէ այն ի՛նչ որ Ինք օրին մէկը պիտի ընէր։ Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց Աբրահամը կասեցնելու, իր որդին զոհելէ առաջ։ Աբրահամ ա՛յնքան վճռած էր այս դժուար փորձին մէջ Աստուծոյ հնազանդիլ, որ վստահ էր թէ երիտասարդ Իսահակը վերստին ողջ տեսնելու իր միակ յոյսը՝ յարութիւնն էր։ Բայց ան կատարեալ հաւատք ունէր, թէ Աստուած այսպիսի յարութիւն մը պիտի կատարէր։ Արդարեւ, Պօղոս ըսաւ թէ Աբրահամ յարութեամբ ստացաւ Իսահակը՝ «որպէս նախատիպար» (Եբ. 11։19

14 Կրնա՞ս երեւակայել Աբրահամի վիշտը, երբ պատրաստուեցաւ իր որդին զոհելու։ Առումով մը, Աբրահամի փորձառութիւնը կ’օգնէ լուսաբանելու Եհովայի զգացումները, երբ զոհեց իր ‘սիրելի Որդին’ (Մատ. 3։17)։ Սակայն մտաբերէ թէ Եհովայի վիշտը հաւանաբար աւելի խոր էր։ Ան եւ իր Որդին միլիառաւոր տարիներ իրարու հետ ընկերակցած էին։ Որդին Հօր հետ ուրախութեամբ աշխատած էր որպէս սիրելի «ճարտարապետ» ու Խօսնակ՝ «Բանը» (Առ. 8։22, 30, 31. Յովհ. 1։1)։ Մեր կարողութենէն վեր է գիտնալ Եհովայի քաշածը, երբ իր Որդին չարչարուեցաւ, ծաղրուեցաւ եւ իբրեւ ոճրագործ սպաննուեցաւ։ Արդարեւ մեր ազատումը Եհովայի վրայ սուղի նստաւ։ Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ, թէ այս ազատումը կ’արժեւորենք։

Ի՞նչպէս կրնաս ցոյց տալ թէ ազատումը կ’արժեւորես

15. Յիսուս քաւութեան մեծ արարքը ի՞նչպէս ամբողջացուց, եւ ասիկա ի՞նչ բան կարելի դարձուց։

15 Յիսուս քաւութեան մեծ արարքը ամբողջացուց, յարուցանուելէն ու երկինք համբառնալէն ետք։ Ան իր սիրառատ Հօր ներկայացուց իր զոհին արժէքը։ Ասոր յաջորդեցին բազմաթիւ օրհնութիւններ։ Ամբողջական ներումը մատչելի դարձաւ, նախ՝ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն մեղքերուն համար, ապա՝ «բոլոր աշխարհին» համար։ Այդ զոհաբերութեան շնորհիւ, ներկայիս բոլոր անոնք, որոնք անկեղծօրէն իրենց մեղքերուն համար կը զղջան ու Քրիստոսի հարազատ հետեւորդներ կ’ըլլան, կրնան Եհովա Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք վայելել (Ա. Յովհ. 2։2)։ Ասիկա ի՞նչպէս քեզի կը կիրարկուի։

16. Ի՞նչպէս կրնանք լուսաբանել, թէ ինչո՛ւ պէտք է գնահատենք Եհովայի հայթայթած ազատումը։

16 Կրկին նկատի առնենք սկիզբը նշուած օրինակը։ Ենթադրենք որ հիւանդութեան դարման գտնող բժիշկը, բաժանմունքիդ մէջ եղող հիւանդներուն այս առաջարկը ներկայացուց. ոեւէ հիւանդ, որ դարմանը կ’ընդունի եւ տրուած հրահանգներուն կը հետեւի, անկասկած պիտի բուժուի։ Ի՞նչ կ’ընես, եթէ հիւանդներուն մեծամասնութիւնը մերժէ բժիշկին ուղղութեան հետեւիլ, առարկելով թէ դեղը առնելը կամ տրուած հրահանգներուն յարիլը շատ դժուար է։ Անոնց կը միանա՞ս, հակառակ անոր որ համոզիչ ապացոյց ունիս, թէ դարմանը իրապէս յաջող է։ Անշուշտ ոչ։ Անտարակոյս, դարմանին համար շնորհակալութիւն պիտի յայտնես եւ յետոյ բժիշկին հրահանգներուն ուշադրութեամբ պիտի հետեւիս, թերեւս նոյնիսկ ուրիշներուն իմացնելով որոշումդ։ Շա՜տ աւելի մեծ առումով մը, իւրաքանչիւրս պէտք է տենչանք Եհովայի ցոյց տալ, թէ ո՛րքան կը գնահատենք այն ազատումը, որ կարելի դարձուց իր Որդիին փրկանքի զոհին միջոցաւ (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 6։17, 18

17. Ի՞նչ կերպերով կրնաս ցոյց տալ, թէ քեզ ազատելու համար Եհովայի ըրածը կը գնահատես։

17 Եթէ կը գնահատենք ի՛նչ որ Եհովա եւ իր Որդին ըրած են՝ մեզ մեղքէն ու մահէն ազատելու, զայն ցոյց պիտի տանք (Ա. Յովհ. 5։3)։ Մեղանչելու մեր հակումին դէմ պիտի պայքարինք։ Երբեք դիտումնաւոր կերպով մեղք գործելու սովորութեան տեղի պիտի չտանք, ո՛չ ալ կրկնակի կեանք պիտի վարենք։ Այսպիսի ընթացք մը կը յայտնէ, թէ փրկանքը բնաւ չենք արժեւորեր կամ գնահատեր։ Փոխարէն, մեր գնահատութիւնը ցոյց պիտի տանք, ծանր աշխատելով որ Աստուծոյ աչքին մաքուր մնանք (Բ. Պետ. 3։14)։ Նաեւ, ուրիշներուն հետ պիտի բաժնենք ազատման մեր հոյակապ յոյսը, որպէսզի անոնք ալ Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք ու յաւերժական ապագայի մը յոյսը ունենան (Ա. Տիմ. 4։16)։ Վստահաբար, Եհովա եւ իր Որդին արժանի են, որ մեր ժամանակն ու կորովը տրամադրենք զիրենք փառաբանելու (Մար. 12։28-30)։ Պահ մը խորհէ։ Կրնանք անձկագին սպասել այն ժամանակին, երբ մեղքէն լրիւ պիտի բուժուինք։ Կրնանք կատարեալ վիճակի մէջ ու առյաւէտ ապրիլ այն կեանքը, զոր Աստուած նպատակադրած էր։ Այս ամէնը, մեզ ազատելու համար Եհովայի ըրածին շնորհիւ է (Հռով. 8։21

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Կ’ըսուի թէ սպանական կրիփը աշխարհի բնակչութեան 20-50 առ հարիւրը հիւանդացուց, իսկ հիւանդներուն 1-10–ը տոկոսը մեռաւ։ Միւս կողմէ, իպօլայի ժահրը շատ հազուագիւտ է, բայց այն պարագաներուն՝ երբ տարածուած է, վարակուած անհատներուն շուրջ 90 տոկոսը սպաննած է։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ ազատման հրատապ կարիք ունիս։

• Յիսուսի անձնազոհութեան արարքը ի՞նչպէս քեզի կ’ազդէ։

• Եհովայի փրկանքի պարգեւին հանդէպ ի՞նչպէս կը զգաս։

• Քեզ ազատելու համար Եհովայի ըրածին ընդառաջելով, ի՞նչ կը մղուիս ընելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Քաւութեան օրը, իսրայէլի քահանայապետը Մեսիան կը պատկերացնէր

[Նկար՝ էջ 30]

Իր որդին զոհելու Աբրահամի կամեցողութիւնը, Եհովայի աւելի մեծ զոհողութեան մասին շատ բան կը սորվեցնէ մեզի